Երեւանեան առօրեայ

Պետրոս Մանուկեան

Snoop Dog-ի համերգը Երեւանի մէջ յետաձգուեցաւ: Զարմանալի ոչինչ. Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տիրող այս պայմաններուն կարելի ալ չէր ակնկալել նման համերգի մը կայացումը…

Այսօր Երեւանի փողոցները դարձած են թատերաբեմ քաղաքական աշխուժ գործունէութեան: Քաղաքամայրը, որ դեռ շաբաթ մը առաջ կենդանի էր ճաշարաններով ու գիշերային կեանքով, այսօր պարպուած է իր զբօսաշրջիկներէն, բայյց քաղաքը լուռ ու ամայի չէ:

Որոշ փողոցներ դատարկ են, փակուած ցուցարարներու կամ նստացոյց կատարողներու կողմէ: Ինքնաշարժներ կանգնեցուած են փողոցներու մէջտեղը: Ամիս մը առաջ ժողովուրդէն շատերը կը դժգոհէին՝ այսօր կա՛մ լուռ կը դիտեն ցուցարարներու շարժումները կամ  զօրակցութեան արտայայտութիւններ կ’ունենան:

Իսկ ցուցարարները կը բաժնուին տարբեր մասերու՝ ընդհանրապէս հակասական ու հակադիր ուղղութիւններով:

– Մաս մը ցոյց կը կատարէ ռուսական դեսպանատան դիմաց: Անոնք կը բողոքեն Հայաստանի նկատմամբ ռուսական քաղաքականութեան դէմ:

– Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ցոյց կը կատարէ այլ խումբ մը, թիւով աւելի շատ: Առայժմ անոնք կը վայելեն «Հայաստան» դաշինքի ( հիմնականօրէն բաղկացած նախկին նախագահի Ռոբերտ Քոչարեանէն եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութենէն) եւ այլ քաղաքական ուժերու հովանաւորութիւնը: «Հայաստան» դաշինքը ունի աւելի քան 20 պատգամաւոր Ազգային ժողովին մէջ եւ իր տրամադրութեան տակ կը գտնուին զանգուածային լրատուամիջոցներու հսկայական ցանցեր: Այս շարժման առաջնորդները ընդիմադիր են վարչապետ Փաշինեանին եւ չեն բաժներ կառավարութեան որդեգրած հակառուս քաղաքականութիւնը: Այս խումբը կը պահանջէ կառավարութեան հրաժարականը: Այս ցոյցերուն ընթացքին քանի մը միջադէպեր տեղի ունեցան ոստիկանական ուժերու հետ:

– Երրորդ խումբը՝ ԱժԲ-ն (Ազգային Ժողովրդավարական Բեւեռ), իր շարժման կեդրոնը ընտրած է Օփերայի Ազատութեան հրապարակը, ուր տեղի կ’ունենան հանդիպումներ եւ հանրահաւաքներ: Դէմ են ռուսական քաղաքականութեան եւ կը պահանջեն վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականը:

Այս ուժը կը նկատուի արեւմտամէտ: Հայաստանը կը նկատէ արեւմտեան ուժերու եւ Իրանի դաշնակից: Այս խումբը չունի զանգուածային լրատուամիջոցներ, հետեւաբար կը դիմէ  այլընտրանքային լրատուամիջոցներու, ինչպէս՝ YouTube ալիք եւ blog-ներ:

Հանրապետութեան հրապարակի եւ Օփերայի ցուցարարներու տարբերութիւնը մեծ է, թէեւ երկուքն ալ կը նկատուին ընդդիմադիր իշխանութիւններուն, սակայն մէկը ռուսամէտ է, միւսը՝ հակառուս:

– Կան նաեւ չորրորդ խումբի պատկանող անկախ ցուցարարներ, որոնք չեն պատկանիր որեւէ կուսակցութեան. համալսարանականներ են եւ մաս կը կազմեն քաղաքացիական հասարակութեան:

Մեր կարծիքով մրցակցութիւն գոյութիւն ունի 2-րդ եւ 3-րդ խումբերին միջեւ՝ ներգրաւելու 4-րդ խումբի անդամները: Իսկ, նորէն մեր կարծիքով, գրեթէ անկարելի է, որ 2-րդ եւ 3-րդ խումբերը միանան:

Եզրակացնելու համար, մեր կարծիքով, այսօր Երեւանի ցոյցերը սովորական կամ թերագնահատելի երեւոյթներ չեն: 2018-ի «թաւշեայ յեղափոխութենէն» ի վեր կը նկատուին ամէնէն աղմկոտը եւ աշխուժը: Վերջ ի վերջոյ Արցախի աղէտը ծանր կը կշռէ ժողովուրդին վրայ:

 

 

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x