«Դէմ առ դէմ». Հարցազրոյց դաշնակահար եւ յօրինող Սէրուժ Գրաճեանի հետ

Միջազգային համբաւի արժանացած կատարող եւ յօրինող՝ դաշնակահար Սէրուժ Գրաճեան այս հարցազրոյցին մէջ կը պատմէ արուեստագէտի իր կեանքին մասին՝ Լիբանանէն Քանատա եւ եւրոպական մայրաքաղաքներ, նաեւ կ՛անդրադառնայ իր ստեղծագործական գործունէութեան: Գրաճեան յատուկ համերգով մը անցեալ դեկտեմբերին կը գտնուէր Երեւան: Յառաջիկայ 18 մարտին ան բարեսիրական համերգով մը պիտի ներկայանայ լիբանանահայ արուեստասէր հանրութեան: Հարցազրոյցը կը վարէ Վարուժ Թէնպէլեան:

«Դէմ առ դէմ». Հարցազրոյց հրապարակագիր, լրագրող եւ քաղաքագիտութեան դասախօս Վիգէն Չըթրեանի հետ

Հրապարակագիր, լրագրող եւ քաղաքագիտութեան դասախօս Վիգէն Չըթրեան այս հարցազրոյցին մէջ գլխաւորաբար կը խօսի Ռուսիոյ համար Անդրկովկասի ներկայացուցած աշխարհաքաղաքական կարեւորութեան մասին: Զրոյցը կը վարէ Վարուժ Թէնպէլեան: 

«Դէմ առ դէմ». Հարցազրոյց Օքսֆորտ համալսարանի դասախօս, ընկերաբան եւ սփիւռքագէտ դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի հետ

Օքսֆորտ համալսարանի դասախօս, ընկերաբան եւ սփիւռքագէտ դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան կը խօսի Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ, եւ անոնց շարքին՝ հայկական համայնքներու պատմութեան եւ ներկայի մարտահրաւէրներուն մասին: Զրոյցը կը վարէ Վարուժ Թէնպէլեան:

«Դէմ առ դէմ». «Նոր Յառաջ»ի գլխաւոր խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեանի հետ

Հարցազրոյցին մէջ Փարիզի «Նոր Յառաջ» երկօրեայ թերթի գլխաւոր խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեան կ՛անդրադառնայ թերթի հիմնադրութեան պայմաններուն եւ նպատակներուն, հայերէն տպագիր մամուլի այժմէական խնդիրներուն, մամուլ-ընթերցող յարաբերութիւններուն, արեւմտահայերէնի պահպանութեան մէջ մամուլի դերակատարութեան եւ առնչակից շարք մը հարցերու: Զրոյցը կը վարէ Վարուժ Թէնպէլեան:

«Դէմ առ դէմ». Լեզուաբան եւ հայագէտ դոկտ. Անահիտ Տօնապետեանի հետ

Հարցազրոյցին մէջ Փարիզի արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկի (INALCO) հայագիտութեան բաժինի վարիչ դոկտ. Տօնապետեան գլխաւորաբար կը պատմէ այդ բաժինի գործունէութեան մասին ու կ՛անդրադառնայ արդի արեւմտահայերէնի գործածութեան վերաբերող լեզուաբանական շարք մը հարցերու: Զրոյցը կը վարէ Վարուժ Թէնպէլեան: