Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (25)

June 12, 2026

ԶԵԿՈՒՑԱԲԵՐ, գ., Նիւթի մը մասին կատարուած հետազօտութիւնը ներկայացնող անձ: Մեր խորին շնորհակալութիւնները հայրենի ու տարբեր երկիրներէ ժամանած ականաւոր զեկուցաբերներուն, մասնակիցներուն եւ հիւրերուն, որոնք…. քննարկման պիտի ենթարկեն այս պայմանագիրներու ազդեցութիւնը Հայաստանի ու տարածաշրջանի ճակատագիրին վրայ…. (Ազդակ, 20 Հոկտեմբեր 2021, էջ 2):

ԶԻԿԶԱԿԵԼ, չբ., փխբ., Անուղղակիօրէն խօսիլ, մանուածապատ՝ դարձդարձիկ ձեւով միտք մը յայտնել // Զիկզակներով՝ ուղիղ  ճանապարհէ խուսափելով ընթանալ: Եթէ փորձուինք առանց զիկզակելու պատասխանել, դժգոհութեան ալիք կը ստեղծուի (Բագ., 2010, 1, էջ 96):

ԶԻՆԱՏԱՐ, ած., Տեղէ մը ուրիշ տեղ զէնք տանող՝ փոխադրող //Զենք տեղափոխող: 1904-ի ապստամբութեան պատրաստուող Սասնոյ հայութեան զէնք եւ զինամթերք հասցնելու համար, 1903-ի աշնան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը ձեռնարկէ իր պատմութեան մեծագոյն զինատար խումբին կազմութեան…. (Ազդակ, 4 Հոկտեմբեր 2021, էջ 5):  

ԶՈՒԱՐԹԱԲԱՐՈՅՈՒԹԻՒՆ, գ., Խորացումի, միտքերու, լրջութեան պակաս, մակերեսային վարք, թեթեւամտութիւն // 1.  Զուարթ բնաւորութիւն ունենալ, զուարթաբարոյ ըլլալ։…. Անոր ամուսինը…. իր դասակարգին պատկանող ամէն մարդու նման ունէր այն կարծիքը, թէ զուարթաբարոյութիւնը կրնար փոխարինել գաղափարներու բացարձակ պակասը (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 290):

ԶՕՐԱԿԱԶՄ, գ., Զինուորներէ կազմուած խումբ // Զինուորներու խումբ, զօրախումբ: Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը ձեռք բերուած զինադադարի դրութեան պահպանման երաշխաւորն է (Ազդակ, 16 Հոկտեմբեր 2021, էջ 8):

ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ, ած., Օժանդակութիւն՝ աջակցութիւն ցուցնելուն յատուկ, աջակցելուն վերաբերող //Օժանդակող, աջակցող,  զօրակցող: Վարչապետ Խասաունէ ընդգծեց, որ Լիբանան իր կատարած այցելութիւնը զօրակցական այցելութիւն է՝ Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով (Ազդակ, 1 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1):

ԶՕՐԱՎԱՐԺԱՆՔ, գ., Զօրքի մարտավարական պատրաստութեան զարգացում՝ զինուորական մասնաւոր վարժանքներու միջոցով // Զինավարժանքներ՝ բանակին մարտական պատրաստուածութիւնը բարձրացնելու նպատակով: Ըստ էութեան, Ազրպէյճանի սահմաններուն մօտ կայացած այս զօրավարժանքներուն հիմնական ուղերձը Իսրայէլ-Ազրպէյճան ռազմական գործընկերութեան կը վերաբերէր (Ազդակ, 4 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1):

ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵԼԻ, ած., Առաքինութիւններ՝ մարդկային արժանիքներ, որոնք խրախուսելի է որդեգրել //Ընդօրինակման արժանի: Ան ոչ միայն ընդօրինակելի կերպար է ու վարպետ, այլ նաեւ կը շարունակէ դաստիարակչական ու կրթական հզօր ներգործութիւն ունենալ մեր սաներուն վրայ», յայտնեց նախարարը (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 4):

ԸՆՏՐԱԿԱՐԳ, գ., Քուէարկութեան ընթացքն ու կարգը որոշող  օրէնքներ // Ընտրելու, ընտրութիւն կատարելու օրէնքները, կարգը, որոնցմով պէտք է առաջնորդուիլ: Կիրակի, 17 հոկտեմբերին տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու համամասնական ընտրակարգով հերթական ընտրութիւններ Շիրակի, Սիւնիքի եւ Տաւուշի մարզերու 6 համայնքներու մէջ…. (Ազդակ, 19 Հոկտեմբեր 2021, էջ 1):

ԸՆՏՐԱՏԱՐԱԾՔ, գ., Քուէարկութեան համար որոշուած մասնաւոր շրջան, որ ընդհանուր քուէարկութեան մէկ մասը կը կազմէ,  ընտրաշրջան։ 6-7 նոյեմբերին կայանալիք ընտրութիւններուն Վանա Նազարեանը առաջադրուած է Սեն Լորան ընտրատարածքի Քոթ տը Լիես շրջանի քաղաքապետական թեկնածու (Ազդակ, 9 Սեպտեմբեր 2021, էջ 4):

ԹԱԹՊԱՆԱՒՈՐ, ած., Թաթպան՝ ձեռնոց ունեցող՝ դրած[…] խումբ մը բազէպան ձիաւորներ կ’անցնէին հեռուէն, իրենց թաթպանաւոր դաստակ ներուն վրայ կրելով կնգուղի տակ առնուած թռչուններ (Օսգար Ուայլդ, Տորիըն Կրէյի Պատկերը, Պէյրութ, 1992, էջ 199):

ԹԱՐԳՄԱՆԵԼԻՈՒԹԻՒՆ, գ., փխբ. Երկու եզրերու միջեւ կապ՝  յարաբերութիւն ստեղծելը, երկխօսութիւն մը սկսիլը // Փոխադարձաբար հասկնալի՝ թարգմանելի ըլլալը։ Նոյն տեսակի փոխադրութեան մը ուզեցի անդրադառնալ հոս հրամցուած վերջին փորձագրութեան մէջ, որ Որբունի «Ասֆալթ»-ը վէպէն կը մեկնի կ’անցնի Վալտէր Բենիամինի թարգմանելիութենէն ու Բոռխէսին հնարած նոյն լեզուով թարգմանութենէն, բացատրելու համար կարծեմ այս ափէն խօսելու բայց հանդիպակաց ափէն լսուելու գործողութեան լման բարդութիւնը: (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 216)։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x