Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (5)
April 21, 2026
ԱՆՁՆԱԳՐԱՒՈՐԻԼ, բ., Երկիրի մը մշակութային ձեռբերումներուն պետական վաւերականութիւն (անձնագիր) տալ, զանոնք օրէնքով ճանչնալ՝ պաշտպանել՝ խնամել //Այստեղ՝ փաստել, վաւերացնել: Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը արձանագրուած է: Հայկական կողմը այդ ամէնը ունի տեսերիզներու, լուսանկարներու տարբերակով: «Մեր բոլոր յուշարձանները անձնագրաւորուած ունինք: Եւ մենք պիտի պայքարինք», վստահեցուց նախարարը (Ազդակ, 20 Հոկտեմբեր 2021, էջ 6):
ԱՆՁՆԱԿԵԴՐՈՆ, ած., Անձնական շահագրգռութիւնները եւ նախասիրութիւնները գերադասող, անոնք գործունէութեան մեկնակէտ սեպող, անհատակեդրոն //Եսակեդրոն: Մեր հաւաքական եւ համայն հայութեան մասնակցութեամբ կոչուած ենք վերակերտելու այնպիսի Հայաստան մը, ուր պետութեան շահերը դառնան գերիվեր ներքաղաքական հակադրութիւններէն ու անձնակեդրոն նպատակներէն (Ասպարէզ, 5 Յունիս 2021, էջ 24):
ԱՆՄԵԿՆԱԲԱՆԵԼԻ, ած., Այն ինչ կարելի չէ բացատրել՝ մեկնել, անբացատրելի, անհասկնալի, մութ // Անբացատրելի, չմեկնաբանուող: Երկխօսութեան այլապէս ողջունելի, սակայն տուեալ պայմաններուն մէջ անմեկնաբանելի տրամադրութիւնը տարածուեցաւ ու ընդհանրացաւ, երբ ՀՀ վարչապետը ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 76-րդ նստաշրջանին ուղղուած իր առցանց ելոյթին ճամբով արտայայտուեցաւ իրականութիւնները անտեսող բարի նպատակներու մասին (Ազդակ, 4 Հոկտեմբեր 2021, էջ 4):
ԱՆՄԻԱՒՈՐՈՒՄ, գ., Երկու կամ աւելի համաչափ, բայց ներհակ իրողութիւններու քով քովի գոյութիւնը, անոնց չմիահիւսուիլը, աններդաշնակութիւն //Անմիաւորուիլը, չմիաւորուիլը, բաժան մնալը։ Երկու լեզուի, ուստի բազմաթիւ լեզուներու միջեւ ապրող – եւ հայրենականը՞ կամ համայնքայինը դիտող դուրսէն, նոյն ատեն զայն նոր իրականութէան յարմարցնելու, զօդելու միտող, այդ տեսակ մը ինքն իրեն հետ անմիաւորման դիրքին մէջ որ իրն է, աքսորական միտքը լեզուախօսական միջոցը կ’ապրի տեւական լարումի մէջ (Գրիգոր Պըլտեան, Սարգիս Խաչենց, ՓՐԻՆԹԻՆՖՈ, ‘Իմացոթիւն գրադարան’, Անտարես, 2017, էջ 18)։
ԱՆՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, գ., Սկսած որեւէ բանի շարունակութիւնը կամ նոր բանի մը սկիզբը չըլլալը, տեւականութիւն չունենալը, ընդհատում // Շարունակութիւն չունենալը, անշարունակական ըլլալը։ Իր «Ին՞չ է ժամանակակիցը» յօդուածին մէջ Զ. Ագամբէն դիտել կու տայ. «ԱՆ որ կրնայ ըսել «իմ ժամանակս» զայն կը բաժնէ, բեկում մը եւ անշարունակակութիւն մը կ’արձանագրէ իր մէջ», որով նաեւ ժամանակներուն միջեւ կարող է հաստատել նոր յարաբերութիւններ (Գրիգոր Պըլտեան, Սարգիս Խաչենց, ՓՐԻՆԹԻՆՖՈ, ‘Իմացոթիւն գրադարան’, Անտարես, 2017, էջ 7)։
ԱՆՇՐՋԱՆՑԵԼԻ, ած., Այն, ինչ հնարաւոր չէ անտեսել՝ շրջանցել // Անխուսափելի: Արտասահմանեան կազմակերպական շրջանները բնականաբար ունին տեղական գործեր, որոնք գաղութներուն համար կարեւոր են ու անշրջանցելի (Ազդակ, 16 Հոկտեմբեր 2021, էջ 3):
ԱՆՇՐՋԱՆՑԵԼԻՕՐԷՆ, մկբ., Բացառապէս, անժխտելիօրէն, անուրանալիօրէն // Անշրջանցելի ձեւով, անժխտելիօրէն։ Յոյժ օգտակար պիտի ըլլար այս թարգմանութէան վրայ ուշադրութիւն դարձնելը, հասկնալու համար Նշանեանի թարգմանական որոշումները, ինչպէս նաեւ զանոնք մանրակրկիտ կերպով նկատի ունենալու այն թարգմանութիւններուն եւ քննարկումներուն պարագային, զորս երկու հայերէնները անշրջանցելիօրէն կը պարտին Ֆուկոյի աշխատութիւններուն (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 88)։
ԱՆՇՐՋԱՐԿ, ած., Առարկան՝ առանց իր բնական միջավայրին կամ պատմական հանգամանքներուն //Առարկան ինքնին: Անշրջարկ, անշրջանակ, անաշխարհ, անմարդաբնակ լուսանկարներ են ուրեմն, թատերական կազմակերպութիւն մը, խորութիւնը ջնջելու, երրորդ տարածութիւնը (երրորդ չափումը) մոռնալու միտումնաւոր ձգտումը, նկարին եւ առարկային մակերեսները իրարու հաւասարեցնող աշխատանք մը (Մ.Ն., 2015, էջ 36)։
ԱՆՈՐՈՇԱԴՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆ, գ., Իրողութիւն, որուն բնութիւնը կամ ծիրը ստուգապէս կարելի չէ որոշել, անհասանելիութիւն, առարկայական՝ ճշգրիտ բնորոշում չունենալը //Անորոշ դրուածքը, անորոշութիւն: Նոյնիսկ երբ վկայութիւններու ամբողջութիւնը դարձեալ եւ միշտ ճշմարիտը կ’ըսէ, կը տեսնուի որ դեռ տեղ մը կայ հարցադրութեան համար, քանի որ տեղ մը կայ մեկնաբանութեան համար: Քանի կարելի են բոլոր մեկնաբանութիւնները… Անորոշելիութէան եւ անորոշադրելիութեան պարագայի մը առջեւ ենք։ Չենք կրնար գիտնալ, թէ ցեղասպանութեան մը կը վերաբերի՞, թէ՞ ոչ…(Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 177)։