Նռան Հատիկները․ Երբ Պրազիլը Պարեց Հայաստանին Հետ
September 8, 2026
Պրազիլի տարածքին կայացած չորս աշխատանոցներու ընդմէջէն, Շաքէ Մէյճըր Չիլինկիրեան հայկական պարը ներկայացուց որպէս յիշողութեան, ինքնութեան եւ պատկանելիութեան կենդանի լեզու մը։
Էլիտա տի Օլիվէյրա
31 օրուան ընթացքին, Պրազիլն ու Հայաստանը իրարմէ բաժնող հազարաւոր քիլոմեթրերը զգալիօրէն աւելի կարճ թուեցան։
Երկու տարուան սպասումէն ետք, բրիտանահայ պարարուեստագէտ Շաքէ Մէյճըր Չիլինկիրեան շրջեցաւ Պրազիլի չորս շրջանները՝ Կեդրոնական-արեւմտեան, Հիւսիսարեւելեան, Հարաւարեւելեան եւ Հարաւային` ղեկավարելով աշխատանոցներ, որոնք մէկտեղեցին հայկական պարը, երաժշտութիւնը, պատմութիւնն ու նախնիներու յիշողութիւնը։
Լոնտոնաբնակ պարարուեստագէտ եւ պարադիր Շաքէն ծանօթ է հայկական ազգագրական եւ ծիսական պարերու իր հոգեւոր ու արտայայտիչ մեկնաբանութիւններով։ Պրազիլի մէջ անոր աշխատանոցները, որոնք տեղի ունեցան «Նռան Հատիկները—Մենք Ենք Ձայները» խորագիրին տակ, պարզապէս քայլեր սորվելէ շատ աւելին էին։ Անոնք մասնակիցներուն առիթ ընծայեցին պարը ապրելու որպէս լեզու մը, որուն միջոցաւ յիշողութիւնը կը փոխանցուի, ինքնութիւնը կ’արտայայտուի, եւ կը ստեղծուի պատկանելիութեան զգացումը։
Իւրաքանչիւր աշխատանոց կը սկսէր շրջանակով մը՝ գունդով։ Ոչ ոք առջեւը կամ ետեւը կը կանգնի. բոլորը կրնան զիրար տեսնել եւ իրարու նեցուկ ըլլալ։ Շաքէն շրջանակը կը նմանցնէր սկիհի մը՝ անօթ մը, որ կը պարփակէ եւ կը վերափոխէ անոր մէջ համախմբուածներուն փորձառութիւնները։
Մասնակիցները ծանօթացան նաեւ հայկական պարին բնորոշ կրկնակի զսպանակումին (double bounce). ոտքերը ամուր կապուած կը մնան գետնին, մինչ մարմինը վեր կը բարձրանայ։ Շրջանակը կը ստեղծէ հորիզոնական կապ մը մարդոց միջեւ, իսկ մարմինը կը կազմէ ուղղահայեաց առանցք մը՝ երկրի եւ երկնքի միջեւ։ Հոն, ուր այս առանցքները կը հանդիպին, սիրտն է՝ այն կէտը, ուր շարժումը կը դառնայ արտայայտութիւն, իսկ ժառանգուած աւանդոյթը՝ ներկայ փորձառութիւն։
Աշխատանոցներուն կեդրոնական փոխաբերութիւնը նուռն էր։ Հայկական մշակոյթին մէջ կեանքի, առատութեան եւ տոկունութեան այս մշտական խորհրդանիշը մէկ պտուղի մէջ բազմաթիւ հատիկներ կ՚ամփոփէ։ Իւրաքանչիւր հատիկ ինքնուրոյն է, բայց բոլորը նոյն ամբողջութեան կը պատկանին։
Այս պատկերը մեծ արձագանգ գտաւ Պրազիլի մէջ՝ երկիր մը, որ աչքի կը զարնէ շրջանային, մշակութային եւ էթնիք իր ակնառու բազմազանութեամբ։ Պրազիլի մէջ կան բազմաթիւ «Պրազիլներ», սակայն ոչ մէկ շրջան միւսէն աւելի պրազիլեան է։ Տարբերութիւնը չի տկարացներ ինքնութիւնը. ան կը նպաստէ անոր ձեւաւորումին։
Աշխատանոցները նմանօրինակ խորք մը փոխանցեցին հայկական փորձառութեան մասին։ Գաղթով եւ տեղահանութեամբ ձեւաւորուած ժողովուրդի մը համար ինքնութիւնը չի կրնար ամբողջութեամբ կախեալ ըլլալ հողատարածքէն։ Հաւատքը, լեզուն, ընտանիքը, համայնքը, երաժշտութիւնն ու պարը հայերուն առիթ տուած են կապուած մնալու սերունդներու եւ ցամաքամասերու սահմաններէն անդին։
Մասնակիցները սորվեցան այլազան պարեր, ինչպէս՝ «Հանաներ»-ը, «Ապարանի Գովանդ»-ը եւ «Կոմիտասի Շորոր»-ը։ Հայկական շարժումներու լեզուն կը տարբերէր պրազիլեան բազմաթիւ աւանդոյթներէն. քայլերը յաճախ աւելի փոքր էին, շարժումները՝ աւելի զուսպ, եւ ի մեծ զուարճութիւն բոլորին՝ ազդրերը նշանակալիօրէն նուազ կը շարժէին։
Սակայն Շաքէին նպատակը միայն քայլեր սորվեցնելը չէր։ Իւրաքանչիւր շարժում պատուհան մը կը բանար մշակութային աւելի լայն պատմութեան մը վրայ՝ ընդգրկելով գիւղական կեանքը, ծէսը, հոգեւորութիւնը, բնաշխարհը, տեղահանութիւնը եւ սերունդներու միջեւ կապերը։ Հայաստանը այլեւս քարտէսի վրայ նշուած հեռաւոր երկիր մը չէր միայն. անոր հետ հանդիպումը շօշափելի զգացողութիւն կը դառնար՝ երաժշտութեան, պատմութիւններու եւ ձեռք ձեռքի բռնելու փորձառութեան ընդմէջէն։
Պարերէն մէկը այս բոլոր թեմաները առանձնայատուկ ուժգնութեամբ իրարու կը միացնէր։ «Կարօտ»-ը՝ Շաքէին սեփական պարադրութիւնը, կատարուեցաւ բոլոր չորս շրջաններուն մէջ։ Հայերէն այս բառը կ՚արտայայտէ խորունկ բաղձանք մը՝ սիրելի, բայց բացակայ մարդու մը, վայրի մը կամ բանի մը հանդէպ։
Պարը կը սկսի դանդաղ՝ կարծես ուրուագծելով կիսամոռաց, բայց տակաւին ծանօթ բան մը։ Շարժումները կը նային ետ դէպի անոնց, որոնք մեզմէ առաջ եկած են, մինչ թեւերը ակնածանքով կ՚երկարին դէպի հողը։ Վերջաւորութեան, խաչաձեւ կողաքայլերը անհատը կը հիւսեն հաւաքականութեան մէջ՝ անձնական կարօտը վերածելով համատեղ ապրումի:
Թէեւ խարսխուած էր հայոց պատմութեան մէջ, «Կարօտ»ը բոլորին սրտին խօսեցաւ։ Մենք բոլորս ալ գիտենք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ կարօտնալ անձ մը կամ վայր մը, պատմութիւններ ժառանգել նախորդ սերունդներէն եւ փնտռել տեղ մը՝ պատկանելու համար։ Պարը կարծես կը յուշէր, թէ տունը միշտ չէ, որ վայր մըն է, ուր կրնանք ֆիզիքապէս հասնիլ. երբեմն տունդարձը կը կատարուի հոգիին մէջ։
Փոխանակումը եղաւ երկկողմանի։ Մինչ պրազիլցիները Շաքէին միջոցաւ Հայաստանը կը բացայայտէին, ան իր կարգին կը ծանօթանար Պրազիլի փոփոխուող բնաշխարհներուն, առոգանութիւններուն, ուտելիքներուն, կշռոյթներուն ու սովորութիւններուն՝ միաժամանակ արժանանալով պրազիլեան անհամար ջերմ ողջագուրումներու։
Ճամբորդութեան աւարտին, այս փորձառութիւնը պարզապէս «հայկական պարի չորս աշխատանոցներ» կոչելը անբաւարար կը թուէր։ Հոն եղած էին զրոյցներ, հարցումներ, ծիծաղ, արցունքներ, բարեկամութիւններ եւ գուրգուրանքով լեցուն լուռ պահեր:
Մէկ ամսուան համար Պրազիլը դարձաւ քիչ մը աւելի հայկական։ Մենք երգեցինք Հանաները, պարեցինք Ապարանի Գովանդն ու Կոմիտասի Շորորը, եւ զգացինք Կարօտին տենչը։ Իսկ Շաքէն, վստահ եմ, քիչ մը պրազիլցի դարձաւ։
Նռան հատիկներու նման, մենք շրջանակ մտանք՝ մեր հետ բերելով տարբեր պատմութիւններ ու յիշողութիւններ։ Շարժումին ընդմէջէն մեր անհատական ձայները աւելի մեծ ամբողջութեան մը մաս կազմեցին՝ առանց կորսնցնելու իրենց իւրայատկութիւնը։
Երկու տարուան սպասումէ ետք, Պրազիլն ու Հայաստանը գտան ընդհանուր եզրեր՝ ոչ թէ իրարու աւելի նման դառնալով, այլ իրենցմէ մասնիկ մը միւսին մէջ ճանչնալով։ Երբեմն, սկսելու համար բաւարար է միայն շրջանակի մէջ կենալ, ձեռք-ձեռքի բռնել եւ պարել։
Էլիտա տի Օլիվէյրա
Դոկտ. Էլիտա տի Օլիվէյրա Պրազիլի Unipaz Goiás հաստաստութեան ընդհանուր տնօրէնն է՝ կեդրոն մը, որ նուիրուած է խաղաղութեան կրթութեան եւ մարդու համապարփակ հոգատարութեան։ Ան կրօնագիտութեան դոկտորական եւ մագիստրոսական աստիճաններ ստացած է Կոյաս նահանգի Պապական Կաթողիկէ Համալսարանէն եւ յետդոկտորական հետազօտութիւն մը աւարտած՝ Պարսելոնայի Ռամոն Լիւլ (Ramon Llull) համալսարանին մէջ։