Յարգանքի տուրք եւ խոստմնալից երթ. «Թումանեան Հինգ»
April 21, 2026

Վերջերս, պատահմամբ, համացանցին վրայ հանդիպեցայ «Գրիգոր Տէկիրմենճեան մանկապատանեկան թատերախումբ»(1) անունով ընկերային ցանցի նոր էջի մը։ Ինծի համար ասիկա նորութիւն էր: Էջը տակաւին ամբողջացած չէր, որ կարենայի յստակ պատկերացում կազմել։ Շատ չանցած՝ էջը սկսաւ լեցուիլ, եւ հաճելի եղաւ տեսնել, որ խումբին ղեկավարն ու բեմադրիչը լիբանանահայ թատրոնի անդամ Կարէն Տարագճեանն է։

Գրիգոր Տէկիրմենճեան(2) անունը ինծի ծանօթ էր իբր դերասան եւ բեմադրիչ, սակայն չէի գիտեր, որ անոր անունով մանկապատանեկան թատերախումբ ալ գոյութիւն ունի։ Զինք կը յիշեմ իբր դերակատար Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի «Շերի Նուար» (Chérie Noire) ներկայացումին մէջ՝ բեմադրութեամբ Վարուժան Խտըշեանի, եւ իբր բեմադրիչ՝ «Երաժշտութեան Ձայնը»` հանրածանօթ «The Sound of

Music» ֆիլմին հայերէն թատերական բեմադրութեան մէջ։ Տարիներու ընթացքին տեղեկացած եմ նաեւ, որ ան ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին հետ բեմադրած ու խաղացած է քանի մը ներկայացումներ։ Ինծի համար Գրիգոր Տէկիրմենճեանը այն հսկայ, գիրուկ մարդն էր՝ ծնօտին վրայ մօրուքով (սաքսուք), եւ այդպէս կը մատնանշէի զինք։
Կարէնին(3) ծանօթացած եմ իբր Սուրէն Խտըշեանի «Թեաթրոն» թատերախումբի դերասան, ապա նաեւ որպէս խումբին ընդհանուր պատասխանատու։ Ան տարիներու ընթացքին բազմաթիւ դերեր ստանձնած է, սակայն, գոնէ ինծի համար, յատկապէս կը յիշուի 2019-ին Լիլի Թոմասեանի «Կոմիտաս՝ Աստուծոյ պարգեւը» ներկայացումին մէջ Կոմիտաս վարդապետի դերով, 2021-ին իր հեղինակութեամբ եւ խաղարկութեամբ՝ Տէր Մելքոնեանի բեմին վրայ նկարահանուած «Կարմիր մոմ» թատերախաղով, եւ հասնելով 2025-ին Վահէ Պէրպէրեանի «Կեանք» թատերախաղին մէջ՝ իր հիմնական դերով։

Եւ եկաւ օրը, երբ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ «Գրիգոր Տէկիրմենճեան Մանկապատանեկան Թատերախումբ»-ը ապրիլ 17 եւ 18-ին պիտի ներկայացնէ «Թումանեան Հինգ»(4) խորագրով ներկայացում մը՝ հիմնուած Յովհաննէս Թումանեանի հինգ տարբեր պատմուածքներու վրայ։
Ուրբաթ, 17 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին նախատեսուած էր առաջին՝ աշակերտական ներկայացումը։ Մեծ թիւով աշակերտներու մասնակցութիւնը նկատի ունենալով՝ նոյն օրը ժամը 12:30-ին խումբը կրկին բեմ պիտի բարձրանար։ Կարեւոր է շեշտել, որ թատերախումբին բոլոր պատանիները առաջին անգամն էր որ բեմ պիտի բարձրանային՝ բեմի առաջին փորձառութիւն եւ երկու յաջորդական անգամներ:

Շաբաթ, 18 ապրիլին երեկոյեան ժամը 6:00-ին ներկայ գտնուեցայ ներկայացումին։ Այո՛, մանկապատանեկան ներկայացում մը դիտելու պիտի երթայի, որովհետեւ, դժբախտաբար, լիբանանահայ համայնքը երկար տարիներէ ի վեր մանկական կամ մանկապատանեկան թատրոնէ զուրկ է՝ թատրոն, ուր դերասանները կը մարմնաւորեն կերպարները եւ կը ներկայացնեն հեքիաթը՝ առանց «չորրորդ պատ»-ը կոտրելու։ Եւ որովհետեւ այդպէս չէր որ ընտրանքները շատ էին եւ չէի հասներ բոլորը տեսնելու: Եկայ, ոչ թէ միայն Կարէնը քաջալերելու, այլ պարզապէս որովհետեւ նոր թատերական գործ մը բեմ կը բարձրանար եւ պարտադիր էր դիտել:
Առանձնայատուկ ակնկալութիւն չունէի, սակայն անկեղծ հետաքրքրութիւն մը կար տեսնելու, թէ ինչ պիտի մատուցուէր։
Սրահի մուտքին ստացայ ներկայացումին գրքոյկը, ուր յստակացաւ, որ պիտի ներկայացուէին Թումանեանի «Անխելք մարդը», «Սուտասանը», «Տէրն ու ծառան», «Բարեկենդանը» եւ «Սուտլիկ որսկանը» պատմուածքներու առանձին պատկերներ՝ իւրաքանչիւրը տարբեր դերակատարներու խմբակով։
Ընդամէնը 12 պատանի՝ բոլորն ալ բոլոր պատկերներուն մէջ գրեթէ նոյն զգեստաւորումով՝ սեւ տաբատ, սեւ շապիկ եւ սեւ կօշիկներ (ballerina shoes), փոքր փոփոխութիւններով՝ ըստ դերի եւ պատկերի՝ ճերմակ լաթ մը ուսին, պեխ, կամ գլխարկ։
Տեքորը բոլոր պատկերներուն համար անփոփոխ էր՝ պարզ եւ կոկիկ. բեմին խորքին կախուած գորգեր, իսկ գետնին՝ կէս շրջանակաձեւ դասաւորուած սեւ տուփիկներ/աթոռակներ եւ երկու փոքր գորգեր։ Օգտագործուած իրերը (props) նոյնպէս պարզ էին՝ գաւազաններ, սակառ, յարդէ տոպրակ։

Իսկ պատկերներու անցումները եղան ինչպէս կռփամարտի խաղերու խաղամիջոցի փոփոխութիւնը՝ փոքրիկ Անին(5), ձեռքին բռնած, յաջորդաբար մէկէն հինգ գրուած, մեծ թուղթ մը, բեմին մէկ ծայրէն միւսը երթալով:
Ներկայացման ընթացքին, հակառակ technique հիմնական հարցին, ուր պատանիներուն ձայնը ընդհանրապէս չէր լսուեր, համբերատար հանդիսատեսն ու հետաքրքրուողը աւելի կեդրոնացած հետեւեցաւ ամբողջացնելու պատկերը։ Բոլորին առաջին բեմ բարձրանալը յայտնի էր, կ’ամչնային, սակայն միեւնոյն ժամանակ ակնյայտ էր տարուած լուրջ աշխատանքը եւ պատանիներուն պատասխանատու մօտեցումը իրենց գործին նկատմամբ։
Բաւարարուած դուրս եկայ։ Տեսայ խումբ մը, որ ունի խոստմնալից երթ, ուրեմն ըսեմ «ԱՆԻ»… սպասելով յաջորդին:
Փաթիլ Գուլաճեան