Մարտ 27-ը Թատրոնի միջազգային օրն է
March 26, 2026

1961-ին, International Theatre Institute-ը (ITI)(1) մարտ 27-ը հռչակեց «Թատրոնի միջազգային օր», զանազան ձեռնարկներու եւ փառատօներու միջոցով, արժեւորելու թատրոնը եւ թատերական կեանքի բոլոր ոլորտները։
International Theatre Institute-ը համաշխարհային թատերական կազմակերպութիւն մըն է, հիմնուած երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտին եւ Պաղ պատերազմի սեմին (1948), Փարիզի մէջ: Նախաձեռնութիւնն է UNESCO-ի եւ թատրոնի ու պարի մասնագէտներու։ Կազմակերպութեան առաքելութիւնն է, UNESCO-ի նման, մշակոյթի, կրթութեան եւ արուեստի ոլորտներուն մէջ գործող անհատներուն եւ կառոյցներուն համար գործի հնարաւորութիւններ ստեղծել եւ ընդհանուր պայմանները բարելաւել։

Ամէն տարի այս առիթով, International Theatre Institute-ը կը նշանակէ թատրոնի աշխարհէն նշանաւոր դէմք մը՝ օրուան պատգամը ամբողջ աշխարհին փոխանցելու համար։ Առաջին պատգամը փոխանցուած է 1962-ին՝ աշխարհահռչակ ֆրանսացի գրող, թատերագիր եւ բեմադրիչ Jean Cocteau-ի կողմէ. 2026-ի պատգամը պիտի փոխանցէ ամերիկացի դերասան Willem Dafoe-ն(2)։

Իւրաքանչիւր երկիր եւ մշակոյթ իր ձեւով կը նշէ այս օրը։ Որոշ տեղեր փառատօներ կը կազմակերպուին, ուրիշ տեղեր թատերական ներկայացումներ։ Օրինակ՝ Հայաստանի մէջ Հայաստանի թատերական գործիչներու միութեան նախաձեռնութեամբ 2002-էն ի վեր կը կազմակերպուի «Արտավազդ»(3) մրցանակաբաշխումը, որ ամէն տարի տարբեր թատերասրահներու մէջ կը կայանայ։
Լիբանանը, դժբախտաբար, այն երկիրներէն է, ուր արուեստը պետական մակարդակով ուշադրութիւն չի ստանար, եւ նախաձեռնութիւնները հիմնականին մէջ տեղի կ’ունենան անհատական միջոցներով։ Այս իրողութեան մէջ, ամենէն աւելի տուժողը թատրոնն է, եւ հետեւաբար այս օրը յաճախ կը մնայ աննշան։

Ինչ կը վերաբերի լիբանանահայ թատրոնին, միայն վերջին տարիներուն է որ այս օրը սկսաւ որոշ չափով արժեւորուիլ՝ շնորհիւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին։


2017-էն ի վեր թատերախումբը կը փորձէ տարբեր ձեւերով նշել այս օրը։ Այսպէս, 2017-ին, Յակոբ Տէր Մելքոնեան սրահին մէջ, կազմակերպուեցաւ երեկոյ մը՝ լիբանանահայ եւ տեղացի արաբ բեմադրիչներու, դերասաններու եւ թատերասէրներու մասնակցութեամբ(4)։ Երեկոյեան գլխաւոր բանախօսն էր փրոֆ. Ռուբէն Բաբայեանը(4)՝ Երեւանի Տիկնիկային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարն ու տնօրէնը։ 2018-ին, թատերախումբը մեծարեց թատրոնի հինգ նուիրեալներ՝ Նուպար Մանուկեան, Յովսէփ Գափլանեան, Զաւէն Պաաքլինի, Յակոբ Գալայճեան եւ Կարօ Քիրիաքօ(5)։ 2019-ին, դարձեալ կազմակերպուեցաւ յիշարժան տօնակատարութիւն մը՝ թէեւ ապրիլ չորսէն եօթը, բայց նոյն առիթով, երբ թատերախումբի նախաձեռնութեամբ Լիբանան հրաւիրուեցաւ Համազգայինի Սօս Սարգսեանի անուան պետական թատրոնը՝ չորս տարբեր ներկայացումներով(6)։ 2020-էն մինչեւ 2023, ինչպէս նաեւ 2025-ին, Լիբանան ապրեցաւ դժուար շրջաններ՝ սկսեալ գորոնայի համաճարակէն մինչեւ քաղաքական եւ տնտեսական տագնապները։ Այս

պայմաններուն մէջ, թատերախումբին համար դժուար եղաւ իր տարեկան ներկայացումներուն կողքին այլ նախաձեռնութիւններ իրականացնել։ Հետեւաբար թատերախումբը բաւարարուեցաւ իր ընկերային ցանցերու էջերուն վրայ խորհրդանշական կերպով թատերական նկարով մը շնորհաւորել եւ յիշել օրը: 2024-ը առանձնայատուկ եղաւ, երբ թատերախումբը, լիբանանահայ մնացեալ միւս թատերախումբերու եւ թատրոնի նուիրեալներու հետ, կազմակերպեց «կլոր նիստ»(7) հանդիպում մը Տէր Մելքոնեան սրահի բեմին վրայ՝ զրուցելու եւ միասին քննելու առ հասարակ թատերական մտահոգութիւններ։
2026-ի մարտ 27-ին, երբ երկիրը կրկին կ’ապրի ճգնաժամային եւ վտանգաւոր հանգրուան մը, Թատրոնի միջազգային օրը, հաւանաբար, կրկին պիտի անցնի աննշմար։ Թերեւս այս տարի եւս պիտի բաւարարուինք մեր ընկերային ցանցերու էջերուն վրայ խորհրդանշական հրապարակումով մը։

Լիբանանի անկայուն իրավիճակին մէջ, կը ծագի հիմնական հարց մը․ արդեօք պէ՞տք է ամէն տարի մեծ հանդիսութեամբ նշել այս օրը։ Եթէ այո՝ ի՞նչ տեսակի ձեռնարկ պէտք է ըլլայ որ հետք մը ձգէ եւ թատերասէրներու միտքերուն մէջ մնայուն ազդեցութիւն ունենայ, դառնալով սպասուած երեւոյթ:
Արուեստը կեանք է եւ վերապրելու միջոց: Տագնապներէ ետք կը դառնայ ուժի աղբիւր եւ արտայայտելու առիթ: Իսկ հայ թատրոնը, որ արտադրողի, գրողի, թատերական թարգմանիչի, բեմադրիչի, օգնական բեմադրիչի, դերասանի, բեմավարի, յուշարարի, լոյսի, ձայնի, տեքորի մասնագէտի, տարազ ձեւաւորողի, տոմս վաճառողի, ներկայացումին օրը հանդիսատեսը դիմաւորողի հաւաքական ջանքերով է որ կը շարունակէ, ոչ միայն ուժի աղբիւր եւ արտայայտելու առիթ տուողն է, այլ մեր ապաստանարանն է:
Մեր բոլորին տօնը շնորհաւոր:
Փաթիլ Գուլաճեան