«Կա՛մ հաց… կա՛մ փամփուշտ» (Ա. Մաս)
May 28, 2026

Palestine 36(1) ֆիլմը դիտելէս ետք՝ շուարած մնացի, թէ ինչ տեսանկիւնէ մօտենամ անոր՝ իբրեւ պատմակա՞ն նիւթ, թէ՞ իբրեւ ֆիլմ։ Երկու կողմերուն մասին այնքան ըսելիք կայ, բայց իրարու շատ հակասական։ Կայ պատմական իրականութիւնը եւ կայ արուեստի գործը ինչպէս որ ներկայացուած է։
Լիբանանի կրթական համակարգին ամենէն ցաւալի, սխալ եւ դժբախտ կողմերէն մէկը այն է, որ Լիբանանի պատմութեան ծրագիրը կ’աւարտի 1946-ին՝ ֆրանսացիներուն երկրէն հեռանալով։ Ահա ութսուն տարի անցած է, աշխարհը բոլորովին փոխուած է, երկիրը տասնեակ ցնցումներ ու պատերազմներ ապրած է, բայց դպրոցներուն մէջ այդ բոլորին մասին ոչ մէկ անդրադարձ կայ։ Յաճախ կ’ըսուի, թէ մարդ պէտք է իր երկրին պատմութիւնը լաւ գիտնայ, որ նոյն սխալները չկրկնուին։ Բայց ինչո՞ւ Լիբանան մնայուն ականջները գոցած է իր իսկ պատմութեան առջեւ։ Լիբանանցի ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը իր պատմութիւնը կը գուշակէ լրատուամիջոցներու հրամցուցածներէն, որոնք միշտ եւ միշտ հակասական են։ Իսկ անոնք, որոնք քիչ մը աւելի հետաքրքրուած են, անձնական ջանքերով կը փնտռեն պատմաբաններու եւ քաղաքական գործիչներու գրած գիրքերը։ Պատմութիւնը գիտնալու, հասկնալու եւ հաւաքաբար քննարկելու մշակոյթ երբեք չէ ունեցած Լիբանանցին։

Լիբանանի մէջ, վերջին տարիներու պատերազմներուն պատճառով է որ ես ալ մաս կազմեցի այդ «հետաքրքրուողներու» խումբին եւ կարդալով յօդուածներ, լսելով հարցազրոյցներ մասամբ գաղափար մը ունեցայ Լիբանանի եւ Պաղեստինի նոյնանման դժբախտ ճակատագիրին մասին: Palestine 36 ֆիլմը կը ներկայացնէ այդ դժբախտ ճակատագրին սկիզբը՝ անգլիական գաղութացումով, որ տարիներու պատրաստութենէ ետք է որ ահաւասիկ գործադրութեան կ’անցնի, 1917-ին ստորագրուած Պալֆուրի յայտարարութեամբ(2):

Երկու ժամ տեւողութեամբ ֆիլմին առաջին մէկ ու կէս ժամուն կը ծանօթանանք կերպարներուն եւ վայրերուն: Ֆիլմին դէպքերը տեղի կ’ունենան Երուսաղէմի եւ անոր մօտիկ Ալ-Պասմա(3) գիւղին մէջ: Ալ-Պասմա անունը շինծու է: Կը վերագրուի Ալ-Պասսա գիւղին, որ կը գտնուի Պաղեստինի հիւսիսը (Լիբանանի հարաւը): Ֆիլմին մէջ նկարագրուած բոլոր դէպքերը իրական պատահած պատմութիւններ են:
Այս երկու վայրերուն մէջ կը տեսնենք պաղեստինցի ժողովուրդին ապրելաձեւը, իսլամին եւ քրիստոնեային համերաշխ, խաղաղ բայց պրկուած կեանքը՝ անգլիական գաղութացումի ժամանակ: Հրեան միշտ ներկայ է, բայց ոչ ուղղակիօրէն նիւթին մէջ: Կը ծանօթանանք նաեւ Երուսաղէմի մէջ պաղեստինեան թերթի խմբագիր Ամիրին եւ կնոջը՝ Խուլուտին(4), որոնք շատ մեծ դեր կը խաղան ֆիլմին նիւթին զարգացումին մէջ: Ամիր կը

մարմնաւորէ հարուստ մտաւորականի կերպարը, որ անդամ է սիոնական կազմակերպութեան մը կողմէ ստեղծուած իսլամական միութեան մը. ան կը ձեւացնէ իր հայրենասիրութիւնը, շահագրգռուած ըլլալով դառնալու Երուսաղէմի քաղաքապետ: Իսկ Խուլուտ՝ կրքոտ հայրենասէրն է, ըմբոստ թղթակիցը, որ քաղաքական եւ ընկերային սահմանափակումներու պատճառով «Ահմատ Քանաանի» կեղծանունով կը գրէ:

Ֆիլմին մէջ յստակօրէն պատկերուած է անգլիացի զինուորականներու ներկայութիւնը՝ բարձր յանձնակատար եւ ընդհանուր հրամանատարէն մինչեւ պարզ զինուորը, պատմական յայտնի դէմքեր՝ General Sir Arthur

Grenfell Wauchope(5), Sir Charles Tegart, Major General Orde Charles Wingate: Անոնց դերերը կը խաղային, Hollywood-ի մէջ համբաւ ունեցող՝ Jeremy Irons(5), Liam Cunningham(6) եւ Robert Aramayo: Իսկ հրամանատարի քարտուղարին դերը կը խաղար նաեւ յայտնի Billy Howle(7), որուն ներկայութիւնը կարծէք Անգլիոյ մարդկային կողմը ցոյց տալու համար էր:

Նկարագրուած են Պաղեստինի ժողովուրդին երկու տարբեր խաւերը՝ բանուոր դասակարգն ու գիւղացիները («ֆալլահին»), որոնք հիմնականապէս իրենք են որ իրենց մորթին վրայ կը զգան թէ ինչ է իրենց գլխուն գալիքը եւ քաղաքացի, հարուստ, դիւանագիտութեան հաւատացողները, որոնք կը հաւատան, թէ իրենց ջանքերով է որ խաղաղ կեանք մը կ’ապրին:
Պահ մը կարծեցի որ Լիբանանի մասին էր նիւթը: Կարծէք Ալ-Պասմա գիւղը ըլլար պետականօրէն անտէր Լիբանանի Հարաւը որ հանգիստ օր չունի, եւ Երուսաղէմը՝ դիւանագիտութեան հաւատացող, բարդ քաղաքականութեամբ լեցուն Պէյրութը: Ներկան ապրողը պիտի կարծէ որ Լիբանանի այս վիճակը նորութիւն է: Բայց պատմութիւն գիտցողը պիտի տեսնէ որ այս վիճակը նորութիւն չէ: Անպատիժ մնացած դէպքերը կը կրկնուին:

Palestine 36 ֆիլմին պատմաքաղաքական բաժինը բաւական հետաքրքրական եւ տեղեկութիւններով լեցուն է: Վաւերագրական ֆիլմ չսիրողին համար, Palestine 36 ֆիլմը լաւ ընտրանք է ծանօթանալու պաղեստինեան դատին: Անձնապէս, ֆիլմին պատմութեան բաժինը շատ աւելի լաւ տպաւորութիւն ձգեց վրաս, քան անոր գեղարուեստական կողմը, որովհետեւ բազմաթիւ կերպարներ եւ դէպքեր ներկայացուած են, բայց նիւթի զարգացումին մէջ կարգ մը կէտեր կիսատ մնացած, իրենց արդար իրաւունքը չստացան:
Յառաջիկայ բաժինով պիտի անդրադառնամ ֆիլմին գեղարուեստական արժէքին: