Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (4)
April 19, 2026
ԱՆԻՆՔՆ, ած., Ինքն իր անձը՝ սեփականը չունեցող (հոս. իշխանութիւնը՝ տէրութիւնը կորսնցուցած) // Ինքնութիւնը՝ էութիւնը՝ անհատականութիւնը կորսնցուցած։ Անոր բանտարկումը Անյուշ բերդին մէջ, ինչպէս սպարապետ Վասակի մորթին խոտով լեցնելը կը նշեն գահակալին հիւծումը, պարապ, անինքն գոյութիւնը, օտար հողի վրայ (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 34)։
ԱՆԻՐԱՒԱՑԻՈՒԹԻՒՆ, գ., Անձ մը կամ ազգ մը բնական եւ քաղաքական իրաւունքներէ զրկելը, անիրաւացի՝ անօրինական ըլլալը // Անիրաւացի ըլլալը, անարդարութիւն: Ցաւի ու ցասման ձայնը հնչեցնող Իշխանին հեղինակած երգը չի հանդիսանար լոկ դաշնակցական մարտիկի եւ զինակից ընկերոջ յիշատակի յարգանքի տուրք, այլ կ’ընկալուի՝ իբրեւ պոռթկում, բողոք՝ քաղաքակրթութեան պատմութէան մէջ թոյլ տրուած սարսափելի անիրաւացիութէան դէմ, հաստատում՝ իւրաքանչիւր ազգի ազատ եւ խաղաղ կեանքի իրաւունքին (Ազդակ, 4 Հոկտեմբեր 2021, էջ 6):
ԱՆԽԱՌՆՕՐԷՆ, մկբ., Երեւոյթ մը իր սկզբնական՝ անարատ ձեւով, զերծ օտար ազդեցութիւններէ //Անխառն՝ անարատ ձեւով։ Զուտ, անխառնօրէն գեղջկական կեանք մըն է իրենց վարածը (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 289):
ԱՆԿԱԽԱՆԱԼ, բ., Ուրիշի մը՝ օտարի մը կամքէն ազատիլ, հոս՝ քաղաքական անկախութիւն ձեռք ձգել, ինքնավար ըլլալ //Ազատութիւն, ինքնավարութիւն ձեռք բերելը: Ո՞վ պիտի մտածէր, որ տարիներ ետք Արցախը կ’անկախանար Ազրպէյճանէն, ես կը դառնայի նախարար եւ կը հանդիպէի Մեծ վարպետին հետ (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 4):
ԱՆԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ, գ., Կարգէ՝ կարգուկանոնէ՝ որոշակի տրամաբանութեամբ դասաւորութենէ զուրկ ըլլալու դրութիւն // Կարգաւորութիւն չունենալը, կարգաւորուած չըլլալը։ Առաջինին պարագային՝ հոս գործ չունիս, բայց կ’աշխատիս, այսինքն կը ծառայես քեզի պէսերուն համար կարգուած օրէնքին, կը ստրկանաս անոր եւ անկարգաւորութեան չարիքով կը թունաւորես մթնոլորտը (Պարութճեան Նորա, Զէրօ (2016-2021), Երեւան, Լուսակն, 2022, 80 էջ (էջ 33) )։
ԱՆԿՈՒՄԱՅԻՆ, ած., Ձեռք ձգուած յաղթութիւն մը (հոս՝ ազատութիւնը, երկիրը) կորսնցնելու ճամբուն մէջ եղող, կործանարար, աղիտաւոր, կորստաբեր //Դէպի անկում տանող, անհեռանկար, անյոյս: Հոս ալ, փաստօրէն, կորուսեալ հողերուն վերատիրանալու եւ անկումային ընթացքէն օր առաջ վերականգնելու ճիգերը, կոչերը իրենց դիմաց կը շարուակեն գտնել մաշած յանկերգներ, որոնք այլապէս չեն նպաստեր հայկական ներուժին միաւորման, բռունցքին վերապրկումին (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 5):
ԱՆՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂ, ած., Անձնապէս կամ պետականօրէն օտարի մը (հոս՝ այլազգիի)՝ անընդունելի կարծիքի մը գոյութիւնը բարեմտօրէն չընդունող //Չթոյլատրող, չհամակերպուող: Ընդհակառակն, Ազրպէյճան շատ անհանդուրժող ու բռնապետական երկիր է: Անոր պատմութիւնը լեցուն է բազմաթիւ հայերու կոտորածներով (Ազդակ, 2 Հոկտեմբեր 2021, էջ 3):
ԱՆՀԱՏԱԿԵԴՐՈՆՈՒԹԻՒՆ, ած., Անձնական շահը գերադասելը, անորոշումներու մեկնակէտ դարձնելը, անձնակեդրոնութիւն //Ծայրայեղ եսակեդրոնութիւն՝ էկոիզմ։ Սփիւռքը, թէեւ իր տեւականութեան հանդէպ կասկածոտ կեցուածքով, սակայն դեռ գիտէր կամ գոնէ կը ձեւացնէր թէ տե՛ղ մը կ’երթար. տակաւին ունէր կեդրոններ, լեզուէն չհրաժարած կազմակերպութիւններ, մտքի ու մշակոյթի նուիրեալներ՝ ի տարբերութիւն ներկայ համայնակուլ անհատակեդրոնութեան, ազգայինի պատրուակով նիւթականով շլմորող ղեկավարներու բազմացումին, այլեւայլ առատ տրտունջներու, ինչպէս նաեւ հեռանկարներու յոգնաթշուառ աղօտութեան։ (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 54)։
ԱՆՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ, ած., Նոր եւ բաղձալի սպասելիք՝ կարելիութիւն չներշնչող, նման ակնկալիքի յոյս չտուող //Անհեռանկար, առանց ակնկալիքի: Քաղաքականագէտ Հրանտ Մելիք-Շահ նազարեան, անդրադառնալով ամէն գնով խաղաղութեան հասնելու առնչութէամբ Հայաստանի իշխանութիւններուն կատարած քայլերուն, կը մատնանշէ, որ անոնք անհեռանկարային ու վտանգաւոր են Հայաստանի համար (Ազդակ, 16 Հոկտեմբեր 2021, էջ 3):
ԱՆՁԿԱԳԻՆՕՐԷՆ, մկբ., Անձկալիօրէն, կարօտագին //Անձկագին ձեւով, չափազանց կարօտով։ー ՜Է, եւ ա՛յդ պատճառով է որ, Եւային նման, իրենք ալ այնքա՛ն անձկագինօրէն կը ջանան դուրս ելլել անկէ,ㄧըսաւ Լորտ Հենրին (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 57):