Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (31)
July 1, 2026
ԻՐԱՒԱԺԱՌԱՆԳՈՐԴ, գ., Ըստ օրէնքի՝ արդարօրէն այս կամ այն բանի ժառանգողը ըլլալը // Իրաւական ժառանգորդ։ Որքան ալ նկատի առնուի, որ Ռուսիոյ դաշնութիւնը Խորհրդային Միութեան իրաւաժառանգորդն է, ապա այս պարագային անվաւերականութիւնը կը հիմնուի միութեան մը երբեմնի տարածքին տարանջատութեան վրայ (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1):
ԻՐԱՒԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, գ., Վիճակ՝ կացութիւն որ եղած օրէնքներուն կը համապատասխանէ: Պատմագիրներ ու իրաւագէտներ արդարօրէն հարցականի տակ կ’առնեն յիշեալ պայմանագիրին օրինականութիւնը (legitimacy) եւ իրաւականութիւնը (legality), որովհետեւ ան չի համապատասխաներ միջազգային օրէնքին եւ միջպետական համաձայնագիրներու սկզբունքներուն եւ գործընթացներուն (Ազդակ, 20 Հոկտեմբեր 2021, էջ 2):
ԻՐԱՒԱՊԱՀ, ած., Պետութեան օրէնքներով ընկերութեան մը անդամներուն տրուած իրաւունքները պաշտպանող // Հասարակական կարգի եւ մարդու իրաւունքներու պահպանութեամբ զբաղող: Գլխաւոր դատախազները անդրադարձան…. Հայաստանի ու Արցախի իրաւապահ մարմիններուն միջեւ գործակցութեան կառուցակազմերուն…. (Ասպարէզ, 5 Յունիս 2021, էջ 9):
ԻՐԱՔԵԱՆ, ած., Իրաքի պետութեան յատուկ, անոր պատկանող // Իրաքին յատուկ: Ճ. Պուչիքեան բարձր գնահատեց լիբանանեան արտադրութիւններուն դիմաց իրաքեան շուկաները բանալու պատրաստակամութիւնը (Ազդակ, 2 Հոկտեմբեր 2021, էջ 8): – էջ 8
ԻՐԵՐԱԾԱՆՕԹ, ած., Իրարու ճանչցող: Գերնօսրացած, իրերածանօթ մեր շուկային մէջ գրախօսին համար ուրիշ ի՞նչ կարելի է բացի քաջաբար լռելէն (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 56)։
ԻՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, գ., Այն որ իրողութիւն մը՝ անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է։ Սկիզբը բացատրեցի որ Մարկ Նշանեան կը գրէ մահուան մասին, մահուան իրողականութեան մասին (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 139)։
ԼԵԶՈՒԱԲՈՒԺ (յանձնարարելի՝ ԼԵԶՈՒԱԲՈՅԺ), գ., դիպվ., փխբ. Անսխալ՝ անթերի լեզուով խօսող եւ լեզուագիտական հետաքրքրութիւններ ունեցող մարդ // Լեզուի բժիշկ, խօսքի լեզուագէտ ուսուցիչ։ Այս հռետորական հարցումը յղեց ինծի սիրելի բարեկամս՝ դոկտ. Արմենակ Եղիայեանը, որ ուսումնական պատրաստութեամբ ու ասպարէզով ատամնաբուժ կը համարուի, սակայն կոչումով լեզուաբուժ է…. (Վրէժ-Արմէն, Ոստայն 16 – Ճարտարա պետի մը ծոցատետրէն, Մոնթրէալ, 2021, էջ 112)։
ԼԵԶՈՒԱՊԱՆԱԿ, գ., բնստ., փխբ., Այն ամբողջը որ անձ մը գիտէ այս կամ այն լեզուի մասին //Լեզուի բառապաշարի՝ արտայայտչական միջոցներու ամբողջութիւնը։ Իբրեւ թէ կեանքին ըն թացքն է ասիկա, ծներ ենք հոս հասնելու, թէ ինք ըրած է իր կարելին, որդիական պարտականութիւնը լիուլի կատարած, բոլոր պէտքերը… եւ նման տափակութիւններ, որոնցմով լեցուն է մեր լեզուապանակը (Պարութճեան Նորա, Զէրօ (2016-2021), Երեւան, Լու սակն, 2022, 80 էջ (էջ 48))։
ԼԵՌՆԱԾՈՐ, ած., բնստ., Լեռներէ՝ վսեմ բարձունքներէ՝ հոգեւոր կատարներէ իջնող՝ կաթկթող // Լեռներէ ծորացող՝ իջնող։ …Բայց կը մերժէր/ լեռնածոր ասպետի ոգին/ իրեն ուղղուած խնդրանքներուն/ տառապանքին/ հալածանքին/ տակ սմքիլ… (Պարութճեան Նորա, Զէրօ (2016-2021), Երեւան, Լուսակն, 2022, 80 էջ (էջ 27))։
ԼԻԱԺԱՄ, մկբ., Գործի որոշուած ժամերու ամբողջ տեւողութեամբ (աշխատիլ) // Աշխատաժամանակի լրիւ չափով, ամբողջ դրոյքով (աշխատիլ): Աւելի ուշ ժողովրդային ցոյցերու, ճամբաներու փակման ու առհասարակ տնտեսական պայմաններու բերումով ամուսինը՝ Ժանը, ստիպուեցաւ փոխան լիաժամի, կիսաժամ աշխատելու (Ազդակ, 16 Հոկտեմբեր 2021, էջ 4):
ԼԻԱՔԻՍՏ, ած., Հասունացած ցորենի հասկի լեցուն գլխիկի նման // Քիստերով՝ հասկերով, բեղուն: Անսպառ են Վարուժանի արուեստի զգլխիչ ոլորտները, հայ լեզուի շքեղ գանձարանը ձեռքերուն մէջ եւ յաւերժութեան հունտերով լիաքիստ իր անդաստանը (Վեհանոյշ Թէքեան, Իբրեւ Որդի եւ Նախահայր):
Կը խնդրեմ Լեզուաբոյժ բառին բացատրութիւնը կրկին քննարկել։
Օրինակ
Orthophoniste = Speech therapist ի մը համար, որ բժշկագիտական համակարգի մասնագիտութիւն մըն է, կարելի է «լեզուաբոյժ»ը օգտագործել: Կամ խօսելու դժուարուլթիւններ բուժողը։Արդէն լեզուագէտ բառը գոյութիւն ունի։ Լեզուաբոյժը փոխաբերական իմաստով մի միայն Արմենակին կը յարմարի։
«Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ» (Գիրք Բ) աշխատասիրութիւնը հրատարակուած է 2024-ին՝ Երեւանի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտին կողմէ։
Այս Բ. գիրքը կը յաջորդէ «Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ» Ա․գիրքին, հրատարակուած 2021-ին: Ան կը շարունակէ արեւմտահայերէնի բառապաշարի արդիականացման եւ փաստագրութեան ուղղուած կարեւոր գիտական աշխատանք մը։
Գիրքը պատրաստուած է խմբային աշխատանքով։ Կազմողներու շարքին կը գտնուին Ս. Տիոյեան, Մ. Ֆալակեան, Ա. Ֆիշենկճեան, Յ. Մարաշլեան, Զ. Խպլիկեան եւ Ն. Խաչիբաբեան։ Խմբագիրը՝ Վ. Լ. Կատվալեանն է, իսկ գրախօսը՝ Ա. Ս. Գալստեան։
Աշխատութիւնը տպագրուած է Լեզուի ինստիտուտի գիտական խորհուրդին որոշումով, ինչ որ կը վկայէ անոր ակադեմական արժէքն ու գիտական հաւաստիութիւնը։
Այս գիրքը կ’ընդգրկէ աւելի քան 800 նոր բառեր, որոնք տակաւին չեն արձանագրուած արեւմտահայերէնի գոյութիւն ունեցող բառարաններուն մէջ։
Բառերը քաղուած են բազմազան աղբիւրներէ՝
սփիւռքահայ մամուլէն,
գեղարուեստական եւ գիտական գրականութենէն,
ինքնուրոյն եւ թարգմանական ստեղծագործութիւններէ։
Գիրքին հիմնական նպատակը արեւմտահայերէնի նորաբանութիւնները հաւաքել, դասակարգել եւ բացատրելն է, նպաստելով լեզուի շարունակական զարգացումին եւ փաստագրութեան։
Գիտաշխատողները կը գործածեն համակարգուած մօտեցում մը․
իւրաքանչիւր բառ ներկայացուած է իր իմաստաբանական պատկանելիութեամբ,
անհրաժեշտ պարագային տրուած են ոճական նշումներ,
կը ներկայացուի բառին բացատրութիւնը ըստ գործածութեան համատեքստին,
եւ կը բերուին բնագրային օրինակներ եւ սկզբնաղբիւրները։
Այս մեթոտը գիրքը ոչ միայն կը դարձնէ բառացանկ մը, այլեւ գործածական-վերլուծական աղբիւր մը։
Աշխատասիրութիւնը նախատեսուած է լայն շրջանակի համար․
լեզուաբաններ եւ մասնագէտներ,
ուսուցիչներ եւ ուսանողներ,
եւ ընդհանրապէս բոլոր անոնք, որոնք հետաքրքրուած են արեւմտահայերէնի բառապաշարի զարգացումով։
«Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ» (Գիրք Բ) կը ներկայացնէ կարեւոր քայլ մը արեւմտահայերէնի պահպանման եւ արդիականացման ուղղութեամբ։ Ան կը վկայէ, որ լեզուն, հակառակ իր վտանգուած վիճակին, կը շարունակէ ստեղծագործել, ընդլայնիլ եւ արձագանգել ժամանակակից իրականութիւններուն։