Հապճեպ Բայց Կատարեալ Փորձեր
March 26, 2025

«Բեմի մը պատմութիւնը վարագոյրը բացուելէն առաջ» (Ա. եւ Բ. մասերով) յօդուածիս մէջ անդրադարձայ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի հիւրընկալած Սօս Սարգսեանի անուան Համազգայինի պետական թատրոնի ներկայացումներէն` Օ. Հենրիի «… եւ Նորից Գարուն» եւ Պարոյր Սեւակի «Մարդը Ափի մէջ» ներկայացումներու տեքորի պատրաստութեան հրաշք ընթացքին: Այսպէս, չորեքշաբթի 12 եւ հինգշաբթի 13 մարտի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի պիտի ունենային Օ. Հենրիի «… եւ Նորից Գարուն»ի, իսկ ուրբաթ 14 եւ շաբաթ 15 մարտի երեկոյեան ժամը 8:00-ին՝ Պարոյր Սեւակի «Մարդը Ափի մէջ»ի ներկայացումները, աշակերտական ելոյթ մըն ալ ուրբաթ առաւօտեան ժամը 11:30ին:
Ժամանակացոյցը խիտ ձեւով ծրագրուած ըլլալուն եւ բարդ տեքորի պատրաստութեան ուշացումին հետեւանքով, փորձերը ե՞րբ կատարուեցան, «նոր բեմի վրայ, նոր տեքորով»:
Ծրագրելը դիւրին է, բայց երբ գետնի վրայ գործը սկսի շատ հարցեր կրնան ծագիլ:
Խումբը Լիբանան պիտի հասնէր երեքշաբթի 11 մարտին, եւ նոյն գիշերը նկատի առնուած էր կատարել «… եւ Նորից Գարուն»ի փորձ, ինչ որ կարելի չեղաւ: Սակայն ժամանակ շահելու համար, թատերախումբի փոխ տնօրէն եւ թեքնիք պատասխանատու՝ Վահագն Տիգրանեանը շուտով կազմակերպեց «Մարդը Ափի մէջ» ներկայացումի ձայնի նուրբ սարքաւորումի աշխատանքը: Թէ ինչո՞ւ այդքան վճռական՝ որովհետեւ ներկայացումի չորս դերակատարներուն (Նարեկ Բաղդասարեան, Յարութիւն Սարգսեան, Անդրանիկ Միքայէլեան եւ Միլենա Ղազարեան) եւ բեմին վրայ կենդանի երաժիշտ՝ Արմէն Շահինեանի կողքին, երաժշտութիւնը վեցերորդ հերոսն էր:
Բեմը խճողուած էր: Մէկ կողմէ փայտի փոշի եւ բեմին խորքը տեքորին վրայ աշխատող Սերգէյ Թովմասեանը, Վիկտորիա Ռիեդո-Յովհաննիսեանը, Նարեկ Բաղդասարեանը եւ ես, իսկ միւս կողմէ keyboard երաժշտական գործիքին ետեւ նստած երաժիշտ Արմէն Շահինեանը, ձայնի երկու բարձրախօս, ոտքերու տակ անցած լարեր, Վահագն Տիգրանեանի հսկողութեան տակ (ափսոս որ այլ նկարներ չկան): Բարձրաձայն երաժշտութեան ժամանակ, փայտ սղոցելու աղմուկ՝ բայց մէկը միւսը չխանգարեց. ամէն մարդ իր գործին տէրն էր:
Ձայնի սարքաւորումը աւարտեցաւ յաջողութեամբ:
Չորեքշաբթի առտու, բեմադրիչ Նարինէ Գրիգորեան «…եւ Նորից Գարուն»ի լոյսի սարքաւորումի աշխատանքին անցաւ. դերասանները մէկ առ մէկ բեմ բարձրացան, պարզապէս իրենց տեղերը լոյսով ճշդելու եւ ուրիշ յաւելեալ ոչ մէկ բանի համար:
Երեկոյեան ժամը վեցին էր, որ վերջապէս պիտի կարենային փորձ ընել, բայց «կարկտան» փորձ՝ ժամանակ չկար, իւրաքանչիւր պատկերէ մէկ կամ երկու հատուած… եւ այդքան: Չմոռնանք որ բոլորին համար նոր բեմ եւ նոր տեքոր էր, տարբեր չափեր, տարբեր տարածք:
Պարզ է, չէ՞:
Միասին պատկերացնենք (ափսոս որ նկարներ չկան)՝ հանդիսատեսին նստարաններուն առաջին շարքին մէջտեղը նստած է Նարինէ Գրիգորեան, երկու աթոռ դէպի աջ դերասան Տաթեւ Ղազարեանը, անոր քով՝ ես: Նարինէին ձախ կողմը երիտասարդ դերասանները կը սպասէին իրենց կարգին:

Բեմ ելան դերասաններ Մարիա Սեյրանեանը եւ Անդրանիկ Միքայէլեանը, եւ առանց աւելորդ ճիգ թափելու, սկսան իրենց շարժումները կատարելու եւ իրենց տողերը արտասանելու, ուժերը պահելով երեկոյեան ներկայացումին համար: Նկատողութիւններու եւ դիտողութիւններու, ինչպէս նաեւ ցուցմունքներու աղբիւրը հոսեցաւ դէպի բեմ. Նարինէն, ինչպէս միշտ, կիրքով եւ մեծ ախորժակով նոր բացատրութիւններ սկսաւ տալ: Վայրկեան մը ապշած մնացի. գիտէի որ այս ներկայացումը առաջին անգամ 2021-ին ներկայացուած էր, չորս տարի առաջ, նոյն դերասաններով. անցնող չորս տարիներու ընթացքին, հաւանաբար ամիսը երկու կամ երեք անգամ դարձեալ խաղցած են նոյն դերասանները. ըսել կ’ուզեմ որ հարիւր անգամէ աւելի արդէն խաղցած են, բայց Նարինէն նորութիւններ կը բացատրէր եւ խստութեամբ, կարծէք առաջին փորձը ըլլար, մինչ դերասանները կը ժպտային առանց այս սեպելու յանդիմանութիւն: Չէի հասկնար ինչ կը պատահէր, չկրցայ հետաքրքրութիւնս զսպել եւ Տաթեւին արտայայտուեցայ. ըսաւ «Նարինէն միշտ այսպէս է. որ գործը վեր պահէ»:
Ոգեւորող վիճակ էր:

Նոյնանման մօտեցում ունեցաւ մնացեալ միւս դերասաններուն հետ. այսպէս Տաթեւ Յովակիմեանը աւելի հանդարտ խօսելու էր, նկատի առնելով լեզուական տարբերութիւնը (Նարինէն այս հարցին քաջածանօթ է, բայց Տաթեւին համար նորութիւն էր), Միլենա Ղազարեանը երկարելու էր բառերու աւարտին երաժշտութիւնը, այնպէս ինչպէս որ դերը կը պահանջէր: Արմինէ Անդրեասեանին կատակով ակնարկեց որ կարծէք իսկական հացատունի մէջ կ’աշխատի, բեմին վրայ այնքան առատ հաց ու խմորեղէն դնելուն համար, իսկ Վարշամ Գէորգեանին բեմական շարժումները կապկելով ծիծաղեցաւ: Ոչ մէկ դերասան կրցաւ պրծիլ Նարինէին նկատողութիւններէն: Ամէն բան պէտք էր ըլլար կատարեալ:

Հինգշաբթի առտու, «Մարդը Ափի մէջ»ի դերասանական եւ նոր տարածքի փորձ տեղի ունեցաւ: Այս գործին համար, Երեւանի հանդիսատեսը Համազգայինի բեմին վրայ կը նստի, դերասաններուն հաւասար տարածքի վրայ, «դերասաններուն ափին մէջ», մտերմիկ մթնոլորտի մէջ: Հոս, Տէր Մելքոնեան թատերասրահ, այդ հնարաւորութիւնը չկար, եւ բնականաբար բեմադրութիւնը տարբեր պիտի ըլլար: Նարինէ Գրիգորեան նոր մուտքերով ու նոր ելքերով, նրբօրէն այդ փոփոխութիւնը կատարեց:

Լարուած վիճակներու ընթացքին միշտ ալ ծիծաղելի դէպքեր կը պատահին: Ամէն յիշելուս, ինքս վրաս կը խնդամ եւ կը փորձեմ երեսս պահել. բեմէն հեռու էի եւ անտեղեակ՝ փորձին ուր հասած ըլլալէն: Բեմին կողքի դուռին դուրսի կողմէն կ’անցնէի երբ տեսայ դերասան Յարութիւն Սարգսեանը անշարժ կեցած է դրան սեմին, դէմքը դէպի ինծի: Յարութը բաւական կատակասէր է եւ ընդհանրապէս խնդումերես. դիմացը կեցայ եւ սկսայ կատակ ընել հետը: Անշարժ եւ լուռ մնաց: Թէեւ անդրադարձայ որ Յարութի ետեւ՝ հանդիսատեսի աթոռներուն նստած Նարինէն եւ Տաթեւը դէպի մեզի կը նայէին, կացութիւնը չհասկնալով շարունակեցի կատակս, մինչեւ որ Յարութը ըսաւ «սպասի, սպասի»: Լուրջ փորձը խանգարած էի: Ամօթէն գլուխս ուր պահելս չգիտցայ:

Բախտաւոր եմ թատերական աշխարհի մէջ գտնուելուս համար, շնորհիւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին եւ անոր տարեկան թատերական ներկայացումին ամբողջութեամբ մասնակցելուս` text-ի ընթերցումէն, տեքորի եւ տարազի աշխատանք, բեմավարութենէն վարչական գործեր, որոնք չորսէն հինգ ամիս կրնան տեւել:
Այս առիթը որ ապրեցայ 9-էն 15 մարտին՝ եղաւ յագեցնող, շնորհիւ Սօս Սարգսեանի անուան Համազգայինի պետական թատրոնի 14 ներկայացուցիչներուն, բայց մասնաւորապէս շնորհիւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի ատենապետ՝ ընկ. Մարտիկ Տէմիրճեանին, թատրոնի հանդէպ ունեցած խստապահանջ եւ յամառ, վարակիչ դարձած նուիրումին որ կարելի կը դարձնէ այս տեսակ ծրագիրներ իրագործել եւ յաջողցնել:
Փաթիլ Գուլաճեան