Հայրենիքի փրկութեան հարցը մնայուն տեղ կը գրաւէ հայերու մտքին մէջ, այդպէս է գրեթէ բոլոր ժամանակներուն: Ընդ որում հայրենիքի փրկութեան հարցը հայերուն համար ոչ միայն տուեալ պահու քաղաքական կամ այլ դժուարութեան պատճառ-հետեւանքն է, այլեւ գրեթէ աստուածային ու կրօնական ջերմեռանդութիւն՝ զայն փրկելու: Ի հարկէ այդ չի նշանակեր, որ ջերմ ցանկութիւնը կամ նուիրական մօտեցումը միշտ լաւ արդիւնք կու տայ: Ծանօթ այն տողերը, թէ «բարի ցանկութիւնները դժոխք կը տանին, իսկ բարի գործերը՝ դրախտ», գրեթէ ամէն օր ապացուցուող գործնական ճշմարտութիւն է: Մեր պարագային, բարի ցանկութիւնները այնքա՛ն շատ են ու այնքա՛ն հակադիր, որ հայրենիքի փրկութեան գործը դարձած է իրարամերժ փիլիսոփայութիւն մը, որուն ոչ մէկ կողմը չի զիջիր միւսին: Հետեւանքը. մենք ունինք բազմաթիւ բարի ցանկութիւններ ու հայրենիք, որ յաւիտեանս փրկութեան կարիք ունի:
Տակաւին, բարի ցանկութիւնները բարի գործերու, կամ մտածուած գնահատականներու ցուցիչ չեն: Իր ժողովուրդին համար օր ու գիշեր տառապող փիլիսոփան կրնայ ի վերջոյ գալ այն մտքին, որ ինքնաոչնչացող աշխարհին մէջ, միակ փրկութիւնը մասսայական անձնասպանութիւնը կրնայ ըլլալ: Ցանկութիւնը բարի՛ է, գործերը՝ ո՛չ:
Ընդ որում, ամէն անգամ երբ «հայրենիքի փրկութեան» հարցը վերստին առաջ կը քշուի (գրեթէ ամէն օր), ոչ միայն իրարու կը բախին փրկութեան տարբեր պատկերացումները, այլեւ այն թիրախները, թէ որմէ պէտք է փրկել հայրենիքը:
Բայց հայրենիքի փրկութեան ի խնդիր քայլերու ձեռնարկելէ առաջ, անհրաժեշտ է աւելի յստակ հասկնալ, թէ ի՞նչ փրկելու կը պատրաստուինք։ Հայրենիք ըսուածը մեզի համար որոշակի չափելի, շօշափելի ու հասկանալի երեւո՞յթ է, թէ աւելի շատ առասպելի եւ փիլիսոփայութեան արանքին մնացած հում նիւթ մը, որ տակաւին ընկալելի չէ իր տեսակարար կշիռով ու օգտակարութեան չափով: Եւ քանի որ հայրենիք ըսուածը դեռ կը շարունակէ մնալ որպէս թափառող գաղափար մը, որ անընդմէջ կ’ենթարկուի տնտեսական ու քաղաքական ներածուող նորութիւններու, ապա հայրենիքի փրկութիւնը կը դառնայ անորոշ, թէ ինչպէ՞ս փրկել եւ որմէ՞:
Հոս պէտք է նշել այն, որ հայոց համար մտածողութեան այս խրթին տարբերակը լրիւ հասկնալի է: Հայոց պատմութեան կնճռոտ ընթացքը շատ յաճախ հնարաւորութիւն չէ տուած շրջակայ աշխարհը ընդունելու իր եղածին պէս ու մեր ցանկութիւններն ու պատկերացումները երբեմն ժամանակէն առաջ անցած են, երբեմն՝ ետ մնացած: Ուստի, ամէն անգամ աւելի բարդ եղած է հայրենիքը փրկելու իրական ու հասկնալի տարբերակ մը մշակելը, ալ աւելի բարդ եղած է հասկնալ, թէ որո՞նք եւ որմէ՞ պէտք է փրկեն այդ հայրենիքը: Բայց մենք չենք կրնար հայրենիքը ընդունիլ որպէս թափառող ու վերացական գաղափար մը: Եթէ պետութիւն չունեցած դարերու ընթացքին քիչ թէ շատ հասկնալի (թէեւ ոչ ընդունելի) էր հայրենիքի ընկալման տեղական ու վերացական մօտեցումները, ապա պետութեան գոյութեան պարագային, հայրենիքի «ամպային» ընկալումները կրնան փճացնել ոչ միայն պետութիւնը, այլեւ ամբողջովին աղճատել նոյնիքն հայրենիքի գաղափարը: Հաւանաբար այդ է որ տեղի ունենայ մեր պարագային, ու 2020-ի պարտութենէն յետոյ մեր քաղաքական օրակարգը մտած «իրական ու պատմական Հայաստաններ» վէճը անոր հետեւանքն է, որովհետեւ մենք, պետական մտածողութեան փորձ չունենալով եւ լիովին չընկալելով հայրենիքի գաղափարը, իրարու հակադրեցինք հայրենիքն ու պետութիւնը:
Առանց հասկնալու եւ գնահատելու, անկարելի է որեւէ բան փրկել: Անկարելի է նաեւ հասկնալ, թէ որմէ՞ փրկել, եթէ չես գիտեր, թէ ի՞նչ փրկել: Իր ժամանակին, յոյն փիլիսոփայ Արիսթոթէլ իր «Փօէթիքա» գործին մէջ նշած է․ «այն ինչ որ անկարելի է, բայց հաւանական, զայն պէտք է նախընտրել անկէ, որ կարելի է, բայց ոչ-հաւանական»: Փորձենք հասկնալ օրինակով՝
Ես պատահաբար կախարդական փայտիկ մը կը գտնեմ: Կախարդանքի օգնութեամբ կը լուծեմ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին բոլոր խնդիրները եւ մենք բոլորս կ’ապրինք ուրախ ու ապահով: Այդ մէկը ԱՆԿԱՐԵԼԻ Է, որովհետեւ կախարդական փայտիկ գոյութիւն չունի, բայց ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ Է, որ եթէ կախարդական փայտիկ գոյութիւն ունենար ու ես զայն գտնէի, ապա կը լուծէի մեր բոլոր խնդիրները: Իմ ըրածներս տրամաբանական ու բնական կ’ըլլային: Այսինքն անկարելի է, բայց հաւանական: Այլ օրինակ մը. Պաքուն եւ Երեւանը կը ստորագրեն խաղաղութեան համաձայնագիր մը, Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգները ու Հնդկաստանը զէնք կու տան, Ռուսիան կը պարտուի Ուքրանիոյ մէջ եւ մեզի հանգիստ կը ձգէ, միջազգային ճնշումի տակ Թուրքիան ու Ատրպէճանն ալ իրենց ձեռքերը կը քաշեն, անջատ տարածքներու ու միջանցքի հարցը կը փակուի, Արցախը կը ստանայ ինքնավարութիւն, ՄԱԿ-ի խաղաղապահները կը հսկեն, յետոյ Արցախը հանրաքուէով կ’անկախանայ, կը միանայ Հայաստանի, թուրքերը կ’ընդունին Ցեղասպանութիւնը, կը վերադարձնեն Արեւմտեան Հայաստանը ու մենք կ’ապրինք ուրախ, գոհ, ապահով եւ երջանիկ: Այս բոլորը տեսական մակարդակով կարելի է, բացառուած չէ, ան կախարդանք չէ, ԿԱՐԵԼԻ Է, բայց թէ ներկայիս աշխարհաքաղաքական դժոխային պայմաններու մէջ իրարու ետեւէ տեղի կրնան ունենալ նման հրաշալի իրադարձութիւններ ու մեզի համար ամէն ինչ այդքան լաւ ձեւով կը դասաւորուի, այդ մէկը ԱՆՀԱՒԱՆԱԿԱՆ Է, որովհետեւ իրականութիւնը ուրիշ բան կ’ըսէ: Այսինքն կարելի է, բայց անհաւանական: Ընդհանրապէս պատմութիւնը կը կրկնուի որպէս դաս, իսկ յետոյ արդէն` որպէս ֆարս: Մեր պարագային անընդմէջ ու անդադար: Առիթով մը Հիթլէրի նման շատ վատ մարդ մը ըսած է, թէ «որքան մեծ է սուտը, այնքան աւելի շատ են անոր հաւատացողները»:
Մեր պարագային, հայրենիքն ու հայրենափրկութիւնը կը տատանին «անկարելի է, բայց հաւանական» դաշտին մէջ: Մենք կը հասկնանք, որ այդ մէկը անկարելի է, բայց հաւատալով, որ ձեւով մը օրին մէկը կարելի կը դառնայ, կը շարունակենք մեր իսկ ցնորքներուն ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ընթացքը:
Պատկերացուցէք, որ հայրենափրկութենէ կը տառապին տասնեակ մը կուսակցութիւններ, NGO-ներ, անհատներ եւ այլն: Անոնք բոլորն ալ կ’առաջարկեն փրկել հայրենքը: Ընդ որում, մենք նախ եւ առաջ հայրենիքը կը փորձենք փրկել մենք մեզմէ՝ հակառակորդ կուսակցութենէն: Միայն այդ պարագային մեր ծրագիրը մեզի հաճելի կը թուի: Թրքական զինուորական սպառնալիքը մեզի համար հետեւանք է հայկական դաւաճանութեան եւ ուրացութեան: Ընդ որում ուրացող ու դաւաճան են բոլորը, քանի որ ոչ մէկը միւսին կէս քայլ անգամ չի զիջիր: Այդ ընթացքով մեր իսկ ձեռքերով յօշոտուած հայրենիքը կը մնայ աւելի թուլացած ու ենթակայ արտաքին տարբեր սպառնալիքներու՝ Հռոմ-պարթեւաստանէն մինչեւ Թուրքիա-ռուսիա-արեւմուտք: Մենք, քանի դեռ հայրենիքը կը փրկենք իրարմէ, այդ հայրնիքը միշտ կը մնայ փորձադաշտ մը, ուր մենք կը փորձենք իրագործել մեր տարբերակները, առանց հասկնալու, որ հայրենիքն ու պետութիւնը չեն կրնար միայն մէկ խումբի ճշմարտութիւնը ըլլալ: Ազգն ու ժողովուրդը ցեղէն ու հորդայէն կը տարբերին անով, որ իրենց տեղական առանձնայատկութիւնները կ’ենթարկուին համընդհանուր արժէքներուն: Ու այդ ոչ թէ զգացական ու բարեսիրտ վերաբերում է, այլ ազգի մը ու ժողովուրդի մը բնական կարգավիճակը, երբ աւելի սուր հայեացքներ ունեցող լեռնցին կը կարողանայ լեզու գտնել աւելի մեղմ բնաւորութիւն ունեցող հարթավայրի բնակիչին հետ, քանի որ այդ մէկուն լեռը եւ միւսին հարթավայրը նոյն հայրենիքին տարբեր մասերն են: Այսինքն ընկալումը գրեթէ Աստուածաշնչեան մակարդակի է․ «․․․եւ մարմինը որ մէկ է, բայց ունի բազում անդամներ, եւ այդ անդամները, թէեւ անոնք շատ են, կը կազմեն մէկ ամբողջութիւն․․․»: Այսինքն հայրենիքի գիտակցումը ոչ միայն վեհ եւ ազնուական զգացում է, ոչ միայն ինքնազոհաբերուելու պատրաստակամութիւն է, այլեւ յստակ գիտակցում, ընդհանուր մտքի զարգացում ու հասունացում: Հայրենիքը պէտք չէ եւ չի կրնար միայն պարտականութիւն ու ցաւ ըլլալ, հայրենիքը չի կրնար անընդմէջ փրկութեան կարիք ունենալ: Այդ կը նշանակէ անհաւանական անպատասխանատուութիւն, քանի որ բազմաթիւ ազնիւ մղումներով կարելի է այպիսի սարսափելի սխալներ թոյլ տալ, որ անոնցմէ տուժէ հայրենիքը: Հայրենիքի մնայունութեան գաղափարը կը նշանակէ հասկնալ, որ անցողիկ ծրագիրը կամ տուեալ պահու առաջարկը ամենէն կարեւորը ըլլալով հանդերձ՝ չի կրնար աւելի մեծ ըլլալ, քան հայրենիքը: Իսկ երբ հայրենիքի գիտակցումը ըլլայ հասունցած ու հասկնալի, ապա ան չի կրնար հակադրուիլ պետութեան կամ իր անցեալին հետ: Անոնք զիրար կը լրացնեն, ուստի եւ ամբողջական են: Այդ պարագային, հայրենիքի փրկութիւնը չի դառնար պարան մը, որով փրկիչները կը խեղդեն նոյնիքն հայրենիքը: Այդ պարագային, հայրենիքը փրկելու գիտակցումը կը դառնայ այնքան պարզ ու հասկնալի ծրագիր ու ցանկութիւն, որ հակադրութիւն չի յառաջացներ, թէ ինչպէ՞ս կամ որմէ՞ փրկել զայն, որովհետեւ արժէքներու հասկացողութիւնը կը բերէ նաեւ անոնց պահպանման գիտակցութիւնը: Ու այդ պարագային, կրնան քննարկուիլ, բայց ոչ թշնամանալ, մրցակցիլ, այլ ոչ թէ քանդել: Հայրենիքի գիտակցումը միայն վեհութիւն չէ, ան մտքի ու գործողութիւններու լրիւ հասկնալի ընթացք մըն է: Այդ պարագային, պարզ կը դառնայ թէ՛ թշնամին, թէ՛ բարեկամը: Քանի դեռ այդ բոլորը չկան, մենք ամէն օր հայրենիքը փրկելու ենք իրարմէ, փրկելու ենք օտարին ձեռքերով, յանուն օտարին ու անոր յարմար ձեւով:
Ամէն անգամ հայրենիքի փրկութեան մասին խօսելու կամ անոր համար գործելու ատեն, իւրաքանչիւր ազնիւ մարդ պէտք է ինքն իրեն հարց տայ, թէ այդ բոլորը կ’ընէ հայրենիքի՞, ի՞ր, թէ՞ օտարին համար: Որովհետեւ ճշմարտութիւնը մէկ է, իսկ կրկնօրինակները՝ բազմաթիւ: Մեզի կը մնայ եզրափակել Նիքոլայ Փալացքիի ծանօթ արտայայտութեամբ․ «Եթէ Հայաստանը գոյութիւն չունենար, ապա մենք պարտաւոր էինք զայն ստեղծելու»:
Պրն. Վարուժ շնորհակալութիւն այս հետաքրքրական և օգտաշատ յօդուածը բոլորի բաժնեկցելուդ համար: Կարելի՞ է, կրնա՞ք նաև ղրկել ԱԶԴԱԿ ին, ԱՐԱՐԱՏ Ին, ՊԱՅՔԱՐ ին տպուելու խնդրանքով: Որովհետեւ եթէ ԱԶԴԱԿ ը համոզուի այս մտածելկերպին…:Կանխաւ՝ շնորհակալութիւն:
Ղրկուած է: