Նոր Տարին՝ փոփոխութեան պարտադրանք չէ, այլ ինքնաճանաչման առիթ

Աւետիս Տիպան

Նոր Տարին շատերուն համար կը նշանակէ նոր սկիզբ, նոր որոշումներ: Իսկ երբեմն ալ մենք մեր նկատմամբ նոր պարտադրանքներ ստեղծելու հնարաւորութիւններ ընծայել։

 Տարեսկիզբը սովորաբար կը դիտուի որպէս այն սահմանագիծը, ուր մարդիկ կը փորձեն փակել անցեալի էջերը եւ նոր թուղթ բանալ կեանքին մէջ։ Սակայն կ’արժէ հարց տալ, թէ արդեօ՞ք փոփոխութիւնը միայն տարեսկզբին պէտք է կապել։

Իրականութեան մէջ կեանքի իմաստալի շրջադարձերը եւ ներքին փոփոխութիւնները տեղի կ’ունենան ամբողջ տարուան ընթացքին։ Անոնք չեն ենթարկուիր օրացոյցի թուականներուն։ Կեանքով առաջ ընթանալու ջանքերը, ինչպէս նաեւ վերականգնման ճանապարհը բռնելու որոշումները, իրենց արժէքը չեն կորսնցներ՝ անկախ այն բանէն, թէ անոնք երբ կը սկսին։ Երբ մարդ կը հրաժարի «նոր եւ կատարելագործուած» ինքն իրեն պարտադրելու մօտեցումէն եւ կը թոյլատրէ ինքն իրեն աճելու իր բնական ընթացքով, այդ ժամանակ միայն փոփոխութիւնը կը դառնայ կայուն եւ իմաստալից։

Անշուշտ, Նոր Տարին շատերու համար կրնայ ըլլալ ոգեւորիչ ազդակ մը։ Տարեսկիզբի մթնոլորտը, շրջապատի ակնկալութիւնները եւ ընդհանուր շարժումը երբեմն կը վառեն ներսիդի կամքը՝ դրական քայլեր կատարելու համար։ Սակայն նոյնքան կարեւոր է ընդունիլ, որ այդ եռանդը միշտ չէ, որ ամբողջ տարին կը պահպանուի։ Երբ մարդ կը յայտնուի հին սովորութիւններուն մէջ կամ կը զգայ յուսահատութիւն, կարեւոր է չընկրկիլ ինքնամեղադրանքի մէջ, այլ՝ կարեկցանքով մօտենալ ինքնիր իրավիճակին եւ շարունակել յաջորդական ճիշդ քայլեր կատարել՝ երազած նպատակին հասնելու համար:

Այս «յաջորդական ճիշդ քայլեր կատարել»ու գաղափարը կը շեշտէ այն պարզ, բայց խոր ճշմարտութիւնը, որ փոփոխութիւնը մեծ թռիչքներով չ’սկսիր, այլ՝ փոքր ու գիտակից որոշումներով։ Իւրաքանչիւր քայլ, որքան ալ աննշան թուի, կը վկայէ մարդու ներքին ուժին կշռուածութեան եւ իր կեանքը իմաստաւորելու կարողութեան մասին։

Նոր Տարուան հետ կը ծնի նաեւ ետ նայելու անհրաժեշտութիւնը։ Անցնող տարուան վերանայումը ոչ թէ միայն հաշուետուութիւն մըն է, այլ՝ ինքնաճանաչման միջոց։ Երբ մարդ համեմատէ, թէ ո՛ւր էր մէկ տարի առաջ եւ ո՛ւր կը գտնուի այսօր, յաճախ կը նկատէ փոփոխութիւններ, որոնք առօրեայի մէջ աննկատ մնացած են։ Այդ տարբերութիւնները կրնան արտայայտուիլ աւելի խաղաղ միտքով, առողջ սովորութիւններով կամ առօրեայ կեանքին մէջ աւելի գիտակից ներկայութեամբ։

Այս ինքնադարձ հայեացքը պարտադիր չէ սահմանափակել միայն տարեսկզբին։ Շաբաթ մը, ամիս մը կամ նոյնիսկ սովորական օր մը կրնայ դառնալ անդրադարձի եւ գնահատման պահ։ Այդ ընթացքին մարդ կը սորվի տեսնել ոչ միայն յաջողութիւնները, այլ նաեւ այն պայքարները, որոնք տակաւին ընթացքի մէջ են։ Այդ մոխրագոյն տարածքը՝ սեւի եւ սպիտակի միջեւ, իրական առաջընթացի վկայութիւնն է։

Դրական փոփոխութեան ուղիին վրայ օգտակար է ունենալ պարզ, բայց խորքային հարցումներ, որոնք կը ծառայեն որպէս ներքին կողմնացոյց։ Օրինակ՝ ի՞նչ է անհրաժեշտ մարդուն ամէն օր, որպէսզի ինքզինք լաւ զգայ, ի՞նչ խոչընդոտներ կրնայ հանդիպիլ առօրեային մէջ եւ ինչպէ՞ս կարելի է զանոնք առողջ կերպով կառավարել։ Նաեւ կարեւոր է ինքնիրեն ուղղել պարզ հարց մը՝ «Ի՞նչ բարեսիրական բան մը կրնամ ընել այսօր ինծի համար»։

Այս բոլոր մտածումները կը միտին մէկ հիմնական գաղափարի՝ փոփոխութիւնը ժամանակի հարց չէ, այլ գիտակցութեան։ Երբ մարդ կը սորվի վստահիլ իր ներքին կանչին, եւ արժեւորել իւրաքանչիւր փոքր քայլ, Նոր Տարին կը դառնայ ոչ թէ պարտադրանք, այլ՝ հրաւէր։ Հրաւէր՝ ապրելու աւելի գիտակից, աւելի ներողամիտ եւ աւելի ամբողջական կեանք մը։

Այս խորհրդածութիւնները եթէ կապենք հայութեան կեանքին, ապա պէտք է անդրադառնալ այն իրողութեան, որ  մենք՝ ազգովին  կ’ապրինք գոյութենական պայքարի մը փոթորիկի կիզակէտը, թէ՛ մշակութային եւ թէ՛ հոգեւոր առումով: Լրատուամիջոցները, որ այսօր հեղեղուած են հայ ժողովուրդի մշակութային ու հոգեւոր կեանքին առնչուած տարակարծիք լուրերով, յաճախ կը դրսեւորեն ոչ թէ ճշմարտութեան հանդէպ հաւատարմութիւն, այլ զրպարտութեան ու աղմուկի հակում։ Կը փորձեն նսեմացնել ազգային արժէքներու վեհութիւնը՝ զանազան հաչոցներով ու խեղաթիւրուած մեկնաբանութիւններով։ Սակայն հայ ժողովուրդի հոգեւոր ժառանգութիւնը, որ դարերու փորձութիւններու մէջ ամրացած է, չի խոնարհիր ժամանակաւոր աղմուկներու առջեւ։

Մշակութային ու հոգեւոր կեանքը, որ մեր ինքնութեան հիմքն է, կը մնայ անսասան՝ իբրեւ վկայութիւն մեր պատմական գոյութեան եւ մեր անխախտ հաւատքին։ Թէեւ մամուլի ալիքները կը փորձեն խաթարել հասարակութեան վստահութիւնը, հայ ժողովուրդը իր խորունկ արմատներով եւ իր անսպառ ստեղծագործական ոգիով պիտի շարունակէ ճառագայթել։ Ճշմարիտ արժէքները չեն խամրիր զրպարտութեամբ, այլ կը պայծառանան իբրեւ լոյս, որ կը լուսաւորէ խաւարած հոգիները։

Եկէք ազգովին մեր կեանքը խաւարի չվերածենք։ Մեր ժողովուրդի ճակատագիրը չի կրնար կախուած մնալ պատահականութեան քմայքէն, այլ պէտք է ամրապնդուի միասնական կամքով եւ հաւաքական ազգային գաղափարի մը շուրջ։ Միասնութիւնը մեր գոյութեան երաշխիքն է, այն վահանը որ կը պաշտպանէ մեզ դարերու փորձութիւններու մէջ։

Չթողո՛ւնք որ թշնամին իր ճանկերը բացած յօշոտէ մեզի մնացած այս փոքրիկ հողակտորը, որ մեր նախնիներու արիւնով եւ քրտինքով պահուած է։ Այս հողը միայն տարածք չէ, այլ մեր պատմութեանէն մնացած կենդանի վկայութիւնը, մեր լեզուի, մեր մշակոյթի եւ մեր հաւատքի սրբավայրն է։ Թշնամին կը փափաքի ոչ միայն գրաւել հողը, այլ նաեւ մոռացութեան մատնել այն դարերու պատմութիւնը, զոր մենք կերտած ենք զոհողութեամբ եւ տոկունութեամբ։

Արդ, մեր պարտականութիւնն է ազգովին վեր կանգնիլ անձնական շահերէն ու բաժանումներէն, եւ բոլորուիլ մէկ գաղափարի շուրջ՝ իբրեւ ժողովուրդ մը, որ իր ճակատագիրը կը կերտէ միասնական ոգիով։ Միայն այդպէս պիտի կարենանք պահել մեր պատմական ժառանգութիւնը եւ փոխանցել զայն գալիք սերունդներուն՝ իբրեւ անխախտ վկայութիւն մեր գոյութեան։

Նոր Տարին թող ըլլայ ոչ միայն օրացոյցի նոր թիւ, այլ նաեւ առիթ մը աւելի ազնիւ եւ բարեսիրական յարաբերութիւն մը կառուցելու եւ շարունակելու կերտելու հայրենաշունչ եւ հայերէնաշունչ հայու ազգային ոգին:

Աւետիս Տիպան

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x