Սերունդներ ներշնչող անմահ Զիատ Ռահպանին

August 2, 2025
1 Ֆէյրուզ, Ասի Ռահպանի եւ Զիատ 1

Զիատ Ռահպանի (1956-2025)՝ Ռահպանի ընտանիքի երկրորդ սերունդի առաջին զաւակն է, որ ծնաւ Լիբանան, ապրեցաւ Լիբանանի մէջ ու Լիբանանի համար եւ մահացաւ Լիբանան: Հռչակաւոր երաժիշտ Ասի Ռահպանիի եւ տիվա Ֆէյրուզի առաջին զաւակը (1)՝ մեծ պատասխանատուութիւն ունէր ուսերուն. կանուխ տարիքէն ալ յայտնաբերած է իր իւրայատուկ տաղանդը, կը տարբերէր Ռահպանի ընտանիքի մնացեալ արուեստագէտներէն իբր երաժիշտ (յատկապէս դաշնակահար), երգահան, երգիծաբան, թատերագիր, դերասան եւ… քաղաքական մեկնաբան:

2 «Սահրիյյէ» 

Պիտի կեդրոնանամ Զիատի թատերական արուեստին վրայ. կանուխ տարիքէն կը սկսի գրել ու կազմակերպել ներկայացումներ: Առաջինը 1973-ին «Սահրիյյէ»(2) անունով, 1973`այսինքն երբ ան 17 տարեկան էր: Յաջորդ տարին «Նազլ ըլ սուրուր»(3): Այս երկուքը երաժշտական ներկայացումներ են: Եւ այսպէս շարունակական ձեւով Զիատ միշտ թատրոններ կը ներկայացնէ՝ ազդուած Լիբանանի քաղաքական եւ ընկերային վիճակէն: 1978-ին «Պըննըսպէ

3 «Նազլ ըլ սուրուր» 

լա պուքրա շու», 1980-ին «Ֆիլմ ամերիքի թաուիլ»(4), 1983-ին «Շի ֆէշիլ»(4), 1993-ին «Պի խսուս ըլ քարամէ ուըլ շաապ ըլ անիտ», 1994-ին «Լաուլա ֆասհիդ ամալ» (4):

Զիատ Ռահպանիի ներկայացումներուն միջեւ եղած երկու-երեք տարուան դադարները թատերական դադար չէր նշանակեր։ Ընդհակառակը՝ անոնցմէ իւրաքանչիւրը այդքան յաջող եւ պահանջուած էր, որ երկար ժամանակ կը շարունակէր մնալ բեմի վրայ։

«Լաուլա ֆասհիդ ամալ»,
«Շի ֆէշիլ» եւ «Ֆիլմ ամերիքի թաուիլ»ի cassette-ներ 

Թունդ ձախակողմեան գաղափարակիր, Լիբանանի համայնավար կուսակցութեան անդամ, Զիատ իր ներկայացումները՝ իբրեւ մարտահրաւէրը ու զէնք, զանոնք դարձուց լիբանանեան քաղաքական ուժերու դէմ: Ան անդրադարձաւ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին, քաղաքական եւ ընկերային փտածութեան (corruption), աղանդաւորական շարժումներու վտանգին, կրթական ապականած ոլորտին, ինչպէս նաեւ` քաղաքացիի առօրեայ իրաւունքներուն. այս բոլորը՝ Զիատեան յատուկ ոճով մը որ դարձաւ երեւոյթ՝ եօթանասունական թուականներէն մինչեւ օրս, ներշնչելով յաջորդական սերունդները, այսպիսով վտանգ հանդիսանալով քաղաքական տարբեր խաւի ղեկավարներու: Ան դարձաւ ըմբոստութեան խորհրդանիշ: Իր գործերէն խօսքեր կամ գաղափարներ տակաւին մինչեւ օրս անպայման կը մէջբերուին առօրեայ զրոյցներու ընթացքին:

4 «Պըննըսպէ լա պուքրա շու» 

«Պըննըսպէ լա պուքրա շու»-ի(4) մէջ Զիատ կը կեդրոնանայ Լիբանանի ընկերային իրադարձութիւններու վրայ ու կ’անդրադառնայ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին քաղաքացիներուն անորոշ եւ հիասթափ վիճակին: Այս ներկայացումին մէջ յաճախ կը կրկնուի՝ «այս ի՞նչ երկիր է, աշխատիլ ուզողը անգործ կը մնայ, իսկ աշխատիլ չուզողը գործի կ’ընդունուի» խօսքը, քննադատելու Լիբանանի աշխատանքային անհեթեթ եւ անհասկնալի մակարդակը` իրողութիւն մը, որ մինչեւ օրս առկայ է, անձնական կապերու, ծանօթութիւններու միջոցով (ինչպէս պիտի ըսէին “ուասթայով”) գործի կ’ընդունուին, առանց նկատի առնելու թէ արժանի են կամ կարող են այդ պաշտօնը վարելու:

Նոյն ներկայացումին մէջ, երկրորդ շատ այժմէական խօսք մըն է «[Լիբանանցին] ժողովուրդ մըն է որ միայն պայթումի ձայնէն կ’արթննայ», ակնարկելով այն երեւոյթին, որ ոչ մէկ նախազգուշացում եւ ոչ իսկ փտածութիւնը նկատի կ’առնէ եւ միայն կը սթափի, երբ աղէտը պատահի. Զիատ այս խօսքով նաեւ կ’ակնարկէ այն իրողութեանը, որ նոյնիսկ աղէտի պարագային, Լիբանանցին ոչ մէկ նախաձեռնութիւն կ’առնէ ըմբոստանալու կամ վիճակը փոխելու:

«Ֆիլմ ամերիքի թաուիլ»էն տեսարան

Իսկ խօսք մը որուն ակնարկութիւնը Լիբանանի վերջին հինգ տարիներուն շատ կրկնեցինք՝ բառացի թարգմանելով՝ «եղբայր, արժանապատուութիւնը չուտուիր», բայց իսկական իմաստով՝ «եղբայր, արժանապատուութիւնը փոր չի կշտացներ» այսնիքն միայն սկզբունքով կարելի չէ գոյատեւել: Երբ ապրուստ ճարելը շատ դժուար է, անգործութիւնը գագաթնակէտին է, մարդիկ իրենց տունն ու տեղը կորսնցուցած են, քաղաքական ղեկավարներ կարգախօսերով իրենց հետեւորդներէն կը խնդրեն տոկալ յանուն հայրենասիրութեան եւ պատիւի: «Պըննըսպէ լա պուքրա շու»-ն 1978-ի ներկայացում է՝ եւ ահաւասիկ 47 տարի վերջ ոչինչ փոխուած է Լիբանանի մէջ. տեղքայլ եթէ ոչ աւելի վատ:

5 Զիատ Ռահպանի 

Զիատ Ռահպանի(5) ինքնին դպրոց մըն է, իր գործերն ու բարձրացուցած աղմուկը իւրաքանչիւր տան մէջ է եւ մշտապէս կը կրկնուին:

Ոչ այնքան իր Ռահպանի անունով, որքան իր արժանաւոր գործերով, Զիատ Ռահպանի ձեռք ձգեց մեծ համբաւ, բացարձակապէս խուսափելով դիտմամբ լուսարձակի տակ մնալէն: Նոյն ձեւով ալ հեռացաւ կեանքէն՝ անաղմուկ, անլուսարձակ, անակնկալի բերելով շատերը եւ յատկապէս իր երկրպագուները, որոնց համար ան պիտի մնար անմահ:

Փաթիլ Գուլաճեան

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x