Դոկտ․ Արա Սայեղ. Ապագայատեսիլ Սփիւռքը՝ գործնական ծրագիրներով

Քսան մտաւորականներու կողմէ առաջարկուած լրջամիտ ծրագիրներու հատընտիր մը

Դոկտ․ Արա Սայեղ

Սոյն տարուայ Յունիսի երկրորդ կիսուն, Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ գաղափարական, մասնագիտական թէ յարանուանական իրենց պատկանելիութիւններէն  անկախ, հոյլ մը աշխարհով մէկ ցիրուցան, բայց անխտիր բոլորը նոյն ցաւոտ մտահոգութեամբ, հա­րուստ ազգային թէ համայնքային կեն­սա­փոր­ձով, մաս­նա­գի­տա­կան հմտու­թեամբ, բեղուն փորձառութեամբ սփիւռքահայ, գիտական կառոյցներու եւ այլազան բնագաւառներու մէջ ազդեցիկ դերակատարութիւն ունեցող քսան  մտաւորականներու կողմէ առաջարկուած լրջամիտ ծրագիրներու հատընտիր մը` «ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ Ընկալուածէն Դէպի Ապագայատեսիլ Սփիւռք, Ի՞նչ Բարեփոխել եւ Ինչպէ՞ս Վերակազմակերպել» խորագրեալ հատորը, որ կը բաղկանայ 150 էջէ։

Հատորին կողքը

«2022ը՝ Ս­փիւռ­քի Տա­րի» Արամ Ա վեհափառի Կա­թո­ղի­կո­սա­կան կոն­դա­կով հռչա­կա­գի­րը յանձնառու եւ պարտա­ւո­րիչ համարելով՝ Յունուարի վերջին օրերուն գործնական ծրագրի մը մտայղացումն ու նախաձեռնութիւնը առաջ բերած էր,  2011-ին հիմնած եւ մինչեւ օրս շուրջօրեայ սփռուող www.radioayk.com առցանց ձայնասփիւռի կայանի հիմնադիր ու հաղորդավարուհի՝ Շաքէ Մանկասարեանը։ Գիրքին մեկենասն է Շաքէ եւ Մարք Կրոկըն ամոլը։ Խմբագրական խորհուրդ ունենալով՝ առակագիր Եզնիկ Բալայեանը, գրողներ` Գէորգ Պետիկեանը, Ռուբէն Յովակիմեանը, գեղանկարիչ՝ Վիգէն Շարոյեանը, իսկ հատորին խմբագրութիւնը ստանձնած են՝ Փրոֆ. Արա Սայեղ եւ Շաքէ Մանկասարեանը։

Շաքէ Մանկասարեան

Հայկական Սփիւռքը իր գերյոգնած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րով, համաշխարհայնացումի քաշքռ­տո­ւքին դիմաց ան­հաս­տատ, օրէ օր որակի սով մը ապրող, ինքնամաշումի իրավիճակէն, բե­ւե­ռա­ցած խրա­մատ­նե­րէն, ա­պա­գա­յի անո­րոշ հո­րի­զո­նէն դուրս բերելու համար զգաստացնող ահազանգի մը կը կարօտի, թմրութիւնը թօթափեցնող անյետաձգելի ուժգին սթափումի մը պահանջը ունի։ Արամ Ա Կաթողիկոս այդ մարտակոչը խստաշունչ բարձրաձայնեց, վտանգները ահազանգեց եւ վերջապէս ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին հռչակագիրով մը ազդարարեց։

Ուստի անմիջական ելքեր փնտռելու գործնական ռազմավարութեան խիստ պահանջի դիմաց ենք։ Լո­զունք­նե­րէ, տրտնջա­ցող տրա­մա­բա­նու­թե­նէ շատ հե­ռու, բու­ժե­լու կամ­քով եւ կա­րո­ղու­թեամբ, գի­տա­կան հմտու­թեամբ տո­գո­րո­ւած, փոր­ձա­ռու եւ ար­հես­տա­վարժ լրջա­խո­հու­թեամբ գոր­ծե­լու ու մաս­նա­գի­տա­ցած ուղ­ղու­թիւն­նե­րով ըն­թա­նա­լու ան­յե­տաձ­գե­լի հրա­մա­յա­կա­նին դէմ յան­դի­ման ենք ազգովին:

Վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն տե­ղի ու­նե­ցած բո­լոր շնոր­հա­կալ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը, զա­նա­զան հա­մայն­քա­յին  հան­դի­պում­ները, գա­ղու­թա­յին խորհր­դակ­ցու­թիւն­ները, քննար­կում­ները, խորհր­դա­ժո­ղով­ները, հա­մա­գու­մար­ները, լսա­րան­ները եւ այլն, մնա­ցին  անպար­տադիր եւ ան­կախ, տե­սա­կան եւ ան­կաշ­կանդ պա­րու­նա­կի կամ մա­կար­դա­կի վրայ։ Նոյ­նիսկ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, վեր­լու­ծում­նե­րը եւ ա­հա­զան­գող ա­լե­կո­ծում­նե­րը կարծես անհետացան, զգուշացնող տագնապները շո­գիա­ցան՝ մնա­լով միայն մա­մու­լի է­ջե­րուն վրայ իբ­րեւ յի­շա­տա­կե­լի եւ չգոր­ծադ­րո­ւած  ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ, ան­ցու­դար­ձեր։

Ուստի գործ­նա­կան ծ­րա­գիրներ մէջ­տեղ բե­րե­լու հա­մար, խի­զա­խու­թիւն մը պէտք չէր, միայն գոր­ծը նա­խա­ձեռ­նելու եւ մաս­նակ­ցելու զօրեղ կամք ու իրագործելու հաստատակամ հաւատքի պէտք ունէր։ Այս հատորը այդ հաւատքի եւ գործելու ձե­ւա­չա­փի վառ ա­պա­ցոյցն է, հա­ւա­քա­կան աշ­խա­տան­քի դրսե­ւո­րու­մին գործնական մէկ նմուշը։ Մէկ խօսքով այս հատորին մէջ տեղ գտած են այլընտրանքային լուծումներ, ելքեր ու գործադրելի առաջարկներ, որոնք անհասցէ չմնացին։

Նման ծրագիրներու հատոր մը միասնական խտացուած ճիգերու արգասիքն է, փաստացի  հաստատում մըն է, թէ հայկականին զուգահեռ, համահայկականը նախաձեռնելու, ծրագրելու եւ գործադրելու կամք, կարելիութիւններ եւ գործիքաւորում կարելի է որոնել։

Բազմանշանակ եւ օրինակելի է նման անձնական նա­խա­ձեռ­նութեամբ ծնունդ առած եւ հաւաքական աշխատանքով աւարտած գործնական ծրագիրներու հատոր մը։ Աշխատանք մը որ պէտք է ըլլար հայկական սփիւռքի ա­ւան­դա­կան կա­ռոյց­նե­րու, զանազան ղեկավար միաւորներու գործնական առաքելութիւնը, հեռատես ռազմավարութեան առաջնահերթութիւնը, գերագոյն նպատակը՝ մեր ներուժը համախմբելու, կամրջելու, շաղկապելու, ծրագրաւորելու, մասնագիտական հարթակներ ստեղծելու եւ միասնական համագործակցութիւնը ամրապնդելու, հայ մտաւորականներու փաղանքները համախմբելու գերանհրաժեշտ օրակարգերու հիմնական ծրագիրներու շուրջ՝ որ կը կոչուին Սփիւռքի գոյառումի գերխնդիրներ։

Հատորին բովանդակութեան ցանկը

Գործնական ծրագիրներ առաջարկելու, մշակելու նախաձեռնութեան մը մասնակցիլը պիտի նշանակէր թէ սփիւռքի մէջ թէեւ քիչ, բայց  կան տակաւին գործնական, լաւատեսութեան լուսաշիթերու հաւատացող հոյլ մը, որոնք կը տառապին զօթելու հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը, կը տագնապին անոնց միջեւ ամրապնդելու շինիչ կապն ու կա­մուր­ջը, կը միտին  միասնականութեան հարթակներ ստեղ­ծե­լու, անդրդուելի կամք ունին նոյն թիրախին ծառայելու, զօրակ­ցու­թեան ձեռք եր­կա­րելով սփիւռքահայ միաւորները դրդե­լու, շա­հագրգ­ռելու, միտք-մտքի կցելով մտախոհելու, միասնականութեան միախորհուրդ հոգին գործնականացնելու, բարձրահունչ մարտակոչերը լսելի դարձնելու, ա­հա­զան­գա­յին աղաղակ մը հնչեցնելու գերագոյն նպատակին՝ թէ՛ հայկական եւ թէ՛ հա­մաս­փիւռ­քեան մեր կեան­քի մէջ։

Հատորին մէջ յիշուած գործնական ծրագիրները կարելի է համարել համեստ ձեւաչափով լուսամուտեր, անոնց ընդմէջէն արտասփռող միտքերը ճաճանչող շողերու նման կարող են սփիւռքի՝ հայապահպանութեան, հայակրթութեան, ազգային ունեցուածքներու կառավարում, հայահաւաքի, բազմաշերտ վերակառուցումի, գիտական կեդրոններու, տեղեկագիտական, թուային եւ օժանդակ արհեստագիտութիւններու, ինքնութեան եւ այլ բաղադրիչ բնագաւառներու վրայ լոյս սփռել, մատչելի դարձնել:

Գիրքի կազմին վերջին էջին զետեղուած՝ ծրագիրներու հիմնական միտքերը, կը պարզաբանեն հատորին մէջ տեղ գտած ծրագիրներու բանալի ուղ­ղո­ւա­ծու­թիւն­նե­րը, կը փոխանցեն լուծումներու յստակ մտապատկեր մը, կենսագործելի մտադաշտեր կը թելադրեն, բարեյուշութիւններու կը մղեն։

Համոզիչ եւ արդար է, որ մեր ազ­գա­յին տեսական բարձ­րա­գոչ լո­զունք­նե­րը, ո­րոնք ընդ­հան­րա­պէս ժամանակի հոսանքին հետ խա­փու­սիկ կը դառնան եթէ չգործնականացնենք զանոնք, լալ­կան եւ տրտնջա­ցող տրա­մա­բա­նու­թեամբ ճա­պաղ ազ­գայ­նա­կան եւ հրա­պա­րա­կա­յին աղմ­կա­րար ճա­ռերու կը վերածուին, մէկ խօս­քով ապաշնորհ քա­րոզ­չու­թիւն­ներ եւ ընդ­հան­րա­պէս` խօ­սոյթներ կը մնան, մա­կե­րե­սա­յին տե­սա­բա­նու­թեամբ, եւ մանաւանդ զգա­ցա­կան մօ­տե­ցու­մով համակուած են, ԵԹԷ չգործնականցնենք այդ բոլորը իմաստալից ծրագիրներով։

Ապացոյց է նաեւ, որ նոր հայ սե­րուն­դի խոր­տա­կիչ մա­սը անդր­դո­ւե­լի է, ա­կանջ­նե­րը խուլ կը ձե­ւաց­նէ այդ բոլորի դիմաց որով այդ բոլոր մարտահրաւէրները մնացած են միայն տեսական եւ հատուածական պարունակին մէջ։ Ուստի գործնական նորարար ռազմավարութեամբ պէտք է զրուցել, համոզել մեր մտասեւեռումին կիզակէտը հանդիսացող նոր սերունդը: Խիստ կա­րի­քը ու­նինք ժա­մա­նա­կա­կից գիտական, արհեստավարժ եւ հմուտ ճար­տա­րա­պե­տու­մի՝ սփիւռքի մարտահրաւէրները տարրալուծելու, ելքեր գտնելու։ Ճիշտ այդ մէկն է այս հատորին թիրախը, եւ ուրեմն անոր մէջ տեղ գտած գործնական ծրագիրներուն ճշգրիտ հասցէն։

Ա­ւե­լորդ չէ նշել, որ ներկայ հատորին մէջ ներկայացուած ծրագիրները վերջակէտ մը չեն սփիւռքահայ  մարտահրաւէրներուն ելքեր որոնելու ճիգերուն ընդ առաջ, որ հա­ւա­նա­բար ամ­բող­ջա­կան ալ չեն, սակայն իրապաշտ ըլլալու համար կա­րող են համոզիչ խթան հանդիսանալ, մտածելու թելադրիչ նշաձողեր ըլլան նոր ծրագիրներու լուսաբացի մը, օգտաշատ գա­ղա­փար­ներու շահեկան հորիզոններ յորդորելու: Կենսական է շեշտել, որ ներ­կա­յա­ցո­ւած մտո­րում­ներու, վերլուծումներու, ծրագիրներու աշխատակարգը կա­րե­լի է իր բնոյթով՝ ե­զա­կի համարել, իսկ իր ի­մաս­տով՝ նա­խա­ձեռ­նու­թիւններու եւ հե­տա­գայ հնա­րա­ւոր գործ­նա­կան քայ­լե­ր ի­րա­կա­նաց­նե­լու երթի սկզբնական ՈՒՂԵՑՈՅՑ մը:

Հաւաքական այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը վառ օ­րի­նակն է, որ տա­կա­ւին սփիւռ­քի մէջ ունինք գործ­նա­կան ծրագիրներու հա­ւա­տա­ցող ու աշխատանք չզլա­ցող ա­պա­գա­յա­տե­սիլ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւն մը: Կը հա­ւա­տանք նաեւ, որ «Ս­փիւռ­քի տա­րի» հռչա­կա­գի­րը յար­մա­րա­գոյն գոր­ծի կոչ­նակն է, տա­լու պա­հը: Եւ հա­յը գի­տէ, որ ազ­գա­շէն գի­տակ­ցու­թեամբ տա­լը, նո­ւի­րա­բե­րե­լը զրկանք չէ: Տա­լը հրճո­ւանք է, երբ թի­րա­խը հայ ազ­գի ընդ­հան­րա­կան եւ ա­պա­գա­յա­տե­սիլ շահն է։

Դոկտ․ Արա Սայեղ

Արա Սայեղ ծնած է Հալէպ, Սուրիա։ Ներկայիս Փրոֆեսէօր եւ գիտաշխատող է Լեհաստանի Վրոցլաւ քաղաքի Ճարտարագիտութեան համալսարանի (Politechnika Wroclawska) ի
կենսոլորտի բաժանմունքին մէջ: Երկար տարիներու իր դասախօսական, գիտական եւ վարչական ներդրումը ունեցած է Հալէպի պետական համալսարանի ուժանիւթի բաժնի վերելքին։ Իբրեւ հալէպահայ իր տարիներու ծառայութիւնը եւ գործունեայ մասնակցութիւնը բերած է նաեւ ազգային, կրթական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներու մէջ: Սփիւռքահայ մամուլին մէջ իր զանազան յօդուածներով հանդէս եկած է Սփիւռքի ընկերային, պատմական եւ մշակութային, հայ եկեղեցւոյ ու այլ նիւթերու մասին, իր ստորագրած յօդուածներու մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն նաեւ լեհահայ համայնքի ժամանակակից եւ լեհահայոց` պատմական Սփիւռքի դարաւոր ժառանգութիւնը։ Հրատարակած է գիտական գիրքեր, անոնց կողքին հեղինակ է նաեւ մեծ թիւով գիտական յօդուածներու՝
արաբերէն, անգլերէն եւ լեհերէն լեզուներով: Գիտական խորհուրդի անդամ է Քրաքովի Եակելոնեան դարաւոր համալսարանի մէջ 2019 թուականէն գործող «Լեհաստանի`Հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութիւններու կեդրոն»ին մէջ։ Արժանացած է Լեհաստանի Նախագահի կողմէ շնորհուած «Ծառայութեան Արծաթեայ Խաչ» շքանշանին 2017 թուին առ ի գնահատանք՝ իր լեհահայ համայնքի մէջ գործօն մասնակցութեան։

Subscribe
Տեղեկացում
guest

2 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Ռ. Մ.
Ռ. Մ.
1 year ago

Գրքի պարունակած վերնագրերը, եւ ձեր յօդուածը, պէտք է ատաղձը դառնան միտքերու բիւրեղացման եւ հստակ ու միասնական ծրագրի մը, որ պէտք է դրուի բոլորի սեղանի վրայ։ Եւ բոլորի վաւերացումէ ետք, դառնայ բոլորի ուղեցոյցը։
Իսկ ամէն ծրագրերու պէս` այս ալ, մեծ ճիգերու պէտք ունի որպէսզի միս ու ոսկոր ունենայ եւ սկսի գետնի վրայ աշխատի։ Յուսամ կը գտնուին, կը վերակազդուրուին, այն ուժերը, այն հերատես ղեկաւարութիւնները ու բանալի անձիք որոնք այսպիսի ծրագրերը դարձնեն իրականութիւն, սփիւռքի առօրիայի մէկ մասը։ Եւ այն ալ իրականութիւն միլիոնաւոր սփիւռքահայերու, եւ ոչ թէ հատուածի մը կամ վերնախաւի մը համար։

Շաքէ Մանկասարեան
Շաքէ Մանկասարեան
7 months ago

Ռ. Մ.
Շնորհակալութիւն ձեր լայնախոհ միտքերը գրի առնելու համար:
Մինչ օրս, ակնկալութիւն ունինք, որ գործնական քայլերու ծրագիրը պիտի
գործադրուի:
Շաքէ Մանկասարեան

2
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x