Լիբանանի մէջ պատերազմը շատերու համար անցեալին պատկանող դէպք մը կամ օրացոյցով սահմանափակուած ժամանակաշրջան մը չէ, ո՛չ ալ միայն պատմութեան դասագիրքերու մէջ նշուած պատահար մը։ Պատերազմը տակաւին ներկայ է մարդոց շարժուձեւերուն մէջ, լեզուին մէջ, հայեացքներուն մէջ, առօրեայ վարքին մէջ, նոյնիսկ լռութեան մէջ։ Անիկա վերածուած է հոգեբանական մնացուկի մը, որ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի՝ երբեմն առանց բառերու։
Երբ ռումբերը լռեն, քաղաքներ, գիւղեր եւ շէնքեր կրնան վերակառուցուիլ, բնակարանները կրնան նորոգուիլ, փլատակները կը մաքրուին, փողոցները վերստին կրնան լեցուիլ կեանքով, բայց մարդուն ներքին փլատակները աւելի դժուար կը վերանորոգուին։ Որոշ վէրքեր ժամանակի ընթացքին չեն անհետանար։ Անոնք միայն կը սորվին լուռ ապրիլ մարդուն մէջ։
Լիբանանի պարագային, խնդիրը աւելի խոր է, որովհետեւ պատերազմը երբե՛ք ամբողջութեամբ չաւարտեցաւ։ Քաղաքացիական պատերազմին յաջորդեցին նոր պատերազմներ, տնտեսական փլուզումներ, քաղաքական ճգնաժամեր, պայթումներ, տեղահանութիւններ, սահմանային լարուածութիւններ եւ շարունակական անորոշութիւն։ Այս պատճառով Լիբանան շատերու համար դարձած է անվերջանալի անորոշութեան երկիր մը:
Այստեղ մարդիկ տուներ կը կառուցեն՝ կարծես վաղը պիտի հեռանան։ Գործեր կը սկսին՝ առանց վստահ ըլլալու, թէ ամիսներ ետք տակաւին պիտի գոյատեւեն։ Երիտասարդները համալսարան կ’աւարտեն, բայց ապագան արդէն կը պատկերացնեն ուրիշ երկրի մը մէջ։ Նոյնիսկ յոյսը դարձած է ժամանակաւոր զգացում մը։
Այս հոգեբանական վիճակը ամբողջ սերունդներ ձեւաւորեց։
Լիբանանի մէջ հասակ առած բազմաթիւ անձեր մանկութենէն սորվեցան տագնապը ընկալել որպէս բնական վիճակ։ Ելեկտրականութեան ընդհատումները եւ յաճախ ամբողջական բացակայութիւնը, տնտեսական տագնապը, քաղաքական լարուածութիւնը, փողոցային բախումները կամ պատերազմի լուրերը աստիճանաբար դարձան առօրեայ կեանքին մէկ մասը։ Երբ անկայունութիւնը երկարատեւ դառնայ, մարդը այլեւս զայն արտակարգ վիճակ չի նկատեր։ Ճգնաժամը կը դառնայ սովորական։
Ահա այսպէս կազմաւորուեցան «փլատակներու մէջ հասակ առնող սերունդներ», եւ այսօր նոր սերունդ մը ամբողջ կը կազմաւորուի նոյն հոգեբանութեամբ: Այս սերունդը տարօրինակ երկուութիւն մը կ’ապրի։ Ան յաճախ կը թուի տոկուն եւ հեգնօրէն անտարբեր արտաքին աշխարհին համար. կրնայ կատակել աղէտներու մասին, շարունակել աշխատիլ պայթումներէն ետք, սրճարան երթալ պատերազմի լուրերուն կողքին։ Բայց այս դիմացկունութեան տակ շատ անգամ պահուած է խոր յոգնածութիւն մը։
Որովհետեւ մշտական անորոշութիւնը դանդաղօրէն կը մաշեցնէ մարդու հոգին։
Մարդը իր բնութեամբ ապագայ պատկերացնելու կարողութիւն ունեցող արարած մըն է։ Ան կը դիմանայ դժուարութիւններու, որովհետեւ կը հաւատայ, թէ վաղն կրնայ տարբեր ըլլալ։ Բայց երբ հասարակութիւնը տարիներ շարունակ չի կրնար կայունութիւն ստեղծել, ապագան կը սկսի կորսնցնել իր իրականութիւնը։ Մարդիկ այլեւս երկարաժամկէտ երազներ չեն կառուցեր։ Անոնք կը սորվին միայն «այսօր»-ը փրկել։
Այս երեւոյթը միայն տնտեսական չէ։ Անիկա քաղաքակրթական յոգնածութեան նշան է նաեւ։ Երբ ապագայի պատկերացումը կը դժուարանայ կամ ամբողջովին կը մշուշոտի, հասարակութիւնը աստիճանաբար կը կորսնցնէ իր ներքին մղիչ ուժը։ Ստեղծականութիւնը կը նահանջէ, հանրային վստահութիւնը կը փլուզուի եւ մարդիկ կը սկսին փակուիլ փոքր ու անձնական նեղ շրջանակներու մէջ։ Շատերու համար «հաւաքական վաղուան» գաղափարը կը դադրի գոյութիւն ունենալէ:
Այս հոգեբանական մթնոլորտը նաեւ կը փոխէ մարդկային յարաբերութիւնները։ Վստահութիւնը կը սկսի նահանջել։ Մարդիկ կը դառնան աւելի զգուշաւոր, աւելի անհատապաշտ, եւ երբեմն նոյնիսկ՝ ներքնապէս անապահով ու անվստահ։ Երկարատեւ տագնապները մարդուն մէջ կը ստեղծեն ինքնապաշտպանական հոգեբանութիւն մը։ Ան կը սկսի աւելի քիչ վստահիլ քաղաքականութեան, հաստատութիւններուն, եւ երբեմն նոյնիսկ՝ դիմացի մարդուն։
Բայց ամենէն վտանգաւոր փոփոխութիւնը թերեւս անտեսանելին է՝ ներքին զգացականութեան մաշումը։
Երբ մարդ երկար ժամանակ կ’ապրի պատերազմի կամ տագնապի պայմաններուն մէջ, ան երբեմն կը ստիպուի հոգեպէս զրահաւորուիլ ու քարանալ։ Ոչ որովհետեւ ան այլեւս չի զգար, այլ որովհետեւ անդադար ցաւը հոգեբանօրէն անտանելի կը դառնայ։ Այս պատճառով ալ, որոշ հասարակութիւններու մէջ մարդիկ երբեմն պաղ կամ անտարբեր կը թուին։ Իրականութեան մէջ, անոնք յաճախ հոգեբանական ինքնապաշտպանութեան մէջ են։ Այսուհանդերձ, այս ամբողջ խաւարին մէջ, զարմանալի դիմադրողականութիւն մը տակաւին գոյութիւն ունի։
Լիբանանի եւ նմանօրինակ այլ վայրերու մէջ, մարդը կ’ապրի յարատեւ հակասութիւններու մէջ։ Ան միաժամանակ յոգնած է ու կենսունակ, յուսահատ՝ բայց հեգնող, ընկճուած՝ բայց ստեղծագործ։ Թերեւս երկարատեւ տագնապները մարդուն մէջ կը ստեղծեն նաեւ գոյատեւման արտասովոր բնազդ մը։ Բայց հարցումը, որ ինքզինք կը պարտադրէ՝ արդեօ՞ք մարդը նոյնը կը մնայ պատերազմէն ետք. հաւանաբար ոչ ամբողջութեամբ։
Պատերազմը միայն ֆիզիքական վնաս չի պատճառեր։ Անիկա կը փոխէ ժամանակի զգացողութիւնը, յիշողութիւնը, վստահութիւնը, սիրելու եւ ապագան պատկերացնելու կարողութիւնը։ Պատերազմ ապրած մարդը յաճախ աշխարհին կը նայի տարբեր աչքերով։ Ան կը հասկնայ, թէ որքա՛ն փխրուն է կայունութիւնը, եւ որքա՛ն արագ կրնայ մարդկային քաղաքակրթութիւնը գահավիժիլ դէպի քաոս։ Բայց թերեւս նոյն այդ փորձառութիւնը մարդուն կը ստիպէ խոր կերպով արժեւորելու կեանքը, խաղաղութիւնը եւ մարդկային ջերմութիւնը։ Որովհետեւ փլատակներու մէջ մեծցած մարդիկ երբեմն աւելի լաւ կը հասկնան, թէ որքա՛ն դժուար է բնականոն կեանքը։
Լիբանանահայ գաղութը իւրայատուկ ձեւով ապրեցաւ այս իրականութիւնը։ Հայերը ո՛չ միայն անցան Լիբանանի պատերազմներու բովէն, այլեւ իրենց հետ կը կրէին Ցեղասպանութեան, տեղահանութեան եւ վերապրումի աւելի հին յիշողութիւններ։ Այս պատճառով ալ, անորոշութիւնը, ապահովութեան փնտռտուքը եւ համայնքային համախմբուածութիւնը դարձան գոյատեւման բնազդի մէկ մասնիկը։ Պուրճ Համուտի, Նոր Հաճընի եւ Խալիլ Պատաուի նման թաղամասեր երկար ժամանակ ո՛չ միայն բնակավայրեր էին, այլեւ հոգեբանական ապաստարաններ։ Սակայն, վերջին տասնամեակներուն, տնտեսական տագնապը, արտագաղթը եւ սերունդներու փոփոխութիւնը սկսան տկարացնել այդ հաւաքական կառոյցը։ Այսօր, լիբանանահայ երիտասարդին հոգեբանական վիճակը յաճախ երկուութիւն կ’ապրի․ ան միաժամանակ կապուած է յիշողութեան մը, բայց նաեւ կը զգայ, թէ ապագան կամաց-կամաց դուրս կը սպրդի իր ձեռքերէն։
Այսօր Լիբանանը միայն տնտեսական կամ քաղաքական տագնապի մէջ չէ։ Անիկա նաեւ կ’ապրի այնպիսի հոգեբանական ժամանակաշրջան մը, ուր ամբողջ հասարակութիւն մը կը փորձէ շարունակել իր գոյատեւումը՝ առանց ամբողջովին վստահ ըլլալու, թէ ապագան տակաւին գոյութիւն ունի։
Եւ թերեւս մեր ժամանակներու ամենախոր վախը ո՛չ թէ բուն պատերազմն է, այլ այն վայրկեանը, երբ մարդը կամաց-կամաց կը սորվի ապրիլ՝ առանց ապագայի պատկերացում ունենալու։
