Կը մնայ միայն յիշել մեր խոկումի եւ ինքնադատութեան կողմնացոյցը, եւ մանաւանդ յիշեցնել՝ ԽՕՍՔԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ հարկաւոր է համազգային կամքով՝ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ, ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՈՒ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՒԱԾ ԾՐԱԳՐԵՐՈՎ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԼԾՈՒԻԼ:
Ամէն յանձնառու սփիւռքահայ այս խորագիրը կրնայ հարցաքննել այսպէս` «ի՞նչը, ո՞ւր, ե՞րբ եւ յատկապէս՝ ո՞վքեր պիտի իմաստաւորեն AI (Artificial Inteligence) «արհեստական բանականութիւն»-ը:
Գիտական ապացոյցերէ եւ հիմքերէ հեռու այս ցուցահանդէսը լայնածիր անարգական բաց մը կը թողէր:
Լեհաստանի մէջ 2023 թուականի վերջաւորութեան լեհերէնով հրատարակուեցաւ «Քաղաքացիական բնակչութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի կացութեան դիմաց. Կորուստի եւ տառապանքի մարդաբանութիւն» խորագրով հատորը:
Սփիւռքահայ կառոյցները չունին հաստատութենական (Institutional) մտածողութեան համակարգեր, զգալի է մեր հաստատութենական քաղաքականութեան անգոյութիւնը։
Փորձեցի փլուզումի եզրին հասնող, օր ցերեկով կենսունակ եւ ինքնավարութեամբ յատկանշուող կայուն կաղնիի նման սուրիահայ գաղութին մասին հարթակ մը պեղել։
Հալէպահայ արժանաւոր գրագէտներ, քաջածանօթ մտաւորականներ, հայ մամուլի յանձնառու հրապարակագիրներ ինչպէ՞ս պիտի չարտայայտուէին ու չարձագանգէին Սուրիոյ տագնապին մասին:
«Հալէպի ողբերգութիւն»-ը մեծ չափով գունազարդ լուսանկարներու, որակաւոր տպագրութեամբ հատորի մը խորագիրն է, 2017 թուին լեհերէնով հրատարակուած, 206 էջ ծաւալով։
Շաքէ Մանկասարեանի «Հեքիաթներ»-ու երկրորդ հատորին մէջ, հեքիաթներու ընտրութեան խնամքը եղած է հնարամիտ, բազմաբովանդակ, այլազանութիւն ներմուծելու, ընթերցող աշակերտին կամ պատանիին հետաքրքրութիւնը արթնցնելու, խթանելու նպատակով:
Լոզունքներէ, տրտնջացող տրամաբանութենէ շատ հեռու, բուժելու կամքով եւ կարողութեամբ, գիտական հմտութեամբ տոգորուած, փորձառու եւ արհեստավարժ լրջախոհութեամբ գործելու ու մասնագիտացած ուղղութիւններով ընթանալու անյետաձգելի հրամայականին դէմ յանդիման ենք ազգովին: