«Թռչող հայրիկը». թատերախաղ մը՝ ուր ծիծաղը կը թռչի առանց ոտքի

Վաչէ Ատրունիի նոր թատերգութիւնը՝ «Երջանիկ մարդուն անցեալը («Անոտք թռչունը») երկու արարներէ բաղկացած այս զուարճալի ողբերգութիւնը կը շօշափէ ընտանիքի եւ յիշողութեան ձգած վէրքերը եւ կը խոստովանի այն, ինչ որ երկար ատեն չենք համարձակած արտասանելու․ անտարբերութիւնը նոյնքա՛ն կործանիչ է, որքա՛ն մահը։

Գործողութիւնը կը ծաւալի ժամանակակից բնակարանի մը մէջ, ուր տարեց հայր մը՝ Ղուկասը, յիշողութիւնը կորսնցուցած է եւ, անակնկալօրէն անհետանալով, կը մղէ իր զաւակները՝ Գարեգինը, Սահակը եւ Անահիտը միաժամանակ դէմ առ դէմ գալու իրենց վախերուն ու շահախնդրութեանց։ Մինչ խնամատար Աստղիկը՝ տան լուռ եւ խիղճ ունեցող կինը, կը փորձէ զսպել քաոսը, տան մէջ կը բացուի այլափոխութիւն մը, ուր խնամքը կը վերածուի պարտականութեան, իսկ պարտականութիւնը՝ ձանձրոյթի։

Երբ Ղուկաս կը վերադառնայ գիշերանոցով, բոպիկ, ձեռքին հին հովանոց մը եւ դատարկ ճամպրուկ մը, կը պարզուի, որ իր բացակայութիւնը խորքին մէջ աւելի փախուստ մըն էր ոչ թէ տունէն, այլ՝ խելքէն։ Ան կը խօսի մանկութեան հեքիաթի մը մասին՝ անոտք թռչունին, թռչուն մը որ ոտք չունի եւ կը պտըտի երկինքին մէջ՝ առանց երբե՛ք իջնելու։ Այդ պատկերով կը բացատրուի ամբողջ թատերախաղին ներքին շղթան․ մարդը որ մոռցած է, բայց դեռ կը սիրէ, դադրած է պատկանելէ այս աշխարհին ծանրութեանց։

Ատրունի այս թատերախաղը կը կառուցէ հակադրութիւններով։ Այն ինչ որ դուրսէն ծիծաղելի է՝ խորքին մէջ ողբերգական է։ Թէեւ բեմին վրայ յաճախ կը լսուին վիճաբանութիւններ ժառանգութեան, ստորագրութիւններու եւ օրէնքի շուրջ, իրական բեմը անոնց խղճին մէջ է։ Անոնք կը խօսին հայրենիքի, բարեկեցութեան եւ պատիւի մասին, բայց մոռցած են ամենէն պարզ իրողութիւնը՝ մարդուն հոգին կը ծերանայ ոչ միայն տարիքով, այլ անտարբերութեամբ։

Գործող անձինք

Ղուկաս – Յիշողութիւնը կորսնցուցած հայր մը, որ կը կ’երերայ իր ներքին եւ արտաքին աշխարհներուն միջեւ։ Իր մոռացութիւնը ունի հանգստացնող խորք մը․ ան է միակ կերպարը, որ իր կորուստին մէջ կը գտնէ խաղաղութիւնը։

Անահիտ – Զգայուն, մեղմ, երբեմն կասկածոտ․ ան կը տատանի մեղքի եւ կարեկցանքի միջեւ։

Գարեգին – Օրէնքի մարդը, որ կը կարծէ թէ կարգուկանոնով կրնայ պաշտպանել մարդկային արժանապատուութիւնը, բայց իր իսկ սառնասրտութեամբ կը չարաշահէ զայն։

Սահակ – Որոշ, գործնական եւ անսպառ ծաղրախօս մը։ Ան կը մարմնաւորէ ժամանակակից «գործնապաշտ» մարդը, որ ամէն ինչ կը չափէ օգտակարութեամբ։

Աստղիկ – Խնամատարը, որ կը դառնայ տան խիղճը։ Իր պարկեշտ եւ դառն խօսքերով, ան կ՚ապացուցանէ, որ բարոյական բարձրութիւնը երբեմն կ՚ապրի տան խոհանոցին մէջ, ոչ թէ սեղանին շուրջ։

Մորիս – Փաստաբանը, որ բեմին վրայ հազուադէպ կ՚երեւի, բայց ներկայ է իբրեւ խորհրդանիշ՝ օրէնքի անզգայ եւ անտարբեր ուժին։

Աստղիկի բարկացած մենախօսութիւնը կը դառնայ թատերախաղին բարոյական գագաթնակէտը։ Ան բացայայտօրէն կ՚արտայայտէ այն, ինչ որ հանդիսատեսը մինչ այդ լուռ պիտի զգայ, որ զաւակները, իրենց հայրը փրկելու ճիգին մէջ, կլանուած են ինքնարդարացումով՝ մոռնալով, թէ դեռ կայ մէկը՝ կենդանի, որ կը լսէ զիրենք։

Այն պահուն, երբ թատերախաղը կը հասնի իր աւարտին, հանդիսատեսը ինքն իրեն պիտի հարցնէ՝ ի՞նչ կը նշանակէ սիրել մէկը, երբ ան այլեւս մեզ չի ճանչնար։

Վաչէ Ատրունիի «Երջանիկ մարդուն անցեալը» գործին մէջ, ծիծաղն ու դառնութիւնը կը գոյակցին առանց միմեանց ջնջելու։ Ան կը յիշեցնէ մեզի, որ երջանկութիւնը երբեմն կը յայտնուի ոչ թէ գիտակցութեան, այլ այն աշխարհին մէջ, ուր իրերը կը դադրին անուն ունենալէ։ Ղուկասը, որ խենթ կը կարծուի, կը դառնայ միակ ողջ մարդը, որովհետեւ կրցած է մոռնալ։

«Թռչող հայրիկը» անուանումով, Ատրունիի այս թատերախաղը շուտով բեմ կ’ելլէ նախաձեռնութեամբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին, բեմադրութեամբ՝ Վազգէն Մուղալեանի: Ներկայացումները տեղի կ’ունենան 31 հոկտեմբերին, 1, 2, 8 եւ 9 նոյեմբերին, Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ:

Այս թատերախաղը լեցուն է ծիծաղով, բայց այդ ծիծաղը պարզ զուարճանքի համար չէ, թէեւ շատեր այս ներկայացումը պիտի դիտեն միայն զուրաճանալու համար: Ատրունին կ՛օգտագործէ զայն իբրեւ բարոյական գործիք՝ քանդելու համար մեր ինքնապաշտպանութեան մեքանիզմը։

Շատեր հաւանաբար պայթին ծիծաղէն, բայց ընդհանարապէս պիտի ժպտան այնպիսի պահերուն, երբ իրենց կեանքին ծանօթ տխմարութիւններն ու անտարբերութիւնը կը դառնան բեմական պատկերներ։ Ներկայացումը կը խնդացնէ, բայց նաեւ կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ կը ծիծաղինք։

Եւ ահա այդ կ՛ըլլայ հեղինակին իսկական յաղթանակը, երբ ծիծաղը նաեւ կը վերածուի գիտակցութեան։

 

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x