Հանգչի՛ր խաղաղութեամբ, հայ լեզուի վարպե՛տ

Ոչ եւս է տոքթ. Արմենակ Եղիայեանը, հայ լեզուի եւ յատկապէս արեւմտահայերէնի ամենէն անզիջող պաշտպաններէն մէկը՝ իր ետին թողելով լեզուական նուիրումի եւ բծախնդրութեան ամբողջ ժառանգութիւն մը։

Ոչ եւս է տոքթ. Արմենակ Եղիայեանը, «Տարբերակ21» հարթակի բարեկամը, անոր սիւնակները հարստացնող մնայո՛ւն ներկան:

Տոքթ. Եղիայեան տասնամեակներ շարունակ զգուշացուց, թէ արեւմտահայերէնը վտանգուած է, եւ իր ամբողջ էութեամբը պայքարեցաւ ի խնդիր անոր պահպանման։ Անոր քննադատութիւնները յաճախ սուր էին, երբեմն վիրաւորական, բայց միշտ մղուած սէրէ՝ ո՛չ թէ վիրաւորելու, այլ արթննցնելու, զգաստացնելու։ Մանաւանդ խիստ էր «մերոնց» նկատմամբ:

«Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ»-ի դատակազմին եւ Կիլիկիոյ Աթոռին յառաջացուցած «Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողով»-ին պատուէրով ան պատրաստեց «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյցը»՝ 760 էջ ծաւալով, կոթողային գործ մը, որ վերջապէս հրատարակուեցաւ թուայնացած տարբերակով՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին շնորհիւ: Այս եզակի աշխատութիւնը կը համատեղէ արեւմտահայերէնի արդի օգտագործողին առջեւ կուտակուած հարցեր: Տոքթ. Եղիայեան հարիւրաւոր, (եւ թերեւս հազարաւոր) յօդուածներով՝ ընդհանրապէս լեզուական-ուղղախօսական բնոյթի, աշխատակցած է սփիւռքահայ մամուլին:

Ան հեղինակն է «Մեսրոպեան տառերու ակունքները» աշխատութեան եւ հայկական նախակրթարաններու հայոց լեզուի «Ծիածան» դասագիրքերու շարքին, որ երկու տասնամեակ անընդմէջ կիրարկուեցաւ աւելի քան 10 երկիրներու հայկական համայնքներու վարժարաններուն մէջ: Արեւմտահայերէնի թարգմանած է Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-ն:

Տարբերակ21-ի համար ան աշխատակից մը չէր, այլ մշտական ուղեցոյց եւ անկեղծ բարեկամ։ Տոքթորին ձայնը՝ խստապահանջ, ճշգրիտ, անզիջող, կը մնայ մեր էջերուն եւ մեր մտքերուն մէջ։

Լեզուները չեն մեռիր միայն խօսողներու պակասէն, այլ նաեւ՝ երբ անոր պահապանները կը լռեն ։

Եղիայեան վերջին պահապաններէն մէկն էր։

Այսօր մենք հրաժեշտ կու տանք վարպետին։

Ան արեւմտահայերէնը սիրեց ոչ թէ գիտնականի մը պէս, որ լեզուն կ’ուսումնասիրէ, այլ՝ հօր մը նման, որ կը փորձէ իր ձեռքերէն սահող զաւակը փրկել։

Ան կը հեռանայ մեզմէ այսօր։

Բայց անոր ձայնը, այդ անզիջո՛ղ, հարազա՛տ ձայնը, կը մնա՛յ։

Հանգչի՛ր խաղաղութեամբ, հայ լեզուի վարպե՛տ։

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
arpie kassabian
arpie kassabian
7 months ago

i’m so saddened by this news! i read his weekly emails religiously

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x