Արհեստագիտական եւ մասնագիտական գիտելիքներու կողքին, կարեւոր է նաեւ անհատի մը առարկայական եւ սիսթեմաթիք՝ համակարգային ձեւով մտածելու կարողութիւնը որոշումներու կայացման ու խնդիրներու լուծման գործընթացներուն մէջ, եւ այս է քննական միտքին էութիւնը:
Քննական միտքի հմտութիւններ ձեռք ձգած կ՛ըլլանք, երբ կը գիտակցինք, որ տարբեր հեռանկարներ գոյութիւն ունին եւ բանի մը նայելու այլազան եղանակներ կան, ու այդ բաները առարկայական ձեւով գնահատելը շատ կարեւոր է: Քննականօրէն մտածել կը նշանակէ ըլլալ բաւական խոնարհ՝ գիտակցելու համար, որ կրնանք սխալական ըլլալ: Նաեւ չըլլալ կողմնակալ եւ ամէն ինչ գնահատել նոյն հիմքերով:
Հարց տանք մենք մեզի, որ օրական քանի՞ անգամ ժխտական ենթադրութիւն կ՛ընենք, քանի՞ անգամ ոչ առարկայական ձեւով կը մօտենանք հարցերու: Օրինակ՝ երբ նստած կ՛աշխատինք գրադարանի մը մէջ եւ յանկարծ մեր գրիչը կ՛անհետանայ սեղանին վրայէն, շատ հաւանական է, որ մեղադրենք մեր քով նստող անձը (որ ինք առաւ գրիչը): Զինք գողութեան մէջ մեղադրելը անարդար ու նաեւ մեզի վնաս պատճառող կ՛ըլլայ, եթէ հիմնաւոր ապացոյցներ չունինք մեր ձեռքին մէջ:
«Ջուրը շատ թեթեւ կու գայ խողովակէն, կարծես ջուրը «պիտի կտրեն»». մինչեւ չստուգենք, որ մեր տակառին մէջ ջուր կա՞յ թէ չկայ, մինչեւ չստուգենք որ ջուրի մայր խողովակէն փախուստ կա՞յ թէ ոչ, կամ ջուր քաշելու շարժակը կ՛աշխատի՞ թէ ոչ, մեր ըսածը ենթադրութիւն մը կը մնայ: Եթէ ստուգենք եւ ի յայտ գայ, որ օրինակ՝ ջուր քաշելու շարժակը չ՛աշխատիր, կրնանք առարկայական ձեւով ըսել, որ շարժակը չ՛աշխատիր եւ հետեւաբար «ջուր չունենալու» խնդիր կրնանք ունենալ:
Քննական միտքին կարեւոր մէկ բաժինը փաստարկութիւններ (arguments) ճանչնալը, կառուցելը եւ գնահատելն է:
Բայց ի՞նչ է փաստարկը կամ փաստարկութիւնը:
Փաստարկը (argument) յայտարարութիւններու շարք մըն է, որ կը միտի որոշել այլ յայտարարութեան մը ճշմարտութեան աստիճանը: Անիկա պատճառներու շարք մըն է, որ ցոյց կու տայ եզրակացութեան մը վաւերական ըլլալը:
Տրամաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան մէջ սխալ կարծիք է, որ փաստարկը ընդհարում մը կամ հակասութիւն մըն է երկու անձերու միջեւ:
Նկատի ունենանք հետեւեալ փաստարկը. բոլոր մարդ արարածները խօսելու ու արտայայտուելու կարողութիւն եւ տրամաբանութիւն ունին: Արմիկը մարդ արարած է: Ուրեմն, Արմիկը տրամաբանութիւն ունի:
«Արմիկը տրամաբանութիւն ունի» նախադասութիւնը վերը նշուած պարբերութեան եզրակացութիւնն է, այսինքն այն՝ որ մեզմէ կը պահանջուի, որ հաւատանք:
-Բոլոր մարդ արարածները արտայայտուելու ու խօսելու կարողութիւն եւ տրամաբանութիւն ունին:
-Արմիկը մարդ արարած է:
Այս երկու նախադասութիւնները նախադրեալներն են, այսինքն փաստեր, որ կը փորձեն վաւերացնել, թէ «Արմիկը տրամաբանութիւն ունի»:
xxxx
Նկատի ունենանք հետեւեալ փաստարկը:
«Բոլոր գամբռները շուներ են եւ բոլոր շուները ստնտուներ են: Ուրեմն, բոլոր գամբռները ստնտուներ են»:
Եզրակացութիւն. Բոլոր գամբռները ստնտուներ են:
Նախադրեալներ. Բոլոր գամբռները շուներ են: Բոլոր շուները ստնտուներ են:
Այս փաստարկին մէջ, մենք կը յայտարարենք, որ գամբռները աւելի մեծ խումբի մը՝ ստնտուներուն մաս կը կազմեն: Ասոր փաստը այն է, որ գամբռները նաեւ մաս կը կազմեն աւելի փոքր խումբի մը՝ շուներու, եւ շուները կը պատկանին այդ մեծ ստնտուներու խումբին:
Անկախ անկէ, որ եզրակացութիւնը որքանով շիտակ է, եթէ նախադրեալները ճիշդ չեն, ուրեմն փաստարկը վատ է: Եթէ փաստարկ մը գտնուի, ուր ցոյց տրուի, որ շուն մը ստնտու չէ, ուրեմն եզրակացութիւնը այլեւս վաւերական չ՛ըլլար: Նոյնպէս, եթէ օրինակ մը գտնուի գամբռ մը, որ շուն չէ, ուրեմն փաստարկը վաւերական չըլլար:
Ներկայացնենք հետեւեալ փաստարկը, «Ես կը փափաքիմ ունենալ կենդանի մը, որ ընկերային է: Բոլոր շուները ընկերային են: Ուրեմն, շուն մը պէտք է որդեգրեմ»:
Կարելի է վերոնշեալ փաստարկը անվաւեր դարձնել՝ գտնելով շունի տեսակ մը, որ ընկերային չէ: Այնուամենայնիւ, եթէ ըսենք, « շուները մեծամասամբ ընկերային են», եւ ապա գտնենք շուն մը, որ ընկերային չէ, նախադրեալը եւ հետեւաբար ամբողջ փաստարկը տակաւին կը մնան զօրաւոր: «Մեծամասամբ» բառը օգտագործելով մենք կրնանք մեղմացնել նախադրեալ մը կամ եզրակացութիւն մը, որպէսզի փաստարկը աւելի պաշտպանելի դարձնենք: Մեղմացնելու համար կրնանք օգտագործել «յաճախ», «ըստ երեւոյթին», «հազուադէպ», «կարելի է»… բառերը:
Եզրակացութիւնը նոյնքան զօրաւոր պէտք է ըլլայ, որքան իր նախադրեալները: Հակառակ պարագային, եթէ համաձայն չգտնուեցանք եզրակացութեան եւ կրցանք փաստեր հայթայթել, որ կ՛աջակցին մեր դիրքին՝ «նախնական» եզրակացութիւնը կրնայ տկարանալ: Իսկ եթէ որեւէ նախադրեալ «խնդրայարոյց» է, ուրեմն եզրակացութիւնը եւս «խնդրայարոյց» է: Հետեւաբար, փաստարկը միայն եզրակացութիւնը չէ, այլ՝ հիմնաւորումը, որ կ՛օգտագործենք եզրակացութեան հասնելու համար:
Փաստարկումի երեք ոլորտ գոյութիւն ունի.
- անձնական (personal)
- «թեքնիք» (technical)
- հանրային (public)
Անձնական ոլորտի փաստարկները յաճախ անսահմանափակ եւ ոչ բարդ փոխազդեցութիւններ են ընտանիքի եւ ընկերներու միջեւ: Այն փաստարկը, որ ընդունելի կրնայ ըլլալ ընտանեկան մթնոլորտի մէջ, կրնայ ընդունելի չըլլար ակադեմական «քոնթէքսթ»ի մէջ:
Նկատի ունենանք մօր եւ զաւակի միջեւ եղած փաստարկութիւն մը. օրինակ՝ զաւակ մը, որ «շարժիչ մեքենայ» կամ հեծանիւ կը քշէ առանց սաղաւարտի: Այս փաստարկը անձնական է, որովհետեւ կանոնները կ՛որոշուին մօր եւ զաւակին կողմէ: Մայրը կ՛օգտագործէ բոլոր այն օրինակները, որոնց մասին լսած է, որ մարդիկ կը մահանան սաղաւարտ չօգտագործելու պատճառով: Այնուամենայնիւ, մանրակրկիտ ուշադրութիւն չի դարձուիր օգտագործուած պատճառաբանութեան տեսակներուն կամ տրուած ապացոյցներուն:
Անձնական այս ոլորտը.
-անցողակի է
-սահմանափակ է ժամանակով եւ մասնակիցներով
- Թէքնիք ոլորտին մէջ փաստարկները հիմնուած կ՛ըլլան փորձաքննութեան կամ մասնագիտացուած գիտելիքներու վրայ:
Պատկերացնենք հանրային առողջութեան հետազօտող մը, որ եկած է հարցազրոյց ունենալու մօր եւ զաւակին հետ՝ «շարժիչ մեքենա»ներու կամ հեծանիւային սաղաւարտներու նկատմամբ իրենց դիրքորոշումին գծով: Հետազօտողը գիտէ, որ տարբեր փաստարկներ եւ կարծիքներ գոյութիւն ունին: Ան այլազան հարցազրոյցներ կը կատարէ այլ մարդոց հետ եւս՝ նախօրօք պատրաստուած հարցումներով եւ «փրօթոքոլ»ներով: Այնուհետեւ, ան կը բացայայտէ որոշ միտումներ, թէ ի՛նչ կը մտածեն մարդիկ «շարժիչ մեքենա»ներու կամ հեծանիւային սաղաւարտներ կրելու մասին՝ օգտագործելով ընդունուած հետազօտութեան մեթոտը, եւ կը գրէ արդիւնքները՝ ակադեմական չափանիշներու համաձայն:
Այս ուսումնասիրութիւնը այնուհետեւ կը գնահատուի եւ կը վերանայուի անոր հասակակիցներուն կողմէ՝ նախքան հրապարակուիլը: Հրապարակուելէն ետք, ուսումնասիրութիւնը կրնայ քննարկուիլ, բայց միայն իր ոլորտի եւ ակադեմական կանոններու համաձայն:
- Հանրային ոլորտի փաստարկները կը գերազանցեն մասնաւոր կամ մասնագիտացած համայնքները եւ կը ներգրաւեն լայն հասարակութիւնը: Հասարակական ոլորտը հարթակ կը ստեղծէ հակասութիւններու լուծման եւ հանրային քննարկումի համար:
Քննական մտածողութեան հիմնական սիւներէն մէկը հարցական դիրքորոշում (questioning stance) ունենալն է:
Երբեմն կ՛ընդունինք մեզի ներկայացուած տեղեկութիւնը այնպէս ինչպէս որ է, որովհետեւ ներկայացուած նիւթին մասին շատ բան չենք գիտեր,: Հետեւաբար, պէտք է մշակենք/զարգացնենք հարցադրումի ինքնորոյն ուսուցման ձեւը, որ ըստ էութեան, կը նշանակէ, կասկածի տակ առնել նոր տեղեկութիւնը եւ առկայ գիտելիքները, որոնք կը վերաբերին այդ նոր տեղեկութեան:
Գիտելիքը կը զարգանայ բանավէճի եւ փաստարկի միջոցով: Պէտք է հարցումներ հարցնել, «որքանո՞վ փաստացի է այս աղբիւրը», «կա՞յ այլընտրանք այն եզրակացութեան, որուն անոնք յանգած են», «ի՞նչ ենթադրութիւններ ըրած են», կամ պարզապէս հարցնենք «ինչո՞ւ»:
Հարցադրումի կամ հարցաքննութեան նպատակը ոչ թէ տեսութիւնը խարխլելն է, այլ զայն աւելի լաւ հասկնալը:
Հարցումներու առաջին լայն դասակարգումը այն տեսակներն են, որոնք մեզ կը քաջալերեն իսկապէս մտածելու եւ ներգրաւուելու «թէքսթ»ի բովանդակութեան հետ եւ զայն համարկելու մեր սեփական գիտելիքներուն:
Հարցադրումը կը ներառէ քննադատական հայեացք ունենալ, թէ ինչ բանի վրայ կ՛աշխատինք, ինչպիսի հայեցակարգի հետ գործ ունինք եւ կարողանալ մօտեցումներ գտնել եւ տարբեր տեսանկիւններէ ատոր անդրադառնալ քանի մը հետաքրքրական հարցումներ հարցնելով: Ուրեմն, գիտելիքը չ՛արտադրուիր եւ չ՛ընդլայնիր պարզապէս ընելով այն, ինչ որ մենք միշտ ըրած ենք եւ օգտագործելով նոյն բաները, որոնք մենք գիտէինք:
Եզրակացնելու համար ըսենք.
գիտելիքը կ՛արտադրուի եւ կ՛ընդլայնի հարցումներ հարցնելով, ինչպէս՝ «ինչո՞ւ» եւ «ինչո՞ւ ոչ», «ինչո՞ւ այսպէս կ՛ընենք» եւ «ինչո՞ւ այդպէս չենք ըներ»… Անգամ մը, որ հարցումը հարցնենք, կը սկսինք ապացոյցներու վրայ հիմնուած պատասխաններ փնտռել եւ կը կիրառենք համակարգուած չափանիշ մը կամ տեսութիւն մը, որ կը փորձէ հասկնալ կամ լուծել խնդիրը: Իսկ անգամ մը որ այս մէկը ըրինք, այնուհետեւ մենք կը կիսենք մեր դիտարկումները եւ միտքերը, ինչպէս նաեւ մեր փորձառութիւնները ուրիշներու հետ սիսթեմաթիք՝ համակարգային ձեւով՝ զեկուցումներու եւ փաստարկներու միջոցով: Եւ, հետեւաբար, կ՛ընդլայնենք մեր գիտութիւնը: