Հայութեան հպարտանքներէն՝ երաժշտահան, երաժշտագէտ Պետրոս Շուժունեան

Մոնթրէալաբնակ երաժշտագէտ, երաժշտահան փրոֆ. Պետրոս Շուժունեան մօտաւորապէս 50 տարի գործած ու ստեղծագործած է երաժշտութեան ոլորտին մէջ:  Անոր հետաքրքրութեան առանցքը կազմած է նուագախմբային, դաշնամուրային, սենեկային եւ  երգչախմբային երաժշտութիւնը: Եղած է  դասախօս Քեպէքի «Universite du Quebec a Montreal» համալսարանին մէջ: 1987-1988 եղած է Մոնթրէալի միջազգային օփերային փառատօնի գեղարուեստական ղեկավարի օգնական, 1988-1990՝ Մոնթրէալի Մեթրոփոլիթէն նուագախումբի աշխատակազմի ղեկավար:

Պետրոս Շուժունեանի երկու մեծ հայրերը  արմատներով եղած են Ատանացի: Հօրենական կողմը ունէր ջաղացք մը եւ իրենց կարած տոպրակներով ալիւր կը տարածէին շրջանին մէջ: Այդ տոպրակները կարելու ասեղին քրտերէնով կ’ըսեն «շուժուն», եւ այդպէս ալ իրենց մականունը եղած է Շուժունեան: Մեծ հայրը ջարդերէն յետոյ կը տեղափոխուի Հալէպ, ապա Լիբանան եւ առաջին ներգաղթին՝ 1946-ին, Հայաստան: Պետրոս Շուժունեանի հայրը ծնած է Գիւմրի, իսկ մայրը՝ Երեւան: Պետրոս Շուժունեան ծնած է 1957-ին, Գիւմրի: Յաճախած է անգլիական թեքումով դպրոց: Վեց տարեկանին արդէն կը նուագէր ջութակ: 11 տարեկանին գրած է իր առաջին ստեղծագործութիւնը, որ մինչ օրս կը պահպանուի: Մինչեւ Գանատա մեկնիլը, 8-10 գործ գրած է՝ փոքրածաւալ ստեղծագործութիուններ ջութակի համար, սենեկային, քառեակ, երգչախմբային ստեղծագործութիւն Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութիւն»-էն: Աւարտած է Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցը, ապա ընդունուած է Կարա-Մուրզայի անուան երաժշտական ուսումնարանը՝ ստեղծագործութեան եւ ջութակի դասարան, որուն ուսումնական 3-րդ տարին, 1976-ին, արդէն 18 տարեկան էր, երբ կը մեկնի Գանատա: 1972-1976 մաս կազմած է Գիւմրիի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասին:

1976-ին Պետրոս Շուժունեան կ’ընդունուի «Conservatoire de musique du Québec» եւ կ’ուսանի գանատացի հանրածանօթ երգահան Ժիլ Թրամպլէյի (Gilles Tremblay) դասարանը՝ ստանալով երաժշտութեան մագիստրոսի աստիճան 1982-ին:

Երգահան Պետրոս Շուժունեան սկսած է ստեղծագործել կանուխ երիտասարդ տարիներուն: Փորձառութիւն ձեռք բերած  է հայկական երգչախմբային երաժշտութեան մէջ: Ան հեղինակ է աւելի քան 100 ստեղծագործութիւններու, այդ շարքին՝ «Արարատ պոէմ» սիմֆոնիքը, «Կոմիտասին», «Սայաթ-Նովա» հարուածային համերգային փունջը, 4 լարային քառեակ՝ ներշնչուած հայ շարականներէ, «Մաշտոց» զոյգ դաշնամուրային գործը, «Երեք մինիաթիւր» (Three pieces of ancient Armenian liturgical music) գրուած լարային քառեակի համար եւ այլն:  Իր ստեղծագործութիւնները կատարուած են գանատական նուագախումբերու կողմէ, հնչած են ձայնասփիւռներէն եւ հրատարակուած են տարբեր տեղեր:

Գանատայի հայ համայնքէն ներս Փրոֆ. Պետրոս Շուժունեան ունեցած է իր ներդրումը: Ղեկավարած է Մոնթրէալի երկու հայկական երգչախումբեր՝ Համազգայինի «Քնար» երգչախումբը (1976 -1991) եւ  Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ «Ալէմշահ» երգչախումբը (1985 -1996): Յիշեալ տարիներուն սոյն երգչախումբերուն հետ ձայնագրած եւ հրատարակած է  հայ երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններու արձանագրութիւները, գրառումները եւ Սուրբ Պատարագը: Նշենք նաեւ, որ ան  պաշտօնավարած է Մոնթրէալի հայկական վարժարաններէն ներս որպէս երաժշտութեան դասախօս՝ 1976 -1985 Սուրբ Յակոբ Վարժարանին մէջ եւ 1985 – 1988՝ Նարեկ Վարժարանին մէջ:

Որպէս հաստատուած գանատացի երաժշտահան, Շուժունեան տարիներու ընթացքին աշխատած է բազմաթիւ նուագախումբերու հետ, ինչպէս՝ I Musici de Montreal, NEM, Kitchener, London (Ontario), Laval, եւ Marie-Josée Simard, Pierre Jasmin, Jean Laurendeau եւ այլ մեներգիչներու:

1997-ին Label: SNE (Société Nouvelle d’Enregistrement) ‎ կը հրատարակէ ձայնասկաւառակ մը, ուր կը ներկայացուին Պետրոս Շուժունեանի գործերը. սկաւառակը 1999 թուականին Լոս Անճելըսի «AMFA»-ի կողմէ կ’արժանանայ Best Modern International Award-ին:

Փրոֆ. Պետրոս Շուժունեանի The Oratorio Sourp Khatch յայտնի ստեղծագործութեան, նուիրուած՝ Հայաստանի մէջ Քրիստոնէութեան 1700-ամեակին, առաջին ներկայացումը տեղի կ’ունենայ 2001-ին, Թորոնթոյի մէջ, Elmer Iseler Singers- ի եւ  Sinfonia Toronto- ի հետ, ղեկավարութեամբ՝ Նուրհան Արմանի:  Նոյն առիթով Փրոֆ. Պետրոս Շուժունեան կը  դաշնաւորէ եւ կը համակարգէ գործիքաւորումը հայկական հոգեւոր երաժշտութեան՝ սենեկային նուագախումբի երգչախումբին եւ սոփրանոյի մեներգներու, ինչպէս՝ CBC- ի (The Canadian Broadcasting Corporation) համար: Ան Իզապէլ  Պայրաքտարեանի հետ կը թողարկէ JOYOUS LIGHT (ԼՈՅՍ ԶՈՒԱՐԹ) սկաւառակը, որ կը ղեկավարէր խմբավար Ռաֆֆի Արմէնեան:

2015-ին,  Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, եւ աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրելու նպատակով այս ողբերգութեան վրայ, երգահան, փրոֆ. Պետրոս Շուժունեան կը գրէ չորս լարային քառեակներ, բոլորը՝ հիմնուած հայկական շարականներու վրայ:

Փրոֆ. Պետրոս Շուժունեան 2010 թուականին կը սկսի գրել  Մեծ Եղեռնի 100-ամեակին նուիրուած «Պատարագ եւ Հոգեհանգիստ 2015» : Եզակի իր ծաւալով եւ տարողութեամբ այս ստեղծագործութիւնը, 11 Ապրիլ 2015-ին, կը ներկայացնէ օտարազգի անդամներով կազմուած Chœur St-Laurent  երգչախումբը եւ  չորս մեներգիչներ, որոնցմէ միայն երեքը հայ են՝ Սաշա Ճիհանեան (Sasha Djihanian, soprano) , Marie-Annick Béliveau, mezzo-soprano, Էլի Պէրպէրեան (Elie Berberian, ténor), Վարդան Գաբրիէլեան (Vartan Gabrielian, basse), ղեկավարութեամբ՝ Philippe Bourque-ի:  «Պատարագ եւ Հոգեհանգիստ 2015» ստեղծագործութիւնը առաջին անգամ կը հեռարձակուի www.sourphagop.net  կայքէջով, 12 Սեպտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին: Նոյն ստեղծագործութիւնը կը սփռուի նոյն օրը ռատիo Այգի ուղիղ եթերով (ծանուցումը եւ պատկերը  այստեղ՝ https://www.facebook.com/radioayk/photos/a.168204529927876/882472015167787)

2019-ին,  Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին ընդառաջ երաժշտահան փրոֆ. Պետրոս Շուժունեան Մարտի 27-ին Գանատայի մէջ կը նախաձեռնէ մեծածաւալ համերգ մը։ Հարկ է նշել, որ այս մեծ ծրագիրի ետին կանգնած էին երկու կազմակերպութիւններ․ Մոնթրէալի Անթիլիասի թեմի առաջնորդարանը, յանձինս Արժպ. Տէր Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեանի, որ այն հոգեւորականներէն է, որ կը հաւատայ մշակոյթի ուժին եւ կ’ընէ  անկարելին Մոնթրէալի մէջ, եւ Լաւալի սիմֆոնիկ նուագախումբը՝ ղեկավարութեամբ տաղանդաւոր խմբավար Ալէն Թրուդելի եւ մասնկացութեամբ դաշնակահարուհի Լուիզ Պեսսեթի. վերջինս կը համարուի գանատացի այն դաշնակահարներէն, որ ճանչցուած է որպէս ժամանակակից երաժշտութեան լաւագոյն մեկնաբանողներէն մէկը:

Հարկ է նշել նաեւ, որ նոյն տարին Փարիզի մէջ եւ առաջին անգամ Կոմիտասի 150-ամեակին նուիրուած մշակութային եւ համերգային ծրագիր մը կ’իրականացուի «Կոմիտասն ու ֆրանսացի իր ժամանակակիցները» խորագրին տակ. Կը հնչեն Քլոտ Տէպիւսէի եւ Մորիս Ռավէլի արուեստը Մեծն Կոմիտասի ստեղծագործութիւններուն զուգահեռ, Սեպտեմբեր 28-ին, Փարիզի «La Madeleine» տաճարին մէջ, նոյնանուն հրապարակին վրայ, հովանաւորութեամբ Փարիզի քաղաքապետուհի Anne Hidalgo-ի եւ կատարողութեամբ «Ensemble 2e2 m» ֆրանսական դասական նուագախումբին: Համերգի ընթացքին կը հնչեն երաժշտահան փրոֆ. Պետրոս Շուժունեանի իրագործած  կոմիտասեան եւ ֆրանսական յօրինումներու երաժշտական մշակումներն ու գործիքաւորումները:

Փրոֆ. Պետրոս Շուժունեան ներկայիս Մոնթրեալի երգահաններու միութեան անդամ է: Անոր ստեղծագործութիւններուն առաւել մանրամասն կարելի է ծանօթանալ այցելելով կայքէջը՝ http://www.musicaunica.com եւ իր facebook-ի էջը՝ https://www.facebook.com/shoujounian:

 

Վստահ եմ հաճոյքով կը լսէք Պետրոս Շուժունեանի ստեղծագործութիւնները այս յղումներով՝

https://youtu.be/XKdVqQcU-8w

https://youtu.be/PajVwRpK-wA

https://youtu.be/5ise2sJdBCY Vedi 1

https://youtu.be/Jg3UfqdB4hE

https://youtu.be/2QdZS_hH3j8

https://www.youtube.com/watch?v=2QdZS_hH3j8

Աղբիւրներ:

https://en.wikipedia.org/wiki/Petros_Shoujounian http://www.leisureplanetmusic.com/composer/petros.htm

https://www.musicaunica.com/music-cd-hovarek.html

https://www.choeur.qc.ca/concerts-fr

Ծնունդով Հալէպէն՝ Շաքէ Մանկասարեան աւարտած է Քարէն Եփփէ ճեմարանը, ապա Երեւանի Պետական Համալսարանի Ռոմանօ-գերմանական լեզուներու բաժանմունքը (M.A. in Philology) եւ Associate Cambridge School-ը (Diploma in Emotional Intelligence), Տուպայի մէջ (ԱՄԷ). ունի International Examination Diploma at Professional Level for Teachers and Trainers (University of Cambridge): 2011-ին հիմնած է շուրջօրեայ սփռուող RadioAyk առցանց ձայնասփիւռի կայանը, որ կը գործէ մինչ օրս: 2017-էն ի վեր ամէն Կիրակի Հայաստանի Հանրային ռատիոյէն կը սփռուի Շաքէ Մանկասարեանի հեղինակային «Արեւմտահայերէն» հաղորդաշարը, սեփական նախաձեռնութեամբ եւ մտայղացումով: Կ’աշխատակցի նաեւ «Սփիւռքի Ձայն» հաղորդաշարին եւ «Նոր Յառաջ» լրասփիւռին: 2015-էն ի վեր կը գրէ յօդուածներ «Ուիքիփետիա»ի արեւմտահայերէն բաժինին մէջ, հայերէնով կը ներկայացնէ օտար մամուլին մէջ հայ երեւելի անձնաւորութիւններու մասին հրապարակումներ: 2021-ին լոյս տեսաւ իր «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ» հատորը: Պարգեւատրուած է Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի Դեսպան» շքանշանով:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x