Վարագոյրը գոցուեցաւ

October 18, 2025
«Մարդը Աթլանթիսէն» ելոյթէն առաջ եւ վերջ

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վերջին ութ ներկայացումներուն բեմադրիչի օգնական եւ բեմավար եղած եմ։ Բոլոր գործերուն՝ առաջին քայլէն մինչեւ տեքորը բեմէն վար առնելուն, ականատես կամ մասնակից եղած եմ։ Իւրաքանչիւր գործէ կը ստանամ տարբեր գոհունակութիւն մը, եւ իւրաքանչիւր գործի աւարտին կը մտնեմ տարբեր աստիճանի «պարապութեան» մէջ։

1 Լեոն» (2017) 1

Առաջինը միշտ ուրիշ է։ Առաջին փորձառութիւնս՝ Հրայր Գալեմքէրեանի «Լեոն»-ը(1) (2017-ին), բացաւ թատրոնի աշխարհի դռները։ Այն ժամանակ ծանօթացայ թատրոնի իւրաքանչիւր բաժանմունքին, անոնց նրբութիւններուն եւ ազդեցութեան՝ վերջնական արդիւնքին վրայ։ Դպրոց էր։

Յաջորդ տարիները բախտաւորութիւն եղան՝ տարբեր բեմադրիչներու հետ աշխատելու առիթ ունենալով։ Նախ՝ Սուրէն Խտըշեանի «Ժողովուրդի թշնամին» դարձեալ 2017-ին, ապա եւ մինչեւ այսօր՝ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բոլոր բեմադրութիւնները։
Բեմադրիչի օգնականի եւ բեմավարութեան աշխատանքներուն կողքին, երբեմն կը ստանձնեմ նաեւ այլ գործեր՝ թարգմանութիւն, ենթախորագիրի պատրաստութիւն կամ այլ գործնական աջակցութիւն։

«Մարդը Աթլանթիսէն»-ը տարբեր եղաւ։

Նոյեմբեր 2024-ին, Լիբանանի դիմագրաւած ծանր պայմաններուն եւ պատերազմի սպառնալիքին տակ, սկսանք քով քովի գալ։ Պատերազմի ընթացքին իւրաքանչիւր ռումբի ձայնին, մեր ցնցումներուն ու վախերուն մասին կը խօսէինք WhatsApp-ի մեր խումբին մէջ։ Ոչ մէկս առանձին էր՝ միշտ միասին էինք, իրարմով։ Նեղ օրերուն հարազատները քով քովի կու գան։ Այս մթնոլորտն էր որ մեզ աւելի մղեց բեմ հանել այս գործը։

Թատրոնը միայն դերասանութիւն եւ բեմադրութիւն չէ։

2 Յակոբ Տէր Ղուկասեանի լուսաւորումը քուլիսէն դիտուած 2

Ինչպէս յիշած էի նախորդ յօդուածիս մէջ՝ որոշեցի այս գործին տեքորի պատրաստութեան գործնական աշխատանքին անցնիլ խումբի անդամ Ժան Պէքէրէճեանին՝ Ժանոյին հետ։ Մօտաւորապէս մէկ շաբթուան ընթացքին կտորները ժողվեցինք, կազմեցինք, զարդարեցինք։ Երաժշտութեան ընտրութեան պատասխանատուն էր դերասան Խաչիկ-Հրակ Տէմիրճեանը, իսկ լուսաւորումի սարքաւորումը՝ նոյն ինքը բեմադրիչը, նաեւ լուսաւորումի մասնագէտ  Յակոբ Տէր Ղուկասեանը(2)։

Պահ մը նկատեցի, որ իւրաքանչիւր գործ մենք մեզի կ’ընէինք, իրարմով։ Կարծէք մարմնաւորած ըլլայինք ներկայացումի տողերէն մէկը՝ երբ Փասկալի կերպարը կ’ըսէ. «Հաւաքուինք ու միանանք իրարու։ Իրար ամբողջացնենք, իրարմով զգանք, դառնանք մէկ մարդ։ Սեղմուինք վստահութեան օղակին մէջ»։ Ինչո՞ւ նոյն ձեւով չշարունակել։

Կը մնար ընկերային ցանցերու ծանուցումի նկարներու եւ վիտէոներու պատրաստութիւնը, ինչպէս նաեւ ոճի սահմանումը։ Ծրագրեցի։

Photoshoot-երը տեղի ունեցան հեռախօսով՝ փորձերու օրերուն, փորձէն առաջ կամ դադարի ընթացքին։ Նկարողն ու նկարուողը՝ երկուքն ալ համբերատար։ Խումբի բոլոր անդամները կարգապահութեամբ հետեւեցան գծուած ծրագիրին։

Բախտաւորութիւն մըն ալ ունեցանք՝ նոր անդամներ ունենալու, որոնք մեզի դիմեցին դերասանութեան նպատակով, բայց ամենայն սիրով զբաղեցան թեքնիք գործերով։

Կրնամ հպարտօրէն խոստովանիլ, որ մօտ մէկ ու կէս ամսուան ընթացքին, ամէնօրեայ երկարաժամ փորձերով հասանք մեր նպատակին՝ առանց դժգոհութեան, առանց բողոքի։ Փոքր խախտումները՝ յարգելի ու ներելի են։

«If you love what you do, you’ll never work a day in your life» խօսքը ուղղակիօրէն կը վերաբերէր մեզմէ իւրաքանչիւրին մօտեցումին այս թատրոնին հանդէպ։ Ամէնօրեայ հոգնութիւնն ու մտահոգութիւնները կը մնային դուռէն դուրս։

Հանդիսատեսը մէկ անգամ կու գայ, կը դիտէ, կարծիք կու տայ՝ կամ ալ ոչ, ու կ’երթայ։ Մենք ամիսներով կ’ապրինք այս մթնոլորտը։

«Մարդը Աթլանթիսէն»-ը տարբեր եղաւ։

Շատ յոգնեցանք, շատ խնդացինք, երբեմն ալ իրարմէ զզուեցանք, բայց զիրար հանդուրժեցինք։ Իւրաքանչիւրս իր գործը, իր դերը սիրով եւ հաճոյքով ստանձնեց. ստիպողական բան չկար։ Ներկայացումը ամբողջութեամբ մեր ուժերով բեմ բարձրացաւ։

Վարագոյրը գոցուեցաւ:

Եւ ահա, եկայ տեքորը քակելու: Մնացինք դէմ դիմաց։ Յուզուեցայ: Բայց անցայ գործի։

Մօտ երկու ժամ ետք մտածեցի՝ հիմա ի՞նչ, ա՞ս էր, վերջացա՞ւ։
Ներկայացուցինք չորս անգամ՝ մէկ աշակերտական ցերեկոյթ եւ երեք երեկոյթ։ Եւ վերջ։

Թատրոնը կեանք է՝ ճիշդ է։ Բայց մեր, լիբանանահայ թատրոնի ներկայացումներու տեւողութիւնը կարճ է։ Երկունքը շատ երկար է, բայց «կեանքը» դժբախտաբար կարճ։

Գլարայի կերպարը երկար ապրումներէ ետք կ’ըսէ՝ «Վերջ։ Յետոյ մէկը գոցեց վարագոյրը»։

Ես ալ սրահին լոյսերը մարեցի ու դուրս ելայ։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x