«Լեզուն Սփիւռքով մէկ» գիտաժողովը եւ հայերէնի ապագայի որոնում USC համալսարանին մէջ
March 11, 2026

27 Փետրուարէն մինչեւ 1 Մարտ 2026, Լոս Անճըլըսի Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանին (USC) մէջ տեղի ունեցաւ «Լեզուն Սփիւռքով մէկ. հայերէնի ապագայ ուղղութիւնները» խորագրով մասնագիտական գիտաժողովը։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր USC-ի Հայագիտական ամպիոնին եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան համագործակցութեամբ եւ երեք օրուան ընթացքին համախմբեց շուրջ քառասունհինգ հետազօտողներ, լեզուաբաններ, համալսարանականներ եւ մանկավարժներ տարբեր երկիրներէ։ Գիտաժողովը նպատակ ունէր քննարկելու հայերէնի ներկայ վիճակը սփիւռքի մէջ, ուսումնասիրելու լեզուի ուսուցման արդիական մեթոտները եւ մտածելու այն նախաձեռնութիւններու մասին, որոնք կրնան նպաստել լեզուի փոխանցման եւ զարգացման նոր ուղիներու ձեւաւորման։
Գիտաժողովի բացումը կատարեց USC Dornsife Հայագիտական հիմնարկի տնօրէնուհի Շուշան Կարապետեան։ Իր խօսքին մէջ, ան անդրադարձաւ համալսարանի հայկական ծրագիրներուն եւ ընդգծեց լեզուի առանցքային դերը հայագիտական հետազօտութեան, կրթութեան եւ հրատարակչութեան մէջ։ Կարապետեան նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրեց Լոս Անճըլըսի հայ համայնքի բազմազանութեան վրայ՝ նշելով, որ տարբեր ծագում ունեցող հայկական խումբերու համակեցութիւնը կը ստեղծէ լեզուական փոխազդեցութեան եւ ուսումնասիրութեան հետաքրքրական հնարաւորութիւններ։

Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան իր ելոյթին մէջ ներկայացուց հիմնարկութեան լեզուական նախաձեռնութիւնները եւ շեշտեց, որ հայերէնի վերակենսաւորումը կը պահանջէ ոչ միայն մտահոգութիւն, այլեւ երկարաժամկէտ տեսլական, ռազմավարութիւն եւ համապատասխան միջոցներ։ Ան նշեց, որ հիմնարկութիւնը կը նպատակադրէ ձեւաւորել լեզուին տիրապետող եւ ստեղծագործական գործիքներով զինուած երիտասարդներու կորիզ մը, որ պիտի նպաստէ լեզուի փոխանցման եւ զարգացման գործընթացին։ Այս համատեքստին մէջ ան ներկայացուց կրթական եւ թուային շարք մը ծրագրեր՝ «Ակուլ տուկուլ», «Ալ Նիս Բալ Նիս», «Զարդիս» եւ «Զնտուկ» հարթակները, որոնք կը միտին ուսուցիչներուն եւ սորվողներուն տրամադրելու ուսումնական արդիական գործիքներ։
Գիտաժողովին ընթացքին կազմակերպուեցան բազմաթիւ թեմաթիկ նիստեր, որոնք անդրադարձան հայերէնի պատմական զարգացման, լեզուական քաղաքականութեան, մանկավարժական մօտեցումներու եւ թուային արհեստագիտութիւններու դերին լեզուի պահպանման եւ զարգացման մէջ։ Արեւմտահայերէն գրագիտութեան պատմական նախադէպերուն նուիրուած նիստը, Մանուկ Աւետիքեանի նախագահութեամբ, ներառեց Դանիէլ Օհանեանի զեկոյցը՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայ կաթողիկէ քարոզիչներու դերակատարութեան մասին, Աստղիկ Սողոյեանի ուսումնասիրութիւնը արեւմտահայ մանկական պարբերաթերթերու շուրջ եւ Լիզա Մարտոյեանի ներկայացումը լիբանանահայ տպագիր մշակոյթին մասին։
Արեւելահայերէնի լեզուական քաղաքականութեան նուիրուած նիստը, Գեղամ Մուղնեցեանի նախագահութեամբ, համախմբեց Սիրանուշ Դվոյեանը, Խաւիեր Պոլատեանը, Իրշատ Մադիարովը եւ Ալտօ Ռոտրիկէզը։ Ներկայացումները անդրադարձան Հայաստանի լեզուական քաղաքականութեան, լեզուի պետական կարգավիճակին եւ տարբեր երկիրներու մէջ լեզուի գնահատման ու վկայագրման համակարգերուն։
Գիտաժողովի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ ուղղակի podcast ձայնագրութիւն մը՝ USC-ի Հայագիտական ծրագրի «Լեզուաբուժութիւն» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ։ Զրոյցին մասնակցեցաւ գրող, դերասան եւ նկարիչ Վահէ Պէրպէրեան, որ անդրադարձաւ իր լեզուական փորձառութիւններուն, լեզուական ստեղծագործական որոնումներուն եւ արհեստական բանականութեան հետ իր փորձարկումներուն։
Լեզուի ձեռքբերման եւ մանկավարժութեան նուիրուած նիստին, զեկոյցներ ներկայացուցին Քարլա Քէքէճեան, Լիլիթ Ղազարեան եւ Նաթալի Կարիմեան։ Նորա Սարաֆեան-Թաշճեան եւ Սարին Աքպաշ ներկայացուցին նաեւ «Արեւ, Լուսին եւ Ժապաւէն» կրթական ծրագիրը, որ կը միտի նոր մեթոտներով աշխուժացնելու լեզուի ուսուցումը եւ ստեղծելու ուսումնական աւելի ներգրաւիչ միջավայր։
Գիտաժողովի ծիրէն ներս կազմակերպուեցան նաեւ ստեղծագործական աշխատանոցներ, ուր երիտասարդ արուեստագէտներ եւ ուսանողներ փորձեցին լեզուն միացնել արուեստին եւ թատրոնին։ Այս աշխատանոցներուն մասնակցեցան Ալեքսիա Հաթուն, Հրայր Վարազ, Իզապէլ Գույումճեան, Ճենի Գույումճեան, Հայկ Մախմուրեան, Յովիկ Արթինեան եւ Վաչէ Հովեան։
Ռազմիկ Փանոսեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ նաեւ կլոր սեղան մը՝ նուիրուած Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան լեզուական մօտեցումներուն։ Քննարկման մասնակցեցան Թամար Թիւֆէնքճեան, Հայկանուշ Մինասեան, Նորա Սարաֆեան-Թաշճեան, Մելինէ Բարսեղեան, Սարին Աքպաշ եւ Անի Կարմիրեան։ Քննարկումները կեդրոնացած էին սփիւռքի մէջ լեզուական կայուն կենսոլորտ ստեղծելու նախաձեռնութիւններուն վրայ։
Թուային դարաշրջանին եւ հայերէնի ապագային նուիրուած նիստը, Մարալ Դաւիթեանի նախագահութեամբ, համախմբեց Արթուր Իշխանեանը, Շահան Վիդալ-Գորէնը, Վիգէն Ասատուրեանը եւ Վիքթորիա Խուրշուտեանը։ Ներկայացումները կեդրոնացած էին արհեստական բանականութեան եւ թուային գործիքներու դերին վրայ լեզուի զարգացման եւ պահպանման մէջ։
Մարգարիտա Բաղդասարեանի նախագահութեամբ նիստին, Նայիրի Խաչատուրեան, Նելլի Աշխէն Սարգսեան, Կարինէ Պօղոսեան եւ Յովիկ Արթինեան անդրադարձան ստեղծագործական տարածքներու եւ լեզուի փոխյարաբերութեան։
Ատրինէ Սամքեանի նախագահութեամբ նիստը նուիրուած էր համալսարանական ծրագրերուն՝ մասնակցութեամբ Անահիտ Տօնապետեանի, Յակոբ Կիւլլիւճեանի, Լիա Սուրէնեանի, Ալեքսիա Հաթունի եւ Վաչէ Հովեանի։
Միրնա Տիւզճեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած քննարկումը անդրադարձաւ լրատուութեան եւ համայնքային կեանքին մէջ լեզուի դերին. խօսք առին Ժիրայր Չոլաքեան եւ Ռուբէն Ճանպազեան։
Ուսուցիչներու փորձառութիւններուն նուիրուած նիստը, Հրակ Փափազեանի նախագահութեամբ, ներառեց Դալար Շահինեանի, Միրնա Տիւզճեանի եւ Արուս Մովսէսեանի ելոյթները։

Գիտաժողովը եզրափակուեցաւ Շուշան Կարապետեանի փակման դասախօսութեամբ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի արեւմտահայերէնի զարգացման եւ դպրոցներու օժանդակութեան ծրագիրներու պատասխանատու Անի Կարմիրեանի եզրափակիչ խօսքով, ուր ընդգծուեցաւ լեզուական նախաձեռնութիւններու միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը եւ հայերէնի ապագային համար երկարաժամկէտ ռազմավարութեան անհրաժեշտութիւնը։
Եռօրեայ հանդիպումը մասնակիցներուն համար առիթ դարձաւ վերիմաստաւորելու սփիւռքի մէջ հայերէնի ներկայ վիճակը եւ ներկայացնելու նոր գաղափարներ լեզուի պահպանման եւ զարգացման ուղղութեամբ։
Քաղուածաբար «Նոր Յառաջ»-ի մէջ լոյս տեսած զեկոյցէն, զոր պատրաստած է Ժիրայր Չոլաքեան