Մանկութեան շատ քաղցր ու տաքուկ յուշեր մեզ մերթ ընդ մերթ կը փոխադրեն դէպի անցեալ, յատկապէս երբ անցնինք այդ վայրերէն, ուր հիւսած ենք զանոնք կամ հանդիպինք հին բարեկամներու, դասընկերներու, մանկութեան խաղընկերներու եւ մանաւանդ հին դրացիներու: Բնական է որ յաճախ կը վերապրինք մեր յուշերը, սակայն մեզի՝ պուրճհամուտցիներուս եւ այլ շրջաններու մէջ բնակող լիբանանցի շատ մը պատանիներու եւ մանուկներու համար, այդ յուշերուն կ’ընկերանան աղմուկ, խուճապ, վախ, պոռչտուք, փոշի, աւերակ, եւ՝ խելայեղ վազք մը կեանքի ու մահուան դէպի ամենամօտ ապահով ապաստանարանը: Դժբախտաբար, մեր մանկութեան ու պատանեկութեան այս քաղցր օրերը՝ երջանիկ, խաղաղ ու անմեղ յիշատակներով լեցուելու փոխարէն՝ մենք յաճախ ականատես կ’ըլլայինք ահարկու եւ կրկնուող պատերազմներու:
Նախ հսկայ բեռնակառքերով մեր թաղը կը լեցնէին կարմիր աւազով, ապա իւրաքանչիւր շէնքէ քանի մը հուժկու երիտասարդ կը ստանձնէր այդ աւազը խոշոր պարկերու մէջ լեցնելու պարտականութիւնը: Այդ պարկերը իրարու վրայ կը տեղաւորէին ու կը վերածէին հսկայ պարիսպներու՝ ձգելով հազիւ մէկ հոգինոց անցք մը: Այդ պարիսպները պիտի պաշտպանէին շէնքին բաց դուռը, երբ ռումբերու տարափը սկսէր: Նոյնը կ’ընէին խանութպանները: Փոքրերուս համար՝ այս տեսարանը «կ’աւետէր» պատերազմին մօտալուտ ժամանումը: Պէտք էր նաեւ պարկերով ցաւար, ալիւր եւ այլ ընդեղէններ գնել: Մեր տունը շատ ընդարձակ չէր, իսկ մենք բազմանդամ էինք, ուստի միակ ազատ տեղը տան մէջ կը մնար դռներուն ետեւը, ուր նուազագոյնը երկու խոշոր պարկեր կը տեղաւորուէին. ելումուտքը իսկական վարպետութիւն կ’ուզէր:
1978 թուականն էր: Թէեւ շատ փոքր էի, սակայն կարգ մը աղօտ պատառիկներ կը յիշեմ, երբ ամէն անգամ մեր թաղին, դրացիներուն եւ մեր տան մէջ աղմուկ ու խուճապ կը ստեղծուէր:
Պահուըտած ենք մեր դիմացի հսկայ շէնքին ստորերկրեայ «սրահը»: Սրա՞հ, սենեա՞կ, պահեստանո՞ց թէ՞ ատաղձագործի գործարան. քիչ մը ամէն բան: Այդ մութ ու խոնաւ վայրին մէջ, փայտերու ու ատաղձագործի գործիքներու կողքին, խճճուած էին գրեթէ մեր բոլոր թաղեցիները՝ երիտասարդը, ծերունին, փոքրերն ու մեծերը, նաեւ քանի մը նորածիներ, որոնցմէ մէկը փոքր քոյրս էր: Հիմա հարց կու տամ, թէ ինչպէ՞ս այդ փայտերուն, սոսինձին ու արագ բռնկող նիւթերուն մէջ, շուրջ երեսուն ընտանիք եօթը օր, գիշեր-ցերեկ նոյն հագուստներով ապաստանած էինք: Շատեր բոպիկ կրցած էին հասնիլ հոն, ոմանք ձայնասփիւռ ունէին, որուն շուրջ կը հաւաքուէին զինադադարի լուր ստանալու յոյսով: Ելեկտրականութեան փոխարէն ունէինք մոմի լոյս, եւ մո՞մ այդ դիւրավար վայրին մէջ: Արեւն անգամ տեսած չունէինք: Միակ անձերը, որ դուրսէն լուր կը բերէին, կը հարցնէին մեր մասին, եւ հերթաբար հոն ապաստանած ընտանիքներուն հաց կը հայթայթէին՝ շրջանի ակումբի տղաքն էին: Մեր ապաստանարանին հոգատարն էր Միհրան անունով երիտասարդ մը, որ իւրաքանչիւր յարաբերական հանդարտութեան, անմիջապէս կու գար հարցնելու մեր մասին:
Մեր աչքերը միշտ դէպի վեր մուտքի այդ բացուածքին սեւեռած՝ կը սպասէինք Միհրանի ժամանումին: Քանի մը տաք հաց ձեռքը բռնած՝ կը հարցնէր, «հայրենակիցնե՛ր այսօր ո՞ր ընտանիքին կարգն է»: Հացը կարգով կը ստանայինք: Երբ մեր կարգը ըլլար, այդ նեղ ու զառիթափ աստիճաններով արագ եւ թեթեւ ոտքերով բարձրացողը ես կ’ըլլայի, ու հացը ձեռքիս՝ ուրախ, հերոսութիւն մը կատարած ըլլալու ինքնագոհութեամբ կը վերադառնայի: Երբեք չէի մտածած բուն հերոսին մասին, որ իր կեանքը վտանգի կ’ենթարկէր մեզի համար…: Կը պատահէր որ հացը ուշանար, բայց չէք յիշե՞ր մեր բարեկամը՝ «Ղանտուր-Ունիքա»-ն: Զինադադարէն մէկ կամ երկու օր առաջ էր, երբ իմացանք, որ ա՛լ Միհրանը հաց պիտի չբերէր…ան ծանր վիրաւորուած էր եւ չէինք գիտեր պիտի վերադառնա՞ր, թէ՞ ոչ:
Մինչեւ այսօր, երբ կը մտաբերեմ այդ օրերու պատահարները, ես ինծի հարց կու տամ, թէ ինչո՞ւ օր մը փորձ չըրի քաջաբար քանի մը աստիճան եւս վեր ելլելով Միհրանը տեսնելու՝ մեր լուռ ու անձնուէր հերոսը: Մտքիս մէջ դրոշմուած է անոր ձայնը. «վաղը նորէն կու գամ, դուք դուրս մի՛ ելլէք:» Միհրանին պէս բազմաթիւ անձնուէր տղաք կորսնցուցինք պատերազմի օրերուն: Յարգա՛նք անոնց յիշատակին:
Ռումբերը կը սուրային եւ մենք անոնց պայթումի ուժգնութենէն կրնայինք կռահել անոնց հեռաւորութիւնը, իսկ մեր ծնողները իրարու երես նայելով հարց կու տային, թէ որո՞ւ տունն ու կարասիները փճացան…Գիշերն ու ցերեկը այդ ստորերկեայ խուցին մէջ շատ էին իրարու նման. հոն միշտ մութ էր, տխուր, յատկապէս երբ հիւանդ ծերունի մը սկսէր բարձրաձայն աղօթել, անդին փոքրիկ մը սկսէր ճչալ եւ ուիշներ գանգատէին, «լռեցուցէ՛ք այս փոքրիկը, մեր հոգը մեզի կը բաւէ»: Կը լսուէին նաեւ ցած ձայնով լացի ձայներ: Անկիւնը նստած եւ գլուխը ծունկերուն մէջ առած ու իր երկու ձեռքերով ականջները փակած թաղեցի մը կը փորձէր չլսել ռումբերուն ձայնը: Ուրիշ մը յանկարծ կը սկսէր խաչակնքել, մինչ ուրիշ մը անդիէն կը պոռար, «պիտի համբերենք եւ զիրար մխիթարենք դրացինե՛ր»: Բարեբախտաբար այդ դժոխային կացութեան մէջ, դեռ կային ծով համբերութիւն եւ լայն սիրտ ունեցողներ՝ մեր ապաստանարանին լուռ հերոսները:
Եօթներորդ օրն էր, երբ տղաքը բերին լաւ լուրը. «բոլորդ ալ կրնաք դուրս ելլել, ապահով է:» Ո՜վ կը հաւատար…: Դուրսը՝ ապականած օդ, փողոցը ծածկուած էր քարերով ու փշրուած ապակիներով: Քիչ մը անդին, մայթին վրայ մարդու մը դիակը կար. կարծես օրերով հոն մնացած ըլլար…Հայրիկս անմիջապէս աչքերս գոցել փորձեց, բայց ուշ էր, որովհետեւ ան լաւ գիտէր թէ անկարելի պիտի ըլլար նման պատկերներ յիշողութենէ ջնջել: Յետոյ լսեցինք, թէ շրջանին մէջ, մեր թաղէն քիչ մը անդին, հողատարածքի մը մէջ թաղած էին մեր շրջանի զոհերը, որովհետեւ անկարելի էր այդ օրերուն գերեզմանոց հասնիլ…
Յաջորդ տեսարանը մեր տունն էր, որ առաջին յարկ ըլլալով գրեթէ փրկուած էր մեծ վնասներէ, բացի պատշգամէն, ուր մօրս խնամած վարդերն ու բոյսերը իրենց թաղարներով տարածուած էին փողոցով մէկ: Տան մէջ, քանի մը անկիւնէ հաւաքեցինք ռումբերու կտորներ, խոշոր հատ մըն ալ անկողինիս մէջէն: Մայրս շատ յուզուած էր այս բոլորը տեսնելով: Երրորդ տեսարանը ինքնաշարժն էր, զոր հայրիկս անմիջապէս դասաւորած էր մեզ փոխադրելու դէպի Պէքաայի հայաբնակ Այնճար գիւղը:
Մեզ փոխադրող ինքնաշարժը զուրկ էր պատուհաններէ, իսկ դռները պարաններով ամրացած, գոյնն իսկ յայտնի չէր, կարծես հրդեհէ մը հազիւ ազատած, բայց հրաշք այս ինքնաշարժը տակաւին կը գործէր: Լաւ կը յիշեմ ինքնաշարժին տեսակը. ամբողջ ճամբու ընթացքին, վարորդը այնքա՜ն գովեց զայն՝ «Փէժօ 405»: Ծնողքս այս «հրաշք օթոյին» ետեւի երկու դռները պարաններով բռնած մնաց ամբողջ ճամբորդութեան ընթացքին, իսկ մեր գլուխները ծածկեցին քողերով, այլապէս անկարելէ էր դիմանալ ինքնաշարժին բաց պատուհաններէն ներս խուժող հովին: ժամեր ետք հասանք Այնճար՝ մօրաքրոջս տունը:
Տարիներ ետք, երբ քիչ մը աւելի հասակ առած էի, վրայ հասաւ 1982-ի պատերազմը: Դարձեալ պատերազմ, բայց այս անգամ տարբեր էր. երբեմն դադար, երբեմն ռմբակոծում: Շատ յստակ կը յիշեմ, երբ յանկարծ ռմբակոծում կը սկսէր եւ կը պատահէր, որ մենք դպրոցը ըլլայինք. մեր վարժարանը թաղէն քանի մը փողոց անդին էր: Դասաւանդութիւնը կանգ կ’առնէր եւ աշակերտութիւնը կը փոխադրուէր գետնայարկ, որ համեմատաբար աւելի ապահով կը նկատուէր, ուր իւրաքանչիւր աշակերտ պիտի սպասէր իր ծնողքը: Մեր տունը մօտ էր, պայուսակը ուսերնիս կու տային եւ տուն կ’ուղարկէին: Ճի՞շդ էր արդեօք առանձին ճամբել տուն…Ես՝ արագավազ պարմանուհի, պատշգամներու տակէն վազելով տուն մը հասնէի հեւալով. քաջութի՞ւն, թէ՞ տխմարութիւն:
1980-ականներու վերջերն էր, երբ պատահեցաւ այլ դէպք մը, զոր միտքս կը մերժէ յիշողութենէս ջնջել: Քոյրերս, եղբայրս եւ ես բոլորս գրեթէ պատանիներ էինք, երբ կէս գիշեր մը, յանկարծ մեր տան փողոցի դուռը բուռն կերպով կը ծեծուի: Ցնցուած մեր անկողիններէն դուրս ցատկեցինք: Կրնա՞ք երեւակայել փոքրերուն վախն ու սարսափը, երբ իրենց ծնողները աչքի ու յօնքի նշաններով խստօրէն կը պահանջեն լուռ ու անշարժ մնալ: Այդպէս ալ կ՚ընենք, բայց հետաքրքրուած, մենք կամացուկ մը պատուհանէն դուրս փորձեցինք դիտել եւ տեսանք մեր թաղը լեցուած զինուորական ինքնաշարժերով եւ զինեալներով, շատերու դէմքերը ծածկուած: Քանի մը վայրկեան ետք, մեր դռան կողքին բնակող դրացին այդ զինեալները հանգստացուց ըսելով, թէ այս տան մէջ բան մը պիտի չգտնեն, որովհետեւ ներսը քնացողները՝ այսինքն մենք, կիներ ու մանուկներ են։ Մեր դրացին անոնց լեզուէն կը հասկնար ու մեզ փրկեց։ Իսկ մնացեալ բոլոր բնակարանները մէկիկ-մէկիկ խուզարկուեցան՝ Պուրճ Համուտի հայկական թաղամասերուն մէջ զէնք փնտռելու պատրուակով:
Վրայ հասան 1989-ի եւ 1990-ի զոյգ պատերազմները: Ալ բաւական մեծցած էինք եւ անգամ մը եւս մեզի տուն ղրկեցին դպրոցէն: Ուրախ եւ օգտաշատ դպրոցական օրերու փոխարէն՝ լի ուսումնառութեամբ եւ զանազան փորձառութիւններով, այդ տարիները կը յիշուին վախի, կորստեան եւ կասկածի յիշատակներով։ Ես որոշեցի Այնճար փոխադրուիլ: Յաջողեցայ համոզել մայրս եւ անգամ մը եւս ապաստանեցանք Այնճար, ուր սկսայ դպրոց յաճախել եւ անորոշութիւնն ու լճացումը փոխարինուեցան անմոռանալի յիշատակներով՝ շրջապատուծ լաւ ընկերներով ու դասընկերներով: Երբ կը վերյիշեմ գիւղի կեանքը, աչքերս կը թրջուին ու սիրտս արագօրէն կը սկսի տրոփել: Երկու հակասութիւններ. տեղ մը երկիւղ ու ցաւ, ուրիշ տեղ՝ սովորական ու ուրախ առօրեայ…
Շարքը կ’երկարի: Այս է Լիբանանի եւ լիբանանցիին ոդիսականը: Բայց այս անգամ մենք զայն կը դիմաւորենք ոչ թէ պատանեկան անորոշութեամբ, այլ փորձառութեամբ կոփուած: Որպէս մայրեր եւ հոգատարներ՝ մեր մէջ կը բնակին ոչ միայն վախը, այլեւ վճռակամ սէրն ու անսասան պատասխանատուութիւնը։ Պատերազմի արձագանգները միշտ կրնան լսուիլ այս հայրենիքին մէջ, սակայն աւելի հզօր են մեր բնազդները՝ պաշտպանելու, պահելու, տոկալու եւ վերանորոգելու։ Մեր զաւակները թեւածելով կը հեռանան դէպի օտար ափեր, բայց իրենց հետ կը տանին այն արժէքները եւ տոկունութիւնը, որ անոնց տուինք այս երկրին մէջ։ Երբեմն ակամայ հարց կու տանք. արդեօ՞ք պէտք էր շատոնց օտար ափերու վրայ շինէինք մեր բոյները, բայց մենք գիտենք՝ ո՛ւր որ ալ կեանքը մեզ առաջնորդէ, մենք կը մնանք նաեւ այս հողին զաւակները՝ տոկուն ու անկոտրում։
Լենա Պօղոսեան



