Լեւոն Շանթի Անաւարտ Ուղեւորութիւնը՝ Մարդուն Փնտռտուքը Հայուն Մէջ

Սոյն անտիպ աշխատութեան մէջ Վարուժ Թէնպելեան կը ներկայացնէ գրող, մեծ թատերագիր, մանկավարժ, պետական եւ մշակութային ու հասարակական գործիչ Լեւոն Շանթի (1869, Պոլիս – 1951, Պէյրութ) կեանքն ու գործունէութիւնը, ստեղծագործական գլխաւոր երկերն ու մանկավարժական տեսութիւնները: Աշխատութիւնը մեր հանդէսին մէջ կը հրապարակուի յաջորդական չորս մասերով:

Մաս Ա. Լեւոն Շանթ. Կեանքը՝ Յարատեւ Ձգտում Ինքնակատարելագործման

Լեւոն Շանթ անվերապահօրէն արդի հայ գրականութեան եւ մշակոյթի մեծագոյն դէմքերէն է՝ ապրելով եւ տեւաբար գործելով հայ կեանքի յառաջապահ դիրքերուն վրայ:

Լեւոն Շանթ իր բացառիկ տեղը կը գրաւէ 19րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20րդ դարու հայ մշակոյթի պատմութեան ու հասարակական եւ կրթական կեանքին մէջ՝ միաժամանակ իբրեւ գրող, թատերագիր, մանկավարժ, փիլիսոփայ եւ կուսակցական, քաղաքական ու պետական գործիչ: Շանթի հարուստ ժառանգութիւնը, նաեւ անոր մանկավարժական եւ փիլիսոփայական ըմբռնումներն ու տեսակէտները ո՛չ միայն ինքնատիպ են, այլև՝ թելադրական եւ դաստիարակող: Ան կը փորձէ պեղել աշխարհի եւ բնութեան գաղտնիքները ու բացայայտել մարդու ներքին էութեան, նաեւ պատմութեան, կեանքի եւ գոյութեան առեղծուածները:

Շանթի ստեղծագործական գանձարանին մէջ առանձին տեղ կը գրաւէ թատրերգութիւնը, ուր «Եսի Մարդը» (1904), «Ուրիշի Համար» (1906), «Ճամբուն Վրայ» (1909), «Հին Աստուածներ» (1909), «Կայսր» (1916), «Շղթայուածը» (1918), «Ինկած Բերդի Իշխանուհին» (1921),  «Օշին Պայլ» (1932) պատմափիլիսոփայական խաղերը հայ գրականութիւնը կը հարստացնեն բացառիկ գործերով:

Տակաւին, Շանթի փիլիսոփայական տեսակէտները, որոնք թէեւ ձեւաւորուած են հայկական իրականութեան եւ հայ մշակոյթի հիման վրայ, միւս կողմէ սակայն անցած են եւրոպական փիլիսոփայական գրականութեան պրիսմակէն, յատկապէս՝  Նիցչէի, Կէօթէի, Վակների եւ Իբսէնի մտածումներու աշխարհէն:

Լեւոն Շանթի գրական-ստեղծագործական աշխարհահայեացքին վրայ բնակաօրէն պիտի ազդէին իր տեղափոխութիւնները եւ տարբեր մշակոյթներու եւ մտաւորական դպրոցներու հետ անոր շփումը: Պոլիսէն՝ Գէւորգեան ճեմարան եւ Թիֆլիսի «Վերնատունը», ապա Եւրոպա եւ մասնաւորաբար Գերմանիա, վերադարձ նոր գաղափարներով եռացող Կովկաս ու հետագային Միջին Արեւելք, այս բոլորը ազդած են Շանթի ընկերային, փիլիսոփայական, գաղափարական եւ ընկերաքաղաքական ըմբռնումներուն վրայ եւ բնականօրէն՝ իրենց արտայայտութիւնը գտած անոր գրական ստեղծագործութիւններուն մէջ:

«Առասպելական է Շանթի անխոնջ աշխատունակութիւնը, որ բեղուն ու բարձրորակ հարստութիւն կտակեց հայ ժողովուրդի սերունդներուն՝ իբրեւ լուսաւորիչ ու ճառագայթող ժառանգութիւն մը հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ, գրական ստեղծագործութիւններէն մինչեւ տեսաբանական եւ մանկավարժական իր ուսումնասիրութիւնները, քաղաքական-պետական գործիչի դաշնակցական իր ներդրումէն մինչեւ Համազգայինի Հայ Ճեմարանի հիմնադիրի ու երկարամեայ տնօրէնի եւ ուսուցիչի վաստակը»։ (1)

Յարատեւ ձգտում ինքնակատարելագործման

Լեւոն Շանթ (իսկական մականունը` Նահաշպետեան, ապա հօր` Սեղբոսի անունով` Սեղբոսեան) ծնած է 6 Ապրիլ 1869ին, գորգի վաճառականութեամբ զբաղող ընտանիքի մը մէջ: Մանուկ հասակին կը կորսնցնէ ծնողները: Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրին՝ Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասի ճեմարանին մէջ:

1884-1891՝ Էջմիածնի Գէւորգեան ճեմարանի աշակերտ: Շանթ այն սակաւաթիւ արեւմտահայերէն էր, որ բախտ կ’ունենայ ուսանելու էջմիածնի հոգեւոր ճեմարանին մէջ, ուր այդ տարիներուն կ’ուսանէին նաև Կոմիտաս, Ն. Ադոնց, Ն. Աղբալեան, Վռամեան եւ ուրիշներ: Հոգեւոր ճեմարանի մթնոլորտը հայկականութեան իր դրոշմր կը դնէ Շանթի պատանեկան հոգիին վրայ: Հոն ան կը ծանօթանայ իր հայրենի բնաշխարին, ժամանակակից ռուսական գրականութեան եւ քաղաքական շարժումներուն, եւ ինչպէս դիտել կու տայ իր բարեկամներէն եւ ժամանակակիցներէն

Գ. Իփէկեան, «Հոն զգաց իբրեւ հայ իր պարտականութիւնը նուիրուելու հայ ժողովուրդի ծառայութեան» եւ «Հոն է որ ինք դարձաւ ամէնէն արեւմտահայ արեւելահայը եւ ամէնէն արեւելահայ արեւմտահայը. մէկ խօսքով ամբողջական հայը, միաժամանակ եւ լայնախոհ հայը. հաւասարապէս սիրող ու գնահատող այդ բոլորին արժէքներն ու արժանիքները»: (2)

Աւարտելէ ետք Գէւորգեան ճեմարանի ուսումնական ընթացքը, Շանթ անմիջապէս կը վերադառնայ Պոլիս, ուր թափով մը կը նետուի գրական-ստեղծագործական ասպարէզ՝ ընտրելով Շանթ գրչանունը եւ «Հայրենիք» թերթի էջերուն լոյս ընծայելով իր առաջին բանաստեղծութիւններն ու անմիջապէս լայն ժողովրդականութեան արժանացած իր «Մնաք Բարովի Իրիկունը» վիպակը։ Աշխատանքի կ’անցնի Ռոտոսթոյի վարժարանին մէջ իբրեւ աւագ ուսուցիչ:

Անոր Պոլիս վերադարձը կը զուգադիպի յեղափոխաղկան շարժումներու վերելքի օրերուն և Գէւորգեան ճեմարանի ազգային մթնոլորտը, Կովկասի մէջ ծաւալած հասարակական-քաղաքական շարժումները կը ձևաւորեն անոր աշխարհայեացքը: Բնական Է, որ ան չէր կրնար անտարբեր մնալ իր շուրջը զարգացող իրադարձութիւններուն հանդէպ:

Հետագային, անդրադառնալով այս շրջանի իրադարձութուններուն, ան կ’ըսէ. «Գիտակցութեան եկած օրէս կապուած էի, անշուշտ, մեր յեղափոխական շարժումներուն, դեռ Գէորգեան ճեմարանէն:  Իմ բոլոր ընկերներս, ծանօթներս, իմ սիրելի մօտիկ մարդիկները այդ շարժման մէջ էին, և ես մօտէն ծանօթ էի ներսի, դուրսի բոլոր կատարուածներուն: Բայց ինքս գիտակցաբար մեջը չէի մտած: Ես իմ վրայ նայած եմ միշտ իբրև գրչի մարդու և յեղափոխութիւնը նկատած եմ միշտ իբրև զէնքի գործ, ես այդ զէնքը չեմ գործածեր, պէտք չէ որ մտնեմ զէնքով քարոզողներու մէջ»: (3)

Երկար չի մնար Պոլիս, այլ ուսանողական կեանքը զինք դարձեալ կը տանի Եւրոպա, կը վերադարձնէ Կովկաս, ուր Թիֆլիսը հայ մշակոյթի ու մտաւորականութեան «արեւելեան մայրաքաղաք»ն էր. մինչեւ Ցեղասպանութեան նախօրեակը, անոր կեանքը անվերջանալի երթեւեկ մըն է Կովկասի, Պոլսոյ ու եւրոպական քաղաքներու միջեւ։ Լայփցիկի ու Միւնիխի մէջ կը հետեւի փիլիսոփայութեան, հոգեբանութեան ու թատերական ուսումի: Իբրեւ ուսուցիչ կ’ունենայ նշանաւոր բնագէտ, հոգեբան և փիլիսոփայ Վիլհելմ Վունտթը (1832-1920): Աւելի ուշ, Ցեղասպանութիւնը կանխած տարիներուն, ան դարձեալ կþերթեւեկէ Թիֆլիսի, Երեւանի, Փարիզի, Լօզանի ու Ժընեւի միջեւ, առանց մոռնալու ծննդավայր Պոլիսը։ Զուիցերիոյ մէջ է որ կը ծանօթանայ իր ապագայ կնոջ։

«Շուտով տեսայ, որ (մանկավարժութիւնը) առանց հոգեբանութեան եւ հոգեբանութիւնն ալ առանց բնախօսութեան, եւ բնախօսութիւնն ալ առանց բնական գիտութիւններու՝ վերացական բան մըն էր միայն: (…) Գրուեցայ ուսանող մանկավարժութեան, բայց ամբողջ ժամանակս տրամադրած էի մարդակազմութիւն, կենդանաբանութիւն, բնագիտութիւն եւ տարրագիտութիւն սորվելու, որոնց մէջ հետզհետէ խորանալով, ամբողջ աշխարհայեացքս կը զգայի, որ նոր ձեւ կ’առնէր: (4)

Լ. Շանթի աշխարհայեացքը վերջնականապէս կը ձևաւորուի գերմանական համալսարաններուն մէջ և եւրոպական փիլիսոփայական ու գեղագիտական գրականութեան ազդեցութեան տակ: Մէկ կողմէ հոգևոր կրթութիւնը եւ հոգևոր դաստիարակութիւնը Գէւորգեան ճեմարանին մէջ, իսկ միւս կողմէ եւրոպական համալսարանական գիտութիւնն ու փիլիսոփայութիւնը երկւութիւն մը, ինչպէս Գ. Բանեան պիտի ըսէր ես-ի եւ հակա-եսի երկւութիւն մը կը ստեղծեն անոր էութեան մէջ: (5)

Շանթի ապրած երկւութեան մասին կը վկայէ ինչպէս Վանահայրը, այնպէս էլ Աբեղան «Հին Աստուածներ»ուն մէջ, ուր Շանթ դրած է իր էութիւնը: Այդ մէկը կը վկայէ նաև Գ.Նարեկացիի և անոր «Մատեան»-ի Շանթեան ըմբռնումն ու վերլուծումը… Այս երեւոյթը լաւապէս նկատած է յատկապես անոր աշակերտներէն Գրիգոր ՇաՀինեանը. «Առհասարակ խորհրդաւոր բան մը ունէին Շանթի բնազանցական, փիլիսոփայական միտքերը: Իր կեանքը երկւութիւն մըն էր եղած սկիզբէն իսկ. երազող բանաստեղծ պատանի հմայուեր էր գիտութեան խելացնոր յառաջդիմութենէն, նետուեր անոր ոլորապտոյտին մէջ, առանց դադրելու նախկին երազողը ըլլալէ: Գէւորգեան ճեմարանի կրօնական շունչը և գերմանական Համալսարաններու դրապաշտ իմաստասիրութիւնը տարօրինակ կերպով հիւսուեր էին իրարու»: (6)

1899էն սկսեալ աւելի քան 10 տարի կը դասաւանդէ Թիֆլիսի Գայանեան օրիորդաց եւ Երեւանի թեմական դպրոցներուն մէջ:

Թիֆլիսի մէջ կ’անդամակցի «Վերնատուն» գրական խմբակին՝ սերտ կապեր հաստատելով Յ. Թումանեանի, Ղ. Աղայեանի, Ա. Իսահակեանի եւ Դ. Դէմիրճեանի հետ: «Վերնատունը» կարեւոր նշանակութիւն կ’ունենայ Շանթի գրական ըմբռնումներուն եւ ստեղծագործական որոնումներու համար։  Յ. Թումանեանի եւ Ս. Լիսիցեանի հետ կը կազմէ եւ հրատարակէ «Լուսաբեր» հայ լեզուի դասագիրքը:

Իր «Յուշերուն» մէջ, Գ. Իփէկեան այսպէս կը ներկայացնէ այն օրերու Լ. Շանթը, որուն առաջին անգամ կը հանդիպի 1907ին, այդ սրբազան «Վերնատան» մէջ:

«Այդ իրիկուն, ժամը հինգին, հաւաքուեցանք Թումանեանի վերնատունը, որու մասին Ժընեւ Դերենիկ Դեմիրճեանէն լսեր էի:

Գլխաւոր հինգերէն բացակայ էին Ն. Աղբալեանը, որ Եգիպտոս կը գտնուէր, եւ Դեմիրճեանը, որ Լոզան ուսանող էր: Այնտեղ գտանք Լեւոն Շանթը, Աւօն (Իսահակեանը), Թօփճեանը:

Շանթը ծանօթ էր ինծի իբրեւ բանաստեղծվիպագիր Պոլսոյ գրական թերթերէն: Սիրած հեղինակներէս մէկն էր: Բոլորովին տարբեր մարդ կերեւակայի զինք: Կարճահասակ, ճկուն, արագաշարժ, երբ շարժուէր, բայց ծուլօրէն թաղուած կը մնար իր շուրջը դիզած բարձերուն, երբ երազկոտ կը հետեւէր խօսակցութեան: Ունէր քթին թառած ակնոց մը, որ ականջի ետեւէն թելով մը կամուած էր եւ վիզին ամրացուած: Սրածայր կսարճ միրուք մը եւ բաւականին երկար պատկառելի պեխեր կը լրացնէին տեսքը, սեւ թռչնաթեւ կապուած փողկապին հետ: Կէս արեւելահայ եւ կէս արեւմտահայ մտաւորականի երեւոյթ ունէր: Իր ճաշակաւոր հագուստ կապուստը եւ իր վարուելակերպը արտասահմանեան դրոշմ կը կրէին: Պահած էր արեւմտահայ բարբառը, բայց հակառակ պոլսական շեշտին, կը խօսէր կովկասեան գունաւորումով մը: Իր խօսակցական լեզուն հարազատ էր իր գրական ոճին: Սակաւախօս էր եւ ընդհանուր խօսակցութեան կը մասնակցէր երբեմն սրամիտ դիտողութիւնով մը: Մարմնով ներկայ, բայց մտքով ուրիշ ոլորտներու մէջ ըլլալ կը թուէր»: (7)

Յեղափոխական իրադարձութիւններու զարգացումները հետագային կը փոխեն անոր դիրքորոշումը, եւ 1909ին Շանթ կ’անդամագրուի Հ. Յ. Դաշնակցութեան՝ գրական գործունէութիւնը համատեղելով քաղաքական գործունէութեան հետ:

1911ին Շանթ կը դասաւանդէ Պոլսոյ Կեդրոնական եւ Եսայեան վարժարաններուն մէջ:

1915-1919 կը գտնուի Եւրոպա: Կովկասի մէջ «Հին Աստուածներ»ու բեմադրութենէն իբրեւ հեղինակի իրաւունք ստացած գումարով Լեւոն Շանթ ընտանիքով կ’անցնի Եւրոպա եւ քիչ ժամանակ ետք կը պայթի առաջին աշխարհամարտը: Շանթ հրաշքով կ’ազատի հայ մտաւորականութեան ճակատագրական սպանդէն՝ 1915ին:

1918 Նոյեմբերին վերջ կը գտնէ պատերազմը եւ խաղաղութեան ժողովի պատրաստութիւններ կը տեսնուին: 1919ին Շանթ Փարիզ գտնուելով՝ կը հրաւիրուի մասնակցելու Պօղոս-Նուպար փաշայի գլխաւորած Ազգային պատուիրակութեան ժողովներուն, ուր խիստ կարեւոր աշխատանք կը կատարէ հայութեան պահանջները պատկերացնող յուշագրի մը պատրաստութեան մէջ, կը հաստատէ Գ. Բանեան իր «Լեւոն Շանթ, Ուրուագիծեր Կեանքի եւ Գործի Մասին» աշխատութեան մէջ: (8)

Եղած է Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր: Առաջին Հանրապետութեան Խորհրդարանի ամէնէն աշխուժ գործիչներէն մէկն էր, որոշ ժամանակ նաեւ խորհրդարանի նախագաներէն մէկը: Առաջին հանրապետութեան գոյութեան տարիներուն սուր էր յատկապէս «արեւելահայ» եւ «արեւմտահայ» հակադրութիւնր, որ վճռականօրէն Շանթ կը մերժէր, ինչպէս կը նկատէր Ս. Վրացեան, վնասակար կը նկատէր նոյնիսկ անոր արծարծումը «Ի՞նչ արեւմտահայ, ի՞նչ արևելահայ, մի՛այն հայը բաւական չէ՞: Մարդը փնտռեցե՛ք, անհատի արժէքր գործի համար և ո՛չ թէ ծննդավայրը…», յաճախ կը կրկնէր ան: (9)

1920ի ամռան կը գլխաւորէ Խորհրդային Ռուսիոյ հետ բանակցելու համար Մոսկուա մեկնած պաշտօնական պատուիրակութիւնը:

1920 Դեկտեմբերի իրադարձութիւններէն յետոյ բազմաթիւ մտաւորականներու հետ Շանթ նոյնպէս կը բանտարկուի: 1921 Փետրուարեան ապստամբութենէն յետոյ կ’ազատի բանտէն եւ բազմթիւ մտաւորականներու եւ քաղաքական գործիչներու հետ, Պարսկաստանի վրայով, ակամայ կը հեռանայ հայրենիքէն, նախ Ֆրանսա, ապա Եգիպտոս:

1922էն 1926ի միջեւ Շանթ կ’արտադրէ ընկերային-քաղաքական բովանդակութեամբ «Մեր Անկախութիւնը», «Ի՞նչ է Ազգութիւնը», «Ժողովուրդ եւ Մտաւորականութիւն» երկերը՝ իւրայատուկ մօտեցումով եւ վերլուծումով:

1926ին կը հրաւիրուի Գահիրէ՝ ուսուցչութեան համար, ուր կը վերագտնէ տարիներու իր մտերիմը՝ Նիկոլ Աղբալեանը, որուն հետ հիմը կը դնեն Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Ընկերութեան, հետագային՝ Համազգային Մշակութային եւ Կրթական Ընկերակցութիւն եւ ապա միասնաբար կ’անցնին Պէյրութ՝ հիմնելու համար Համազգայինի Հայ Ճեմարանը։

«Գաղափար մը տալու համար, թէ Լ. Շանթն ու Ն. Աղբալեան ինչպիսի բարոյական հիմերու վրայ կ’ուզէին հաստատել Ճեմարանը, արժէ մէջբերել Լ. Շանթի առաջին դպրոցական տեղեկագիրէն հետեւեալ հատուածը. «Հայ Ճեմարանը գիտականօրէն դրուած է ընտանեկան հիմերու վրայ, ամէն կերպ կը ջանանք, որ դպրոցական կեանքը պաշտօնականի չվերածուի, որ աշակերտութեան եւ ուսուցչութեան փոխադարձ շփումն ու յարաբերութիւնը՝ թէ՛ արտաքուստ, թէ՛ ներքուստ հոգեբանօրէն ըլլայ ընկերական, պարզ ու բնական: Այս տեսակի վերաբերումը սակայն ոմանց համար իսկոյն ընդունելի չէ, որովհետեւ դպրոցի մասին իրենց ունեցած գաղափարէն քիչ մը կը շեղի»: (10)

Մինչեւ իր մահը, 29 Նոյեմբերի 1951, Լեւոն Շանթ կ’ապրի ու կը գործէ Պէյրութի մէջ, իբրեւ Ճեմարանի տնօրէն եւ ուսուցիչ։

(1) Նազարէթ Պէրպէրեան, «Լեւոն Շանթ (1869-1951). Հայ Ժողովուրդին Ստեղծագործ, Ներհուն Եւ Վսեմաշուք Եսը», Ազդակ օրաթերթ, 14 Ապրիլ 2012:
(2) Եուրի Հովականեան,  «Լևոն Շանթի կենսափիլիսոփայութիւնը» Պատմա-բանասիրական հանդէս, թիւ 2 (2004), էջ 35:
(3)  «Հայրենիք», I960, թիւ 4, էջ 28:
(4) Գ. Շահինեան, «Լեւոն Շանթը իր մասին, Ձիւներն Ի Վեր», 1967, էջ 39:
(5) Գ. Բանեան, «Անխոնջ Միտքեր. Լեւոն Շանթ. Ուրուագիծեր Կեանքի եւ Գործի մասին», 2007, էջ 13:
(6) Գ. ՇաՀինեան, «Տպաւորութիւններ Լեւոն Շանթէն», Ակօս, 1952, թիւ 2-3, էջ 215:
(7) Յ. Գեղարթ, «Շանթի Հետ», «Լեւոն Շանթ»՝ Ծննդեան 100ամեակին առիթով», 1969, էջ 12:
(8) Գ. Բանեան, «Լեւոն Շանթ. Ուրուագիծեր Կեանքի եւ Գործի Մասին», էջ  16
(9) Սիմոն Վրացեան, «Լեւոն Շանթ»` Ծննդեան 100ամեակին առիթով, էջ 29:
(10) Գ. Բանեան, «Լեւոն Շանթ. Ուրուագիծեր Կեանքի եւ Գործի Մասին», էջ  27:
ԱՒԵԼԻՆ

Մաս Բ. Պոլիս, Թիֆլիս, Գերմանիա, Գահիրէ, Պէյրութ՝ Ստեղծագործական Ուղիներով

Շանթ ունի վեց տասնամեակներու վրայ երկարող ստեղծագործական կեանք մը: 1890ական թուականներուն կը հրատարակէ բանաստեղծութիւններ եւ «Լեռան աղջիկը» վիպերգը՝ իր իսկ բնորոշումով, ինչպէս նաեւ՝ կը գրէ շարք մը վիպակներ («Մնաք բարովի իրիկունը», «Երազ օրեր», «Դուրսեցիները», «Վերժին», «Դարձ», «Դերասանուհին», «Կինը»): Այս գործերուն մէջ, գրագէտը կ’արծարծէ սիրոյ եւ աշխատանքի, հասարակական ծառայութեան եւ անձնական ձգտումներու հակադրութեան հարցեր: Շանթի արձակը հարուստ է հոգեբանական նրբերանգներով, քնարական ջերմութեամբ, մանաւանդ` կին հերոսներու ներաշխարհին խոր իմացութեամբ: «Այսօրուան աչքով ալ, իր վէպերէն եւ վիպակներէն շատերը կը պահեն իրենց հիմնական արժէքը։ Հիւսուածքներ, պատկերներ, հոգեբանական վերլուծումներ կան որոնք արդիականութեան, թարմութեան դրոշմը կը կրեն»։ (11)

Շանթի վիպակներներէն օրինակ մը՝ «Երազ օրեր», գրուած 1892ին: Վիպակը գրուած է օրագրության ձևով և ունի «գիշերօթիկի մը հուշատետրէն» ենթախորագիրը:

«Երազ օրեր»ու հերոսը պատանի Երուանդն է, որ իր ամառային արձակուրդի օրերը կ’անցնէ Դիլիջան, հօրեղբօր տան մէջ: Ան սովորութիւն ունի օրագիր պահելու: Երուանդ հայրենասիրական գաղափարներով համակուած երիտարադ մըն է, ոգեւորուած՝ գերմանացի գրող եւ փիլիսոփայ Ֆրիտրիխ Շիլլըրի՝ Փոզայի Մարքիզի հայրենասիրութեամբ, իսկ անոր սիրած աղջիկը՝ Վարդուհին կը համեմատէ ռուս վիպագիր Իվան Թուրկենեւի «Նախօրէին» վիպակի հերոսուհիին՝ էլէնայի հետ։ Սակայն Երուանդ ոչ մէկ ձեւով օգնած է հայրենի երկրին եւ հաւանաբար ոչ մէկ ձեւով ալ պիտի օգնէ եւ անոր ծրագիրները մնան միայն երազ, որովհետև ժողովուրդին ծանր կեանքը անհամատեղելի է «երազ օրեր»ու հովուերգութեան հետ: Դիլիջանի մէջ ան առաջին անգամ ըլլալով կը սիրահարի եւ օրագրին հիմնական նիւթը կը դառնայ պատանեկան սէրը, որ երթալով կը խորանայ եւ կը զարգանայ:

Իր էութեամբ Երուանդ գերզգայուն հոգի է, շատ տպաւորուող եւ երբէք ապահովագրուած չէ հակասական եւ իրարամերժ միտքերու դէմ: Ան կը սիրէ կարդալ եւ մտածել: Երուանդ իր կեանքը եւ ապագան կը դիտէ իբրեւ ժողովուրդին ծառայելու միջոց եւ նուիրումի առարկայ: Պէտք է ունենալ սկզբունք եւ անձնազոհութիւն: Ասոնք են ազգանուիրումի առաջին անհրաժեշտ յատկանիշները: Կեանքի հիմնական արժէքներն են` մաքառումը, նուիրումը եւ աշխատանքը: Հերոսին մտորումներուն հիմնական առանցքը ժողովուրդին լուսաւորութեան հարցն է: Երուանդին խոր համոզումով, իսկական բախտաւորութիւնը նուիրումին մէջ է եւ սէրն ալ նուիրում է: Վարդուհին միջնակարգի առաջին դասարանի ուսանողուհի է: Ան աւելի նախաձեռնող է, քան Երուանդը: Այդքան ամաչկոտ ու անվճռական չէ: Երուանդ կը նեղանայ Վարդուհին անբռնազբօս ու տիրական կեցուածքէն: Օտարանալու հակուած Վարդուհին կ’որոշէ հայերէն սորվիլ եւ այդ մէկը զիրար կը մօտեցնէ: Հայոց պատմութեան եւ հայ հերոսներու նկատմամբ Երուանդին տածած սէրը կ’ոգեշնչէ Վարդուհին: Երուանդ կը սկսի ինքզինք երեւակայել իբրեւ Սիւնեաց սեպուհ, իսկ Վարդուհին` Գուգարաց բդեշխին դուստրը: Ներքին խռովք ապրող Երուանդը քանի մը օր կը խուսափի հանդիպելէ Վարդուհիին, որ վիրաւորուած կը զգայ: Եռօրեայ բացակայութեան վրէժը լուծելու մտադրութեամբ, Վարդուհին պաղ վերաբերում ցոյց կու տայ: Բուռն խոստովանութիւնը տեղի կ’ունենայ Սեւանայ կղզիին վրայ: Զոյգը կ’առանձնանայ ժայռախոռոչնեէն մէկուն մէջ, ուր անոնք առաջին անգամ ըլլալով կը համբուրուին:

Սակայն «Երազ օրերը» շուտով պիտի աւարտին: Բաժանման անխուսափելիութիւնը թախիծով կը լեցնէ երիտասարդ սրտերը: Եւ թէեւ կը խոստանան միշտ սիրել զիրար եւ երբեք չբաժանուիլ իրարմէ, սակայն տխրութիւնը մեծ է: Վարդուհիին տունը անոր մեկնելէն յետոյ Երուանդին համար կը դառնայ օտար: «Յետգրութիւն» կոչուած վերջաբանին մէջ կը խօսւուի շարունակուող սիրոյ մասին:

«Իր բոլոր հերոսներուն մէջ, Շանթ ներկայ է մի՛շտ. բայց այս կամ այն չափով: Մենաշնորհեալ տիպարներ կան, ԵՐԱԶ ՕՐԵՐու օրագրողին կամ ՀԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐու Աբեղային ու Վանահայրին պէս, որոնց գրեթէ ամբողջութեամբ առաքուած է հեղինակի հոգին, բայց նոյնքան անոնք, գեղարուետական կառուցումի պահանջներուն կամ հեղինակային ամօթխածութեան մը բնական բերումով, չեն ապահովեր օրինակ-հոգիի ամբողջական արտայատութիւնը: Նկարներ են եւ ո՛րքան ալ հարազատ ըլլան ու բնակա՛ն, հեղինակին հոգիին հետ իրենց առնչութեան մէջ կը պահեն պատճէնի ստորակայութիւնը բնատիպին առաջ»: (12)

Պոլսոյ շրջանի իր բանաստեղծութիւններով ու արձակ վիպակներով Շանթ կը դրսեւորէ ընկերային յանձնառու գրողի իր նկարագիրը։ «Պոլիսը իր հայ իրականութեամբ՝ իր քաղքենիութեամբ եւ եսապաշտութեամբ, հեշտամոլութեամբ եւ ազգային անտարբերութեամբ, ձաղկումի թիրախը դարձան հազիւ երիտասարդ Շանթին։ Իսկ Գերմանիայէն վերադարձին Թիֆլիս հաստատուելով ու մանկավարժական եւ գրական բեղուն գործունէութիւն ծաւալելով, Շանթ աւելիով խորացուց հայկական ինքնութիւնը եսապաշտութեան՝ քաղքենիութեան եւ նիւթապաշտութեան արատներէն մաքրաջրելու իր պայքարը»։ (13)

Լեւոն Շանթի բանաստեղծութիւնները արձագանգելով հանդերձ իր ժամանակի հոսանքին, մեծ նուաճումներ չեն նկատուիր գրաքննադատներու մեծամասնութեան կողմէ: «Անոնց մէջ կարելի է տեսնել ինքզինք եւ իր ուղին փնտռող գրագէտը: Նոյն ձեւով կրնանք գնահատել իր առաջին վէպերը, որոնք աւելի խտութիւն եւ հոգեկան նուաճում ունին, բաղդատած բանաստեղծութիւններուն»: (14)

Աւելի ուշ լոյս է տեսած է անոր «Հոգիները ծարաւի» (1945) հոգեբանական վէպը։

«Մեռցուցէք ձեր միջի բռնակալը»

Շանթի ստեղծագործութեան հէնքը հայ գրականութեան եւ մշակոյթի պատմութեան մէջ սակայն առաւելապէս կը ներկայացնեն անոր թատերգութիւնները: «Եսի մարդը» (1904), «Ուրիշի համար» (1905-1906), «Ճամբուն վրայ» (1909) գործերուն մէջ ան կը շօշափէ անհատի եւ հասարակութեան փոխյարաբերութեան, բարոյականութեան խաթարման, եսի եւ անձնազոհութեան հարցեր: «Առաջին երեք երկերը դեռ չունին այն մեծ թատերական կառուցումները, որոնք պիտի յատկանշեն յաջորդող գործերը: Անոնք պատմական ժամանակաշրջանի հայ կեանքը յուզող խնդիրներ կ’արծարծեն, երբ ծաւալած էր հայոց ազգային ազատագրական պայքարը, ընկերային արդարութեան վարդապետութիւններ տարածուած էին բոլոր երկիրներու մէջ: Այս երեք երկերը կը թատերականացնեն անոնց մուտքը հայկական ընկերութեան մէջ, անհատի եւ հաւաքականի շահագրգռութիւններու բախման մասին կը վկայեն»: (15)

«Եթէ կ’ուզէք, որ փրթին ձեր բոլոր շղթաները, ընկճեցե’ք այն բռնակալը, որ կը տիրէ ձեզմէ ամէն մէկուն կուրծքին տակ. Մեռցուցէք ձեր միջի բռնակալը»: «Եթէ կ’ուզէք, որ փրթին ձեր բոլոր շղթաները, ընկճեցե’ք այն բռնակալը, որ կը տիրէ ձեզմէ ամէն մէկուն կուրծքին տակ. Մեռցուցէք ձեր միջի բռնակալը», – կոչ կ’ուղղէ Շանթ:

«Հին աստուածներ» (1909, հրատարակուած 1912ին), «Կայսր» (1916), «Շղթայուածը» (1921), «Ինկած բերդի իշխանուհին» (1923), «Օշին Պայլ» (1932) պատմական թատերախաղեր են իրենց նիւթով՝ կապուած հայկական միջնադարու տարբեր ժամանակաշրջաններուն, իսկ «Կայսրը»` բիւզանդական պատմութեան հետ: Պատմական դէպքերն ու անունները սոսկ պայմանական են եւ անոնց միջոցով փաստօրէն կ’արծարծուին ժամանակակից ընկերային–հոգեբանական հարցեր: «Վիպագիրը կամ թատերագիրը պատմաբան չէ, ան ազատօրէն կը վերաբերի դէպքերուն, որոնք կը կրեն իր միտքերը: Անոնք խորհրդանիշներ են, որոնցմով եւ որոնց շուրջ կը հիւսուին հեղինակի գաղափարները, աշխարհընկալումները, իր ժամանակին մասին դատումները եւ կը բերեն իր անձնական կենսափորձի արձագանգը: Այսինքն, թատրոնի հում նիւթի պատմական տուեալները պատմութիւն չեն, պաստառ են, որուն վրայ հեղինակը, ինչպէս գեղանկարիչը, բառով եւ խօսքով կը փռէ իր գիծերը եւ գոյները, կ’ընէ իր ընկերային եւ ընկերահոգեբանական վերլուծումները»: (16)

(11) Շաւարշ Միսաքեան, «Յառաջ» բացառիկ, 13 Յունուար 1952, Լեւոն Շանթի նուիրուած թիւ:
(12) Գրիգոր Շահինեան, «Ձիւներն Ի Վեր», էջ 14:
(13) Նազարէթ Պէրպէրեան, «Լեւոն Շանթ (1869-1951). Հայ Ժողովուրդին Ստեղծագործ, Ներհուն Եւ Վսեմաշուք Եսը»:
(14) Յ. Պալեան, «Լեւոն Շանթի Գեղարուեստական Գրականութիւնը Հասկնալու Եւ Բաղդատելու Փորձ Մը (6 Ապրիլ 1869, Պոլիս – 29 Նոյեմբեր 1951, Պէյրութ)», Ազդակ օրաթերթ, 4 Ապրիլ 2018:
(15) Նոյնը:
(16) Նոյնը:

ԱՒԵԼԻՆ

Մաս Գ. «Հին աստուածներ»ը՝ Շանթի եւ մարդ արարծի երկւութեան տագնապը

Հայ գրականութեան մէջ ոչ մէկ ստեղծագործութիւն այնքան չէ քննարկուած եւ մեկնաբանուած, որքան Շանթի «Հին աստուածներ» երկը (1909), որ միաժամանակ կը նկատուի փիլիսոփայական թատերախաղ մը եւ պատմական ողբերգութիւն մը: Երկին պատմական ենթահողը 9րդ դարուն պատահած դէպքեր են, ուր կը դրսեւորուի աշխարհիկ եւ հոգեւոր սկզբունքներու յաւերժական հակադրութեան, անհատի զգացումներուն, ազատութեան եւ ազգային կեանքի վերականգնումի ուղիներու որոնման վերաբերող հարցեր:
Դէպքը տեղի կ’ունենայ աւելի քան հազարամեակ մը մեզմէ առաջ, Սեւանայ կղզիին վրայ: Գլխաւոր հերոսներէն մէկն է Վանահայրը, նախկին իշխան Յովհաննէսը: Իր սիրած իշխանուհին ուրիշի հետ ամուսնացած ըլլալով, ան աշխարհիկ կեանքէն քաշուելու նպատակով կ’երթայ Սեւանայ կղզի՝ հոն վանք մը հիմնելու համար: Իշխանուհին նիւթական իր ներդրումը կը բերէ, որպէսզի կղզիին վրայ գեղեցիկ տաճար մը կառուցուի:

Թատերգութեան երկրորդ տիպարն է Աբեղան, միաբանութեան երիտասարդ եւ արժէքաւոր անձերէն մէկը:

Վանահայրը անհամբեր կը սպասէ եկեղեցւոյ շինութեան աւարտին, որպէսզի ի վերջոյ կարենայ նուիրագործել զայն Աստուծոյ Երկնաւոր իշխանութեան փառաբանումին համար:

Իշխանուհիին եղբայրը դուստրին հետ լաստով կու գայ տեսնելու քրոջ կառուցած եկեղեցին: Փոթորկած լիճը կը շրջէ եւ կը խորտակէ լաստը եւ միայն երիտասարդ աբեղային անձնազոհութեան շնորհիւ, իշխանին դուստրը կը փրկուի խեղդուելէ: Այդ օրուընէ սկսեալ, երիտասարդ աբեղան կը կորսցնէ իր հոգիին եւ մարմնին խաղաղութիւնը: Ան սիրահարած է Սեդային: Իշխանին դուստրը` Սեդան, գիշեր-ցերեկ, արթուն թէ երազին մէջ, իբրեւ ուրուական կ’այցելէ աբեղային եւ կոչ կ’ընէ մտնելու աշխարհիկ կեանք:

Աբեղան մոլորած է: Ան օգնութիւն կը խնդրէ վանահօրմէն, բայց կը զարմանայ երբ իր դէմ կը տեսնէ համախոհ եւ հոգիի թռիչք ունեցող հոգեւորական մը, որ աբեղային ճանապարհէ շեղիլն ու տառապանքը մեծ հիասթափութեամբ ու ցաւով կ’ընդունի:

Միաժամանակ վանահայրը դժուարութեամբ կը խոստովանի ինքն իրեն, որ կառուցուող եկեղեցին նուիրուած է իր` Յովհաննէս անունով նախկին երիտասարդի մը եւ իշխանուհիին` Մարիամ անունով նախկին օրիորդի մը սիրոյ կապին, որ դեռ վառ կը մնայ երկուքին ալ հոգիներուն մէջ, ինչպէս մոխիրի տակ թաքնուած կրակը: Կամքի մեծագոյն լարումով վանահայրը կը փորձէ խեղդել իր մէջ դեռ չմարած սիրոյ շունչը եւ անմնացորդ նուիրուիլ Աստուծոյ` քանդելով մեղաւոր սիրոյ յիշատակին համար կառուցուած եկեղեցին եւ կառուցել նորը՝ անձնական տարրերու ներկայութենէն ձերբազատած նորը:

Սակայն իր ջանքերը ի զուր են եւ անձնական ողբերգութիւնը կը դառնայ աւելի անտանելի, երբ չկարենալով դիմադրել աշխարհիկ կեանքի ու իր տեսիլքներու հերոսուհիին կանչերուն` երթալու դէպի արեւը, աբեղան ինքզինք լիճը կը նետէ եւ անձնասպան կ’ըլլայ: Մինչ այդ, իրեն հաւատարիմ վանականները կը հրաժարին քանդելէ արդէն կառուցուած եկեղեցին եւ կառուցելէ նորը:

Յուսահատ եւ մերժուած, սակայն իր ոգեղէն միտքերէն չհրաժարղ վանահայրը կը հեռանայ կղզիէն, կ’երթայ փնտռելու այն վայրն ու մարդկիկը, որոնք կը հասկանան եւ կ’օգնեն կառուցելու իր եկեղեցին, որուն «հիմքը իմ բանականութիւնս պիտի ըլլայ, սիւները` իմ կամքս, ու գմբէթն ալ ըլլալու է հաւատս»:

«Հին աստուածներ»ուն մէջ, Շանթ կ’ընդգծէ հերոսներուն` Աբեղային եւ Վանահօր կերպարներուն հակադրութիւնը. մէկը հայեացքը կ’ուղղէ դէպի անցեալը` սկզբնականը, միւսը` անյայտը` ապագան: «Հին աստուածներ» թատերախաղը նոր որակ կը բերէ հայ գրականութեան մէջ` իբրեւ զգացումի, յարափոփոխ տրամադրութիւններու եւ ապրումների, մարդու ազատութեան տենչանքի արտայայտութիւն:
Հին Աստուածներ»ը կ’արժանանայ բազմաթիւ տպագրութիւններու եւ հակառակ իր բարդ կառոյցին ու բեմական դժուարութիւններուն, մինչեւ այսօր ալ հայ բեմերուն վրայ ամէնէն աւելի բեմադրուած գործերէն մէկը կը մնայ:

«Ինկած բերդի իշխանուհին»՝ սիրոյ եւ ազնւութեան, վրէժի եւ փառասիրութեան երկը

Թատերախաղին մէջ պատկերուած «դէպքը» կը պատահի 13րդ դարու սկիզբը: Քեսունի Վասիլ իշխանը, որ կը կրէր Գող մականունը, կը գրաւէ Կիլիկիոյ բերդերը` ընդարձակելով իր իշխանութեան սահմանները: Բերդերէն մէկը գրաւելու ժամանակ, ան կը սպաննէ բերդին տէրն ու անոր երկու որդիները: Բերդին տիրուհին` Աննան, կ’երդնու վրէժ լուծել եւ սպաննել Վասիլի երկու որդիները: Աննայի հոգիին մէջ կը մեռնի մարդը եւ կ’արթննան վրիժառու բնազդները: Ան կ’ուզէ այնպէս մը ընել, որ Վասիլ ինքն իր ձեռքերով սպաննէ իր երկու զաւակները:
Վասիլի երէց որդին` Սեպուհը, հօրը հակապատկերն է. ան դէմ է հօրը արարքներուն եւ գրեթէ չի մասնակցիր անոր արշաւանքներուն: Կրտսերը` Ատոմը, ընդհակառակն, միշտ կ’ընկերանայ հօրը եւ քաջ կռուող մըն է: Վասիլի կինը` Սոֆիան, կ’իմանայ, որ Աննան դաւադրութիւն մը կը ծրագրէ, սակայն ան տակար է Աննայէն եւ չի կրնար կանխել անոր ծրագիրները: Աննան Սեպուհը կը համոզէ, որ հայրը սպաննած է իր մայրը` Սոֆիան ճիշդ այնպէս, ինչպէս սպաննած էր իր ամուսինն ու զաւակները: Մինչ այդ, հայր եւ որդի, որոնք արդէն համերաշխ չէին, մուտք կը գործեն լուռ հակամարտութեան փուլ: Իշխան Վասիլը որդին կը հրէ անդունդին նայող բաց պատուհանէն եւ կը սպաննէ զայն:

Ատոմը եւս հմայուած է Աննայով եւ անոր հոգիին մէջ մեծ կիրք սկսած է բորբոքիլ եւ մտածել, թէ հայրը` Վասիլը գողցած է իր սէրը եւ բռնացած անոր: Դայակը կը նկատէ Աննայի հոգեխռովքը: Բայց հօրը մեղքերուն համար ինչո՞վ մեղաւոր է որդին: Կ’առաջարկէ Աննային հնազանդիլ ճակատագրին: Բայց Աննան կ’ըսէ, որ խոստում տուած է եւ իր վրէժխնդրութեան մէջ կանգ պիտի չառնէ: Այն ժամանակ երբ Քեսունի տէրը իշխանական ժողովի մը ընթացքին, կը ներկայացնէր Կիլիկիոյ Թորոս իշխանը ջախջախելու դաւադիր ծրագիր մը, ներս կը մտնէ Ատոմը եւ անարգելով հայրը` կը յարձակի վրան: Ինքնապաշտպանուելու փորձով հայրը կը հանէ սուրը եւ կը մխրճէ զաւկին սրտին մէջ: Կը յայտնուի Աննան եւ կ’ըսէ, որ ինք մորթել տուաւ Ատոմը ճիշդ այնպէս, ինչպէս Վասիլը` իր որդիները: Աննան անձնասպան կ’ըլլայ: Անձնասպանութեամբ ան կը քաւէ իր մեղքը, մինչդեռ Վասիլ իշխանը կը շարունակէ գոյութեան կռիւը` ըսելով. «մահը իր ճամբով, կեանքը իր ճամբով»:

«Շղթայուածը»՝ բռնակալութեան դէմ պայքարը եւ անհատի ազատութեան հարցը

Անհատի ազատութեան հարցը եւ մարդու տագնապները ընդհանրապէս հանդիսացած են Շանթի մտահոգութիւններուն գլխաւոր առարկաները: «Շղթայուածը» թատերախաղով արտայայտուած գաղափարները հեռու չեն Շանթի այդ մտահոգութիւններէն:

«Շղթայուածը» երկին գրութեան թուականը` 1918, կը դառնայ կարեւոր այն առումով, որ 20-րդ դարու առաջին երկու տասնամեակներուն Եւրոպայի եւ աշխարհի տարածքին պատահած իրադարձութիւնները, հայոց ցեղասպանութիւնը, ռուսական երկու յեղափոխութիւնները նոր տագնապներ կը ստեղծէին Շանթի ներաշխարհին մէջ եւ մղէին զինք մտածելու իշխանութեան համար մղուող դաժան պայքարին, մարդու ազատութեան ու նպատակներուն շուրջ. չէ՞ որ պատերազմներն ու յեղափոխութիւնները կ’աւերէին երկիրներ, մարդը կը զրկէին հոգեկան ու ֆիզիքական ազատութենէ եւ կը կաշկանդէին անոր ձգտումներն ու երազները:

«Դիմելով պատմական անցեալին, այս պարագային` 12-րդ դարու Անի քաղաքի դէպքերուն եւ իրադարձութիւններուն, Շանթ նկատի ունեցած է որոշ նմանութիւն մը հայկական եւ յունական դիցաբանական հերոսներու` Արտաւազդի եւ Պրոմեթեւսի միջեւ: Եթէ շղթայուած Պրոմեթեւսը կապանքներէն կ’ազատէր աստուածներու կամքով, ապա Արտաւազդ պիտի ազատի մարդոց միջոցով եւ աշխարհը պիտի փրկէ կործանումէ: Երկու պարագաներուն ալ առաջնահերթ նպատակ է անհատին ազատութեան խնդիրը, որ կը պայմանաւորէ նաեւ ողջ հասարակութեան ազատութիւնը»: (17)

Անիի տիրակալ թուրք Էմիրը ինքզինք կը նկատէ «Անիի միակ տէրը» եւ անոր տիրապետութեան ժամանակ հասարակական կեանքին մէջ կը կատարուին լուրջ փոփոխութիւններ. խաթարուած էին բարոյական ըմբռնումները, անկարեւոր դարձած էին պարտք, պատիւ, արդարութիւն եւ խիղճ հասկացութիւնները, իսկ անոնց փոխարէն կ’իշխէին կեղծիքը, նենգութիւնը, դաւաճանութիւնն ու բռնութիւնը: Մարդը ենթակայ էր անհաշիւ տառապանքներու: Այդ բոլորին հետեւանքով մարդոց հոգիին ու մտքին մէջ տիրականօրէն կ’իշխէր իրը, առարկան, որու հզօր հարուածին տակ կը փշրուէին սէրը, կարօտը, բարութիւնն ու խիղճը:

«Շղթայուածը» երկին մէջ, Անի քաղաքի Էմիրին բռնութիւնները սահման չունին եւ այդ բռնութեան դէմ պայքարելու փորձ կը կատարէ Էմիրին Հարճը, որուն մտքին մէջ դրոշմուած կը մնայ հրօ ճարակ դարձած իր հարազատ գերդաստանին տառապանքն ու վախճանը: Մղձաւանջային օրերու սարսափը Հարճի գիտակցութիւնը կ’ուղղէ դէպի Արտաւազդ առասպելի կողմը, որուն մասին իրեն պատմած էր իմաստուն Նաղաշ Նաթանը: Այդ մտածումներուն մէջ, Հարճի գիտակցութեան մէջ կը սկսի կամաց-կամաց կենդանանալ Արտաւազդի պատկերը եւ իրեն կը թուի, որ օր մը պիտի գայ Արտաւազդը եւ պիտի փշրէ իր շղթաները, դուրս պիտի գայ Մասիսի խորշերէն եւ այս անիրաւ աշխարհը պիտի ազատէ չարիքի կապանքներէն: Հարճին կը թուի, թէ Նաղաշի «աչքերու բոցերուն մէջեն կը նայի Արտաւազդը, այդ աչքերու բոցերուն մէջէն պիտի գայ Արտաւազդը այս անիծած աշխարհքը քանդելու համար»:

Նաղաշը հաստատապէս համոզած էր Հարճին, որ պիտի գայ Արտաւազդը եւ հիմնովին պիտի քանդէ Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած եւ մարդոց ձեռքով կողոպուտի եւ թալանի վայր դարձուցած տիրողներու, գողերու, թուրքերու աշխարհը: Այո՛, թուրքերու աշխարհը, որովհետեւ դարերու ընթացքին մշտապէս արթուն մնաց քանդելու, ջարդելու, սպաննելու թուրք խուժանի կենդանական բնազդը եւ զայն յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու մոլուցքը, որ կ’արտայայտուի նաեւ չղջիկներու նման գիշերները որսի դուրս գալու եւ նենգօրէն գործելու եղանակով: «եւ ո՞վ է ըսէր, թէ գիշերը քունի համար է, հաւերու այդ հին սովորութիւնը մեր ապարանքին մէջ վաղուց է ջնջուած: Գիշերները ստեղծուած են շատ աւելի հետաքրքիր ու կենդանի գործելու համար»,- կը զառանցէ Շեշ Հասանը, իսկ թուրք աստիճանաւորը զինուորներուն կը յորդորէ. «այս գիշեր ամբողջ գիշեր, բոլոր արուները ձեր սուրին…»: Բորենատիպ թուրքը միաժամանակ ստիպուած է խոստովանելու հայուն ստեղծագործ ոգիին եւ իր ազգին գազանային էութեան մասին: Թուրքը բնազդով իսկ կը զգար իր ցեղին մշտական արատը` անհամատեղելիութիւնը մշակոյթի, մարդու ստեղծած հոգեւոր արժէքներուն հետ. «Աստուած վարպետ մատներ է տուեր հայուն, որ քերէ, փորէ, ուժեղ մատներ է տուեր թուրքին, որ խլէ, վայլէ»:

«Շանթ թատերական փիլիսոփայութեան մէջ կը խտացնէ չարի եւ բարիի, անհատի եւ հասարակութեան փոխյարաբերութեան գաղափարը, ցոյց կու տայ որ չարի արմատը շահի նկատմամբ ունեցած մարդկանց մեծ կիրքն է: Դէպի չարը տանող ուղին, դժբախտաբար, շատ կարճ է, իսկ դէպի բարին ձգուող ճանապարհը այնքան երկար է ու զառիվեր, հոն հասնելու համար անհրաժեշտ է շատ մաքառիլ եւ պայքարելիու ժամանակ չկորսնցնել յոյսի դեռ չնշմարուող լոյսն անգամ: Միաժամանակ պէտք չէ մոռանալ, որ չարը իր մէջ ունի նաեւ սեփական ոչնչացման նախապատճառը, սաղմը, որ հանգամանքներու զարգացումով, մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ, ի վերջոյ, կը դատապարտուի եւ կը կործանի»: (18)
Հարճը կը յաջողի հրդեհել Էմիրին պալատը: Ան կը կարծէր, որ իշխանութիւնը ժողովուրդին յանձնելէ ետք, արդէն խորտակուած է բռնութեան ամրոցը եւ իրականացած է ժողովուրդին երազը, սակայն Դարբինին հետ առաջին իսկ հանդիպումէն յետոյ կ’ապրի ծանր հիասթափութիւն մը եւ կը զղջայ Էմիրին պալատը այրելուն համար: Ան կը հասկանայ, որ Դարբին աւագները կը գործեն նոյն յանցանքները, ինչպէս նախկինները, որ բռնակալները կը յաջորդեն զիրար, իսկ ժողովուրդին վիճակը աւելի եւս կը ծանրանայ: «ահա նորէն սակաւ է հացը, առատ` սովածը, իրաւունքը` պտղունցով, պարտքն ու տուրքը` պղինձով… հալածանք, սպառնալիք, բանտերը լիքը… ուժը հեծած թոյլի վրայ», կը դժգոհին մարդիկ: Հարճը Դարբին Աւագի աչքերուն մէջ կը տեսնէ իշխելու, տիրելու անզուսպ մոլուցքով լեցուած նոյնանման բռնակալ մը: ««Մեր դէմ խաղ չկայ» յոխորտանքը կը դառնայ աւագներու գործունէութեան գլխաւոր ուղեցոյցը, ուղուած ոչ թէ թշնամիին, այլ սեփական ժողովուրդին դէմ: Անոնք որոնք պայքարած էին ազատութեան եւ արդարութեան համար, այժմ դարձած էին իշխանութիւնը իրենց ձեռքը առած նախկին սովեալներու ստրուկը: Ամէն տեղ պէտք է տիրէ «մեր խօսքը, մեր խելքը, մեր կամքը: Եւ ոչ ոք պէտք չէ, որ հակառակի», կը յոխորտայ Աւագը եւ աւելի կը ծանրացնէ ժողովուրդին արդէն իսկ դժուարին կեանքը»: (19)

Բռնակալութիւնը ամբողջովին վերցնելու համար Շանթ կը պահանջէ ոչնչացնել իւրաքանչիւրին մէջ նստած բռնակալը, որովհետեւ այդ բռնակալը կ’ուզէ իշխել բոլորին վրայ, խլել ուրիշներուն ունեցուածքը, վատնել ուրիշներու աշխատանքը: «Բոլոր բռնակալները տապալեցան, իսկ ի՞նչ շահեցաւ ժողովուրդը,- հարց կու տայ Նաղաշը եւ կ’աւելացնէ. «մի՞թէ աւելի ծանր ու անտանելի չէ ընկեր բռնակալը, ա՛ն, որ ձեր մէջէն, ձեր վշտէն ու ձեր արցունքէն է ծներ ու նստեր է ձեր հացին, ձեր բախտին ու ձեր հոգիին վրայ… Գիտցե՛ք, ոչինչ չէք շահելու դուք, մինչեւ որ չխորտակէք այդ ամէնքը ծնող, այդ ամէնքը սնող մա՛յր բռնակալը, միակ բռնակալը, բո՛ւն, իսկականը»: (20)

Թէեւ թատերախաղը կ’աւարտի Նաղաշին եւ Հարճին նահատակութեամբ, սակայն ժողովուրդին գիտակցութեան մէջ վառ կը մնայ հաւատքը Արտաւազդի ազատութեան նկատմամբ: Բռնութիւնը չի կրնար յաւերժանալ, որովհետեւ Նոր մարդը, իբրեւ արարիչ, փիւնիկ թռչունի նման պէտք է բարձրանայ մոխիրներու ու բոցերու մէջէն եւ կառուցէ Հարճի երազած աշխարհը:

(17) Յովհաննէս Այվազեան, «Լեւոն Շանթի «Շղթայուածը» Տրաման Եւ Արդիականութիւնը, Գրական Թերթ, 21 Մայիս 2015:
(18) Նոյնը:
(19) Նոյնը:
(20)Նոյնը:

ԱՒԵԼԻՆ

Մաս վերջին. Աւանդականէն Որոշապէս Տարբերող Մանկավարժը


Գ. Շահինեան, իր «Ձիւներն Ի Վեր» հատորին «Երեք հանգրուան» խորագրին տակ կը խօսի Շանթի մանկավարժական գործունէութեան մասին: Նշանաւոր կրթօճախներու մէջ` Սկիւտարի, Էջմիածնի ճեմարաններուն, Լայփցիկի, Ենայի, Միւնիխի, Փարիզի համալսարաններուն մէջ ուսում ստացած Շանթ իր գիտելիքները կը կիրարկէ Ռոտոսթոյի, Շամախիի, Երեւանի, Աղեքսանդրիոյ, Գահիրէի վարժարաններուն մէջ: Անոր մտահոգութիւնը սփիւռքի հայաշատ կեդոններէն մէկուն մէջ հայ մշակութային օճախ մը ստեղծելն էր, եւ այդ կեդրոնը կը դառնայ Պէյրութը, ուր Ն. Աղբալեանի հետ կը հիմնէ ազգային ճեմարան եւ կը նշանակուի տեսուչ: Աւելի քան քսան տարի կը նուիրուի մանկավարժութան, մօտէն կը ծանօթանայ աշակերտութեան հոգեբանութեան եւ դասաւանդման նրբութիւններուն ու ձեռք բերած իր փորձը ի մի կը խմբէ մայրենի լեզուի իր դասագիրքերուն մէջ: «Ճեմարանի հիմնադրումին առաջին օրերէն իսկ Լեւոն Շանթ կը նուիրուի դասագիրքերու պատրաստութեան: Յաջորդաբար կը տպէ լեզուի եւ քերականութէան նուիրուած ձեռնարկներ, որոնք կարգ մը փոփոխութիւններէ եւ յարմարեցումներէ ետք կը յանգին վերջնական ձեւի` 18 հատորներէ բաղկացած դասագիրքերու շարքով մը, միջնակարգ վարժարանի մը բոլոր պէտքերը բաւարարող», կը գրէ Գ. Շահինեան: (21)

Շանթի մանկավարժական առաջին գործերէն կարելի է նկատել Յ. Թումանեանի եւ Ս. Լիսիցեանի հետ կազմած մանկական «Լուսաբերը»:

Ուսումնական իր նախաձեռնութիւններու կատարելութեան կը նպաստեն նաեւ հայերէնի, հայ ժողովուրդի եւ ընդհանուր պատմութեան անոր լայն իմացութիւնը:

«Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան» յաջորդաբար տպագրած թիւով տասնութ դասագիրքերը նախատեսուած են մանկապարտէզի փոքրերուն, տարրական նախակրթարանի չորս դասարաններու աշակերտութեան եւ միջնակարգ վարժարանի սաներու համար: Այս շարքին մաս կը կազմեն «Այբբենարան», «Ընթերցարան», «Մանկական աշխարհ» (4 գիրք), «Գրաւոր դասեր» (4 գիրք), «Հայրենի աշխարհ» (4 գիրք), «Քերականութիւն արեւմտեան հայերէնի» (4 պրակ), «Հայերէն բառակազմութիւնը եւ իւզական զէնքները լեզուի» եւ այլ դասագիրքեր:

Շանթ հայերէնի քերականութեան վերաբերեալ ունի աւանդականէն որոշապէս տարբերող մօտեցումներ: Ան կը հաւատայ, որ քերականութեան առկայ մօտեցումները պարզ վերարտադրութիւնն ու յարմարեցումն են ֆրանսական քերականութեան, որ իր կարգին ձեւուած է յոյն դասական քերականութեան հիման վրայ: Հետեւաբար կը փորձէ գտնել ինքնուրոյն ճամբայ մը եւ իրեն յատուկ ոճով ներկայացնել հայերէնի քերականութիւնը:

Շանթի բոլոր դասագիրքերը շարադրուած են մանկավարժական կարեւոր սկզբունքներու հիմամբ. դասաւանդուող նիւթի բաժինները բնական զարգացումով` պարզէն բարդ կը յաջորդեն իրարու` ապահովելով աշակերտներու աստիճանական զարգացումը եւ արդիւնաւէտ ուսուցումը: Անոնք հարուստ են աշակերտին բանականութիւնը զարգացնող, երեւակայութիւնը խթանող հետաքրքրական նիւթերով եւ օրինակներով: Մէջբերուող հատուածները ընտրուած են արեւմտահայ եւ արեւելահայ գրականութեան լաւագոյն նմուշներէն, որոնք կը զարգացնեն աշակերտին ճաշակը: Հաճելի, պարզ բացատրութիւններով, զերծ գիտական ոճի խրթին ձեւակերպումներէն, դպրոցականին համար գրաւիչ եւ հետաքրքրական շարադրանք ունին անոնք: «այս տեսակէտէն նոյնիսկ հասուն մարդերու համար հաճոյք է Լեւոն Շանթի դասագիրքերու ընթերցումը:» (22)

30 Նոյեմբեր 2011-ին, Լեւոն Շանթի մահուան 60 ամեակին առթիթով, Ճեմարանի Լսարանական Միութեան ձեռնարկին խօսք կ’առնէ Ճեմարանի անձնակազմին նախ՝ իբրեւ ուսուցիչ, հետագային՝ իբրեւ կրթական պատասխանատու մաս կազմած Օրդ. Ալիս Գազանճեան: Ան կը պատմէ թէ ի՛նչպէս ինք ազգային վարժարանը աւարտելէ ետք յաճախած է Ճեմարան եւ առաջին անգամ հանդիպեցած Լեւոն Շանթին. «Լեւոն Շանթ մանկավարժութիւն կը դասաւանդէր մեզի։ Հոյակապ մանկավարժը, որ չէր հաւատար պատիժի ու նիշի, մեզի սորվեցուց ի՛նչպէս վարուիլ աշակերտին հետ, ի՛նչպէս խօսիլ անոր հետ»։ Օրդ. Ալիս կը պատմէ նաեւ թէ ի՛նչպէս 1945-ին Ճեմարանը աւարտելէ ետք, Լեւոն Շանթ զինք կանչած էր ու խնդրած որ թուաբանութիւն դասաւանդէ։ Այնուհետեւ Օրդ. Ալիս իր նախասիրած ճիւղը փոխելով կը մասնագիտանայ մանկավարժութեան ու հոգեբանութեան մէջ, հետեւելով իր պաշտած տիպարին՝ Լեւոն Շանթին։ «Եթէ մեռնիմ ու պատահի որ նորէն ծնիմ, նորէն ուսուցիչ կ՚ըլլամ»,- Կ’ըսէ ան։ (23)

Կինը Լևոն Շանթի գործերուն մէջ

Ի՞նչ է կինը, ի՞նչ արարչութիւն է ան եւ ինչպէս գտնել անոր առեղծուածային էութեան բանալիները` այս հարցերը մնայուն ներկայութիւն են Շանթի գրականութեան մէջ՝ հարստացնելով անոր ստեղծագործութիւններուն նիւթերը:

«Շանթի վիպական ու թատերական հերոսները կարելի չէ դիւրութեամբ բաժնել առաջնակարգ ու երկրորդական դասակարգի տիպարներու, որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը, մինչեւ իսկ ամէնէն փոքր բաժինը ունեցող կերպար մը կը ցոլացնէ Շանթի մտածումներուն ու մարդկօրէն կատարելագոյնին ձգտելու ձգտումը, տենջանքը, մղումը։ Անոր հերոսները զգալիօրէն տարբեր են «հասարակութիւն» կոչուած մարդ էակներէն, այլ կը մարմնաւորեն ազնուութիւն, վեհ զգացումներ, լաւագոյնը կերտելու եւ բարձրագոյնին հասնելու ձգտում։ ԱՆՈՆՔ ՊԱՐԶ ԿԻՆԵՐ ՈՒ ԱՅՐԵՐ ՉԵՆ, ԱՅԼ ՇԱՆԹ ԱՆՈՆՑ ՄԷՋ ԿԸ ՓՆՏՌԷ ՈՒ ԿԸ ՏԵՂԱԴՐԷ ԳԼԽԱԳԻՐ ՄԱՐԴԸ, ԳԼԽԱԳԻՐ ԿԻՆԸ, ՈՐ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԲԱՐՁՐԱՆԱԼՈՒ ԿԻՐՔԵՐԷ, ՆԵՆԳՈՒԹԵՆԷ, ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ ԵՒ ԱՅԼ ԱԽՏԵՐԷ ՎԵՐ, ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՎԵՐԱՑՆՈՂ ՄԻՋԱՎԱՅՐ ՄԸ, ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ»։ (24)

Իր սկզբնական գործերուն մէջ («Լեռան աղջիկը», «Մնաս բարովի իրիկունը» և այլն), Շանթի կին հերոսները ընդհանրապէս ներկայացուած են իբրև սիրոյ ու ներշնչման աղբիւր: «Դարձը» վիպակին մէջ զգալիօրէն կը փոխուի: Շուշանի և Արտաշէսի յարաբերութեան մէջ կը դրսեւորուի դրապաշտական ինքնագիտակցութեան երեւոյթը: «Վերժին» և «Դերասանուհին» վէպերուն մէջ Շանթ կ’ընդլայնէ կնոջ հոգեբանական շրջագիծը: Վերժինը և դերասանուհին իրենց սէրը կը դնեն փորձութեան՝ տարբերելով աւելի կանուխ գրուած «Դուրսեցիներ» վէպի հերոսուհի` Լուիզէն: «Կինը, որպէս անկախ էակ, կանացի իր պերճանքի ու պչրանքի հետ ունէր նաև անհատական ինքնութեան ձգտում: Այդ դժուարին անցում է, բարոյական աւանդակեցութեան յաղթահարում, զոր կը դիմադրեն վէպերուն հերոսները: Շանթ, ի տարբերութիւն Շիրվանզադէի, կնոջ ազատութեան խնդիրը կը դիտէ ընկերային առնչութիւններէ դուրս` կինը որպէս կամային անձ` իր զգացուներու եւ կենսաբանական բնոյթի ընտրութեամբ»: (25)

Սիրանը ծերացած հօր, քոյրերուն եւ եղբօր միակ ապաւէնն է («Ուրիշի համար»): Ինքնամոռաց նուիրուածութիւնը զայն կը դարձնէ անտարբեր կեանքին հանդէպ՝ լռեցնելով անոր մարդկային զգացումները: Կը փշրուի նաև Ազնիւին պատրանքը («Եսի մարդը»): «Նիցչէականութեան ազդեցութեան դրսեւորումն էր անձնազոհութիւնը անիմաստ նկատող փիլիսոփայութիւնը. զգացում մը, որ ազգային-ազատագրական շրջագիծէն Շանթ կը տեղափոխէ ընտանեկան յարաբերութիւններու միջավայրը: Եթէ այս երկու տրամաներուն մէջ կինը կ’ուրուագծուի հանգամանքներու ակամայ ներգործութեան ոլորտին մէջ, ապա «Ճամբու վրայ» թատերախաղին երեւոյթը հանգուցուած է հոգեբանական ներքին պայքարի ողբերգական լուծումներով: Ի՞նչ է կինը. բնական արարած մը, որ երջանկութեան այլ ասպարէզ չունի, քան սէրը և սիրած էակին մէջ մարմնաւորած աշխարհը, որմէ դուրս աշխարհը դատարկ է, կեանքը` անիմաստ»: (26)

Հին ու նոր աստուածներու յաւիտենական բանավէճին մէջ կինը երեւան կու գայ իբրեւ ճշմարտութեան խորհրդանիշ: Գրկելով Սեդան` կը փոթորկի աբեղային ներաշխարհը: Սեդային կերպարանքը առած կնոջ ուրուականին կանչով ան կ’երթայ ձուլուելու մայր բնութեան յաւերժութեան մէջ («Հին Աստուածներ»):

Կնոջ կերպարներու շարքին ամբողջովին այլ նկարագիր ունի Հարճը «Շղթայուածը» թատերախաղին մէջ: Ըստ էութեան` ան զտուած է կնոջական հոգեբանական բարդոյթէն և նոյնացած գաղափարական խորհրդանիշի հետ: Ըլլալով պատմական անցուդարձերու վկան, ան իր ճակատագրին մէջ ան կը ճեղքէ բռնութեան վերահաս չարիքը և կը նահատակուի իբրեւ ազատութեան գաղափարի մունետիկ:

Կարելի՞ է արդեօք կինն ու այրը մտերմութիւն զարգացնեն սեռային կապերէ դուրս` իբրեւ ընկեր: Շանթ այս հարցադրումը կ’արծարծէ իր կեանքին վերջին տարիներուն գրած «Հոգիները ծարաւի» վէպին մէջ: «Հարցադրումը էապես կ’ենթադրէ սեռերու յարաբերութեան բարձր, հոգեկան կապի ազնուական, մաքուր, սրբագործուած վիճակ մը, որ կ’ազատէ մարդը իր բնազդական մղումներէն եւ կը ձեւաւորէ վարքին ապաշխարհիկ գեղեցկութիւնը: Շանթ հետամուտ է այս բարձրագոյն իտէալին»: (27)

Լեւոն Շանթ մեծ մարդուն, խորաթափանց գրագէտին եւ նուիրական հայուն ազգային ու համամարդկային անկրկնելի արժէքին գնահատականը, իբրեւ եզրակացութիւն, լաւագոյն ձեւով կրնանք ընել՝ հետեւելով Շանթի ամէնէն մտերիմներէն՝ գրականագէտ Ն. Աղբալեանի վերլուծումներուն, կատարուած 1947ին, անոր նուիրուած մեծարանքի հանդիսութեան առիթով.

«Նրա երկերը կարդալով ոչ ոք կարող է գաղափար կազմել այն կեանքին մասին, որ թաւալած է Լ. Շանթի շուրջը, բայց այն մասին միայն թէ ինչ մտածումներ ունեցած է Լ. Շանթ: Իր կառուցումների այս ու այն տարրն է կեանքից առնուած, բայց այդ կառուցումները կեանքի պատկեր չեն: Նրանք նկարագրում են Լ. Շանթի գաղափարները:
«Բայց այս հանգամանքը ոչ թէ արժէքազրկում է նրա գործը այլ տարբեր արժէք է տալիս նրան, որովհետեւ Լ. Շանթ մեծ մտաւորական է, խորամիտ եւ խորաթափանց: Իր նիւթն է ոչ թէ հայ կեանքն ու հայ մարդը, այլ մա՛րդը հայի մէջ, հայի մարդկայինը կամ կարճ եւս՝ մարդկայինը, որ մեծ արուեստի նիւթն է բոլոր դարերի: Իր հետաքրքրութեամբ եւ խոկումներով նա վեր է ընթացիկ կեանքից եւ նրա հասնելու համար պէտք է վերանալ: Լ. Շանթ մտաւորական դասի հեղինակն է. իր գործող անձերը մտաւորական դասից են. իր յարուցած խնդիրները վերացական են, մարդկային եւ մնայուն: Այս հանգամանքը եթէ մի կողմից կայուն ու մնայուն դիրք է տալիս նրա գործին, միւս կողմից սահմանափակում է ընթերցողների թիւը:
«Բայց պէտք է հաղորդուիլ Լ. Շանթի ստեղծագործութեան, պէտք է նրա միջից անցնել աւելի վեր գնալու համար:
«Հօտ է այն ազգը, որ չունի իմացական բազմութիւն: Պէտք է ստեղծուի այդ բազմութիւնը մեր մէջ եւ Լ. Շանթի երկերը լաւագոյն միջոցներից մէկն են այդ դասն առաջ բերելու:
«Լ. Շանթի գործը հմայաթափ է անում խորամուխ ընթերցողին, որովհետեւ ներշնչումը չէ, որ իշխում է իմացականութեան վրայ, այլ պատահախնդիր իմացութիւնն է, որ գունաթափում է ներշնչման ծաղիկները ուստի իր անձերը ստուերագծեր են: Հմայաթափ է անում նաեւ գիտութիւնը: Բայց ոչ մէկ ուժ կարող է յաղթել կեանքի մղումին, որ գալիս է տիեզերքի խորքից եւ անցնում է մեր միջով: Պէտք է անցնել գիտութեան եւ Լ. Շանթի երկերի բովից՝ աւելի ներոյժ ապրելու համար այս կեանքը»: (28)

(21) Գ. Շահինեան, «Ձիւներն Ի Վեր», էջ 231-232:
(22) Նոյնը, էջ 232:
(23) Ազդակ օրաթերթ, «Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. Լեւոն Շանթի Մահուան 60-Ամեակ» , 6 Դեկտեմբեր 2011:
(24) Ս. Մահսէրէճեան, «Լեւոն Շանթ Գրողը, Մանկավարժը, Պետական Մարդը Եւ Փիլիսոփան», Հայրենիք, 3 Յուլիս 2019:
(25) Նանար Սիմոնեան, «Կնոջ կերպարը Լևոն Շանթի երկերուն մէջ», Եղիցի Լոյս, թիւ 3 (193), 2019:
(26) Նոյնը:
(27) Նոյնը:
(28) Նիկոլ Աղբալեան, «Լեւոն Շանթ»՝ Ծննդեան 100ամեակին առիթով», էջ 44-45:

ԱՒԵԼԻՆ

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x