Վահէ Թէմիզճեան` «Աշխարհի լեզուն» հաղորդաշարի կնքահայրը

Վահէ Թէմիզճեան. «Երաժշտութիւնը բարձր արուեստ է, որ կ’արտայայտէ մեր խորքն ու խիղճը. շատ յաճախ ան կը խօսի մեր մասին եւ կ’արտայայտէ այն ինչ, որ մենք կը բաղձանք կամ որուն բացակայութեան կամ պատճառով՝ կը տառապինք....»:

Փրկութեան լաստ մը ինչքա՞ն կրնայ գոյատեւել

Դժբախտութիւնը կամ դժուարութիւնը այն է, որ միայն նմանօրինակ (մեկուսի) նախաձեռնութիւններ ու օժանդակութիւններ կը կատարուին այսպիսի վատթարացող  ճգնաժամերու ընթացքին: Միթէ այսքանը բաւարա՞ր է. վերջ ի վերջոյ, փրկութեան այս լաստը երկար չի կրնար գոյատեւել, այլապէս փրկութեան լաստ պիտի չկոչուէր. ի՞նչ կ'ըսէք..

Լիբանանահայ դպրոցները բնական վերամուտ պիտի ունենա՞ն այս տարի

Յօդուածին նպատակն է խօսիլ հայ դպրոցի դիմագրաւած տագնապին մասին, նշել անոր տուն տուող պատճառները, ընդգծել իսկական առօրեայ դժուարութիւնները, պիւտճէ հաւասարակշռելու կարելիութիւնը, օժանդակութեան կարիքը, ծնողներու մասնակցութեան պատկերը:

Լիբանանահայութիւնը Ընկերային Ծանր Տագնապներու Դէմ Յանդիման
Հետաքննական Ակնարկ

Ընկերային-տնտեսական եւ դրամական շարունակուող տագնապի պայմաններուն մէջ, պարտականութեան դիրքերուն վրայ կանգնած լիբանանահայ բարեսիրական կազմակերպութիւնները կը դիմագրաւեն աննախընթաց մարտահրաւէրներ, որոնք յաճախ կը թուին ըլլալ անյաղթահարելի: