Թամարա Ստեփանեան. Մեծարանք հայաստանեան սինեմային եւ ուրուական դարձած մեծերուն
September 15, 2025
Իւրաքանչիւրս ունի իր հետաքրքրութիւնը, նախասիրութիւնը, որոնց մասին կրնայ ժամերով խօսիլ, զբաղիլ անով, ազատ ժամերը յատկացնել անոր: Իւրաքանչիւրս նաեւ ունի նիւթեր, որոնցմով բնաւ չէ հետաքրքրուած (կամ այդպէս կը կարծէ):
Կտրուկ «ոչ»-ով պէտք չէ մօտենալ, սակայն: Բացատրեմ:

10 սեպտեմբեր 2025-ին, Թամարա Ստեփանեանի «Իմ հայկական ուրուականները» պիտի ցուցադրուէր Լիբանանի Metropolis Cinema-ի մէջ, Doc Screens-Écrans du Réel(1) վաւերագրական ֆիլմերու յատկացուած ձեռնարկի ծիրէն ներս (9 -19 սեպտեմբեր 2025): Ձեռնարկը այս տարի տօնեց իր քսան ամեակը, համախմբեց լիբանանցի, արաբ եւ համաշխարային վաւերագրական ֆիլմեր, որոնց մեծամասնութիւնը առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրուեցաւ Լիբանանի մէջ, ներկայութեամբ ֆիլմերու բեմադրիչներուն: Եւ այսպէս, 10 սեպտեմբեր 2025-ին «Իմ հայկական ուրուականները» ֆիլմի ցուցադրութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Թամարա Ստեփանեանը(2):

Նախորդ յօդուածներէս մէկուն մէջ անդրադարձած էի Թամարա Ստեփանեանին եւ անոր ֆիլմերուն, յատկապէս անոր վերջին երկու նոր ֆիլմերուն՝ «Արտոյի երկիրը» եւ «Իմ հայկական ուրուականները»: Սակայն, Ֆիլմի մը մասին կարդալը, անոր մասին փնտռտուք կատարելը եւ ֆիլմը դիտելը շատ տարբեր բաներ են: Երբեք չէի պատկերացներ, որ, գէթ ինծի համար շատ յստակ, իմ բառերովս տրուած այս բացատրութիւնը «Մանկութենէն քաջածանօթ ըլլալով իր հօր գործերուն, չափահասի աչքերով դիտելէ ետք` ձեւը կը գտնէ ներկայացնելու անոր կեանքը, գործերը եւ վաստակը: Թամարա այս վաւերագրականին մէջ կը յիշէ նաեւ մեծեր՝ Հենրիկ Մալեան, Սերգէյ Փարաճանով, Արտաւազդ Փէլէշեան, որոնք իր հօր նման դարձած են ուրուականներ: Դասական վաւերագրական ֆիլմի համար պատրաստուելիք դասական text-ի փոխարէն Թամարա կ‘որոշէ ինքն իր ձայնը արձանագրել եւ ներկայացնել իբր երկխօսութիւն իր հօր հետ»: Տարբեր իմաստ ու խորք պիտի ստանար երբ մեծ պաստառի վրայ դիտէի ֆիլմը:

Վերադառնալով յօդուածիս մայր գաղափարին՝ կը կարծէի որ հայաստանեան սինեմայով բացարձակապէս հետաքրքրուած չէի: Ի յայտ եկաւ որ այդպէս չէր. պարզապէս դասական ոճով ներկայացնենլ էր որ ինծի համար եղած է միշտ խրտչեցնող: Հետաքրքրութիւնս արթննցաւ երբ այդ դասական ֆիլմերուն իւրաքանչիւրէն հատուածներ ներկայացուեցան «Իմ հայկական ուրուականներ» ֆիլմին մէջ, ուր Թամարայի բառերով եւ ձայնով, հայերէնով լսեցի այդ նոյն ֆիլմերուն քաղաքական խորքը: Ֆիլմի մէկ ժամ քառորդ տեւողութեան ընթացքին, ժամանակագրական կարգով, յստակ բացատրութիւն լսեցի: Ես ինձմէ սկսայ բարկանալ, կ’ուզէի այս բոլորը գիտցած ըլլալ արդէն: Ուշ եմ կամ ոչ, երբ ալ ըլլայ կրնամ սկսիլ:

Ֆիլմի աւարտին, հանդիսատեսին հետ հարց-պատասխանի ընթացքին, Թամարա, բացատրեց որ երկու տարի աշխատած է այս ֆիլմին պատրաստութեան համար, ոչ միայն դիտած է երկու հարիւր ֆիլմ, այլեւ պրպտումներ ըրած եւ կարդացած է նաեւ այդ բոլոր ֆիլմերուն մասին: Այսպէս, ֆիլմին առաջին մասը յատկացուցած էր Հայաստանի սինեմային՝ Համօ Բեկնազարեանի «Նամուս»-էն (1925) մինչեւ Հենրիք Մալեանի «Նահապետ» (1977) ֆիլմը. երկրորդ մասով կը ներկայացնէր իր հօր՝ վաստակաշատ դերասան եւ բեմադրիչ Վիգէն Ստեփանեանի խաղցած ֆիլմերը, ինչպէս նաեւ իր ուսումնական աւարտականի ֆիլմէն բաժիններ, որոնց մէջ նկարահանած է իր հայրը: Հայրենի ֆիլմերու հանդէպ սէրս արթնցաւ ու հետաքրքրութիւնս շարժեցաւ, երբ Թամարա իր ֆիլմին մանաւանդ text-ին միջոցով, դասականը վերացուց ու այժմէական դարձուց իր հօր հետ երկխօսութեան ընթացքին: Հինն ու նորը իրարու միացուց, իր

յիշատակներուն եւ անձնական փորձառութիւններուն միջոցով: Թամարա իր ֆիլմին

վերջին բաժնին մէջ, ամփոփ ու սահուն ոճով արտայատեց իր հօր մահուան սուգը, որ տակաւին կ’ապրի: Շատ զգացական եւ յուզիչ էր, մանաւանդ ֆիլմին երաժշտութեան զուգահեռ, որ կը պատկանի Սինթիա Զաւէնի՝ լիբանանահայ երաժիշտ, դաշնակահար եւ արուեստագէտ, որ նաեւ ներկայ էր ֆիլմին ցուցադրութեան: Այդ բաժնին ընթացքին, շուրջս նստողներուն մեծ մասը գաղտնաբար սրբեց իր աչքերը, ներառեալ ես:
Թամարա այս ֆիլմով մեծարեց Հայաստանեան սինեման, ուրուական դարձած մեծերը, հայկական սինեման եւ սինեման ընդհանրապէս, նաեւ իր հայրն ու սինեման սիրելու անոր ձգած ազդեցութիւնը իր վրայ:
Թամարան իր ֆիլմով հարց կու տար, թէ արդեօ՞ք օր մը ինքն ալ այդ ուրուականներուն մաս պիտի կազմէ:
Կարծեմ պատասխանը յստակ է: