Տարին անգամ մը աշխարհի ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ «Երջանկութեան Համաշխարհային Տեղեկագրին (World Happiness Report) վրայ։ Շատերուն համար, անիկա պարզապէս երկիրներու դասակարգում մըն է՝ գիտնալու, թէ ո՞ր երկիրներու ժողովուրդները աշխարհի ամենէն երջանիկներն են։ Սակայն 2026-ի տեղեկագիրը կ’արծարծէ աւելի խոր հարց մը. արդեօք աւելի կապակցուած աշխարհ մը կառուցելով՝ մենք յաջողա՞ծ ենք աւելի երջանիկ դառնալ:
Այս տարուան տեղեկագիրը, որ պատրաստուած է Օքսֆորտ համալսարանի Wellbeing Research Centre-ին կողմէ՝ Gallup-ի եւ ՄԱԿ-ի Sustainable Development Solutions Network-ի գործակցութեամբ, ամբողջովին նուիրուած է երջանկութեան եւ ընկերային ցանցերու յարաբերութեան։ Անիկա կը փորձէ հասկնալ այն հարցը, զոր միլիոնաւոր ծնողներ, մանկավարժներ, հոգեբաններ եւ քաղաքական որոշում կայացնողներ այսօր կը քննարկեն. ընկերային ցանցերը ինչպիսի՞ ազդեցութիւն ունին մեր կեանքին եւ մասնաւորաբար երիտասարդներու բարօրութեան վրայ։
Տեղեկագրին առաջին հետաքրքրական եզրակացութիւնը այն է, որ աշխարհը ընդհանուր առմամբ երջանկութեան տագնապ չի դիմագրաւեր։ Ընդհակառակը, վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին, 136 երկիրներէն 79-ը բարելաւած են իրենց երջանկութեան ցուցանիշները, մինչ միայն 41 երկիր նշանակալից անկում արձանագրած է։ Սակայն այս ընդհանուր պատկերին տակ կը թաքնուի մտահոգիչ իրողութիւն մը. աշխարհի ամենէն աւելի զարգացած կարգ մը երկիրներուն մէջ, երիտասարդները աւելի դժբախտ դարձած են։
Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս հիւսիսային Եւրոպայի երկիրները կը շարունակեն գրաւել ցանկին առաջին տեղերը.

Այս ցանկին մէջ, յատկապէս ուշագրաւ է Քոսթա Ռիքայի ներկայութիւնը։ Անիկա առաջին անգամ ըլլալով կը հասնի այնպիսի դիրքի մը, որ Լատին Ամերիկայի պատմութեան մէջ երբեք արձանագրուած չէր։ Ասիկա ցոյց կու տայ, որ երջանկութիւնը միայն հարստութեան կամ տնտեսական իրագործումներու արդիւնք չէ։ Հասարակական վստահութիւնը, համայնքային կեանքը եւ մարդկային կապերը նոյնքա՛ն կարեւոր դեր կը խաղան։
Սակայն տեղեկագրին ամենէն մտահոգիչ բացայայտումը երիտասարդներուն կը վերաբերի։ Արեւմտեան աշխարհի երիտասարդները աւելի դժբախտ դարձած են։
Միացեալ Նահանգները, Քանատան, Աւստրալիան եւ Նոր Զելանտան աշխարհի այն երկիրներուն շարքին են, ուր 25 տարեկանը չբոլորած երիտասարդներու բարօրութիւնը զգալի անկում արձանագրած է։ Նոյն երեւոյթը կը նկատուի Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ։ Մինչ աշխարհի մեծ մասին մէջ երիտասարդները կա՛մ աւելի երջանիկ դարձած են, կա՛մ առնուազն պահպանած են իրենց նախկին մակարդակը, արեւմտեան երկիրներու երիտասարդութիւնը հակառակ ուղղութեամբ շարժած է։
Բնականաբար, հոս կը ծագի հարցումը որ արդեօք ընկերային ցանցե՞րն են այս երեւոյթին պատճառը։ Տեղեկագիրը զգուշաւոր պատասխան մը կու տայ։ Ան չի պնդեր, թէ ամբողջ մեղքը կարելի է բարդել Facebook-ի, Instagram-ի, TikTok-ի կամ այլ հարթակներու վրայ։ Անոնք միակ պատճառը չեն, սակայն անոնց ազդեցութիւնը անտեսել ալ կարելի չէ։ Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ երկարաժամ օգտագործողները աւելի յաճախ սթրես կ’ունենան, նաեւ՝ ընկճախտի ախտանշաններ եւ դժգոհութիւն կեանքի նկատմամբ։ Այս ազդեցութիւնը յատկապէս նկատելի է աղջիկներու պարագային։
Բոլոր հարթակները միաժամանակ նոյն ազդեցութիւնը չունին։ Այն հարթակները, որոնք կը նպաստեն իրական հաղորդակցութեան, ուսման կամ ստեղծագործ աշխատանքի, օրինակ WhatsApp-ը աւելի դրական ազդեցութիւն ունին։ Իսկ անվերջ գլորումի (scrolling), ալկորիթմական կախեալութեան եւ ազդեցիկներու (influencer) մշակոյթին վրայ հիմնուած միջավայրերը աւելի յաճախ կապուած են հոգեբանական դժուարութիւններու։
Այս տարբերութիւնը կը բացատրէ, թէ ինչու ընկերային ցանցերու ազդեցութիւնը նոյնը չէ աշխարհի բոլոր շրջաններուն մէջ։ Լատին Ամերիկայի երկիրներուն մէջ, օրինակ, ընկերային ցանցերու օգտագործումը շատ բարձր է, սակայն երիտասարդներու բարօրութիւնը կը մնայ համեմատաբար բարձր մակարդակի վրայ։ Տեղեկագրին համաձայն, հոն աւելի լայնօրէն կը գործածուին այն հարթակները, որոնք կը դիւրացնեն իրական հաղորդակցութիւնը եւ մարդկային կապերը։ Իսկ այն հարթակները, որոնց հիմնական նպատակն է օգտատէրերը հնարաւորինս երկար պահել պաստառին առջեւ՝ ալկորիթմներով ընտրուած բովանդակութեան միջոցով, աւելի բացասական ազդեցութիւն կ’ունենան երջանկութեան վրայ։
Տեղեկագիրը ամբողջ գլուխ մը նուիրուած է նաեւ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի (MENA) երկիրներուն։ Առաջին հայեացքով արդիւնքները զարմանալի են։ Այս շրջանը աշխարհի այն վայրերէն մէկն է, ուր ընկերային ցանցերու օգտագործումը բարձրագոյնն է։ Որոշ երկիրներու մէջ, օգտատէրերուն 20-40 տոկոսը օրական հինգ ժամէ աւելի կը մնայ ընկերային ցանցերու վրայ։ Սակայն հակառակ այս բարձր ցուցանիշներուն, երիտասարդներու ընդհանուր բարօրութիւնը այնպիսի անկում չէ արձանագրած, ինչպէս Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի կամ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ։
Սակայն ասիկա չի նշանակեր, թէ վտանգ գոյութիւն չունի։ Տեղեկագիրը դիտել կու տայ, որ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ, երկարաժամ օգտագործողները աւելի յաճախ կը տառապին սթրեսէ, ընկճախտի ախտանշաններէ եւ իրենց ծնողներու սերունդէն աւելի վատ վիճակի մէջ գտնուելու զգացումներէ։
Տեղեկագրին մէջ առանձին բաժին կամ վերլուծում չկայ Հայաստանի (89-րդ) կամ Լիբանանի (141-րդ) մասին, ոչ ալ ընկերային ցանցերու ազդեցութիւնը յատուկ կերպով կը քննարկուի այս երկու երկիրներուն մէջ: Սակայն երկուքն ալ կը գտնուին այն շրջաններուն մէջ, ուր ընտանիքը, համայնքը եւ մարդկային անմիջական յարաբերութիւնները տակաւին մեծ դեր կը խաղան առօրեայ կեանքին մէջ։ Ասիկա հետաքրքրական է, որովհետեւ տեղեկագիրը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ մարդկային իրական կապերը տակաւին կը մնան բարօրութեան ամենէն կարեւոր աղբիւրներէն մէկը։
Տեղեկագիրը կ’ընդգծէ շատ աւելի կարեւոր փաստ մը. մարդոց բարօրութիւնը միայն թուային վարքագիծէն կախեալ չէ։ Այսինքն հարցը միայն արհեստագիտական չէ, այլ նաեւ ինչպէ՞ս կ’օգտագործենք զայն:

Այս աղիւսակը թերեւս ամբողջ տեղեկագրին ամենէն կարեւոր պատգամը կը պարունակէ։
Զեկոյցին հեղինակները կը նշեն, որ դպրոցին նկատմամբ պատկանելիութեան զգացումը երիտասարդներու գոհունակ կեանքին վրայ դրական աւելի մեծ ազդեցութիւն ունի, քան ընկերային ցանցերու օգտագործման նուազեցումը, նոյնպէս՝ ընտանիքը, բարեկամութիւնը, վստահութիւնը եւ համայնքային կեանքը: Այլ խօսքով՝ մարդը չի դադրիր ընկերային արարած ըլլալէ միայն այն պատճառով, որ իր կեանքը աւելի թուայնացած է։
Թերեւս հոս է մեր ժամանակներու մեծ հակասութիւնը։ Մարդկութիւնը երբե՛ք այսքան կապակցուած չէ եղած։ Մենք կրնանք ակնթարթով մը հաղորդակցիլ աշխարհի միւս ծայրը գտնուող մարդոց հետ։ Կարելի է ունենալ հարիւրաւոր կամ հազարաւոր «ընկերներ», հետեւորդներ եւ կապեր։ Սակայն այդ բոլորը ինքնաբերաբար պատկանելիութիւն չեն ստեղծեր։
Ո՛չ ալ վստահութիւն։
Ո՛չ բարեկամութիւն։
Ո՛չ ալ երջանկութիւն։
World Happiness Report 2026-ը կը յիշեցնէ, որ մարդկային բարօրութիւնը տակաւին կը հիմնուի այն նոյն արժէքներուն վրայ, որոնք մարդոց կեանքին մաս կազմած են դարեր շարունակ՝ վստահութիւն, համայնք, ընկերութիւն եւ իմաստալից յարաբերութիւններ։
Թուային դարաշրջանին մէջ խնդիրը այլեւս այն չէ, թէ որքան արագ կրնանք կապուիլ իրարու։ Աւելի կարեւոր է այն, թէ կրնա՞նք արդեօք այդ կապերը վերածել մարդկային իրական յարաբերութիւններու։
Որովհետեւ երջանկութիւնը, ի վերջոյ, ալկորիթմներու մէջ չէ։
Ան տակաւին մարդոց միջեւ կը գտնուի։
«Տարբերակ21»
