Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբ. Նոր թատերաշրջան՝ հին յամառութեամբ ու նուիրումով

September 23, 2025

Լիբանան միշտ ալ տագնապի մէջ եղած է, մէյ մը քաղաքական, մէյ մը տնտեսական, մէյ մը ապահովական։ Լիբանանցիի բնաւորութեան ծանօթները միշտ կը շեշտեն, որ լիբանանցին «կեանքը սիրող ժողովուրդ է», որովհետեւ ինչ ալ ըլլան պայմանները, ան միշտ ձեւը կը գտնէ համակերպելու, վերապրելու, քէֆ ընելու, հիւրընկալելու, ստեղծագործելու եւ շարունակելու։ Այս իրողութիւնը չի բացառեր նաեւ լիբանանահայ համայնքը, որ իր գործունէութիւնը կը փորձէ շարունակել։ Լիբանանահայ թատրոնը, սակայն, աւելի ծանր մարտահրաւէր կը դիմագրաւէ, քանի որ որքան ալ ըսուի թէ արուեստը համաշխարհային լեզու է, թատրոնը մանաւանդ կը մնայ տուեալ մշակոյթի մը լեզուն։

1 «Ծերունին եւ լեռը»

Նոր թատերաշրջանը անպայման պէտք էր սկսէր։ Աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք։ Այլընտրանքը անընդունելի էր: Խումբի բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի առաջարկով, այս տարի որոշուեցաւ ներկայացնել հանրածանօթ թատերագիր, արձակագիր, բեմադրիչ եւ դերասան, Վաչէ Ատրունիի «Մարդը Աթլանթիսէն» թատերախաղը՝ 2020-ին հրատարակուած «Ծերունին եւ լեռը»(1) ժողովածուին մէջէն։

Նոյեմբեր 2024-ին, երկրի ծանր պայմաններուն եւ պատերազմի սպառնալիքին տակ, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը ոտքի ելաւ նոր ներկայացումին պատրաստութեան՝ յոյս ունենալով զայն ներկայացնելու 2025-ի մայիսին։ Սակայն պատերազմն ու անոր թողած մթնոլորտը յաղթեցին։ Գործը ձեւ կերպարանք չառած կանգ առաւ՝ ոչ թէ չեղեալ նկատուեցաւ, այլ յետաձգուած, կամ այդ յոյսով։

Նոյեմբեր 2024-ի փորձ

Միայն երկու ամսուան դադարէ ետք, խումբը վերագտաւ իր ոյժը եւ վերսկսան փորձերը՝ որոշելով բեմ բարձրանալ հոկտեմբերին։

Դանդաղ ընթացքով սկսած փորձերը մեծապէս կ’ազդուէին երկրի յուսահատ մթնոլորտէն, սակայն բեմ ելլելու նպատակը կը խանդավառէր բոլորը։

Երբ ներկայացումի թուականը որոշուեցաւ, ժամանակը սկսաւ արագ անցնիլ։ Թէքնիք աշխատանքները պէտք էր շուտով կազմակերպել՝ տեքոր, տարազ, երաժշտութիւն, props, ծանուցում։ Ամենէն դժուարը առաջին քայլն է՝ ծրագրումն ու մեկնարկը։ Ցուցմունքները տուաւ բեմադրիչը, մնացեալը դարձաւ գործնական աշխատանք։

հիւրախաղի նախապատրաստական թէքնիք աշխատանք Սերգէյի եւ Վիտայի հետ 2

Տպաւորուած եւ երախտապարտ մասնակցութեանս(2)՝ մարտին տեղի ունեցած Համազգայինի Սօս Սարգսեանի անուան պետական թատրոնի հիւրախաղերու նախապատրաստական թէքնիք աշխատանքներուն` խանդավառ եւ համարձակութեամբ որոշեցի, վարչականի, բեմադրիչի օգնականի եւ բեմավարի պարտականութիւններուս կողքին, այս ներկայացումին տեքորի պատրաստութեան գործնական աշխատանքի անցնիլ, անշուշտ ոչ առանձին, այլ խումբի երկար տարիներու դերասան, վարչական եւ թատրոնի սիրահար Ժան Պէքէրէճեանին` Ժանոյին(3) հետ:

Տեքորը դասաւորեցինք մեր աշխատանոցէն, անցեալին տարբեր ներկայացումներու ժամանակ գործածուած, արդէն պատրաստ կտորներ(4) բեմի վրայ տեղաւորեցինք եւ կազմեցինք՝ հետեւելով բեմադրիչին թելադրանքներուն։ Կը մնար յարդարելը: Տարազները(5) գտանք մեր հաւաքածոյին մէջէն ու պատշաճեցուցինք խումբի stylist Անի Յովսէփեանի մասնագիտական օգնութեամբ։ Երաժշտութիւնը այս անգամ ընտրեց Խաչիկ-Հրակ Տէմիրճեանը՝ խումբի դերասան եւ միաժամանակ ջութակահար։

տեքորի պատրաստութեան գործնական աշխատանք Ժանոյին հետ 3

Տարիէ տարի խումբին անդամները, հին եւ նոր, իրար աւելի մտերմացան ու աւելի նուիրուած դարձան ու գործին հանդէպ սկսան աւելի պատասխանատու զգալ։ Արհեստավարժ ու մասնագիտացած թատերախումբ չենք, բայց կը գործենք մասնագէտի մօտեցումով։ Արդէն մօտաւորապէս մէկ տարի է, որ թատերախումբը այս գործով կ’ապրի։ Պատկերացուցէք խումբի

տեքորի պատրաստ կտորներ

իւրաքանչիւր անհատի զոհողութիւնը, նուիրումը, համբերութիւնը ու պատասխանատուութիւնը։ Կրնամ ըսել որ աննախադէպ էր այս անգամ տեղի ունեցած խմբային աշխատանքի ոճը:

տարազներու հաւաքածոն 5

Թատրոնը մեծ ծախս պահանջող, իսկ եկամուտով անորոշ գործ է։ Հանդիսատեսը երեք օր միայն պիտի վայելէ զայն՝ հոկտեմբեր 10-11-12, 2025, Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահ, ժամը 8:00-ին։ Խումբը որքան ալ խանդավառ եւ անհամբեր է բեմ բարձրանալու, նոյնքան մտահոգ է՝ արդեօք սրահը պիտի լեցուի՞։ Վերջապէս, նպատակը կը բաժնուի երկու մասի․ մէկ կողմէ երկարատեւ աշխատանքի արդիւնքը հանդիսատեսի դատին յանձնելը, միւս կողմէ իւրաքանչիւր մասնակիցի հոգեկան գոհունակութիւնը։

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի սահմանափակ թիւով ելոյթները յատուկ չեն միայն անոր: Նոյն վիճակին դէմ յանդիման կը գտնուին նաեւ լիբանանահայ բոլոր թատերախումբերը, որոնք երկարատեւ աշխատանքի աւարտին, կը ստիպուին բաւարարուիլ քանի մը ելոյթներով միայն։

Բոլորիս վարձքը կատար։

                                                                                   Փաթիլ Գուլաճեան

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x