Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (14)
May 15, 2026
ԲԱԺԱՆՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ, գ., Իրարմէ բաժնուած՝ զատուած ըլլալը, անմիաբանութիւն, երկպառակութիւն: Անկախ երկու պատմական օրերուն դրսեւո րուած «բազմաձայնութէնէն», որ խորքին մէջ արտացոլացումն է երկրին մէջ վերջին տարիներուն շեշտուած բաժանուածութեան եւ իրողական խզումներու խորացման, նման վիճակ ստեղծուած է նաեւ քաղաքական կեանքին մէջ, աւելի՜ վտանգաւոր, քան՝ երեւու թականները (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 5):
ԲԱՆԱԿԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆ, գ., Պետութեան մը զօրքը զարգացնելու, զօրացնելու, կատարելագործելու աշխատանք //Որեւէ պետութեան պաշտպանութեան բանակ ստեղծելը, զայն զարգացնելն ու հզօրացնելը: Մուհսին Տերէ ընդգծած է բանակաշինութեան ոլորտին մէջ տարուող աշխատանքներուն կարեւորութիւնը՝ իբրեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու անբաժանելի մաս, եւ նշած Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան ռազմավարական եւ աշխարհագրական կարեւորութիւնը (Ազդակ, 4 Հոկտեմբեր 2021, էջ 8):
ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ, ած., Համաձայնութեան գալու միտումով բանակցելու ընթացքին վերաբերող, անոր յատուկ //Համաձայնութեան միտումով հանդիպումներուն՝ երկխօսութիւններուն յատուկ՝ բնորոշ: Շարունակելով ներկայացնել անկախութեան ճանապարհով Արցախի անցած 30-ամեայ ուղին՝ պատմաբան Էդիկ Մինասեանի յօդուածի հրապարակուող 2-րդ մասին մէջ մանրամասնօրէն կը ներկայացուի արցախեան բանակցային ողջ գործընթացը… (Ազդակ, 16 Հոկտեմբեր 2021, էջ 3):
ԲԱՌԱԶԱՐԴ, ած., բնստ., Բառերով պճնուած՝ վայելուչ ու պատշաճ դարձած //Բառերով զարդարուած՝ զարդարուն։ …Փայլփլող կացիններու հեշտանքին/ բառազարդ բնազդին արդուկուած բերանէն/ կ’արտաքսուի մոլուցքն ազատօրէն… (Պարութճեան Նորա, Զէրօ (2016-2021), Երեւան, Լուսակն, 2022, 80 էջ (էջ 70)։
ԲԱՌԱՐՈՒԵՍՏ, գ., Գեղեցիկ՝ բանաստեղծական բառերով ստեղծուած արուեստ //Բանաստեղծական՝ ստեղծագործելու արուեստ: Պոլիս. երբ 1880-էն ի վեր վենետիկեան դասականութիւնը բառարուեստի թռիչքներուն սանձ կը դնէր, երբ լուսնասէր ու քնաբեր մեղեդիներ մեր մամուլը կ՚օրօրէին՝ ի՞նչ պատահեցաւ, ի՛նչ ոյժի պոռթկում էր յանկարծ դարասկիզբին՝ երբ բազմուղի ձայնարձակութիւն մը սկսաւ, աստուածներու վերածննդեան, անցեալի յարութեան, հերոսներու ոգեկոչման (Վեհանոյշ Թէքեան, Իբրեւ Որդի եւ Նախահայր):
ԲԱՌԵԶՐ, գ., Գիտական ասպարէզի մը երեւոյթները ճշգրտօրէն բնութագրող մենիմաստ բառ: «Չեղարկել»-ը հարցի էութեան համապատասխան բառեզր չէ (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1):
ԲԱՐԻԶՑԻ, ի, գ., Փարիզ քաղաքը ծնած կամ հոն բնակող //Փարիզի բնակիչ, փարիզցի։ Գիրքին հերոսը, բարիզցի այդ սքանչելի երիտասարդը […] դարձաւ իր համար տեսակ մը նախատիպը իր անձին (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 207)
ԲԱՐՈՅԱՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ, ած., Բարոյական վարքուբարքի՝ արժէքներու եւ հոգեկան առողջութեան ու կայունութեան վերաբերող, անոնց յատուկ // Բարոյկանաութեան եւ հոգեբանութեան յատուկ՝ վերաբերող: Քննարկուեցան երկրի ապահովութեան, շրջանային մարտահրաւէրներուն դիմակայելու, երկրին մէջ առկայ–լարուած բարոյահոգեբանական մթնոլորտը կարգաւորելու, սփիւռքի ներուժը արդիւնաւէտօրէն օգտագործելուն առնչուող հարցեր (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 2):
ԲԱՐՈՅԱՊԱՇՏ, ած., Բարոյական արժէքները ամէն բանէ վեր դասող, մոլի բարոյասէր //Բարոյական արժէքները գերադասող: Այդ քրիստոնէական եւ բարոյապաշտ իմաստաւորումները կը հիմնուէին (եւ կը հիմնուին մինչեւ այսօր) Դէմքի, ալքի եւ Մոմիայի եռեակ գործառութեան վրայ, ձեւով մը՝ կը շահագործէին զայն (Մ.Ն., 2015, էջ 59)։
ԲԱՑԱՌՈՂԱԿԱՆ, ած., Մերժողական, ժխտողական, իրեն չնմանողը անգիտացող // Բացառող, բացառություն անող։ Բոլոր միւսներու ցաւերուն հանդէպ բացառողական (exclusionary) կե ցուածքը յաջողեր է իմաստազերծել Նշանեան՝ իր ու մեր աղէտին շուրջ կապելով նոր իմաստաւորում (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 57)։
ԲԱՑԱՏՐՈՂԱԿԱՆ, ած., Մեկնողական, խրթին հասկացու թեան մը էութիւնը վերծանող՝ լուսաբանող //Մեկնողական, պարզաբանման: Գործօնութեամբ (relevance) կը հասկնամ տեսական գիտութեանց իրողական-գործադրական կարողականութիւնը, իբրեւ բացատրողական գործիք՝ բոլոր պարագաներու հասկացողու թեան եւ լուծումին համար (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 5):