Թուային յարձակումներու (cyberattacks) նոր թիրախը՝ մեր տան նստասենեակը

June 16, 2026

Կար ժամանակ, երբ սահմաններու պաշտպանութիւնը կը հանդիսանար ազգային անվտանգութեան հիմքը: Պետութիւնները բանակներ կը կազմէին, սահմաններ կը պաշտպանէին եւ կը փորձէին կանխել արտաքին սպառնալիքները։ Հետագային, թուային դարաշրջանին հետ, այդ սահմանները փոխադրուեցան նաեւ համակարգիչներու, սպասարկիչներու (servers) եւ ընկերութիւններու ցանցերուն շուրջ։ Թուային անվտանգութիւնը (cybersecurity) դարձաւ մասնագէտներու, ծրագրաւորողներու եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան բաժանմունքներուն պատասխանատուութիւնը: Սակայն, այս անվտանգութեան նոր ճակատն ալ արագօրէն կը փոխուի։

Համաշխարհային Տնտեսական Ֆորումի (World Economic Forum) հարթակը լոյս ընծայած է «How the Living Room Became Cybersecurity’s Front Line» («Ինչպէ՞ս նստասենեակը վերածուեցաւ թուային անվտանգութեան ռազմաճակատին») խորագրով յօդուած մը, ուր Swiss CyberSmart ընկերութեան գործադիր տնօրէն Էլչին Պիրեն կը ներկայացնէ մտահոգիչ, բայց անտեսուած իրողութիւն մը. ժամանակակից թուային անվտանգութեան ամենէն խոցելի օղակը այլեւս ընկերութեան նախասրահը կամ տեղեկատուական համակարգը չէ, այլ մեր սեփական տունը։

Արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) արագ զարգացումը, հեռավար եւ խառն (hybrid) աշխատանքի տարածումը, ինչպէս նաեւ առօրեայ կեանքին եւ աշխատանքին միջեւ սահմաններու աստիճանական ջնջումը, ստեղծած են նոր իրականութիւն մը։ Այսօր նոյն համակարգիչը, նոյն համացանցային կապը եւ նոյն միջավայրը կը ծառայեն թէ՛ մասնագիտական, թէ՛ անձնական նպատակներու։ Արդիւնքը այն է, որ հիւրասենեակը կամ խոհանոցը անուղղակիօրէն դարձած են կազմակերպութիւններու պաշտպանողական համակարգին մէկ մասը։ Այս փոփոխութիւնը աւելի վտանգաւոր դարձած է արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) զարգացումով։

Վերջին տարիներուն, արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) զարգացումը զգալիօրէն նուազեցուցած է թուային խարդախութիւններու նիւթական եւ թեքնաբանական արգելքները։ Ձայնի կրկնօրինակումը (cloning), խորակեղծ (deepfake) տեսանիւթերը եւ անհատականացուած խաբէութիւնները այլեւս միայն մասնագիտացած խմբաւորումներու գործիքները չեն։ Այն, ինչ որ քանի մը տարի առաջ կը պահանջէր նշանակալից միջոցներ եւ մասնագիտական բարձր կարողութիւն, այսօր կարելի է իրականացնել արագ, աժան եւ համոզիչ ձեւով։

Deloitte խորհրդատու եւ հաշուակալական միջազգային ընկերութեան նախատեսումներուն համաձայն, միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ արուեստական իմացականութեամբ (ԱԻ) օժանդակուած խարդախութիւններու տնտեսական վնասները կրնան 2027-ին հասնիլ 40 միլիառ տոլարի։ 2023-ին այդ թիւը 12,3 միլիառ տոլար էր։ Այլ խօսքով՝ խնդիրը միայն ապագայի վտանգ մը չէ, այլ այժմէական իրողութիւն մը։

Բայց ինչո՞ւ մեր բնակարանները սկսած են այդքան կարեւոր թիրախ դառնալ թուային յարձակումներու։ Պատասխանը պարզ է։ Կազմակերպութիւնները տարիներ շարունակ հսկայական գումարներ ծախսած են իրենց ցանցերը, սպասարկիչները եւ համակարգերը պաշտպանելու համար։ Միաժամանակ, շատ աւելի քիչ ուշադրութիւն դարձուցած են այն միջավայրին, ուր իրենց աշխատակիցները կ’ապրին։

Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ բարձրաստիճան տնօրէններու դէմ կատարուած թուային յարձակումներուն շուրջ մէկ երրորդին պարագային չարագործները ներթափանցած են բնակարանային անապահով ցանցերու միջոցով։ Աւելին, կազմակերպութիւններու 42 առ հարիւրը վերջին երկու տարիներուն արձանագրած են դէպքեր, ուր թիրախ դարձած են տնօրէններու ընտանիքի անդամները։ Սա կը նշանակէ, որ թուային անվտանգութեան խնդիրը այլեւս միայն պաշտօնեային հարցը չէ, նաեւ` ընտանիքին։

Յատկապէս խոցելի են երեխաները եւ տարեցները։ Երեխաներուն պարագային, վտանգը յաճախ չի ներկայանար որպէս դասական յարձակում։ Ան կրնայ ներկայանալ որպէս առցանց խաղի հրաւէր, ընկերոջ մը ուղարկած յղում կամ ընկերային ցանցի անմեղ թուացող փոխանցում մը։ Սակայն այդ պարզ թուացող յղումներուն ետին կրնան թաքնուած ըլլալ անձնական տուեալներու գողութիւն, ձեռնածութիւն կամ աւելի լուրջ սպառնալիքներ։ Թիրախը միայն տեղեկատուութիւնը չէ, այլ նաեւ երեխային հետաքրքրութիւնը, վստահութիւնը եւ պատկանելիութեան զգացումը։

Տարեցներու պարագային պատկերը տարբեր է։ Այստեղ յարձակումները աւելի յաճախ նիւթական կամ անձնական բնոյթ ունին։ Կեղծ նամակներ, թեքնաբանական օժանդակութեան կեղծ առաջարկներ, դրամական խաբէութիւններ եւ նոյնիսկ արուեստական իմացականութեամբ ստեղծուած ձայներ կը փորձեն շահագործել վստահութիւնը։ Միայն 2025-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ տարեցներու դէմ ուղղուած առցանց խաբէութիւններու արձանագրած վնասները գերազանցած են 7,7 միլիառ տոլարը։

Էլչին Պիրենի յօդուածին ամենէն կարեւոր պատգամը, սակայն, վիճակագրական այս տուեալները չեն։ Ան կը յիշեցնէ, որ թուային անվտանգութիւնը այլեւս միայն թեքնաբանական խնդիր չէ։ Ան նաեւ կրթական խնդիր է, ընտանեկան հարց է եւ համայնքային մտահոգութիւն:

Այս պատճառով ալ հեղինակը կը պնդէ, որ դիմադրողականութիւնը պէտք չէ դիտուի որպէս տարին անգամ մը կազմակերպուող պարտադիր դասընթացք մը կամ ձեւական ընթացակարգ մը։ Թուային վտանգները կը փոխուին շատ աւելի արագ, քան կազմակերպութիւններու կանոնակարգերը։ Անհրաժեշտ է շարունակական ուսուցում, որ կը սկսի մանկութենէն եւ կը շարունակուի ամբողջ կեանքին ընթացքին։

Երեխան պէտք է սորվի կասկածիլ անծանօթ պատուէրու, հասկնալ գաղտնիութեան արժէքը եւ գիտակցիլ իր թուային հետքերուն։ Տարեցը պէտք է կարենայ զանազանել վստահելի տեղեկութիւնը խաբէութենէն եւ գիտնայ որո՞ւ դիմել կասկածելի կացութիւններու պարագային։

Բայց այս ամբողջ քննարկումին մէջ կայ աւելի խոր գաղափար մը։ Մինչ մենք կը խօսինք արուեստական իմացականութեան (ԱԻ), բարդ ալկորիթմներու եւ թուային հսկայական համակարգերու մասին, անվտանգութեան ամենէն կարեւոր գործօնը տակաւին մարդն է՝ իր դատողութեամբ, զգօնութեամբ եւ առողջ սկեպտիկութեամբ։ Պիրեն այս գաղափարը կը խտացնէ կարճ, բայց խորիմաստ արտայայտութեան մը մէջ՝ «People are the perimeter»։ Այսինքն՝ պաշտպանութեան իրական սահմանագիծը այլեւս մեքենաները չեն, այլ՝ մարդիկ։

Թուային դարաշրջանին մէջ անվտանգութիւնը չի կառուցուիր միայն firewall-ներով, գաղտնաբառերով կամ նորագոյն ծրագիրներով։ Ան կը կառուցուի նաեւ ընտանիքի անդամներուն միջեւ տեղի ունեցող պարզ խօսակցութիւններով, ծնողներու զգօնութեամբ, դպրոցական դաստիարակութեամբ եւ համայնքային գիտակցութեամբ։

Աշխարհի կարգ մը երկիրներ արդէն սկսած են առցանց անվտանգութիւնը ներառել դպրոցական ծրագիրներուն մէջ։ Շատ անգամ քանի մը վայրկեան սպասելը, տեղեկութիւնը ստուգելը կամ պարզ հարցում մը տալը կրնայ կանխել մեծ վնաս մը։ Այս պատճառով ալ թուային անվտանգութեան ապագան չի սկսիր ընկերութեան սպասարկիչներէն (servers) կամ տեղեկատուական բաժանմունքէն։

Ան շատ աւելի առաջ կը սկսի։ Ան կը սկսի տունէն, ընտանիքէն, մանաւանդ՝ նստասենեակէն:

«Տարբերակ21»

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x