Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (6)

April 25, 2026

«Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ» (Գիրք Բ) աշխատասիրութիւնը հրատարակուած է 2024-ին՝ Երեւանի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտին կողմէ։

Այս Բ. գիրքը կը յաջորդէ «Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ» Ա․գիրքին, հրատարակուած 2021-ին: Ան կը շարունակէ արեւմտահայերէնի բառապաշարի արդիականացման եւ փաստագրութեան ուղղուած կարեւոր գիտական աշխատանք մը։

Գիրքը պատրաստուած է խմբային աշխատանքով։ Կազմողներու շարքին կը գտնուին Ս. Տիոյեան, Մ. Ֆալակեան, Ա. Ֆիշենկճեան, Յ. Մարաշլեան, Զ. Խպլիկեան եւ Ն. Խաչիբաբեան։ Խմբագիրը՝ Վ. Լ. Կատվալեանն է, իսկ գրախօսը՝ Ա. Ս. Գալստեան։

Աշխատութիւնը տպագրուած է Լեզուի ինստիտուտի գիտական խորհուրդին որոշումով, ինչ որ կը վկայէ անոր ակադեմական արժէքն ու գիտական հաւաստիութիւնը։

Այս գիրքը կ’ընդգրկէ աւելի քան 800 նոր բառեր, որոնք տակաւին չեն արձանագրուած արեւմտահայերէնի գոյութիւն ունեցող բառարաններուն մէջ։

Բառերը քաղուած են բազմազան աղբիւրներէ՝

  • սփիւռքահայ մամուլէն,
  • գեղարուեստական եւ գիտական գրականութենէն,
  • ինքնուրոյն եւ թարգմանական ստեղծագործութիւններէ։

Գիրքին հիմնական նպատակը արեւմտահայերէնի նորաբանութիւնները հաւաքել, դասակարգել եւ բացատրելն է, նպաստելով լեզուի շարունակական զարգացումին եւ փաստագրութեան։

Գիտաշխատողները կը գործածեն համակարգուած մօտեցում մը․

  • իւրաքանչիւր բառ ներկայացուած է իր իմաստաբանական պատկանելիութեամբ,
  • անհրաժեշտ պարագային տրուած են ոճական նշումներ,
  • կը ներկայացուի բառին բացատրութիւնը ըստ գործածութեան համատեքստին,
  • եւ կը բերուին բնագրային օրինակներ եւ սկզբնաղբիւրները։

Այս մեթոտը գիրքը ոչ միայն կը դարձնէ բառացանկ մը, այլեւ գործածական-վերլուծական աղբիւր մը։

Աշխատասիրութիւնը նախատեսուած է լայն շրջանակի համար․

  • լեզուաբաններ եւ մասնագէտներ,
  • ուսուցիչներ եւ ուսանողներ,
  • եւ ընդհանրապէս բոլոր անոնք, որոնք հետաքրքրուած են արեւմտահայերէնի բառապաշարի զարգացումով։

«Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ» (Գիրք Բ) կը ներկայացնէ կարեւոր քայլ մը արեւմտահայերէնի պահպանման եւ արդիականացման ուղղութեամբ։ Ան կը վկայէ, որ լեզուն, հակառակ իր վտանգուած վիճակին, կը շարունակէ ստեղծագործել, ընդլայնիլ եւ արձագանգել ժամանակակից իրականութիւններուն։

Այս հատորը ոչ միայն լեզուագիտական ձեռնարկ մըն է, այլ նաեւ վկայութիւն մը կենդանի լեզուի ընթացքին եւ ստեղծագործ ուժին մասին։

Թիւ 6

ԱՆՊԵՂ, ած., Հողը, հոս՝ նիւթը, որ տակաւին չէ հետազօտուած, չէ քրքրուած՝ ուսումնասիրելու նպատակով //1. Չպեղուած։ 2.  փխբ. Չբացայայտուած, անյայտ։ Իրմէ առաջ՝ Քաֆքա կամ Ռիլքէ նոյն փորձառութեան մասի խօսած էին, անպեղ անջրպետի մը առաջին այցելուներն էին (Մ.Ն., 2015, էջ 25)։

ԱՆՋՐՊԵՏԱՆԱՒ, գ., Զանազան նպատակներով դէպի տիեզերք՝ երկնային տարածութիւն առաքուած մեքենայ, տիեզերանաւ: Երկու պատումներուն միակ հերոսը առանձին է վթարուած եւ կորած անջրպետանաւի մէջ (Ազդակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 3):

ԱՆՍԱԿԱՐԿԵԼԻ, ած., Այն, ինչ որեւէ զիջում՝ ընկրկում՝ սակարկում չի հանդուրժեր, որեւէ այլ արժէքով փոխարինելի չէ //Անառարկելի: Հայութեան միասնականութեան հարցը անսակարկելի անհրաժեշտութիւն է (Ազդակ, 20 Հոկտեմբեր 2021, էջ 7):

ԱՆՍԳԱԼԻ, ած., Ողբալու՝ սգալու՝ վիշտ զգալու կարելիութիւնէն զրկուած //Որ չի կարելի սգալ, ոչ սգալի, անմխիթարելի: Օսմանեան կայսրութենէն դէպի թրքական պետութիւն բիրտ անցման շրջանին, հայերուն պատահածին հիմնական եղելութիւններէն մէկը այն եղած է, որ սպանութիւնները անսգալի (unmournable)  դարձան, ու այսպէսով՝ որեւէ մարդկային փորձառութենէ անդին զետեղուեցան, վերածուելով անսահման բանի մը (Բագ, թիւ 2-3  2021, էջ 148)։

ԱՆՍԼԱՔ, ած., 1. Ժամը ցոյց տուող սլաք՝ նետաձեւ թեւիկ չունեցող: 2. փխբ. անորոշ, անստոյգ // Սլաքներ չունեցող, սլաքները  կորսնցուցած: Երկաթուղիի գիծը իր վերջաւորութեան կը հասնէր հանքային ճամբարի մը մէջ, Բերիաշէնի կայարանէն եւ իր անսլաք ու կոյր ժամացոյցէն հազիւ տասը քիլոմեթր անդին։ (Բագ., թիւ 3,  2020, էջ 17)։

ԱՆՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼԻՈՒԹԻՒՆ, գ., Նորոգուելու, կորսնցուցածը գտնելու, քայքայուածը իր նախկին վիճակին դարձնելու կարելիութիւն չունենալը, հոս՝ կրկին կեանքի կոչելու, վերապրելու անհնարինութիւն // Վերականգնելի չըլլալը, վերականգնելու՝ վերականգնուելու անհնարինութիւն։ Յիշողութիւնը կը պահպանէ դէպքը, որ այդ յիշողութեան իսկ ծնունդ կու տայ, կը ստեղծէ կարօտ ու կոտտանք, թելադրող խլումին ու խզումին անկարելիութիւնը, այսինքն՝ նաեւ անոր անվերականգնելիութիւնը (Բագ,  թիւ 2-3 2021, էջ 32)։

ԱՆՑԱԿԷՏ, գ., Երկիրի սահմանը օրինական ձեւով անցնելու  համար մասնաւոր վայր՝ կայան, որ կը հսկեն զինուրները. ուղեկալ: Անոր համաձայն, դէպի Ռուսիա Իրանի արտածման 80  առ հարիւրը կը կազմեն գիւղատնտեսական եւ պարենային ապրանքները, որոնց մեծ մասը կ’անցնի Ասթարայի անցակէտէն (Ազդակ, 20 Հոկտեմբեր 2021, էջ 8): 

ԱՆՑՈՒՄԱՅԻՆ, ած., Վիճակէ մը մէկ ուրիշ վիճակի անցումը  կարելի դարձնող, այն դիւրացնող միջին վիճակ, որ ուղիղ կապ  չունի ո՛չ նախորդի, ո՛չ յաջորդի հետ // Միջանկեալ: «Միջազգային ընտանիքի պահանջները, որոնց մասին Ֆրանսան քանիցս յիշեցուցած է, առաւելագոյնս յստակ են. …մարդասիրական օգնութենէն օգտուելու կարելիութիւն… մարդու իրաւունքներու, մասնաւորաբար կիներու իրաւունքներու յարգում, ինչպէս նաեւ անցումային կառավարութեան ստեղծում՝ Տոհայի բանակցութիւններու ծիրին մէջ (Ազդակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 1): 

ԱՆՑՈՒՑԱԴՐԱԿԱՆ, ած., Հանրութեան ուշադրութիւնը գրաւելու, զայն հրապուրելու միտում՝ նպատակ չունեցող, համեստ // Ցուցադրելու համար չնախատեսուած, ոչ ցուցադրական։ Հետաքրքութեանս թիրախը իր լուսանկարներու գրքոյկն էր սակայն, ուր ան կը ներկայանար իր արտաքին եւ ներքին անցուցադրական գեղեցկութեան առինքնող ոճով (Պարութճեան Նորա, Զէրօ (2016- 2021), Երեւան, Լուսակն, 2022, 80 էջ (էջ 11) )։

ԱՇԽԱՏԱԿԱԶՄ, գ., Նոյն գործի՝ ձեռնարկի՝ հիմնարկի պաշտօնեաներու ամբողջութիւն //Անձնակազմ: Այս մասին «Հապեր Կլոպալ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի բանբեր Իպրահիմ Քալըն (Ազդակ, 4 Հոկտեմբեր 2021, էջ 8):

 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x