Փոքրամասնութիւններու լեզուներն ու արհեստագիտութիւնը

«Մարդուն իրաւունքն է խօսիլ...իր սեփական լեզուով»

Լեզուն շատ աւելին է քան պարզապէս իրարու հետ զրուցելը. անիկա անձի մը կամ հաւաքականութեան մը ինքնութեան և մշակոյթի հիմքերէն մէկն է։ Լեզուին միջոցով է որ մենք կը շփուինք աշխարհին հետ, կ՚արտայայտենք մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը, կը սորվինք ու կը պաշտպանենք մեր մարդու իրաւուքները։ Լեզուին միջոցով մարդիկ կը պահպանեն իրենց համայնքին պատմութիւնը, սովորութիւններն ու աւանդութիւնները, յիշողութիւնը և մտածողութիւնը. բայց քանի որ օրէ օր համաշխարհայնացումն ու արհեստագիտութիւնը կը գերիշխեն աշխարհին վրայ, մեր աշխատանքին թէ սովորական կեանքին մէջ անգլերէնին նման մեծամասնութիւններու լեզուներուն գերակայութիւնը կ՛ամրապնդուի՝ օրէ օր վտանգի մատնելով փոքրամասնութիւններու լեզուները։

Գոյատեւելու համար, փոքրամասնութիւններու լեզուները աւանդաբար ապաւինած են ոչ պաշտօնական «օգտագործման». անոնք օգտագործուած են տան մէջ թէ բարեկամներու միջեւ, սակայն անմիջապէս փոխարինուած են մեծամասնութիւններու լեզուով՝ դպրոցին թէ գործին մէջ։ Կան զգալի թիւով վտանգուած եւ մահացող լեզուներ, եւ անհետացումի բարձր տոկոսը վերջին տարիներուն մտահոգիչ ընթացքի մէջ է, ըստ լեզուաբաններու։

Ուսումնասիրութիւնները կու գան ցոյց տալու, թէ աշխարհի մէջ խօսող լեզուներուն կէսը պիտի կորսուի մինչեւ ներկայ դարու աւարտը։

Միւս կողմէ, եթէ անցեալին լեզուի «ոչ պաշտօնական» օգտագործումը կը նշանակէր խօսիլ, այսօր ան նաեւ կը նշանակէ գրել։ Ատոր հնարաւորութիւնները այժմ լայնօրէն դրուած են համացանց օգտագործողներու տրամադրութեան տակ: Առաւել, նախապէս մարդիկ իրարու հետ զրուցելու հնարաւորութիւն  ունէին միայն կենդանի շփման միջավայրին մէջ, իսկ այսօր անոնք կրնան խօսիլ առցանց, ուղղակի հաղորդակցութեան գործիքներով, ել-նամակով եւ ընկերային ցանցերուն մէջ։ Այսուհանդերձ, առցանց ծառայութիւններն ու ծրագիրները, որոնք անհրաժեշտ են վերոյիշեալ հաղորդակցութիւնները իրականացնելու համար, հիմնականին մէջ մեծ մասամբ տիրապետուած են մեծամասնութիւններու լեզուներուն կողմէ (յատկապէս՝ անգլերէնի), առաւել խոցելի դարձնելով իրավիճակը փոքրամասնութիւններու լեզուներուն համար։

Տեղին է նշել, որ արհեստագիտութիւնը կրնայ նպաստել փոքրամասնութիւններու լեզուները հասցնելու աւելի լայն լսարանի մը։ Լեզուական արհեստագիտութեան արագ աճը նոր դռներ կը բանայ այդ լեզուներու պահպանման ու ուսուցման համար` միեւնոյն ատեն այդ խնդիրներուն առնչուող մարտահրաւէրներ ներկայացնելով։ Աշխարհի վրայ այսօր մօտաւորապէս 7000 լեզուներ կը խօսուին. կ՛ենթադրուի, թէ տարեկան 26 լեզուներ կը մահանան` իրենց հետ տանելով անոնց մշակոյթի գիտելիքներն ու պատմութիւնը։ Փոքրամասնութիւններու լեզուական խնդիրներով մտահոգ կարգ մասնագէտներ, գիտակցելով լեզուական թէ մշակութային աւանդի կորուստին վտանգը, մեծ ջանքեր կը գործադրեն կանխելու համար այդ կորուստը։

Ներկայ տուեալներով, թուայնացած լեզուական գործիքները փոքրամասնութիւններու լեզուներուն միայն մէկ փոքր հատուածը կրնան փրկել։ Նոյնիսկ համաշխարհային մեծ ընկերութիւններ, ինչպէս Google, չունին 100-է աւելի լեզուներ մշակելու յատուկ ծրագիր մը, որովհետեւ լեզուական արհեստագիտութիւնը, ինչպիսին է մեքենայական թարգմանութիւնը, կարելի է մշակել միայն լեզուի մը տիրապետող մասնագէտներով։

Ներկայիս, մեծ աշխատանք կը տարուի փոքրամասնութիւններու լեզուները օգտագործող տարեց անձերու կամ սահուն խօսողներու պատմութիւնները ձայնագրելու, պահպանելու եւ արխիւացնելու համար։ Սոյն նպատակին համար ստեղծուած գործիքներու հաւաքակազմը, օրինակ՝ First Voice Web-ի վրայ,  նախատեսուած է այդ լեզուները աշխուժացնել՝ օգնելով բնիկ հաւաքականութիւններու արխիւացնելու իրենց լեզուներուն ուսուցումն ու պահպանումը։ Սակայն արդարօրէն պէտք է նշել, որ եղածը բաւարար չէ։ Օրինակ, վերոնշեալ հարթակին վրայ չկան լսատեսողական նիւթերուն համար մեքենայական ենթագիրները (subtitles): Պատկերասփիւռի կամ  Youtube-ի վրայ իրենց լեզուներով նիւթեր դիտելու կամ լսելու համար համացանցի վրայ չենք գտներ բաւարար նիւթ ու բովանդակութիւն:

Բարեբախտաբար, գիտնական հանրութիւնը քաջատեղեակ է աղբիւրներու չգոյութեան կամ սակաւութեան։ Վերջին տասնամեակներուն, փոքրամասնութիւններու լեզուներուն կապուած եւ լեզուական արհեստագիտութեան նուիրուած հետազօտութիւններուն նկատմամբ համաշխարհային մեծ հետաքրքրութիւն կը նկատուի։ Օրինակ, 2019-ին «Բնիկ լեզուներու միջազգային  տարի»ի ծիրին մէջ, UNESCO կազմակերպեց միջազգային գիտաժողով մը, որ կը նախատեսէր «նպաստել բոլոր լեզուները օգտագործողներուն մարդկային իրաւունքներու և ազատութեանց խթանման, որպէսզի մարդիկ իրենց հասկցած լեզուներով հասանելիութիւն ունենան ամէն տեսակի տեղեկատութեան եւ գիտելիքներու»։

Ըստ մասնագէտ լեզուաբաններու, լեզուական արհեստագիտութեան առկայութիւնը եւ կերառումը տարբեր է լեզուներու միջեւ։ Հետեւաբար, գործողութիւնները, որոնք պահանջուած են տարբեր կարգի լեզուներու հետազօտման ու զարգացման համար, տարբեր են. իւրաքանչիւր լեզուի համար պահանջուած գործողութիւնները կախեալ են բազմաթիւ գործօններէ, ինչպէս՝ տուեալ լեզուի բարդութիւնն ու զայն օգտագործող համայնքին չափը։ Եւրոպական յանձնաժողովին կողմէ ֆինանսաւորուած  META-NET ցանցը իր վերլուծութիւններով անգամ մը եւս կու գայ հաստատելու վերոյիշեալ գաղափարը։

Տեղեկատուական դարաշրջանի գործիքային թէ ծրագրային օգտագործումները լեզուական առումով չեն բաւարարեր փոքրամասնութիւններու լեզուներուն կարիքները։ Բնականաբար, դրական տեղաշարժեր կատարուած են. վերջին տասը տարիներուն ընթացքին հետազօտութիւններու կողքին մշակուած են բազմաթիւ լեզուներու համար արդիւնաւէտ լեզուական գործիքներ։ Օրինակի համար «Unicode»-ը աւելի ու աւելի իրականութիւն մըն է այսօրուան գործող համակարգին մէջ եւ տարբեր ընկերութիւններու արտադրած համակարգչային գործավարական համակարգերը կը պարունակեն ուղղագրական կամ այլ կարգի ուղղիչ գործիքներ տարբեր լեզուներու համար, որոնց շարքին՝ բազմաթիւ փոքրամասնութիւններու լեզուներ: Համացանցին վրայ ստեղծուած են շարք մը հարթակներ, լեզուներուն վերաբերող աղբիւրները համաշխարհայնացնելու եւ առցանց գրադարաններ ստեղծելու համար։ Նման աղբիւրներու կարելի է հասնիլ օգտագործելով, օրինակ, «The Linguist»-ի մատուցած ծառայութիւնը։

Աշխատանք մը կը տարուի նաև մեքենայական  թարգմանութեան նախագիծեր պատրաստելու համար։ Փոքրամասնութիւններու լեզուներու համար բարձրորակ մեքենայական թարգմանութիւն ձեռք ձգելու համար, ներկայիս կ՛որդեգրուի «առանցքային լեզու»ի մօտեցումը, որ նաեւ կը կոչուի կամուրջ-լեզու։ Այս մօտեցումով, կարելի կ՛ըլլայ արուեստական կամ բնական լեզուի մը օգտագործումը որպէս միջնորդ լեզու՝ տարբեր լեզուներու միջեւ թարգմանութիւն կատարելու համար։

Այլ օրինակ մըն է Comparative deep models for minority and historical languages անունով իրլանտական հետազօտական խորհուրդին կողմէ հովանաւորուած նախագիծը, ուր մասնագէտներ կը մշակեն լեզուական համակարգեր՝ հիմնուած Deep Learning-ի՝  «խոր ուսուցման»-ի վրայ։ Deep Learning-ը  արուեստական բանակութեան եւ մեքենայական ուսուցման ենթադաշտ մըն է, որ կը փորձէ ընդօրինակել, թէ ուղեղը ինչպէս կ՛աշխատի և մարդիկ ինչպէս կը սորվին։ Այս ոլորտին աճն ու զարգացումը կը դասուին լեզուական արհեստագիտութեան վճռորոշ զարգացումներու շարքին։

Ինչպէս կը տեսնենք, արհեստագիտութեան արագ զարգացումը բազմաթիւ անդրադարձեր ունի փոքրամասնական կամ ժառանգուած լեզուի մը պահպանման եւ ուսուցման համար: Անիկա մէկ կողմէ հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ օգնելու փոքրամասնական լեզուներու ուսուցման կամ վերայայտնումին, իսկ միւս կողմէ նոյն արհեստագիտութիւնը կրնայ հասանելի ըլլալ միայն անոնց, որոնք ունին ամբողջական պատրաստուածութիւն՝ անոր զարգացման ահաւոր արագութեան պատճառով։

Օգտուելու համար համացանցէն և թուայնացած սարքերէն, առաջադրուած նոր հնարաւորութիւնները պէտք է որպէս յենարան ունենան լեզուական արհեստագիտութիւնը, ինչպէս՝ ուղղագրական եւ քերականական ստուգիչները, ելեկտրոնային բառարանները, տեղայանացուած ծրագիրներները, որոնման գործիքները, լեզուի թարգմանիչները կամ տեղեկութեան հաւաքման գործիքները։ Տարուած ճիգն ու աշխատանքը մեծ են, բայց դժբախտաբար ոչ բաւարար, նկատի առած փոքրամասնութիւններու լեզուներու համար լեզուական արհեստագիտութեան ներդրումին տնտեսական սահմանափակ արժէքն ու ֆինանսաւորման յստակ պակասը։ Ասոնց վրայ կու գայ աւելնալու հիմնական արհեստագիտութեան զարգացման դանդաղ ընթացքը՝ վերոյիշեալ լեզուները օգտագործողներուն մօտ եւ համագործակցութեան պակասը անոնց միջեւ:

Այս բոլորը մարտահրաւէրներ են, զորս ամէն գնով պէտք է յաղթահարել, կարելի եղած չափով փրկելու համար ազգային և մշակութային հարստութիւն ներկայացնող փոքրամասնութիւններու լեզուները։

Մասնագիտութեամբ մանկավարժ եւ անգլերէնի ուսուցչուհի, մօտ երեսուն տարուայ ուսուցչական փորձառութեամբ՝ Եւա Գորեսեան (Պէյրութ, Լիբանան) լիբանանահայ մամուլին մէջ ստորագրած է մանկավարժական նիւթերու մասին բազմաթիւ յօդուածներ: Պարգեւատրուած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Երախտագիտութեան» մետալով:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x