Աշխարհի 196 երկիրներ պիտի համախմբուին Երեւանի մէջ՝ COP17 համաժողովին
July 19, 2026
19-30 հոկտեմբեր 2026-ին Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը պիտի հիւրընկալէ ՄԱԿ-ի «Կենսաբազմազանութեան մասին համաձայնագրի» (Convention on Biological Diversity – CBD) կողմերու համաժողովին (COP17) տասնեօթներորդ նստաշրջանը։ Այս համաժողովը կը նկատուի կենսաբազմազանութեան պահպանման մասին աշխարհի ամենէն կարեւոր քաղաքական եւ մասնագիտական հարթակը, ուր կառավարութիւններ, միջազգային կազմակերպութիւններ, գիտնականներ եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ կը համախմբուին՝ բնութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն լուծումներ որոնելու նպատակով։
Ինչո՞ւ կարեւոր է COP17-ը
Հակառակ վերջին տասնամեակներուն ընթացքին բնութեան պահպանութեան ուղղուած բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու, աշխարհի կենսաբազմազանութիւնը կը շարունակէ արագօրէն նահանջել։ Անտառներու ոչնչացումը, բնական միջավայրերու քայքայումը, կլիմայական փոփոխութիւնը, ապականումը եւ կենսաբանական պաշարներու անհաշիւ շահագործումը լուրջ սպառնալիքներ կը ներկայացնեն երկիր մոլորակի կենսահամակարգերուն։
ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան համաժողովը կը ձգտի համաշխարհային համաձայնութիւններու միջոցով կասեցնելու այս գահավիժումը եւ խթանելու բնութեան պահպանման ու վերականգնման ուղղուած գործնական քայլերը։
Երեւանի ժողովին, աշխարհի գրեթէ բոլոր պետութիւններու ներկայացուցիչները պիտի քննարկեն նոր միջոցառումներ եւ նախաձեռնութիւններ, որոնք պիտի նպաստեն կենսաբազմազանութեան պահպանման, բնական միջավայրերու վերականգնման եւ բնական պաշարներու պաշտպանութեան։
Ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ
COP17-ի հիւրընկալ երկիր ընտրուիլը Հայաստանի համար կը նկատուի միջազգային մեծ վստահութեան արտայայտութիւն։ Սակայն այս ընտրութիւնը նաեւ կը յիշեցնէ, որ երկիրը բնապահպանական լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուի։
Եւրոպական Միութեան կողմէ ֆինանսաւորուող «EU4Environment» ծրագրին համաձայն, Հայաստան ամէն տարի կը կորսնցնէ մօտ 110 հեկտար անտառ, հիմնականօրէն՝
- ապօրինի անտառահատումներու,
- վառելափայտի անզուսպ հաւաքման,
- գերարածեցման,
- եւ հանքարդիւնաբերական գործունէութեան հետեւանքով։
Հետեւաբար, COP17-ը Հայաստանի համար ոչ միայն միջազգային հեղինակաւոր համաժողով մըն է, այլ նաեւ առիթ մը՝ ցոյց տալու իր պատրաստակամութիւնը կենսաբազմազանութեան պահպանութեան եւ յարատեւող զարգացման ուղղութեամբ։
2025-ին, Եւրոպական Գործարար Միութեան (EBA) Երեւանի մէջ կազմակերպած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Հայաստանի մէջ, ՄԱԿ-ի աշխատանքները համակարգող Ֆրանսուազ Ժագոպ ընդգծեց, որ COP17-ը կրնայ Հայաստանը դարձնել կենսաբազմազանութեան ոլորտին մէջ օրինակելի երկիր մը։
Ան ըսաւ. «Մենք կը հաւատանք, որ COP17-ը Հայաստանի համար բացառիկ հնարաւորութիւն է՝ կենսաբազմազանութեան բնագաւառին մէջ օրինակելի երկիր մը դառնալու։ Կառավարութեան առաջնորդութեամբ եւ բոլոր շահագրգիռ կողմերու համագործակցութեամբ կրնանք վստահ ըլլալ այս նախաձեռնութեան յաջողութեան»։

Ի՞նչ է կենսաբազմազանութեան COP-ը
Կենսաբազմազանութեան Կողմերու համաժողովը (COP) Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան հովանիին տակ գործող բարձր մակարդակի միջազգային համաժողով մըն է, որ կը համախմբէ պետութիւններ, շրջանային կազմակերպութիւններ, միջազգային հաստատութիւններ, գիտական շրջանակներ եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ։
Համաժողովին հիմնական առաքելութիւնն է.
- պաշտպանել կենսաբազմազանութիւնը,
- խրախուսել բնական պաշարներու յարատեւող օգտագործումը,
- ապահովել ծինային պաշարներու օգտագործումէն բխող օգուտներու արդար եւ հաւասար բաշխումը,
- եւ բնապահպանական հրատապ խնդիրներուն համար մշակել համաշխարհային լուծումներ։
Ռիոյէն մինչեւ Երեւան
Կենսաբազմազանութեան COP-ի պատմութիւնը կը սկսի 1992 թուականի Ռիօ տը Ժանէյրոյի «Երկիր գագաթնաժողովէն» (Earth Summit), ուր առաջին անգամ ըլլալով միջազգային հանրութիւնը համաձայնեցաւ համատեղ դիմագրաւել բնութեան պահպանութեան եւ բնական պաշարներու յարատեւող օգտագործման հարցերը։
Այդ համաժողովէն ծնունդ առին երեք հիմնական միջազգային բնապահպանական համաձայնագրեր.
- Կլիմայական փոփոխութեան մասին համաձայնագիրը (Climate COP),
- Անապատացման դէմ պայքարի համաձայնագիրը,
- եւ Կենսաբազմազանութեան մասին համաձայնագիրը (Biodiversity COP),
COP17-ի հիմնական օրակարգը
2026-ի մարտին հրապարակուած նախնական օրակարգին համաձայն՝ COP17-ի քննարկումներուն առանցքը պիտի կազմեն հետեւեալ թեմաները.
- կենսաբազմազանութեան պահպանման համար ֆինանսական անհրաժեշտ միջոցներու ապահովումը,
- միջազգային ֆինանսաւորման համակարգերու կատարելագործումը,
- Քունմինկ-Մոնթրէալի Կենսաբազմազանութեան համաշխարհային շրջագիծի իրագործման ընթացքի գնահատումը,
- միջազգային կազմակերպութիւններու եւ բնապահպանական այլ համաձայնագիրներու հետ համագործակցութիւնը,
- ծինային պաշարներու թուային յաջորդականութեան տեղեկութիւններու (Digital Sequence Information) կառավարումը,
- սինթեթիք կենսաբանութիւնը,
- եւ կենսաբազմազանութեան ոլորտին մէջ սեռային հաւասարութեան գործողութիւններու ծրագրի մշակումը։
Բաց աստի, համաժողովը պիտի քննարկէ նաեւ շարունակական կարեւոր թեմաներ, ինչպիսիք են.
- կենսաբազմազանութեան եւ կլիմայական փոփոխութեան կապը,
- կենսաբազմազանութեան ազդեցութիւնը գիւղատնտեսութեան եւ հանրային առողջապահութեան վրայ,
- վայրի բուսական ու կենդանական աշխարհի յարատեւող կառավարումը,
- եւ ներմուծուած օտար տեսակներու (invasive alien species) վերահսկողութիւնը։
Քունմինկ-Մոնթրէալի համաշխարհային ծրագիրը՝ մինչեւ 2030
COP17-ի աշխատանքներուն առանցքը պիտի կազմէ Քունմինկ-Մոնթրէալի Կենսաբազմազանութեան համաշխարհային ծրագիրը (Kunming-Montreal Global Biodiversity Framework), որ որդեգրուեցաւ 2022 դեկտեմբերին՝ COP15-ի ընթացքին։
Այս ծրագիրը կը նկատուի մինչեւ 2030 թուականը կենսաբազմազանութեան պահպանութեան համաշխարհային ճանապարհային քարտէսը։ Անիկա ուղղութիւն կու տայ Կենսաբազմազանութեան մասին համաձայնագրին անդամակցող 196 պետութիւններուն, որ ազգային մակարդակի վրայ գործադրեն անհրաժեշտ քաղաքականութիւններն ու միջոցառումները՝ բնութեան կորուստը կանգնեցնելու եւ շրջելու նպատակով։
Ծրագիրը կը հիմնուի ռազմավարական չորս նպատակներու եւ քսաներեք գործնական թիրախներու վրայ, որոնց իրագործումը վճռորոշ կը նկատուի աշխարհի կենսաբազմազանութեան ապագային համար։
Բնութեան պահպանութիւնը՝ համաշխարհային առաջնահերթութիւն
Ծրագրին կարեւորագոյն նպատակներէն մէկը երկրագունդի բնական միջավայրերու աւելի բծախնդիր պաշտպանութիւնն է։
ՄԱԿ-ը կոչ կ՚ուղղէ, որ մինչեւ 2030 թուականը աշխարհի ցամաքային, ծովային եւ առափնեայ տարածքներուն առնուազն 30 առ հարիւրը գտնուի արդիւնաւէտ պահպանութեան տակ։ Այս նպատակին շնորհիւ պիտի պահպանուին հազարաւոր կենդանական եւ բուսական տեսակներ, ինչպէս նաեւ անոնց բնական բնակավայրերը։
Վնասուած կենսահամակարգերու վերականգնում
Պահպանութիւնը միայն բաւարար չէ։ Անհրաժեշտ է նաեւ վերականգնել բնական այն միջավայրերը, որոնք տարիներու ընթացքին վնասուած կամ քայքայուած են մարդկային գործունէութեան հետեւանքով։
Ծրագիրը կը նախատեսէ, որ մինչեւ 2030 վերականգնուի վնասուած քաղցրահամ ջուրերու, ծովային եւ ցամաքային կենսահամակարգերուն առնուազն 20 առ հարիւրը, առաջնահերթութիւն տալով այն շրջաններուն, որոնք բնապահպանական տեսակէտէ առանձնայատուկ արժէք կը ներկայացնեն։
Ներմուծուած օտար տեսակներու վերահսկողութիւն
COP17-ը պիտի քննարկէ նաեւ այն կենդանիներն ու բոյսերը, որոնք մարդոց միջամտութեամբ իրենց բնական միջավայրէն դուրս տարածուելով՝ կը սպառնան տեղական կենսաբազմազանութեան։
Թիրախն է առնուազն կէսով նուազեցնել յայտնի կամ հաւանական ներխուժող օտար տեսակներու տարածման արագութիւնը՝ կանխարգիլելով անոնց հասցուցած տնտեսական եւ բնապահպանական վնասները։
Քիմիական ապականութեան եւ թափօններու կրճատում
Համաշխարհային ծրագիրը նաեւ կարեւոր տեղ կը յատկացնէ շրջակայ միջավայրի ապականութեան նուազեցումին։
Մինչեւ 2030 նախատեսուած է՝
- առնուազն կէսով նուազեցնել կենսոլորտին մէջ կորսուած քիմիական պարարտացուցիչներու եւ օրկանական մնացուկներու քանակը,
- առնուազն երկու երրորդով կրճատել կենսաբազմազանութեան վնասակար քիմիական նիւթերու, մասնաւորաբար միջատասպաններու օգտագործումը,
- եւ զգալի քայլեր առնել պլասթիքային թափօններու արտանետումը կանխելու ուղղութեամբ։
Երեւանէն հնչելիք պատգամը
COP17-ը պիտի չսահմանափակուի միայն բանակցութիւններով կամ քաղաքական յայտարարութիւններով։ Համաժողովի հիմնական նպատակը գործնական յանձնառութիւններու ամրագրումն է, որպէսզի պետութիւնները իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները վերածեն իրական քաղաքականութիւններու եւ գործողութիւններու։
Երբ աշխարհի տարբեր շրջաններ շարունակ կը դիմագրաւեն անտառահատումներ, բնական միջավայրերու ոչնչացում, տեսակներու անհետացում եւ կլիմայական փոփոխութեան հետեւանքներ, կենսաբազմազանութեան պաշտպանութիւնը այլեւս միայն բնապահպանական խնդիր չէ։ Անիկա նաեւ տնտեսական, առողջապահական, պարէնային ապահովութեան եւ, ի վերջոյ, մարդկութեան ապագային վերաբերող հարց է։
Այս իմաստով, 2026-ին Երեւանը պիտի դառնայ այն միջազգային հարթակը, ուր պիտի փորձուի ոչ միայն գնահատել բնութեան ներկայ վիճակը, այլ նաեւ ձեւաւորել այն որոշումները, որոնք կրնան վճռորոշ դեր ունենալ երկրագունդի կենսաբազմազանութեան ապագային համար։
Հայաստանի մէջ կայանալիք COP17 համաժողովի պաշտօնական կայքէջը արդէն հասանելի է հանրութեան հետեւեալ կապով` https://armenia.un.org/en/289877-conference-parties-convention-biological-diversity-cop17
«Տարբերակ21»