Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (30)
June 28, 2026
ԻՆՔՆԱՊԱՏԿԵՐԱՑՈՒՄ, գ., Իր անձը՝ գոյութիւնը ընկալելու՝ ըմբռնելու ձեւը, այդ գոյութեան մասին մարդու ունեցած համոզումները //Ինքնզինք պատկերացնելը։ Սերունդներ հոն գտած են իրենց ծանօթ աշխարհահայեացք մը, հոն տեսած են իրենց իսկ ունեցած ինքնապատկերացումին հաստատումը՝ օտարութեան մէջ օտարումին մատնանշումը, կը բացատրէ Նշանեան (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 225)։
ԻՆՔՆԱՊԱՐՏԱԴԻՐ, ած., Ինքն իրեն գործ մը ընելուն պարտադրող՝ մղող // ինքզինք պարտադրող։ Երկչոտ, որոնող հայեացք, ինքնահամոզիչ ուղիղ քալուածք, տեղը չեղող երիտաասարդի մը ինքնապարտադիր, մտամոլոր, հեռուէն հասած այցելու թիւն մըն է իրը (Պարութճեան Նորա, Զէրօ (2016-2021), Երեւան, Լուսակն, 2022, 80 էջ (էջ 43)։
ԻՆՔՆԱՊԵՂՈՒՄ, գ., Պեղելով՝ խուզարկելով անհատի առօրեայ քօղով ծածկուած ինքնութեան վերհանում՝ ճանաչում //Ինքն իր էութեան խորքերը թափանցելը, ինքնաճանաչում, ինքնայայտնաբերում: Նորիկեան գեղանկարեց որպէս ինքնայայտնաբերումի, հաւաքական ինքնաճանաչումի միջոց, ինքնապեղում մը՝ որ կը խորանայ ու կը տարածուի իրեն ամէնէն աւելի ծանօթ հայ ազգին մէջէն դէպի մարդն ու մարդկութիւնը (Բագին, 2010, 1, էջ 83):
ԻՆՔՆԱՑՈԼԱՑՈՒՄ, գ., Ուշադրութիւնը իր անձին վրայ կեդրոնացնելը, հոս՝ դիտելու կարողութիւնը զննելը՝ քննելը, զայն վերլուծելը։ Հո՛ս է լուսանկարչութեան լման յարակարծիքը նաեւ. կը ստիպէ միշտ, կամ գրեթէ միշտ, որ դիտողին նայուածքը դառնայ ինքն իր վրայ, կատարեալ շրջադարձով մը։ Մտածող նայուածք մը կը ստեղծէ, նայուածքին ինքնացոլացումը (Մ.Ն., 2015, էջ 31)։
ԻՆՔՆԱՑՈՒՄ, գ., Այլոց հետ եւ հանգամանքներու մէջ իր դիրքը հասկնալը, ինքզինք գիտակցիլը // Ինքնանալը, ինքնութեան՝ անհատականութեան կայացումը։ Մեր հարկը ուրիշներուն, այսինքն ինչ որ մեր միտքը պարտական է գիրքերու որոնցմէ սնած է, պայմաններու՝ որոնց մէջ աճած կամ պարզապէս ծնած է, այդ հարկը ընդունիլ ու անձնաւորել որեւէ ինքնացման առաջին փուլն է (Գրիգոր Պըլտեան, Սարգիս Խաչենց, ՓՐԻՆԹԻՆՖՈ, ‘Իմացոթիւն գրադարան’, Անտարես, 2017, էջ 16)։
ԻՆՔՆՈՒԹԵՆԱԿԱՆ, ած., Անձի իր իսկ էութեանը՝ իսկութեանը յատուկ, այդ ներքին բնոյթը արտացոլելուն վերաբերող // Ինքնութեանը յատուկ՝ բնորոշ։ ….այս եզրերէն ինրաքանչիւրը կը յղուի քաղաքական ու ինքնութենական տարբեր համածիրներու (Գրիգոր Պըլտեան, Սարգիս Խաչենց, ՓՐԻՆԹԻՆՖՈ, ‘Իմացոթյուն գրադարան’, Անտարես, 2017, էջ 43)։
ԻՇԽԱՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ, գ., Պետութիւն մը կառավարելու՝ կարեւոր որոշումներ ընդունելու համար ընտրուած մարդոց փոփոխութիւն // Իշխանութեան փոփոխութիւն։ Դուն բոլորէն լաւ գիտես, որ եթէ չըլլար 2018-ի դուրսի ուժերու մեծ օժանդակութեամբ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութիւնը, ապա դուն քու ականջիդ ետեւը աւելի շուտ կը տեսնէիր, քան Շուշին ու Հատրութը (Ազդակ, 2 Հոկտեմբեր 2021, էջ 7):
ԻՏԼԻՊԵԱՆ, ած., Սուրիոյ Իտլէպ քաղաքին յատուկ, այդ քաղաքին կամ անոր շուրջը տեղի ունեցող։Իտլիպեան տեղաշարժը սակայն կրնար մտահոգիչ ըլլալ հայկական կողմին համար (Ազդակ, 4 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1):
ԻՐԱՆԱՄԵՐՁ, ած., Իրանի՝ Պարսկաստանի սահմաններուն մօտիկ՝ կից։ Միջանցքի գաղափարի արծարծման հետեւեցան ազրպէյ ճանական զօրքերու իրանամերձ տարածքներու վրայ ռազմափոր ձերը (Ազդակ, 4 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1):
ԻՐԱՐԱՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆ, թեան, գ., Մէկզմէկու հասկնալը, յանուն մէկ նպատակի զիրար լսելը եւ համախմբուիլը //Զիրար՝ միմյ’եանց հասկնալը: 1949-ի առաւօտուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան խորհրդանիշ եւ սիրտ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարէն հնչող Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի ձայնը հայութիւնը կը հրաւիրէր իրարահասկացողութեան (Զարթօնք, Կիրակի, 10.07. 2022)
ԻՐԱՒԱԴՐՈՅԹ, գ., Այս կամ այն բանը ընդունելու կամ մերժելու օրինական անառարկելի հիմք // իրաւական՝ իրաւունքի դրոյթ։ Անվաւեր հռչակուելու բոլոր իրաւադրոյթները կ’ամփոփեն թէ Ալեքսանդրոպոլի, թէ Կարսի եւ թէ զայն նախորդած Մոսկուայի դաշնագիրները (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1):