Երիտասարդները իսկապէս ներգրաւելու համար պէտք է լսել զանոնք։ Ոչ միայն անհատական զրոյցներով, այլեւ հետեւողական հարցադրումներով, հետազօտութիւններով՝ հասկնալու, թէ ի՛նչ ակնկալութիւններ ունին:
Այսօր սփիւռքի «դասական» կազմակերպութիւնները կը նմանին լքուած շէնքերու, ուր անցեալի փառքը տակաւին յայտնապէս տեսանելի է, տէրերը, դեռ տեղ մը գոյութիւն ունին, բայց շատ քիչ բնակիչներ մնացած են
Պաքու հարիւրաւոր միլիոններ կը ծախսէ եւ հսկայական միջոցներ կը սպառէ ինքզինք ներկայացնելու իբրեւ արդիական, կենսուանակ եւ ազդեցիկ պետութիւն մը:
Յաճախ կ'ըսուի որ սփիւռքը «հարստութիւն» կամ «ուժ» մըն է Հայաստանի համար, սակայն այս հաստատումը ընդհանուր գաղափար մըն է, որ պէտք է գործնական տարազի մը մէջ դնել ու յստակացնել:
Այսօր, երբ կը քննարկենք հայկական փափուկ ուժի իրավիճակը կամ Հայաստանի յարաբերութիւնները սփիւռքի հետ, սկսելով մշակոյթէն, ակնյայտ կը դառնայ, որ վերջին երեսուն տարիներուն որեւէ լուրջ աշխատանք չէ կատարուած: