Ճամբորդեցի, դիտեցի, հարստացայ
November 28, 2025
Հոկտեմբեր-նոյեմբեր ամիսներուն, ընտանեկան այցելութեամբ Գանատա կը գտնուէի:
Նախապէս տեղեակ ըլլալով երկու թատերական ներկայացումներու մասին՝ մէկը Համազգայինի Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, իսկ միւսը Լիբանանէն հրաւիրուած արաբական խումբի մը կատարումով, նաեւ դարձեալ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ աւանդական «Նուռ ֆիլմի փառատօն»-ին ցուցադրուելիք մէկ ֆիլմին, ուզեցի երեքին ալ ներկայ գտնուիլ։

Առաջին ներկայացումը Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ «Ժորժ Սարգիսեան» թատերախումբին բեմադրած «Գնա՛ մեռիր, եկո՛ւր սիրեմ»(1) գործն էր. հեղինակ՝ Արամաշոտ Պապայեան, բեմադրիչ՝ Սեդա Քէշիշեան։ Խումբին մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն ունենալով, ներկայացման գրքոյկէն իմացայ, որ Սեդա Քէշիշեան նախկին լիբանանահայ է, մասնագիտացած՝ Գանատայի մէջ, եւ իր ասպարէզին մէջ շատ բեղուն աշխատանք տարած է իբրեւ դերասան՝ թատրոններու եւ ֆիլմերու մէջ, ինչպէս նաեւ իբրեւ հեղինակ ու բեմադրիչ։
Ներկայացումի օրը քիչ մը կանուխ հասայ Հայ երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահ։ Համազգայինի Լիբանանի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վերջին ներկայացումի մթնոլորտէն նոր ելած՝ բնազդաբար հետաքրքրուեցայ հանդիսատեսի թիւով եւ տարիքային կազմով։ Շատ չանցաւ, սրահը լեցուեցաւ ընդունելի թիւով, բայց տարիքային առումով նոյն երեւոյթը՝ ինչպէս Լիբանանի. երիտասարդներու թիւը քիչ։ Զարմացայ երբ իմացայ, որ միայն մէկ ներկայացում տեղի պիտի ունենար։ Բացատրուեցաւ, որ Թորոնթոյի մէջ երկար տարիներ հայկական թատրոնի բացակայութենէն ետք էր որ այս ծրագիրը իրականութիւն դարձած էր՝ իբր թատրոնի վերադարձի փորձ։
Երբ ուրիշին դժուարութիւնը կը տեսնես՝ քուկդ կը թեթեւնայ։ Լիբանանի ընդհանուր վիճակը անվերջ դժուար է, բայց այդ չի նշանակեր որ Լիբանանէն դուրս մնացեալ հայկական համայնքներու թատրոններու վիճակը հեշտ է։ Ներկայացումէն վերջ բեմադրիչ Սեդա Քէշիշեան(2) խօսք առնելով յատկանշական պատգամ մը տուաւ, որուն ազդեզութիւնը կը մնայ դրոշմուած մտքիս մէջ՝ «Թատրոնը պէտք է ապրի», այս պարագային՝ Թորոնթոյի հայկական թատրոնը, յատկապէս Համազգայինի «Ժորժ Սարգիսեան» խումբը։ Ան նշեց, որ պիտի շարունակէ ամէն ջանք թափել նոր մասնակիցներու ծանօթացնելու թատրոնի աշխարհը՝ աշխատանոցներով եւ փորձերով։ Խիստ ոգեւորիչ եւ յուսատու էր Քէշիշեանի այս յանձնառութիւնը:
Երկրորդ թատերախաղը, Լիբանանէն հրաւիրուած Սարա Ապտոյի եւ Քարիմ Շըպլիի գրած ու բեմադրած «Ղամմիտ աայն, ֆաթթիհ աայն»(3) (թարգմանաբար՝ «Ակնթարթի մէջ») ներկայացումն էր։ Այս գործը ծնաւ 2021ին՝ Գորոնա համաճարակի օրերուն, սակայն օրին չորս կարճ, տարբեր թեմաներով, իրարու հետ անկապ բեմադրութիւններէն մէկն էր, մօտ քառորդ ժամ տեվողութեամբ: Յստակ կը յիշեմ երբ նախնական տարբերակը տեսայ, եւ այդ չորսէն յատկապէս մէկը խոր ազդեցութիւն ձգեց վրաս։ 2023-ին հեղինակները այդ փոքր գործերը վերածեցին ամբողջական ներկայացումի՝ պահելով նոյն դերասանական կազմը՝ Սինթիա Քարամ (աւելի ծանօթ Սիսի անունով) եւ Ֆուատ Եամմին(4), որոնք Լիբանանի հանրածանօթ ու սիրուած դէմքեր են: Արդէն երկու տարի է, որ ներկայացումը կը շարունակուի Լիբանանի, Տուպայի եւ Գանատայի մէջ։

Լիբանանի մէջ առիթը չունեցայ տեսնելու այս գործը, Թորոնթոյի մէջ զայն դիտելը շատ հաճելի պիտի ըլլար։ Ներկայացումը տեղի ունեցաւ Toronto Pavilionի Conference Room-ին մէջ։ Շնորհիւ դերասաններու ճկունութեան եւ թեքնիք խմբակի լաւ աշխատանքին մանաւանդ ձայնի դասաւորումներուն մէջ, կարելիին չափ յարմարեցաւ եւ գեղեցիկ արդիւնք տուաւ։ Այս բեմադրութեան լոյսերու ձեւաւորումը կը պատկանի նոյնինքն «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի բեմադրչ՝ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի։

Երրորդը՝ Pomegranate Film Festival-ն էր(5) (Համազգային Թորոնթոյի «Նուռ» ֆիլմի փառատօն), սկսած 2006-ին, որուն նպատակն է հայկական արտադրութեամբ, հայկական նիւթ արծարծող կամ ընդհանրապէս հայութեան հետ առնչուող ֆիլմեր ցուցադրել եւ մրցանակաբաշխումներ կատարել։ Փառատօնի ընթացքին կը ցուցադրուին մեծ թիւով ֆիլմեր եւ մօտաւոր մէկ շաբթուան ընթացքին:
Այս փառատօնին առաջին անգամ ներկայ գտնուեցայ 2014-ին եւ բարձր որակով կազմակերպութենէն շատ տպաւորուած՝ այս անգամ առանց վարանելու ներկայ գտնուեցայ։ Սկզբնապէս, մտադրած էի դիտել Հայաստանէն «The Armenian Job»(7) ֆիլմը, ուր դեր ունէր ինծի ծանօթ դերասանուհի Միլենա Ղազարեանը, Երեւանի Համազգայինի «Սօս Սարգսեան»-ի անուան պետական թատրոնէն։ Բայց յարգելի պատճառներով ֆիլմը չեղեալ յայտարարուեցաւ։ Բարեբախտաբար փոխարինողը եղաւ Թամարա Ստեփանեանի «Իմ հայկական ուրուականները» վաւերագրականը, որ սեպտեմբերին արդէն դիտած էի եւ անոր անդրադարձած էի Տարբերակ 21 հարթակով։ Նորէն չդիտեցի, բայց շատ ուրախացայ որ ֆիլմը Գանատա հասած էր։ Քաջալերեցի շրջապատս որ անպայման երթան եւ դիտեն այս ֆիլմը: Ուրախ եմ որ ընդառաջեցին: Յուզուած մնացած էին բոլորը:

Բարեբախտաբար սակայն, վերադարձիս նոյն առաւօտեան ժամը 11-ին «Նոր Տարուան կինօ» մանկական ֆիլմը պիտի ցուցադրուէր։ Եղբօրս ընտանիքին հետ գացինք դիտելու։ Երկու հիմնական պատճառ կար որոնք ուրախ ու գոհ պահեցին զիս առանց վարանելու ֆիլմը դիտելէ․ առաջինը՝ դերասաններէն մէկն էր Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան» թատրոնի ժողովրդական արուեստագէտ, ինծի շատ սիրելի Անահիտ Գոչարեանը (6)՝ մեծ մօր դերով։ Երկրորդը՝ թէեւ ֆիլմը առեւտրական երանգ ունի, բայց անընդհատ կ’արծարծէ հայը հայուն օգնելու ու սիրելու նիւթը: Աւելին՝ շատ հետաքրքրական ու անուղղակի ձեւով կը յիշեցնէ Արցախի կորուստը։ Կրնամ ըսել որ ֆիլմը ոչ միայն յուզեց, այլ հանդիսատեսին «պարտադրեց» արցունք թափել։ Իսկապէս ընտանիքով դիտելու կաղանդի ֆիլմ մըն է։
Մեր առօրեային մէջ հայկական թատրոնը եւ ֆիլմը առօրեայ ներկայութիւն չեն: Ուրախ եմ որ այս ճամբորդութեանս ընթացքին կրցայ ինքզինքս հարստացնել այս մշակութային երեք առիթներով։
Փաթիլ Գուլաճեան