Տարիա Կամսարական՝ Եգիպտահայ տաղանդաւոր քանդակագործ, ֆրանսագիր վիպասանուհի Anne Sarag

«Տարիա Կամսարականի մէջ ամէն ինչ կը  թրթռայ… ամէն ինչ նշան է եռանդուն կեանքի» – Հանրի Հերօ 1977

Chez Daria Gamsaragan, tout vibre… tout est signe de vie intense » – Henri Héraut 1977

«Ես կը չափեմ ամբողջ հեռաւորութիւնը որ կայ. ի՜նչ ընեմ, բնութեան սէրը երբեմն իմ մէջս այնպէս կը տիրապետէ, որ այլեւս չեմ համարձակիր անոր մանրամասնութիւններէն մէկն իսկ զոհել: Ակամայ, անոր ստրուկը կը դառնամ, եւ արդէն մեծ հաճոյք մըն ալ կը զգամ այդպիսի աշխատանք մը կատարելով: Թերեւս հայկական առհաւութիւն (atavisme) մըն է, որ այն ատեն կը ներգործէ իմ մէջս: Թերեւս ազդեցութիւնն է մեր ցեղի հին մանրանկարիչներուն, որ զիս կը մղէ այս ծայրայեղօրէն մանրակրկիտ յօրինումին» –  Տարիա Կամսարական

Տարիա Կամսարականի նկարները առաջին անգամ կը հրապարակուին համացանցին եւ այս հանդէսին մէջ շնորհիւ երկար պրպտումներուս: Շ.Մ.

Տարիա Կամսարական, բուն անունով Արտեմիս Տօրա (Տօրիա) Կամսարական, ծնած է 24 Ապրիլ 1902-ին, Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս:

Մեծ հայրը՝ Խաչատուր Կամսարական պատանի տարիքին կը հեռանայ իր ծննդավայր Երեւանէն՝ հաստատուելով Պոլիս, ուր ալ կը սկսի աշխատանք փնտռել։ Աշխատասէր Խաչատուրը շատ արագ յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրէ Թուրքիոյ ծխախոտի առեւտուրին մէջ՝ գրաւելով կարեւոր դիրք մը մինչեւ Ottoman Tobacco Board-ի՝ Օսմանեան ծխախոտի վարչութեան ստեղծումը:

Խաչատուր Կամսարական Զմիւռնիոյ մէջ կը հիմնէ ծխախոտի ընկերութիւն մը՝ “The Pier of Pines” «Սոճիներու քարափը», որ ծխախոտի եւ սիկարներու պաշտօնական մատակարարն էր Օսմանեան կայսրութեան պալատին, յատկապէս Սուլթան Մուրատի Գ-ի օրօք, եւ նոյնիսկ Մուրադ Գ. իր բազմաթիւ նուէրներու կողքին ծխախոտի չոր տերեւներ ուղարկած է ժամանակուայ Լեհաստանի թագաւորին:

Խաչատուր Կամսարականի մահէն ետք, անոր երկու որդիները՝ Տիգրան եւ Արմենակ  կը հաստատուին Եգիպտոս 1894-ին` շարունակելով իրենց հօր ասպարէզը։  Անոնք ծխախոտի եւ եգիպտական սիկարէթներու մեծ գործատուն մը կը հիմնեն Զաքազիքի մէջ:

Եգիպտոսի ԱՐԵՒ թերթի 5 Նոյեմբեր 1923-ի թիւին մէջ Արմենակ Կամսարականի ծխախոտի արտադրութեան ծանուցումը:

Այնուհետեւ, Տիգրան գրող, արձակագիր կը դառնայ. ինչպէս ծանօթ է, ան հեղինակն է «Վարժապետին Աղջիկը» վէպին, որ առաջին անգամ կը հրատարակուի 1888 թուին: Իսկ Արմենակ կը բարգաւաճի ծխախոտի առեւտուրին մէջ:

Եգիպտոսի հայ համայնքին մէջ, Արմենակ Պէյ տիտղոսով ճանչցուած կարկառուն դէմքը առատաձեռնօրէն կը նպաստէ բարեգործութիւններու, Զաքազիքի մէջ հիմնադիր անդամ ըլլալով Սուրբ Խաչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ նուիրատու Աղեքսանդրիոյ հեղինակաւոր Victoria College School-ին: Ան նախանձախնդիր հաւաքորդ էր հնաոճ իրերու, գորգերու եւ իսլամական արուեստին պատկանող խեցեղէնի:

Արմենակ Կամսարականի զաւակներէն Տարիա Կամսարական, Արամ եւ Երուանդ եղբայրներէն ամենափոքրն էր. տասնվեց տարի տարբերութիւն կար իր եւ իր աւագ եղբօր միջեւ, իսկ տասը տարի իր միւս եղբօրմէն: Ան իր մանկութիւնը կ’ապրի Աղեքսանդրիոյ Պոլքլի շրջանը, ծովի դիմաց գտնուող իրենց ընտանեկան տան մէջ, շրջապատուած իր ծնողքի անսահման սիրով:

Փոքր տարիքին Տարիա կրթութիւնը կը ստանայ հարուստ ընտանիքներու ժամանակի սովորութիւններուն համապատասխան` ունենալով յոյն, անգլիացի եւ ֆրանսացի խնամող դաստիարակներ: Տարիա կը տիրապետէ երեք լեզուներու եւ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին ալ կը պահէ երեք լեզուներու հմտութիւնը: Ան ծանօթ էր նաեւ արաբերէնին, հայերէնին եւ քիչ մըն ալ թրքերէնին։ Հայերէնը կը սորվի յայտնի մանկավարժ Էլպիս Կեսարացեանէն։

Տարիա 13 տարեկանէն կը սկսի ֆրանսերէն գրել. տետրակները կը լեցուէին բանաստեղծութիւններով եւ իր երեւակայութիւնէն բխած պատմուածքներով։  Իր ընթերցումներու առաջին աղբիւրը եղած է ֆրանսացի եւ անգլիացի դասական գրականութեան հեղինակներու՝ իր ծնողքին ունեցած հարուստ գրադարանը: Տարիա իր ուսումը կ’աւարտէ 1924-ին, Աղեքսանդրիոյ ֆրանսական  երկրորդական վարժարանէն` Lycée Français d’Alexandrie : Ոգեշնչուած նկարչութեան եւ քանդակագործութեամբ, Տարիա երկմտանքի մէջ կ’իյնայ ընտրելու գրականութիւն կամ գեղանկարչութիւն:  Սակայն, քանդակագործ Joseph Constant-ի եւ իր կնոջ՝ Իտայի հետ հանդիպումը իր մէջ կ’արթնցնէ արձանագործ-նկարիչ դառնալու մղումը ։

Սկիզբը կը հետեւի նկարչութեան դասընթացքի Joseph Constant -ի ոչ պաշտօնական արուեստանոցին մէջ «Էլ Նապի Տանիա»  փողոցին վրայ:  Տարիա օր մը դասընթացքին ընթացքին կը յայտնաբերէ  «եռոտանիի վրայ բան մը, որ  նման էր ցեխի զանգուածի»:  Joseph Constant զգալով, որ Տարիային գրաւած էր այդ նոր յայտնաբերումը, կը խրախուսէ զայն եւ կը խնդրէ իրմէ «փորձել քանդակել մարդու գլուխ մը կիսադէմի բոլոր յատկութիւններով»,  որուն համար ալ դուրս կու գայ փողոց, շէնքին դիմաց փնտռելու յարմար կերպար մը: Մէկ ժամ անց գործը արդէն աւարտած էր: Ակնյայտօրէն շատ գոհ արդիւնքէն՝ Joseph Constant կ’ըսէ.-  «Դուն քանդակագործ ծնած  ես, դուն միայն նուիրուիր քանդակագործութեան»:  Տարիա կը  շարունակէ քանդակել դէմքեր, որոնց արտայայտութիւնը կը քանդակէր  ուշագրաւ նմանութեամբ։ Յետոյ ան կ՛որոշէ իր ծնողքին համաձայնութեամբ մեկնիլ Փարիզ արձանագործութիւն ուսանելու:

Ան կ’ընդունուի  Académie de la Grande Chaumière-ի  արուեստանոցը առանց նախնական վերապատրաստութեան, բացի արձանագործ Joseph Constant-ի ներածական դասընթացքներէն: Տարիա Կամսարական 1924-1927 թուականներուն յարատեւօրէն կը հետեւի մեծանուն վարպետ ֆրանսացի  արձանագործ Antoine Bourdelle-ի   դասերուն, եւ քիչ ժամանակ անց կը դառնայ անոր նախընտրած աշակերտներէն մին:  Տարիա նաեւ կը հետեւի  Colarossi Academy-ի մէջ նկարչութեան դասերուն եւ նկարիչ André Lhote  դասաւանդութեան: Académie de la Grande Chaumière ի աշխատանոցի դասախօսութիւններու ժամանակ կը  հանդիպի գրող եւ լրագրող Իմրէ Կիօմային՝ Imre Gyomai  , որ այն ժամանակ կը համագործակցէր Géo-Charlesի եւ Paul Hussonի հիմնադրած  Montparnasse ամսագիրին հետ: Իմրէ յաջողած էր խոյս տալ  Հունգարիոյ մէջ Miklós Horthy-ի  բռնաճնշումներէն բայց եւ այնպէս գերութեան մէջ ապրելով տառապած էր Սիպերիոյ  բանտերուն մէջ:

Իմրէն եւ Տարիան կ’ամուսնանան Աղէքսանդրիոյ մէջ 1926 թուականին:  Անոնք կ’ապրին Փարիզի մէջ, Villa Seurat, 14-րդ թաղամաս, այնուհետեւ Villa Junot (ներկայիս Villa Léandre) Montmartre, 18-րդ թաղամաս, երկու արհեստանոցներէ բաղկացած տաղաւարի մը մէջ, մէկը Իմրէին, իսկ միւսը՝ Տարիային։

Անոնք միասին կը համագործակցին Montparnasse ամսագրին հետ, որուն մէկ համարը նուիրուած էր «Salon des Tuileries» պատկերասրահին, 1926 թուին, ուր Տարիա Կամսարական կը ցուցադրէ նաեւ իր առաջին քանդակները Antoine Bourdelle-ի աշակերտներուն հետ միասին: Տարիա կը շարունակէ ցուցադրել իր արձանները «Salon des Tuileries»-ին մէջ, 1928, 1932 եւ 1937 թուականներուն:

 

Տարիա Կամսարական ամուր կը պահէ կապերը իր ծննդավայր երկրին հետ: Ան պարբերաբար կը վերադառնայ այնտեղ իր աշխատանքները ցուցադրելու, այն ժամանակ, երբ Գահիրէն նոր մշակութային եռուզեռ մը կ’ապրէր եւ կը ձգտէր դառնալ միջազգային երեւոյթ եւ ասպարէզ։

1930 թուին Գահիրէի 10-րդ սրահին մէջ կը ցուցադրուին Տարիայի արձանները, որոնց մասին մեծ անդրադարձ ունեցաւ եգիպտական մամուլը: Նոյն տարին, Ալեքսանդրիոյ մէջ նկարիչ Nersès Bartau Ներսէս Պարթոյի (Աղեքսանդրիա, 1909-2006, Ֆրանսա) հետ ցուցադրած է Galerie MMM-ին մէջ:

1935 թուին Փարիզի մէջ կազմակերպած իր անհատական առաջին ցուցահանդէսը կը գրաւէ ֆրանսական մամուլին ուշադրութիւնը։ Իր յաջորդ ցուցահանդէսները կազմակերպած է Ֆրանսայի տարբեր պատկերասրահներու մէջ։ Անոր արձանններէն քանի մը հատը արժանի տեղ կը գրաւեն Փարիզի արդիական արուեստի թանգարանին մէջ, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի թանգարաններուն մէջ։

Ուշագրաւ իր քանդակներէն են Jean Follain, Charles Estienne, Sacha Pitoëff, Roger Vailland եւ այլոց կիսանդրիները, «Ողջոյն խախաղութեան» արձանը եւ այլն։

Հեղինակ է «Ճամբորդութիւն ստուերի մը հետ»՝ Voyage avec une ombre (1957, ֆրանսերէն) վէպին։ 1965 թուականին Փարիզի մէջ լոյս կը տեսնէ Տարիայի «Հրեղէն օղակ» ֆրանսերէն վէպը։ Գրական ծածկանունն է «Անն Սարակ»։  Տարիա Կամսարական Ֆրանսայի Դիմադրութեան շարժման մասնակից է։  Եղած է նաեւ Հայաստան։

1939-ի աշնան, Տարիա արդէն Իմրէէն բաժնուած էր, եւ ընտանեկան պատճառներով ստիպուած կը մեկնի Եգիպտոս: Երբ պատերազմը կը սկսի, անոր Ֆրանսա վերադարձը կը դժուարանայ: Որոշ ժամանակ ան կ’ապրի Toulon քաղաք: Կը յաջողի իր քանդակները ցուցադրելու Ապրիլ 1940, զանազան ցուցասրահներու մէջ; Այս մասին կը վկայեն Charles Kunstler եւ Édouard Sarradin : Այնուհետեւ, Տարիայի ցուցադրութիւններէն ոչ մէկ հետք կը տեսնենք մինչեւ 1946 թուական:

Այդ ժամանակ Տարիա կը հանդիպի Georges E. Vallois-ի, որուն հետ կեանքը կը շարունակէ քանի մը տարի:

Տարիա Կամսարականի հանդիպումները եւ գործերը

10 Ապրիլ 1961-ին, «Անդաստան»   գրական հանդէսի 10-ամեակին առիթով, Փարիզի մէջ  կազմակերպուած էր երեկոյ մը՝ ի պատիւ Ուիլիըմ Սարոյեանի. ձեռնարկին ներկայ գտնուած են Տարիա Կամսարական եւ  հրաւիրեալներ, խմբագիր՝ Բիւզանդ Թօփալեան , ֆրանսացի երաժշտահան Luc-André Marcel (1919 -1992), հայագէտ, թարգմանիչ Հայկ Պէրպէրեան (1887 Պոլիս – 1978 Փարիզ), գրող Վահէ Քաչա, բուն անունով՝ ՎահԷ Գառնիկ Խաչատուրեան (Դամասկոս 1928 – 2003 Փարիզ),  գեղանկարիչ Ժանսեմը (Պուրսա, 1920 – Saint-Aignan-sur-Cher 2013), բուն անունով՝ Յովհաննէս Սեմէրճեան :

1966 թուականին տպաւորիչ L’Oiseau թռչուն քանդակը ստեղծագործած եւ նուիրուած է Փարիզի հայաբնակ արուարձան Bagneux-ի (Hauts de Seine) գերեզմանատան հայ մտաւորականներու դամբարանին: (Տե՛ս նկարը): Նշենք որ դամբարանը կառուցուած է 1957-ին, ուր թաղուած են գրողներ Արշակ Չոպանեան, Արամ Անտոնեան, Լեւոն Բաշալեան, Շահան Պէրպէրեան, նկարիչ Էտկար Շահին եւ ուրիշներ :

 

Pen International միջազգային կազմակերպութեան երկարամեայ անդամ Տարիա մասնակցած է PEN-ի   տարեկան համաժողովին 1967-ին, երբ PEN club-ը կը նախագահէր Arthur Miller-ը (ծն.1915-մահ. 2005), իսկ համաժողովը առաջին անգամ տեղի կ’ունենար Ափրիկէ, Côte d’Ivoire մէջ:

Կազմակերպութեամբ Ֆրանսայի մէջ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամին, Փարիզի հայ արուեստագէտները կը հիմնեն Միութիւն մը, որ կը կրէ միջնադարեան նշանաւոր մանրանկարիչ Թորոս Ռոսլինի անունը, Միութեան կ’անդամակցին 30 հոգի. նկարիչներ, լուսանկարիչներ, ճարտարապետներ, քանդակագործներ եւ բեմադրիչներ: Յիշենք անոնցմէ Գառզու, Երուանդ Իւթիւճեան, Տարիա Կամսարական, Բիւզանդ Թօփալեան, գեղանկարիչ Ռիշար Ժերանեան (Խաչատուր) (Richard Jeranian) ( ծն. Սեբաստիա 1921 – մահ. 2019 Փարիզ), Ասատուր Պզտիկեան եւ այլն: Միութիւնը առաջադրած է հանդիսանալ մշակութային օճախ մը, զօդ մը՝ հայրենիքի եւ սփիւռքի արուեստագէտներու միջեւ, եւ երկու տարին անգամ մը գէթ ցուցահանդէսներ կազմակերպել:

Առաջին ցուցահանդէսը տեղի կ’ունենայ Մայիս 1969-ին եւ Տարիա իր մասնակցութիւնը կը բերէ Թորոս Ռոսլին Միութեան ցուցահանդէսին,  որ կազմակերպած էր Ֆրանսայի մէջ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամը՝ համախմբելու համար գործող հայ արուեստագէտները։

1970-ականներու սկիզբը Տարիա իրագործած է երկու նախագիծ կապուած 48 զարդերու հետ. մէկը՝ Ժընեւի Cartier-ի պատուէրը՝ կենդանակերպի Zodiac տասներկու նշանները ներկայացնող շարքին, որ ոսկերիչը պիտի դարձնէր շլացուցիչ փոքրիկ ոսկեզօծ պրոնզներ, միւսը՝ բարձր նորաձեւութեան տան Coco Chanel –ի խնդրանքը՝ խաչեր ստեղծել, որպէս իր հաւաքածոյի զարդեր.  «Միթէ հրաշք չէր Շանելի խանդավառութիւնը իմ խաչերու նկատմամբ, եւ ինչպիսի վստահութիւն էր ինծի համար այդ, եւ որ կատարուեցաւ այն ժամանակ, երբ ես այնքան յուսահատած էի դրամի պակասէն», կը գրէ Տարիա իր նօթատետրին մէջ: Բայց 1971 թուականի Յունուար 10-ին Coco Chanel-ի (19 Օգոստոս 1883 – 10 Յունուար 1971) մահը վերջ դրաւ անոնց համագործակցութեան:

Նոյեմբեր 1972-էն մինչեւ Յունուար 1973 ժամանակաշրջանին,  Ամերիկացի ընկերոջ մը հրաւէրով  Տարիա ճանապարհորդութիւն մը կը կատարէ Մեքսիքան յայտնաբերելու համար: Ան Նոր Տարին կ’անցնէ Մեքսիքայի մէջ, ինչպէս կը պատմէ  ճանապարհորդական իր օրագրին մէջ. նախատեսուած էր այդ շրջապտոյտը դարձնել  գիրքի նախագիծ՝ իր գրական կեղծանունով Anne Sarag, « Sur les routes du Mexique, projet de livre » վերնագրով 1980 թուին: Տարիա ականատես նկարիչի մը աչքով կը նկարագրէ յուշարձաններն ու արձանները եւ կը վերլուծէ արուեստի այդ բոլոր նրբութիւնները: Տարիա լիովին հիացած է այս ճանապարհորդութեամբ:

«Արմենիա» ամսաթերթը  1977-ի ապրիլ թիւը նուիրած էր  «20-րդ դարու Առաջին ջարդը» յիշատակին: Ամսաթերթի շապիկին կը տեսնենք  Տարիայի «Խաչուածը» ստեղծագործութիւնը: Նոյն ամսաթերթի թուին մէջ կը կարդանք գեղանկարիչ Հանրի Հերոյի (բուն անունով Հրանդ Վահանի Թէքէեան) (ծն. Մարսէյլ 1894 – մահ. 1981, Փարիզ) կողմԷ կատարուած հարցազրոյցը Տարիայի արուեստանոց-տան մէջ:

Տարիա ստեղծած է կենդանակերպի շքանշաններ,9 ինչպէս Այծեղջիւրի կենդանակերպի նշանը, որպէս զարդեղէն գոհար, նաեւ շքանշան՝ միմեանց ամանոր շնորհաւորելու համար

Տարիա Կամսարականի ստեղծագործութիւներէն է Նեֆերթիթիի կամ Արեւի օրհներգի թեմայով շքանշանը ։ Նոյն այս շքանշանի պատճէնը Louise Weiss   հիմնադրամը» 1980 թուին նուիրած է Եգիպտոսի նախագահ Անուար էլ-Սատաթին՝ «Խաղաղութեան յառաջխաղացման եւ մարդկային յարաբերութիւններու բարելաւման գործին անոր բերած ներդրումին համար»:

Նոյեմբեր 1982-ին, Նիւ Եորքի մէջ Հ.Բ.Ը.Մ-ը Փարիզի «Արշիլ Կորքի» – Կարիկ Պասմաճեան պատկերասրահի հետ (Galerie Garig Basmadjian Paris) կազմակերպած է Ֆրանսայի եւ այլուր բնակող հայազգի նկարիչներու հաւաքական ցուցահանդէս մը, որուն կը մասնակցէին յայտնի հայ արուեստագէտներ Տարիա Կամսարական, Ժան Գառզուն (ծն. Հալէպ 1907- մահ. Périgueux 2000), Ասատուր Պզտիկեան (ծն. Պէյրութ 1943 ներկայիս Ֆրանսա), Ժանսեմը (ծն.Պուրսա, 1920 –մահ. Saint-Aignan-sur-Cher 2013), Արթօ Սուրէնի Չաքմաքչեանը (իսկական անունը՝ Յարութիւն, ծն. Գահիրէ 1933), Ժան Գազանճեանը (ծն. Պէյրութ 1938, ներկայիս Ֆրանսա) …: Այս ցուցահանդէսին կը ներկայացուին Տարիայի աւելի քան տասը արձաններ, յատկապէս անոր վերջին արտադրութիւնները:

 

Տարիա Կամսարական Ֆրանսերէն հատորներու հեղինակ է Anne Serag գրական ծածկանունով.  Voyage avec une ombre «Ճամբորդութիւն ստուերի հետ» վէպը, 232 էջ, զոյգի մենակութեան եւ թիւրիմացութեան մասին է (հրատարակուած է 1957, ֆրանսերէն) եւ L’anneau de feu «Հրեղէն օղակ» վէպը, 355 էջ (հրատարակուած է 1965 Ֆրանսերէն) ։

Տարիա Կամսարական իր ֆրանսերէն « Fatalisme du sang » վիպակին մէջ կը պատմէ իր աչքերով տեսած Փորթ Սայիտի մէջ Մուսա լեռան խիզախ մարտիկներու կեանքը: Նոյն վիպակը հայերէնի թարգմանած է «Արեւ» օրաթերթի խմբագիր Միքայէլ Կիւրճեան (ծն.1878 – մահ.1965)   «Արիւնին ճակատագրականութիւնը» խորագրով եւ հրապարակած է «Արեւ» օրաթերթի թերթօնով՝ (թիւ 5 Դեկտեմբեր 1922 մինչեւ թիւ 80 Մարտ 16 1923):

Տաղանդաւոր քանդակագործ, ֆրանսագիր վիպասանուհին՝ Տարիա Կամսարական կեանքէն անսպասելիօրէն կը հեռանայ իր քնացած պահուն Փարիզի մէջ 1 Մարտ 1986-ին:

Տարիա Կամսարականի գործերը կարելի է դիտել այստեղ https://bourdelle.hypotheses.org/896:

 

Արժանի է յիշել թէ Համացանցի, Google եւ  տարբեր լեզուներու հարթակներու վրայ հասանելի են անոր քանդակներն ու  հատորները, բացի իր այս նկարէն, որ առաջին անգամ կը տեղադրուի այս յօդուածին հետ շնորհիւ երկար փնտռտուքիս՝ տասնեակ մը pdf ֆայլերու  պրպտումներէ եւ փնտռտուքէ ետք: Շ.Մ.

 

Առ ի տեղեկութիւն .  Կամսարականները նախարարական տոհմ եղած են միջնադարեան Հայաստանի մէջ (3-8-րդ դարեր): Կամսարականները սերած են Պարթեւ Կարենեան իշխանական տոհմէն, որուն կէսը կոտորած են Պարսից Սասանեանները 3-րդ դարուն:  Փրկուած Կամսարականներէն Պերոզամատի որդի Կամսարը ապաստանած է Հայաստան եւ դարձած Կամսարականներու հիմնադիրը։ Կամսարականներու տոհմի ներկայացուցիչներն ուշագրաւ են շինարարական ու մշակութանպաստ գործունէութեամբ։ Ներսեհ Գ-ն կառուցած է Թալինի Կաթողիկէ  եւ Սուրբ Աստուածածին առաքելական եկեղեցիները:

Պարտք է յիշել՝ Թէոդիկ իր նշանաւոր «Ամէնուն Տարեցոյցը»ի 1913-ի հատորին էջ 381-ին վրայ կը գրէր. «Եգիպտոս հաստատուած երկու սիրուած եւ կարող գրագէտներ՝ Տիգրան Կամսարական եւ Միքայէլ Կիւրճեան գլուխ գլխի տուած, պատրաստած են նոր թատերախաղ մը, որուն անունն է «Փրկանքը»: Տաղանդաւոր դերասանուհի Տիկին Սիրանոյշ ատոր բնագիրը կարդացած եւ գնահատած ըլլալով, աւելորդ կը սեպենք մեր կողմէ կարծիք մը յայտնել «Փրկանքը»ի մասին, որ արդէն բեմադրուեցաւ Աղեքսանդրիոյ Ալհամպրա թատերասրահին մէջ, 1912-ի վերջերը»:

19րդ դարու վերջերուն Եգիպտոսի մէջ գերազանցապէս hայ եւ jոյն մասնագէտներու նախաձեռնութեամբ կը զարգանայ ծխախոտագործութիւնը։ Եգիպտոսի ծխախոտի արտադրութեան կէսէն աւելին հայ ձեռնարկատէրերուն կը պատկանէր։ Այս ասպարէզին մէջ նշանաւորներէն էին Մելգոնեան եղբայրները, որոնք յետմահու իրենց հարստութիւնը կտակեցին Կիպրոսի մէջ հիմնադրելու Հայ սերունդներ կրթող Մելգոնեան հաստատութիւնը: Աղա Գրիգոր եւ Աղա Կարապետ Մելգոնեան եղբայրները կեսարացիներ էին, որոնք Եգիպտոսի մէջ կը զբաղէին ծխախոտի արտադրութեամբ։ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին, առանց իր եղբօր իմաց տալու, Կարապետ Մելգոնեան Ճափոնէն մեծ քանակութեամբ «թիւթիւն» կ՚ապսպրէ։ Երբ ծխախոտը Ալեքսանտրիա կը հասնի, գինը կը հարիւրապատկուի եւ հսկայական շահեր կ՚ապահովէ Մելգոնեան եղբայրներուն, որոնց գործարանը մինչ այդ արդէն Միջին Արեւելքի ամենամեծ ծխախոտ արտադրող գործարանն էր։ Հայկական ջարդերէն ետք, Կարապետ Մելգոնեան կ՚որոշէ որբանոց-դպրոց մը բանալ (իր մահացած եղբօր՝ Գրիգորի ծրագիրն ալ նկատի ունենալով): Այսպիսով կը հիմնուի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, 1926-ին, Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ, որուն խնամակալութիւնը կը վստահուի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան։ Կարապետ Մելգոնեան իր հսկայական հարստութիւնը կը կտակէ ՀԲԸ Միութեան, որպէսզի անոր եկամուտներով մատակարարուի Հաստատութիւնը։ https://noror.org/2016/09/07/304/

 

Օգտագործուած աղբիւրներ

  • https://fr.wikipedia.org/wiki/Daria_Gamsaragan
  • https://fr.wikipedia.org/wiki/Fichier:S%C3%A9pulture_des_intellectuels_arm%C3%A9niens_(front-1).jpg
  • Alakyaz – Juillet-Août 2019 https://www.bibliotheque-eglise-armenienne.fr/catalogues/fr_periodiques_fichiers/alakyaz/075.pdf
  • Արեւ Ը Տարի-Թիւ 10 (1073), Երկուշաբթի, 22 Մայիս 1922:   Արեւ Թ Տարի-Թիւ 19 (1178), Երկուշաբթի, 1 Յունուար 1923:   Արեւ Պաշտօնաթերթ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Եգիպտոսի Շրջանակին:

 

Ծնունդով Հալէպէն՝ Շաքէ Մանկասարեան աւարտած է Քարէն Եփփէ ճեմարանը, ապա Երեւանի Պետական Համալսարանի Ռոմանօ-գերմանական լեզուներու բաժանմունքը (M.A. in Philology) եւ Associate Cambridge School-ը (Diploma in Emotional Intelligence), Տուպայի մէջ (ԱՄԷ). ունի International Examination Diploma at Professional Level for Teachers and Trainers (University of Cambridge): 2011-ին հիմնած է շուրջօրեայ սփռուող RadioAyk առցանց ձայնասփիւռի կայանը, որ կը գործէ մինչ օրս: 2017-էն ի վեր ամէն Կիրակի Հայաստանի Հանրային ռատիոյէն կը սփռուի Շաքէ Մանկասարեանի հեղինակային «Արեւմտահայերէն» հաղորդաշարը, սեփական նախաձեռնութեամբ եւ մտայղացումով: Կ’աշխատակցի նաեւ «Սփիւռքի Ձայն» հաղորդաշարին եւ «Նոր Յառաջ» լրասփիւռին: 2015-էն ի վեր կը գրէ յօդուածներ «Ուիքիփետիա»ի արեւմտահայերէն բաժինին մէջ, հայերէնով կը ներկայացնէ օտար մամուլին մէջ հայ երեւելի անձնաւորութիւններու մասին հրապարակումներ: 2021-ին լոյս տեսաւ իր «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ» հատորը: Պարգեւատրուած է Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի Դեսպան» շքանշանով:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Սեդա
Սեդա
10 months ago

Գրիչդ անսպառ սիրելի քոյրս՝ Շաքէ:
Իրապէս հետաքրքրական յօդուածներ են, կը գնահատեմ աշխատանքդ:

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x