Աշխարհը լսեց վեց տարեկան երեխային ձայնը
January 29, 2026
Յունուար 22-ին, Օսքարներու մրցանակաբաշխութեան այս տարուան թեկնածուներու ցանկը յայտարարուեցաւ։ Վերջին յօդուածիս աւարտին արտայայտած մաղթանքս («Մաղթենք բազմաթիւ թեկնածութիւններ Սեւ Օհանեանին եւ Մատըլին Շարաֆեանին») ոչ միայն իրականացաւ, այլ նաեւ գերազանցուեցաւ.

Մատըլին Շարաֆեան ստացաւ իր երկրորդ Օսքարի թեկնածութիւնը՝ Elio երկարատեւ animation ֆիլմին համար։ Առաջինը եղած էր 2021-ին՝ Burrow կարճ animation ֆիլմով (Best Animated Short Film)։

Իսկ Սեւ Օհանեան ոչ միայն թեկնածութիւն ստացաւ իր Sinners ֆիլմին համար, այլ 16 թեկնածութիւն(1)՝ անակնկալի բերելով ամբողջ աշխարհը եւ կոտրելով Օսքարներու պատմական մրցանիշը։ Մինչ այդ, ամէնէն շատ թեկնածութիւններ ստացած էին All About Eve (1950), Titanic (1997) եւ La La Land (2016)՝ իւրաքանչիւրը 14 թեկնածութիւններով(2)։

Եւ քանի որ Sinners արդէն մրցանիշ կոտրած է իր 16 թեկնածութիւններով, կրնայ նաեւ երկրորդ մրցանիշ մը հաստատել՝ եթէ շահի բոլոր 16-ը։ Մինչեւ այսօր այդպիսի բան միայն մէկ անգամ պատահած է՝ The Lord of the Rings: The Return of the King (2003)(3), որ շահած է իր բոլոր 11 թեկնածութիւնները։
Այս բոլորին զուգահեռ, կ’ուզեմ ուշադրութեան յանձնել օտար լեզուով ֆիլմերու բաժինի մէկ թեկնածուին՝ The Voice of Hind Rajab։

Առաջին անգամ երբ այս ֆիլմին մասին կարդացի, տպաւորութիւնս այն էր, որ պիտի ըլլար փոքր, համեստ, «աղքատիկ» ֆիլմ մը։ Սակայն շուտով արձագանգները սկսան։ Ամենէն տպաւորիչ պահը ֆիլմին առաջնախաղն էր՝ 2025-ի սեպտեմբերին, 82-րդ Venice International film festival, ուր ան արժանացաւ 23 վայրկեան եւ 50 երկվայրկեան տեւած յոտնկայս ծափահարութեան(4)։ Դահլիճին մէջ, անձնակազմին կողքին նստած էին Joaquin Phoenix եւ Rooney Mara(5)։ Աւելի խոր պրպտում մը բացայայտեց, որ ֆիլմին արտադրիչներուն մէջ կը գտնուէին ոչ միայն Phoenixն ու Maraն, այլ նաեւ Brad Pitt, Alfonso

Cuarón, Spike Lee, Michael Moore, Jonathan Glazer եւ այլ hollywood-եան աստղեր։ Joaquin Phoenixն ու Rooney Mara-ն իրենց ներկայութեամբ ուզած էին միջազգային ուշադրութիւն հրաւիրել պաղեստինեան դատին վրայ, յատկապէս՝ Կազայի անմեղ երեխաներու վիճակին։
Ֆիլմը հիմնուած է իրական դէպքի մը վրայ, որ տեղի ունեցած է 2024 թուականի յունուար 29-ին, Կազայի մէջ։ Այդ օրը պաղեստինեան Կարմիր Մահիկի շտապ օգնութեան կեդրոնը հեռաձայն կը ստանայ վեց տարեկան աղջիկէ մը, որ կրակոցի տակ բանտարկուած է ինքնաշարժի մը մէջ։ Ան աղաչանքով կը խնդրէ փրկութիւն։ Կեդրոնի չորս կամաւորները ճիգ չեն խնայեր որ աղջնակը հեռախօսը չփակէ՝ խօսելով ու քաջալերելով, մինչ կը ջանան ապահովել շտապ օգնութեան մեքենայ մը։
Պարզ պատմութիւն, չէ՞։ Պատերազմի դաշտին մէջ մինակ մնացած երեխայ մը, կամաւորներ, որոնք կը փորձեն զինք փրկել։ Եթէ hollywood-եան ֆիլմ մը ըլլար, կեդրոնացումը պիտի ըլլար երեխային մօտ հասնող «հերոսներուն» վրայ՝ ֆիզիքական ու հոգեկան տառապանքներով, լարուած երաժշտութեամբ, եւ վերջին վայրկեանին՝ փրկութիւն, ապա պայթում մը։
Բայց այս ֆիլմը բացարձակապէս այդպէս չէ։

Ֆիլմի բեմադրիչը՝ թունուզցի Քաուսար Պըն Հանիան (Kaouther Ben Hania), այդ օրերուն տակաւին իր նախորդ ֆիլմի՝ Four Daughters (2024), Օսքարեան քարոզարշաւին մէջ էր (արժանանալով՝ լաւագոյն օտար լեզուով ֆիլմի թեկնածութեան)։ Լոս Անճըլըսի օդակայանին մէջ սպասելու ընթացքին, լուրերէն կը լսէ այդ վեց տարեկան աղջկան հեռաձայնային խօսակցութեան մասին։ Պըն Հանիան անմիջապէս կը կապուի պաղեստինեան շտապ օգնութեան կեդրոնին եւ կը խնդրէ լսել ամբողջ ձայնագրութիւնը, որ կը պարզուի թէ 70 վայրկեան տեւողութեամբ է։ Այդ տառապալից ունկնդրութենէն ետք, ան տեղուոյն վրայ որոշում կ’առնէ մոռնալ իր բոլոր նոր ծրագիրները եւ այս դէպքին շուրջ ֆիլմ պատրաստել։ Ան երկար զրոյցներ կ’ունենայ Հինտի մօր հետ, շտապ օգնութեան կամաւորներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք փորձած էին երեխան փրկել։

Ֆրանսական եւ թունուզական համատեղ արտադրութեամբ ֆիլմի նկարահանումները կը սկսին նոյեմբեր 2024-ին եւ կը տեւեն երեք շաբաթ՝ Թունուզի մէջ։ Բոլոր դերասանները պաղեստինցի են(6)։ Այս ֆիլմը hollywood-եան չէ։ Հերոս կերպարներ չկան։ Ռումբերու տակ վազք չկայ։ «Happy ending» չկայ։ Իրական կեանք է։
Ֆիլմը ամբողջովին տեղի կ’ունենայ պաղեստինեան շտապ օգնութեան կեդրոնին մէջ։ Չորս կամաւորներուն դերերը ստանձնող դերասանները, խօսելով Հինտ Րաժապի իսկական ձայնով իսկական ձայնագրութեան հետ։ The Voice of Hind Rajab-ը docudrama է՝ ներկայացուած դէպքը այնպէս, ինչպէս որ պատահած է, եւ դիտուած՝ կեդրոնի աշխատողներուն աչքերով։ Պըն Հանիան գիտակցաբար որոշած է չկերպարացնել Հինտը դերասանով, իբր յարգանք եւ որպէսզի պահէ պատմութեան ամբողջ ճշմարտացիութիւնը։

Կը տեսնենք կամաւորներուն հոգեկան ծանր վիճակը, անօգնականութեան զգացումը, երբ հեռաձայնին միւս կողմը վեց տարեկան, մինակ, սարսափած, անմեղ աղջիկ մըն է։ Մէկ ու կէս ժամ տեւող այս ֆիլմին մէջ արիւն չկայ, զէնք չկայ, բայց ամբողջ ֆիլմը ինքնին պատերազմ մըն է։ Հինտն ու կամաւորները՝ բոլորը զոհեր են, ուժերէն վեր կացութեան մէջ։
Հինտ Րաժապի պատմութեան մասին նկարահանուած են երեք ֆիլմեր՝ Close Your Eyes Hind (2025), Hind Under Siege (2025) եւ The Voice of Hind Rajab (2025)(7)։ Առաջին երկուքը կարճատեւ ֆիլմեր եւ ուր Հինտը ներկայացուած է դերասանով, իսկ երրորդը կ’օգտագործէ միայն անոր իսկական ձայնը։
Օսքարներէն առաջ դեռ կան այլ մրցանակաբաշխութիւններ, ուր The Voice of Hind Rajab, Sinners եւ Elio բոլորը թեկնածութիւններ ունին։
Կը մաղթեմ, որ երեքն ալ շահին։