Չինաստան կը փորձէ լուծել ռոպոթաշինութեան ամենէն դժուար խնդիրը՝ մարդկային ձեռքերու ստեղծումը

July 9, 2026

Հետագայ յօդուածը լոյս տեսած է 6 յուլիս 2026-ին, անգլիական «The Guardian» թերթին մէջ: Զայն կու տանք թարգմանաբար (բնագիրը՝ այս կապով):

Մարդու ձեռքը՝ ճկուն, ջիղերու բարդ համակարգով օժտուած եւ մարդկային կմախքին ամենէն շարժուն մասը, արտակարգ բարդ կառուցուածք մը ունի։ Շատ մը գործողութիւններ, որոնք մարդոց մեծամասնութիւնը գրեթէ առանց մտածելու կը կատարէ՝ օրինակ կօշիկ կապելը կամ շապիկի կոճակները կոճկելը, իրականութեան մէջ կը պահանջեն նեարդաբանական բարդ հրահանգներու ամբողջ շարք մը եւ բացառիկ ճշգրտութեամբ շարժումներու համադրութիւն։ Մարդկութեան հազարաւոր տարիներու պատմութեան ընթացքին ոչ մէկ մեքենայ յաջողած է իսկապէս կրկնօրինակել մարդուն այս ամենէն հզօր գործիքը։

Սակայն այսօր, երբ արուեստական իմացականութիւնը (AI-ԱԻ) արագ զարգացում կ’արձանագրէ, շարք մը ընկերութիւններ կը հաւատան, թէ մօտ են մեքենաշինութեան այս վերջին, բայց ամենէն դժուար արգելքը յաղթահարելու։ Անոնց մեծ մասը Չինաստանի մէջ կը գտնուի։

Չինական սթարթափներու ամբողջ սերունդ մը կ’օգտուի երկրի արտադրական հզօր ներուժէն եւ այն խանդավառութենէն, զոր կառավարութիւնը կը կոչէ «մարմնանացած արուեստական իմացականութիւն» (embodied AI)՝ ստեղծելու համար լիարժէք ճարտար շարժունակութիւն ունեցող արուեստական ձեռքեր, որոնք անհրաժեշտ են մարդամեքենաները պարային ցուցադրութիւններէ փոխադրելու իսկապէս օգտակար ծառայութիւններու աշխարհ։

2025-ի չինական ամանորի կամ Լուսնային նոր տարուան առիթով հեռարձակուած գարնան տօնակատարութեան ժամանակ, երբ Unitree ընկերութեան մարդամեքենաները բեմ բարձրացան եւ պարեցին, ամբողջ Չինաստանը կարծես հմայուեցաւ անոնցմով։

Արհեստագէտներու եւ քաղաքական մարոց կարծիքով, մեքենաշինութիւնը այն բանալին է, որ պիտի օգնէ Չինաստանի՝ դիմագրաւելու բնակչութեան ծերացման եւ աշխատուժի նուազման տնտեսական հետեւանքները։ Ռոպոթաշինական ընկերութիւններու ծանուցողական նիւթերուն մէջ, ընդհանրապէս անոնց արտադրանքները կը ներկայացուին որպէս մարդոց փոխարէն բազմաթիւ առօրեայ աշխատանքներ կատարողներ՝ լուացքը ծալել, ճաշ պատրաստել, մազ կտրել եւ այլն։

Պեյճինկ տարիներ շարունակ շեշտած է «մարմնանացած արուեստական իմացականութեան» կարեւորութիւնը երկրին զարգացման ռազմավարութեան մէջ։ Մայիսին Չինաստանի համայնավար կուսակցութեան «Ցիուշի» (Qiushi) հանդէսը հրապարակեց զեկոյց մը, ուր կը նշուէր, թէ մարմնանացած իմացականութեամբ օժտուած մեքենաները այն ոլորտներէն են, որոնք «թրիլիոնաւոր եուան արժողութեամբ նոր շուկաներ կը բանան»։

Թէեւ Չինաստան աշխարհի մէջ ամենէն արագ կշռոյթով մեքենաներ կը տեղադրէ իր գործարաններուն մէջ, եւ տարեկան տեղադրուող բոլոր գործարանային մեքենաներուն աւելի քան կէսը կը գործէ Չինաստանի մէջ, մարդառոպոթներու գործնական կիրառութիւնը տակաւին սահմանափակ կը մնայ։ Ինչպէս Ռոպոթաշինութեան Միջազգային Դաշնակցութիւնը անցեալ Սեպտեմբերին հրապարակած իր զեկոյցին մէջ կ’եզրակացնէր, «իսկական բազմագործառոյթ մարդառոպոթներու տակաւին հեռաւոր ապագայի հարց են»։

Պատճառը պարզ է. այն աշխատանքները, որոնք մարդառոպոթները իսկապէս օգտակար պիտի դարձնեն առօրեային մէջ, մարդկայինի նման ձեռքեր կը պահանջեն։ Իսկ այդպիսի ձեռքեր պատրաստելը չափազանց դժուար է։ Անցեալ տարի, Իլոն Մասք, որուն Tesla ընկերութիւնը կը մշակէ Optimus մարդառոպոթները, յայտարարեց, թէ ամբողջ մեքենային ճարտարագիտական բարդութեան հիմնական մասը ձեռքերու ստեղծումն է։

«Հարիւր անգամ աւելի դժուար»

Պեյճինկի մէջ գործող LinkerBot ընկերութեան հիմնադիր Չժօու Եոնկ (Zhou Yong), որ Չինաստանի արուեստական ճարտար ձեռքեր արտադրող գլխաւոր ընկերութիւններէն մէկուն ղեկավարն է, իր գրասենեակին մէջ՝ բազմաթիւ տարբեր չափերու ու կշիռքի արուեստական շարժուն ձեռքերու շրջապատին մէջ, կը բացատրէ այս մարտահրաւէրը. «Արուեստական ձեռք մը պատրաստելը հարիւր անգամ աւելի դժուար է, քան մարդանման մեքենայ մը»,– կ’ըսէ ան։ «Ձեռքին ճկունութիւնը մարմնի միւս բոլոր մասերէն տասն անգամ աւելի է, բայց անոր ծաւալը միայն մէկ տասնորդն է»։

Ինչպէս չինացի շատ մը ձեռնարկատէրեր, Չժօուն ալ ներշնչուած է արհեստագիտական մարզի ամերիկացի մեծանուն գործիչներէն։ Հուաճոնկի Գիտութեան եւ արհեստագիտութեան համալսարանէն շրջանաւարտ ըլլալով՝ ան կը հետաքրքրուի թէ՛ բջիջային յաւելուածներով, թէ՛ ռոպոթաշինութեամբ։ Սակայն, անսալով Սթիւ Ճոպզի նշանաւոր խօսինը՝ «Նորարարութիւնը հազար բանէ հրաժարիլ գիտնալն է», կ’որոշէ կեդրոնանալ միայն ձեռքերու վրայ, եւ 2023-ին կը հիմնէ LinkerBot-ը։

Այսօր ընկերութիւնը ամիսը շուրջ 5.000 արուեստական ձեռք կը պատրաստէ եւ կը ծրագրէ կրկնապատկել այդ թիւը՝ հասնելու 6 միլիառ տոլար արժեւորումի։ «Ձեռքը մարդու ամենէն կարեւոր կարողութիւնն է»,– կ’ըսէ Չժօու։ «Եթէ այս կէտին վրայ կեդրոնանանք, շատ աւելի դիւրին կ’ըլլայ մարդուն բազմաթիւ հմտութիւնները կրկնօրինակել»։

Անոր մեծ երազներէն մէկն ալ անդամահատուած անձերու համար արուեստական մատչելի ձեռքեր արտադրելն է։ Այսօր նման սարքերու գինը կրնայ հասնիլ տասնեակ հազարաւոր տոլարներու, մինչդեռ Չժօու կը հաւատայ, թէ իր ընկերութիւնը պիտի կարենայ զայն իջեցնել շուրջ 1.000 տոլարի։

Արուեստական ձեռքերու ստեղծումը կը պահանջէ լուծել թէ՛ սարքաշինական, թէ՛ ծրագրային խնդիրներ։

Չինական արտադրական հզօր եւ ճկուն մատակարարման շղթան այս բնագաւառին մէջ մեծ առաւելութիւն կու տայ տեղական ընկերութիւններուն։ Երկրին ելեկտրական ինքնաշարժերու ճարտարարուեստին զարգացումը ստեղծած է բազմաթիւ ընկերութիւններ, որոնք մեծ ծաւալով կրնան արտադրել անհրաժեշտ բաղադրիչներ՝ լիթիումի բարդերէն մինչեւ մանրակերտ շարժակներ։

Շընճէնի մէջ գործող Wuji Technology ընկերութեան հիմնադիր Փան Եունճէ (Pan Yunzhe) կը նշէ, թէ Չինաստանի մէջ բաղադրիչներ ձեռք բերելու դիւրութեան պատճառով, որ որոշած իր ընկերութիւնը հոն հիմնել, ոչ թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր 2018-ին աւարտած էր ուսումը։«Միացեալ Նահանգներու մէջ սարքաշինութեամբ զբաղիլը գրեթէ անհնար էր, որովհետեւ մատակարարման շղթան չափազանց սահմանափակ է»,– կ’ըսէ ան։ Երբ փորձած էր Ամերիկայի մէջ ընկերութիւն մը հիմնել, ստիպուած էր հօրմէ խնդրել, որ անհրաժեշտ մասերը փոսթով իրեն ղրկէ։ Այդ պատճառով ալ վերադարձած է Չինաստան։

Ձեռքերուն շարժիլ սորվեցնել

Չժոուն եւ Փանը այն հազարաւոր ձեռնարկատէրերէն են, որոնք կը հաւատան Չինաստանի ռոպոթագիտութեան արագ վերելքին եւ ներդրումներ կը կատարեն այս ոլորտին մէջ։ Այսօր Չինաստանի մէջ արձանագրուած են աւելի քան մէկ միլիոն ռոպոթագիտութեան ընկերութիւններ, իսկ 2025-ին նոր գրանցումները 40 առ հարիւրով գերազանցած են նախորդ տարուան ցուցանիշը։ Ձեռքերու արտադրութեամբ մասնագիտացած ընկերութիւնները տակաւին շուկային փոքր բաժինն են, սակայն արագ կ’աճին։ Չինական լրատուամիջոցներու համաձայն՝ արուեստական ճարտար ձեռքերու շուկան անցեալ տարի գերազանցած է 50 միլիառ եուանը (7,4 միլիառ տոլար)։

Փանի կարծիքով, «առարկաներու հետ աշխատելու խնդիրը շատ աւելի կարեւոր է, քան տեղաշարժելու խնդիրը»։ Մարդառոպոթները կրնան քալել, բայց այնքան ատեն, որ չեն կրնար գործիքներ գործածել, անոնց գործնական օգտակարութիւնը շատ սահմանափակ պիտի մնայ։

Սակայն մեծագոյն մարտահրաւէրը ծրագրային ապահովումն է՝ ինչպէ՞ս ձեռքերուն գործել սորվեցնել։ Պրիսթոլի համալսարանի մեքենաշինութեան եւ արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) դասախօս Նէյթըն Լեփորա կը նշէ. «Այս ձեռքերու պատրաստութեան խնդիրները աստիճանաբար կը լուծուին։ Բայց զանոնք կառավարելը բոլորովին ուրիշ խաղ է… տակաւին ոչ ոք գիտէ, թէ ինչպէս պէտք է ընել»։

Բոլորը անոնք, որոնք երբեւէ փորձած են տօնավաճառի մը մէջ մագնիսային ճանկերով որսալու մեքենայ մը բանեցնել՝ փելիւշ մը  բռնելու համար, գիտեն թէ որքա՛ն դժուար է մեքենայ մը հեռուէն կառավարելը. գործընթաց մը, որ ծանօթ է որպէս հեռակառավարում (teleoperation)։

Սակայն ճիշդ այս ձեւով ալ այսօր շատ մը ընկերութիւններ կը փորձեն հսկայական քանակով տուեալներ հաւաքել՝ եռաչափ տարածական իմացականութեան մոտելներ մարզելու համար։ Ի տարբերութիւն մեծ լեզուային մոտելներուն, որոնք կրնան համացանցի գրեթէ անվերջ թեքսթերէն օգտուիլ, եռաչափ շարժումներու վերաբերող տուեալները շատ սահմանափակ են։

Բացի արուեստական ձեռքեր հեռակառավարելէ, հետազօտողները աւելի ու աւելի կը դիմեն այնպիսի միջոցներու, որոնց ընթացքին մարդիկ զգայակներով օժտուած ձեռնոցներ կը կրեն, իսկ այդ սարքերը կը գրանցեն իրենց շարժումները եւ շօշափման ամբողջ փորձառութիւնը։

Wuji-ի հիմնական արտադրանքներէն մէկը նման ձեռնոց մըն է, որ կը հաւաքէ ոչ միայն շարժումներու, այլ նաեւ ճնշումի եւ շօշափման մասին տեղեկութիւններ։ Այսպիսի տուեալները մարդոց համար բնազդային են. օրինակ՝ հաւկիթ մը տապակի եզրին կոտրել առանց զայն ճզմելու։ Սակայն մեքենաներուն համար տակաւին չափազանց դժուար խնդիր է։ «Ճարտար ձեռքերու ուսուցման երկու հիմնական խնդիրներն են՝ հասկնալ, թէ մարդը ինչպէս կը շարժի եւ ինչ կը շօշափէ կամ կը զգայ»,– կ’ըսէ Փան։ «Այս հարցերը չափազանց բարդ են եւ տակաւին լուծուած չեն»։

Այդուհանդերձ, չինացի ձեռնարկատէրերը համոզուած են, թէ իրե՛նք պիտի ըլլան այդ լուծումը գտնողները։

Չժօու կը պատկերացնէ ապագայ մը, ուր նոյնինքն արուեստական ձեռքեր արտադրող գործարանը արուեստական նոր ձեռքեր պիտի արտադրէ՝ ինքնակրկնուող շղթայի մը մէջ, մարդկային միջամտութիւնը հասցնելով նուազագոյնի։ Ան կը հաւատայ, որ երբ այս ձեռքերը իսկապէս կատարելագործուին, մարդառոպոդները պիտի կարենան դառնալ տան լիարժէք օգնականներ։

«Մենք մեքենաներ չենք ստեղծեր աշխատուժը փոխարինելու համար»,– կ’ըսէ Չժօու։ «Մենք մեքենաներ կը ստեղծենք, որ…»։

 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x