«Աղմկոտ շշուկներ»․ անտառին մէջ մոլորած աշխարհի ղեկավարները
May 18, 2026

Ֆիլմերու մասին մշտական պրպտումներուս ընթացքին, 2024-ին, հանդիպեցայ համաշխարհային քաղաքականութեան անդրադարձող «Rumours»(1) comedy horror ֆիլմին: Օրին, Լիբանանի դէմ Իսրայէլի պատերազմն ու երկրին մէջ տիրող ծանր պայմանները ֆիլմերով հետաքրքրուիլը երկրորդական դարձուցին:
Ֆիլմը շատ մեծ հետաքրքրութիւն արթնցուցած էր մէջս նախ Cate Blanchett-ի(2) ներկայութեամբ, իսկ յետոյ, իբր Լիբանանի քաղաքացի, երբ երկիրս դարձեալ պատերազմի մէջ էր, կարծէք առնչուած էր Լիբանանի՝ երկրի մը, որուն ճակատագիրը կախեալ է մեծ պետութիւններու որոշումներէն ու համաձայնութիւններէն։

Երկու տարի վերջ, ապրիլ 2026-ին, Metropolis cinema-ն այս ֆիլմը ցուցադրեց, եւ առիթը չուզեցի փախցնել: Ֆիլմը կը ներկայացնէ The Group of Seven (G7)-ի գումարելիք ժողովը՝ քուլիսներու ետեւէն դիտուած. G7-ը քաղաքական եւ տնտեսական տարեկան յանձնաժողովն է, աշխարհի տնտեսապէս ամենէն հզօր եօթը ժողովրդավար պետութիւններուն (Գանատա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Իտալիա, Ճափոն, Մեծն Բրիտանիա եւ Միացեալ Նահանգներ), եւ Եւրոպական միութեան ղեկավարներուն, որոնք կը համախմբուին քննարկելու համաշխարհային հարցեր եւ ծրագրելու լուծումներ: «Rumours» ֆիլմին կեդրոնացումը ղեկավարներուն համախմբումի եւ որոշումները առնելու ձեւին մասին է:

Լրատուամիջոցներէն կը տեսնենք պաշտօնական յայտարարութիւններ, ինքնավստահ ղեկավարներու կողմէ: Այս ֆիլմին մէջ կը տեսնենք նոյն «ինքնավստահ» ղեկավարներուն շուարած վիճակը, երբ, դէմ առ դէմ, առանց իրենց խորհրդատուներուն, անտառի մէջէն անցնելով կը հասնին մեկուսի վայր մը, կլոր սեղանի(3) մը շուրջ ընթրելու եւ յետոյ «յայտարարութիւն» մը պատրաստելու:

Ֆիլմը կը սկսի Գերմանիոյ մէջ եօթը ներկայացուցիչներուն հանդիպումով, խմբային նկար(4) նկարուելու համար: Պրկուած է մթնոլորտը. կազմակերպիչ յանձնախումբին ներկայութեամբ հանդերձ, ղեկավարները կարծէք առանձին են, շուարած. եւ Գերմանիոյ վարչապետը ստիպուած ինք անձնապէս կը ստանձնէ հիւրընկալութիւնը:
Անտառի մը մէջէն անցնելով կ’ուղղուին դէպի մեկուսի ժողովասեղան:
Մինչեւ հոս ֆիլմը ակնկալածիս պէս էր:

Ճամբան կը հանդիպին հնագէտներու, որոնք ճահիճներու տակ թաղուած մարմիններ(5) գտած են: Զարմանալին այն է, որ ղեկավարները այդ սարսափելի տեսարանին գրեթէ անտարբեր կը մօտենան։ Կարծես սովորական դէպք մը ըլլար։ Հոս կրկնեմ, որ իբրեւ Լիբանանի քաղաքացի, որ իր հողին վրայ այս մեծ երկիրներու պատերազմը տեղի կ’ունենայ՝ սիրտ պաղեցնող երեւոյթ էր տեսնել այդ «ղեկավարներուն» ապուշ եւ ձախաւեր ըլլալը: Ժողովասեղան կը հասնին, պաշտօնական ընթրիքի ընթացքին իսկ կը նկատեն որ բոլորովին առանձին են, ոչ մէկ մատուցող, ոչ մէկ օգնական, ոչ ալ ապահովութիւն. կորսուած են եւ ետդարձի ճամբան չեն գիտեր: Դարձեալ սիրտ պաղեցնող տեսարան:

Եւ կը սկսին կուտ ու կորկոտ չունեցող խօսակցութիւնները: Փոխանակ իրականութիւնը ընդունելու, ղեկավարները կը շարունակեն ձեւացնել թէ ամէն ինչ տակաւին վերահսկողութեան տակ է եւ կ’որոշեն գործի անցնիլ պատրաստելու, դիտողին համար անորոշ, այդ յայտարարութիւնը: Իրենք իրենց զոյգ-զոյգ խումբերու կը բաժնեն, Գանատայի վարչապետը, հոգեկան խանգարումի պատճառով դադար առնելով, ժողովէն կը հեռանայ: Աշակերտական պարտականութեան պէս, կը սկսին իրարու պարզամիտ գաղափարներ արտայատել, ինչպէս երբ «տկար» աշակերտը կախեալ ըլլայ «աշխատասէր» աշակերտէն, ձեւացնելով իր մասնակցութիւնը բայց վերջնական արդիւնքը ըլլալով «աշխատասէր»-ին միտքերը: Եւ ի յայտ կու գայ իւրաքանչիւրին, կամ իրենց պետութիւններուն, նկարագիրը՝ պաշտօնական ազատականութիւն, անապահովութիւն եւ կախեալ ըլլալ, հայրենաբաղձութեան անկում, զսպուածութիւն եւ հեռաւորութիւն, թատերական մտաւորականութիւն, զգացումներու ճնշում եւ մեծամիտ ինքնավստահութիւն(6):

Ամբողջովին խորհրդանշական (symbolic) այս ֆիլմը դիտելէս վերջ, շատ պրպտումներ ըրի միտքերն ու խորհրդանիշերը իրարու կապելու համար: Յատկանշական յստակ կէտերն էին՝ վայրը, ճահիճներու մէջ թաղուած մարմինները, հսկայ ուղեղը(7), արուեստական իմացականութեանը (ԱԻ – AI), իւրաքանչիւր ղեկավարի նկարագիրը, եւ վերջապէս ֆիլմին աւարտը:
Վայրը` հսկայ անտառը, կը խորհրդանշէ քաղաքական շփոթը: Երբ աշխարհը տակն ու վրայ է, ղեկավարները առանց ուղղութեան ու կարգ կանոնի կը թափառին ու կը կորսուին:

Ճահիճներու մէջ թաղուած մարմինները կը նշանակեն արեւմտեան քաղաքակրթութեան անհիմն դառնալը: Ղեկավարութիւններ, որ որքան ալ որ ինքզինքնին դասեն ժամանակակից եւ յառաջացած, այս պատկերին մէջ կը տեսնենք որքան փտած եւ փխրուն հիմքերու վրայ կանգնած են(8):
Անտառին մէջ յայտնուող հսկայ ուղեղը, կը ներկայացնէ այս ղեկավարութիւններուն հաւաքական գիտութիւնը, բայց առանց իմաստութեան, այնքան ատեն որ չեն կրնար օգտակար կերպով օգտագործել զայն:
Արուեստական իմացականութեան ներկայութիւնը, որ մէկ նամակով ղեկավարները խուճապի եւ անորոշ վիճակի մէջ կը մատնէ, նոյն գաղափարը կը շարունակէ. կը բացայայտէ որ որքան ալ յառաջադէմ ըլլայ տակաւին յստակ չէ:

Իսկ այս բոլորին կողքին եւ ֆիլմին բուն նպատակը, այդ յայտարարութիւնը հանրութեան փոխանցելն էր: Երբ պէտք էր համաշխարհային հարցերու լուծումներու հիմքը դնէին, ինչպէս կլիմայի փոփոխութիւն, արուեստական իմացականութեան սխալ գործածութիւն, պատերազմներ, տնտեսական տագնապներ, ղեկավարները ճահիճներէն ելած մարմիններուն առջեւ կը ներկայանան անհեթեթ եւ անիմաստ խօսքերով` ցոյց տալով, որ դիւանագիտութիւնը դարձած է դատարկ արարողութիւն առանց իրական էութեան։
Քաղաքական էութենէ պարպուած, անհեթեթ եւ արտասովոր պատկերներու միջոցով, «Rumours» ֆիլմը կը ներկայացնէ ժամանակակից ժողովրդավար աշխարհի հոգեկան, քաղաքական եւ բարոյական անկումը։
Փաթիլ Գուլաճեան