Darperag21 հարթակի podcast-ի հիւրն է լիբանանհայ տուտուկահար եւ շուտով միջազգայնացման ճամբան բռնող Րաֆֆի Չիլինկիրաեանը: Րաֆֆին իր տուտակահարի վկայականը ստացաւ վերջերս Համազգայինի Բարսեղ Կանաչեան երաժշտանոցէն, ու դարձաւ Լիբանանի մէջ տուտուկի վկայական ստացող առաջին արուեստագէտը: Հետաքրքրական է որ տուտուկի սիրահար Րաֆֆիին բուն մասնագիտութիւնը համակարգչային գիտութիւնն է: Լսենք զինք, նաեւ՝ իր տուտուկին ձայնը:
Կը շնորհաւորեմ:Հրաշալի կը նուագէ. այս կ’ըսեմ հիմնուելով այն փոքրիկ հատուածին վրայ, որ մատուցեց: Արդեօք կարելի չէ՞ր քիչ մը աւելի ունկնդրել զինք՝ հէնց տեսահոլովակէն: Մտածեցէ՛ք այս մասին:
Կարելի է:
Մշակոյթը մեր ամէնէն ուժեղ զէնքն է ու Ռաֆֆին՝ անոր նուիրեալը։
Մեծ յաջողութիւններ կը մաղթեմ։