Մեր podcast-ին հիւրն դոկտ. Ալին Եագուպեան, որ վերջերս մեծ նուաճում արձանագրեց իր ակադեմական ասպարէզին մէջ՝ պաշտպանելով իր խիստ հետաքրքրական եւ աննախընթաց թեզը՝ WORKPLACE BULLYING OR MOBBING: THE CASE OF HEALTH WORKERS IN LEBANON նիւթով: Ալինին հետ կը խօսինք շատ կարեւոր եւ յաճախ դժուար նկատուող թեմայի մը` bullying-ի մասին, իր բազմաթիւ ձեւերով եւ միջավայրերով՝ կեդրոնանանլով նաեւ դպրոցներուն վրայ: Ծանօթ է, որ Bullying-ը ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ անհատներու, մանաւանդ աշակերտներու վրայ:
Երկու անգամ ունկնդրած եմ այս հաղորդումը, որպէսզի կարենամ տեսնել թէ ինչպիսի՞ միջոցներ պէտք է գտնել այս «ընկերային տարածքներ չճանցող հիւանդութիւն»-ը, եթէ ոչ՝ ամբողջութեամբ, գէթ՝ զգաստացման հրաւիրող դաստիարակութեամբ, մասամբ բուժել փորձել- մանաւանդ՝ մեր վարժարաններուն մէջ, ուր ընկերային դասակարգերու զանազանութիւնը իր հետ բերած է նաեւ բարոյական մակարդակի անկում: Կարելի՞ է արդեօք կապի մէջ մտնել տոքթ Ալին Եագուպեանի հետ: Կեանք մ՞ամբողջ ուսուցչական ասպարէզին նուիրուելէ ետք, կարելի չէ այս կարեւոր ախտը բարձի թողի դարձնել, աչք ու ականջ փակել ու անցնիլ: Վնասուող աշակերտներուն թիւը տեղատուութիւն չի կրեր, ուսուցիչները «շատ զբաղած են» լուրջ դասաւանդութեամբ, եւ շատ բան չեն գիտեր ընկերային ճնշումներ կրողներու հիւանդագինի աստիճանին հասածներուն մասին:
Ի միջի այլոց նշեմ, որ կը կարդամ ձեր բոլոր թիւերը անխտիր: Կ’ողջունեմ ձեր ողջմտութեամբ կատարած ընթերցուելիք նիւթերու ընտրութիւնն ու այժմէականութիւնը: Ձեր վարձքը՝ կատա՛ր:
Վարդի Դանիէլեան
Շնորհակալ եմ: Կը խոստանամ այս խիստ կարեւոր նիւթը վերստին արծարծել:
Կարելի է նաեւ ձեր տեսակէտները արտայատել առանձին յօդուածով մը: Կը սպասեմ ձեր գրութիւններուն՝ որեւէ նիւթի մասին: