Ուսողական մանկավարժութիւնը, արուեստական բանականութիւնը (AI) եւ անոր բարոյագիտութիւնը

Մեր այսօրուայ զրուցակիցն է ուսողութեան ուսուցիչ, կրթական հետազօտող, ուսողութեան բովանդակութիւն ստեղծող եւ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան ծրագիրներու հեղինակ Խաչիկ-Հրակ Տէմիրճեանը:

«Համազգայինը» եւ երիտասարդութիւնը

Այսօրուան Podacst-ի զրուցակիցն է Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակի տնօրէն Արին Պուլուզեան-Գալուստեանը: Այժմու պայմաններուն մէջ ի՞նչ կ'ընէ «Համազգայինը» քայլ պահելու ժամանակի թելադրանքներուն հետ:

Հայ ուսուցիչին դերը հայ աշակերտին ազգային ինքնութեան ձեւաւորման մէջ

տարբերակ21-ի 19 Փետրուարի podcast-ին զրուցակիցն է Հայկազեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան: Նիւթ՝ «Հայ ուսուցիչին դերը հայ աշակերտին ազգային ինքնութեան ձեւաւորման մէջ»:

Լիբանանահայ աշակերտը՝ այսօր

Այսօրուան Podacst-ի զրուցակիցն է Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստը: Ան կը խօսի հայ աշակերտի ընկերային ու հոգեկան վիճակին մասին՝ մասնաւորաբար Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական ու ապահովական դժուարութիւններուն ի տես: Երկրորդ մասով կ’անդրադառնայ քննական մտածողութեան (critical thinking) կարեւորութեան հայ դպրոցներու կրթական համակարգին մէջ: