Հազուագիւտ մասնագիտութեամբ Վարպետը՝ դաշնամուր լարող եւ վերանորոգող Հայկ Աբէլեան

Հայկ Աբէլեան Հայաստանի մէջ դաշնամուր վերանորոգող լաւագոյն մասնագէտներու շարքին կը դասուի:

Ծնունդով Հալէպ քաղաքէն, Հայկ Աբէլեան ներկայիս հաստատուած է Երեւան: Արուեստասէր ընտանիքի մը մէջ ծնած , մանուկ հասակէն անոր մէջ արթնցած է սէրը երաժշտութեան հանդէպ: Զինք առաւելաբար քաջալերած է մայրը` Նազելի Կիւնտիւզեան եւ իրենց ընտանիքի բարեկամ, Մելքոնեան կրթական հաստատութենէն վկայեալ դաշնակահարուհի՝ տիկին Երջանկուհի Դերձակեան՝ Հալէպի Հայկազեան Տղոց բաժնի  տնօրէն Փիլիպպոս Դերձակեանի կինը: Այդ տարիներուն, Հայկ արդէն սկսած էր դաշնամուր եւ երգեհոն նուագել:

1985-ին անդամագրուած է Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղին եւ մաս կազմած անոր երաժշտական յանձնախումբին: Սակայն, Հայկին հետաքրքրութեան կիզակէտը եղած է դաշնամուրի մեքենական մասը. սկսած է այդ ուղղութեամբ պրպտումներ կատարել:

1976-1977-էն սկսեալ, Հայկ ինքնաշխատութեամբ կը զարգացնէ իր հմտութիւնը իրենց տան դաշնամուրին վրայ:  Որոշ ժամանակ մը ետք, ան այս աշխատանքը կը շարունակէ մասնագիտական ձեւով` ուսումնասիրելով տարբեր լեզուներով գիրքեր եւ տեսերիզներ:

Դաշնակահար Հայկ Հալէպի Համազգայինի մէջ կը սկսի աքորի՝ դաշնամուր լարելու աշխատանքին, որ աւելի լայն շրջանակի ծանօթանալու առիթ կը դառնայ իրեն համար:

2002-էն սկսեալ, Հայկ Աբէլեան կը համագործակցի Հարաւային Քորիայի SAMICK ընկերութեան հետ, որ աշխարհին յայտնի է իր դաշնամուրներու արտադրութեամբ: Միաժամանակ ան կը համագործակցի գերմանական C. BECHSTEIN ընկերութեան հետ:

SAMICK ընկերութեան հետ համագործակցութեան առաջին օրերէն սկսեալշ Հայկ Աբէլեան ջանք կը թափէ ամբողջ Սուրիոյ մէջ SAMICK վաճառանիշը ծանօթացնելու համար, որուն ի պատասխան հետագային կը նշանակուի  ընկերութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը ողջ Սուրիոյ մէջ:

2006-ին, Samick ընկերութեան կողմէ պաշտօնական հրաւէրով կ’այցելէ Հարաւային Քորէայի մէջ գտնուող Samick-ի դաշնամուրներու գործարանը։

Իր արդիւնաւէտ աշխատանքներուն դիմաց SAMICK ընկերութեան կողմէ Գերմանիոյ մէջ 2008, 2009, 2010 տարիներուն Հայկ Աբէլեան կը պարգեւատրուի Frankfurt MusikMesse BEST PERFORMANCE Awards մրցանակներով:

Հարկ է նշել որ բոլոր դաշնամուրներուն մէջ Հայկ Աբէլեան կ’օգտագործէ գերմանական բարձրորակ «RÖSLAU und Marke Degen» վաճառանիշի լարերը:

Նոյեմբեր 2021-ին, Հայկ Աբէլեան Հալէպի «Զաւարեան» մշակութային կեդրոնի սրահին եւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցին կը նուիրէ SAMICK վաճառանիշով երկու դաշնամուր եւ շարք մը երաժշտական գործիքներ ու լրացուցիչ մասեր՝ աքսեսուարներ, իսկ «Զուարթնոց» երգչախումբին` Professiօnal Music Stand-ներ:

Մէկ տարի ետք, Աբէլեան որպէս դաշնամուր նորոգող մասնագէտ կը հրաւիրուի վերանորոգելու Համազգայինի «Բ.Կանաչեան» երաժշտանոցի եւ «Զուարթնոց» երգչախումբի ութ դաշնամուրները: Ան անձնուիրաբար կը կատարէ նաեւ վերոյիշեալ երկու միաւորներու ութ դաշնամուրներու լարման եւ վերանորոգութեան աշխատանքները, որուն համար Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը շնորհակալական հաղորդագրութիւն մը կը հրապարակէ՝ յարատեւ վերելք եւ նորանոր նուաճումներ մաղթելով իրեն:

«Այս բարեգործութիւնը ուզեցի ընել Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Հալէպի մեջ տարած աշխատանքը քաջալերելու համար: Իսկ վերոյիշեալ դաշնամուրները  երաժշտանոցի հիմնադրման օրէն չեխական, ճափոնական եւ աւելի շատ ռուսական դաշնամուրներ են՝ արտադրուած 1980-կան թուականներուն, եւ երկար տարիներ անոնց վերանորոգութիւնները կատարած եմ», կը նշէ վարպետ Հայկ:

«Ես կ’աշխատիմ իմ ամենակարեւոր գործիքներէս կամ սարքերէս  մէկուն՝ դաշնամուրի թաւ ձայնալարային գործիքին հետ: Ան պատրաստուած է ու շինուած յատուկ ինծի համար քսան տարի առաջ, Սուրիոյ մէջ: Ուրախ եմ, որ գործիքս կարողացայ մաս առ մաս տեղափոխել Հալէպէն Երեւան . մէկ մասը թռիչքով, իսկ միւսը՝ ծովային ճամբով Վրաստանի ուղիով:  Պէտք է ըսեմ, որ իմ բոլոր գործիքներուս մէջ, այս դաշնամուրի գործիքս գլուխ-գործոցն է, եւ որեւէ դաշնամուր լարող պիտի փափաքի նման գործիք ունենալ:   Այս գործիքս կ’օգտագործեմ դաշնամուրի լարեր պատրաստելու համար, որոնց նիւթերը մինչ օրս կը պատուիրեմ ու կը ստանամ Գերմանիայէն»:

Հազուագիւտ մասնագիտութեան մէջ բերած իր ներդրումին շնորհիւ, Հայկ Աբէլեան Հայաստանի մէջ արդէն կը վայելէ Վարպետի համբաւը:

Հայկ իր հմտութեան շնորհիւ Երեւանի մէջ լարած ու վերանորոգած է շարք մը հազուագիւտ եւ արժէքաւոր դաշնամուրներ.-

  1. Rönisch Grand դաշնամուրի վերականգնումը, 24 Փետրուար 2018:
  2. GEYER Grand դաշնամուրի փղոսկրներու դեղնութիւնը վերացնելու եւ սպիտակ դարձնելու գործողութիւնը:
  3. Հռչակաւոր դաշնակահար, երաժիշտ, Ամերիկայի մէջ համաշխարհային Mason & Hamlin ընկերութեան ներկայացուցիչ դաշնակահար Արմէն Ահարոնեանի տան «ESTONIA» համերգային դաշնամուրի վերանորոգումը, 11 Դեկտեմբեր 2018-ին:
  4. August Förster դաշնամուրի լարերու կարգաւորման եւ ներքին գործիքի վերականգման գործընթացը, 24 Մայիս 2019:
  5. Արամ Խաչատուրեան Տուն-Թանգարանի C. Bechstein համերգային դաշնամուրի վերանորոգումը կատարուած է երկու ամսուայ ընթացքին՝ Յուլիս եւ Օգոստոս 2019-ին: Հայկ Աբելեանի տարած աշխատանքը գնահատուած է յուշատախտակով ու տեղադրուած Արամ Խաչատուրեանի անուան Տուն-Թանգարանի սրահին մէջ։ C. Bechstein համերգային դաշնամուրի ստեղնաշար փղոսկրներու վերանորոգման աշխատանքը, 24 Սեպտեմբեր 2019:
Հայկ Աբէլեան իր դուստրին հետ Արամ Խաչատուրեանի անուան Տուն-Թանգարանի համերգասրահի դաշնամուրի վերանորոգման աշխատանքի պահուն:

6.Հայաստանի Հանրային Ռատիոտան տաղաւարի համերգային «Blüthner» դաշնամուրի կարգաւորման աշխատանքը, 2019-ին, UWC Dilijan միջազգային քոլեճի դաշնամուրի վերանորոգում, 18 Փետրուար 2020-ին:

7.ԵՊԿ Գամերային-գործիքային ամպիոնի վարիչի պաշտօնակատար Իրինա Բատալեանի անհատական միջոցներով եւ նախաձեռնութեամբ, Հայկ Աբելեան աւարտին հասցուցած է  ամպիոնի համերգային «Պլիւթներ» վաճառանիշով դաշնամուրի նորոգման աշխատանքները: Թէ՛ դաշնամուրի ներքին գործիքի վերանորոգման եւ թէ՛ լարման աշխատանքը տեւած է  երկու ամիս:

  1. Steinway Royal դաշնամուրի խլացուցիչներու (dampers) վերանորոգման և կարգաւորման աշխատանքը, 7 Մարտ 2021-ին:
  2. Հրաւէր ստանալով Գիւմրիի «Վարդուհի» արուեստի դպրոցէն, Հայկ Աբելեան նորոգած է չորս դաշնամուր, Մարտ 2021:
  3. Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան պետական երաժշտական քոլեճի դահլիճի «ESTONIA ռոյալ» դաշնամուրի վերանորոգումը կատարուած է երկու ամսուայ ընթացքին:
  4. Ա. Սպենդիարեանի անուան Օփերայի եւ Բալեթի Ազգային Ակադեմիական Թատրոնի «Վահագն Մարգարեանի» անուան պալեթի փորձադահլիճի ESTONIA ռոյալի վերանորոգումը տեւած է երկու ամիս եւ աւարտած Ապրիլ 19 2022-ին:
  5. Հրաւէր ստանալով Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արմէն Սարգսեանէն, կատարած է տան դաշնամուրի նորոգման եւ լարման աշխատանքները:
  6. Յուլիս 4-14, Կապան քաղաքին մէջ տեղի կ’ունենայ «Կապանի միջազգային երաժշտական փառատօնը»: Փառատօնէն առաջ փառատօնի դաշնամուրներու վերանորոգման աշխատանքներուն պատասխանատու կը նշանակուի Հայկը, որ իր դուստր Աննա Մարիայի հետ փառատօնին ներկայ պիտի գտնուի յանձն առնելու փառատօնի դաշնամուրներուն լարային աշխատանքը:

Մայէսթրօ Սեդրան Երկանեան այսպէս կը գրէ Հայկին մասին. «Որքան էլ անցած ապրուած տարին ողբերգականօրէն ծանր էր, սակայն իրենց գործի նուիրեալները շարունակում էին արարել, ինչպէս Սուրիայից եկած ու ընտանիքով Հայաստանում հաստատուած դաշնամուրի կարգաւորման վարպետների ՎԱՐՊԵՏԸ՝ ՀԱՅԿ ԱԲԵԼԵԱՆԸ. վստահաբար յայտարարում եմ` վստահէք ձեր դաշնամուրի հետ կապուած խնդիրները միմիայն Հայկ Աբելեանին…»:

Վարպետը՝ Հայկ Աբելեան եւ Մայէսթրօ Սեդրակ Երկանեան

Իսկ Ռօրօ Աստուրեան, երկար տարիներու յաճախորդ մը, կ՛ըսէ.  Առաջին օրէն երբ մեր տան փիանոն նորոգեցիր ու վրան կեանք բերիր ձայներուն, որոնք երկար ժամանակ պառկած էին … ըսի. «այս երիտասարդին ականջն ու ձեռքի ճկութիւնը բարձր մակարդակի փիանոներու նորոգութեան ճամբայ կը տանի»:

Երեւանի ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին (UNHCR) հրաւէրով, Հայկ Աբէլեան եւ իր ընտանիքը ներկայ կը գտնուին Արամ Խաչատուրեանի անուան տուն-թանգարանի դահլիճին մէջ  կայացած Գաղթականներու Միջազգային Օրուան հանդիսութեան, ուր ՄԱԿ-ի անձնակազմին ներկայութեան կը գնահատուի Հայկ Աբէլեանի Հայաստանի մէջ ունեցած յաջողութիւնները, որպէս դաշնամուրներու վերանորոգման, լարումին եւ սպասարկման սուրիահայ մասնագէտ, 20 Յունիս 2023:

Հայկ Աբելեան եւ իր դուստրը՝ Աննա Մարիա ամերիկահայ անուանի դաշնակահար Շահան Արծրունիի հետ, Արամ Խաչատուրեանի անուան Տուն Թանգարանին մէջ: Նկարին մէջ կը գտնուին նաեւ Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան եւ Գերապայծառ Տէր Լեւոն արքեպիսկոպոս Զեքիեան:

Հայկ Աբէլեան ամուսնացած է Պերճուկ Եագուպեանին հետ եւ բախտաւորուած են 3 դուստրերով՝ Նազիկ, Նանօր եւ Աննա Մարիա:

 

Haig Apelian https://www.facebook.com/haig.apelian

Ծնունդով Հալէպէն՝ Շաքէ Մանկասարեան աւարտած է Քարէն Եփփէ ճեմարանը, ապա Երեւանի Պետական Համալսարանի Ռոմանօ-գերմանական լեզուներու բաժանմունքը (M.A. in Philology) եւ Associate Cambridge School-ը (Diploma in Emotional Intelligence), Տուպայի մէջ (ԱՄԷ). ունի International Examination Diploma at Professional Level for Teachers and Trainers (University of Cambridge): 2011-ին հիմնած է շուրջօրեայ սփռուող RadioAyk առցանց ձայնասփիւռի կայանը, որ կը գործէ մինչ օրս: 2017-էն ի վեր ամէն Կիրակի Հայաստանի Հանրային ռատիոյէն կը սփռուի Շաքէ Մանկասարեանի հեղինակային «Արեւմտահայերէն» հաղորդաշարը, սեփական նախաձեռնութեամբ եւ մտայղացումով: Կ’աշխատակցի նաեւ «Սփիւռքի Ձայն» հաղորդաշարին եւ «Նոր Յառաջ» լրասփիւռին: 2015-էն ի վեր կը գրէ յօդուածներ «Ուիքիփետիա»ի արեւմտահայերէն բաժինին մէջ, հայերէնով կը ներկայացնէ օտար մամուլին մէջ հայ երեւելի անձնաւորութիւններու մասին հրապարակումներ: 2021-ին լոյս տեսաւ իր «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ» հատորը: Պարգեւատրուած է Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի Դեսպան» շքանշանով:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x