28 մայիսին, Առաջին Հանրապետութեան ծննդեան օրը Երեւանի մէջ անցաւ ոչ-տօնական մթնոլորտի մէջ: Քանիերո՞րդ անգամ ըլլալով է, որ համազգային նշանակութիւն ուեցող այս օրը կը փոքրացուի ու կը հաւասարեցուի ներքին քաղաքական բանավէճի մակարդակին: Բայց եկէք մէկ կողմ ձգենք այդ բոլորը եւ խօսինք Մայիս 28-ի մասին: Հասկնանք, թէ այդ ի՞նչ էր որ կատարուեցաւ այն ատեն եւ արդեօք մենք կը գիտակցի՞նք տեղի ունեցածին կարեւորութեան:
Առանց խորանալու թիւերու եւ փաստերու մէջ (համացանցը լեցուն է արժանահաւատ տեղեկութեամբ), նախ նշենք, որ Մայիսի 28-ն պարզապէս պետականութեան վերականգնումը չէր, այլ Զաքարեան Հայաստանի կործանումէն ետք՝ շուրջ 1360-ին, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ կը ստեղծուէր լիովին անկախ պետութիւն մը: Ընդ որում անկախութիւնը ոչ թէ նուէր տրուեցաւ, ինչպէս էր պարագան վրացիներուն եւ հարաւային կովկասեան թաթարներուն (ատրպէյճանցիներուն), այլ՝ արեամբ նուաճուած արժէք: 1917 փետրուարին Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցաւ յեղափոխութիւն մը, որմէ ետք ձեւաւորուած ժամանակաւոր կառավարութիւնը չյաջողեցաւ գոյատեւել եւ արդէն հոկտեմբեր-նոյեմբեր ամիսներուն Ռուսիոյ իշխանութիւնը անցաւ բոլշեւիկներուն, որոնք ալ 1918 մարտի երեքին Պրեսթ-Լիթովսքի մէջ կնքուած պայմանագրով հրաժարեցան ռուսական կայսրութեան շարք մը տարածքներէն: Թուրքիա ստիպեց, որ ռուսերը հրաժարին նաեւ Անդրկովկասէն, որ դարձաւ դաշնակցային հանրապետութիւն մը (1918, ապրիլ 22-մայիս 28) եւ փուլ եկաւ, երբ այդ դաշնակցային հանրապետութեան փոխարէն հռչակուեցան Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնները:
Բայց եթէ վրացիները կը հովանաւորէին գերմանացիները, իսկ ատրպէյճանցիները՝ թուրքերը, ապա Հայաստան ստիպուած էր կենաց-մահու պայքարի մէջ մտել թուրքերուն դէմ՝ նախ եւ առաջ ֆիզիքապէս չոչնչանալու համար, եւ ապրելու կամքն ալ թոյլ տուաւ ստեղծելու հանրապետութիւնը: Այն ինչի մասին, որ կ’երազէին դարեր շարունակ, այն ինչի համար, որ պայքարած էին դարերով, զոհուած ու յուսախաբ եղած, վերջապէս իրականութիւն դարձաւ: Ի վերջոյ, հայ քաղաքական, ռազմական ու մտաւորական ուժը երկրագունդին վրայ տեղ մը կ’ունենար կեդրոնանալու, ուր պիտի չհալածուէր, չբանտարկուէր ու ճնշումի պիտի չենթարկուէր: Ան Հայաստանի Հանրապետութիւնն էր: Հանրապետութիւնը փրկութիւն էր, ապագայի երաշխիք, յոյս, ուր հետագային նաեւ հայերը իրենց տեղն ու դերը պիտի ունենան:
Բայց դարեր շարունակ այլոց լուծին տակ ապրած ու ձեւաւորուած հասարակական-քաղաքական միտքը այդ պահուն պատրատ չէր հասկնալու պետութեան գոյութեան կենսական անհրաժեշտութիւնը: Թուրքերու դէմ պայքարի անհրաժեշտութիւնը կ’ըմբռնէին բոլորը, բայց պետութեան լրջութիւնը` քիչերը: Անկէ զատ, Հանրապետութիւնը օղակուած էր բոլոր կողմերէն: Վրացական երկերեսանց հարեւանութիւնը շատ յաճախ թշնամութեան կը հասնէր, Թուրքիան ու Ատրպէյճանը մշտապէս զինուորական վտանգ կը ներկայացնէին եւ միայն Պարսկաստանն էր, որ սուր չէր ճօճեր հայերու գլխին, այն էլ գուցէ ոչ թէ բարեկամութենէ դրդուած, այլ պարզապէս ուժ չունէր այդ օրերուն:
Ստեղծուած ռազմաքաղաքական դժոխքին մէջ պետական այրերէն շատ քիչերը, ինչպէս օրինակ Արամ Մանուկեանն ու Յովհաննէս Քաջազնունին, կրնային հասկնալ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը միակ գրաւականն է հայ ժողովուրդի գոյատեւումին, չկայ Հանրապետութիւնը՝ վտանգուած է հայ ժողովուրդը: Բայց ծանրագոյն պայմանները, նաեւ պետութիւն, սեփական պետութիւն ունենալու եւ անոր պատասխանատուութիւնը վերցնելու վախը, հմուտ չըլլալը պատճառ դարձան ծանր վրիպումներու: Խնդիրները աւելի շատ էին, քան զանոնք լուծելու հնարաւորութիւնները եւ ռուս-թրքական դաշինքը, ինչպէս նաեւ՝ Անթանթի (Դաշնակիցներու) անգործութիւնը հանդիսացան Առաջին Հանրապետութեան գերեզմանափորները:
Հարց է, թէ արդեօք հայ ժողովուրդը իրօ՞ք այդքան անվարժ էր ինքնակառավարման: Արդեօ՞ք Հանրապետութեան փլուզման մէջ աւելի ներքին խնդիրները տիրող էին, քան՝ արտաքին: Թէ՛ այո, թէ՛ ոչ: Այն ատեն ալ խորհրդարանի նիստերը կ’անցնէին գրեթէ նոյն հռետորաբանութեամբ, ինչ որ հիմա, հոս` վերջին տարիներուն: Այն ատեն ալ ամէն ինչ կը կատարուէր շատ դանդաղ, անվերջ մեղադրանքներ, տուր ու դմբոց, առաջարկներ, մերժումներ ու թշնամանք` մէկը միւսին հանդէպ: Բայց այդ գոռգոռոցները, հայհոյանքները, բոլորը չեն յիշուիր, յաջող ու անյաջող ճառերը մենք չենք յիշեր, նոյնիսկ բազմաթիւ մանրուքներու մասին գաղափար ալ չունինք, որովհետեւ հանրապետութեան մահը ծածկեց այդ մանր-մունր կռիւները: Ի՞նչ կարեւոր էր, թէ որ պատգամաւորը ի՞նչ հայհոյանք կու տար իր պաշտօնակիցին, երբ չկար Հանրապետութիւնը: Ի՞նչ կարեւոր էին այդ բոլորը, երբ չկային անոնք, որոնց ստեղծման համար հայերը գրեթէ անհաւատալի պայքար մղած էին: Նոյնն է այսօր: Այսօր, երբ չնչին մեղադրանքները, կենցաղային գռեհիկ բառապաշարն ու օրուան թելադրանքով կատարուող իրարանցումները լուրջ գործունէութեան տպաւորութիւն կը թողուն, մենք կը մոռնանք, որ շարունակաբար սխալները մեզ կրնան հասցնել իրավիճակի մը, երբ այդ բոլորը լրիւ զէրոյ կը դառնան, որովհետեւ պետութեան փլուզումը իր ծանրութեամբ կը ծածկէ ամէն ինչ:
Ընդ որում, մենք հիմա ալ ունինք ռուս-թուրքական դաշնակցութեան դէմ պայքարի լրջութեան գիտակցութիւն, որ դեռ լիուլի հասկցուած չէ: Հայաստանի խորհրդայնացումէն յետոյ, երբ պետական դաւաճանները դարձան ղեկավարներ, երբ արիւնկզակ թուրքերը հռչակուեցան բարեկամ, իսկ ատրպէյճանցիները՝ եղբայր, երբ մարդկայնութեան գաղափարներով եկած մսագործ-բոլշեւիկները սկսան քանդել անկախութեան մտքի բոլոր սիւները, անոնք փորձեցին լուալ մեր յիշողութիւնը, հարթել զայն ու դարձնել մոմի պէս ճկուող, որ կարելի է ծռել որեւէ ուղղութեամբ: Բոլշեւիկները յայտարարուեցան որպէս փրկիչներ ու հայ ժողովուրդի զաւակները՝ յատկապէս 30-ականներուն ծնածները երբեք ալ չիմացան, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը քանդած են ռուսերը ու թուրքերը միասնաբար, չիմացան, որ 1919-ին, երբ ռուսերը բաւականաչափ հեռու էին, իսկ Քեմալը` դեռ թոյլ, կարելիութիւն կար յարձակելու Թուրքիոյ վրայ, որ կը խեղդուէր իր վէրքերուն մէջ ու յոյներուն առջեւ անկանոն կը նահանջէր: Չիմացան, որ կարելի էր Թուրքիան հարուածել նաեւ արեւելքէն ու միանգամըդմիշտ վերացնել մարդասպաններու սուլթանութիւնը: Չիմացաւ, որ ամիսներ շարունակ Պաքուի մէջ արեւելքի ժողովուրդներու համագումար տեղի կ’ունենար, ուր հայերը կը ներկայացուէին որպէս նախայարձակ, իմբերիալիսթ, հակամարդկային:
Հայ ժողովուրդի մէկ մեծ հատուածը այդպէս ալ չիմացաւ ու չհասկցաւ, որ ժամանակի ընթացքին իրմէ կը խլեն իր յիշողութիւնը: Երբ 1967-ին, Հայաստանի մէջ սկսան կառուցուել Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանը, իսկ 1968-ին` Սարդարապատը, հայերը ցնծութեան մէջ էին, որ վերջապէս Մոսկուա արտօնութիւն կու տայ յարգելու ազգային յուշերը, ու այդ ցնծութեան մէջ չնկատեցին, թէ ինչպէս Թուրքիոյ հետ Խորհրդային Միութեան յարաբերութիւնները կը վատթարանային, որ Թուրքիա 1958-ին անդամակցած էր ՆԱԹՕ-յի, որ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանով Մոսկուա իր վրայէն կը մաքրէր կայսրութեան ու բոլշեւիկեան մեղքը ու ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը դնէր միայն թուրքերու վրայ, որ Սարդարապատի կառուցումը նուիրուած էր թուրքերու դէմ տարած յաղթանակին, բայց ոչ երբեք հայոց պետականութեան` Առաջին Հանրապետութեան ստեղծումին: Շատերը նոյնիսկ չէին գիտեր, թէ ինչ տեղի ունեցած էր 1917-1920 թուականներուն, այնպէս ինչպէս չէին գիտեր, որ Առաջին Հանրապետութեան տարածքները ռուսերն ու թուրքերը բաժնուած էին իրար մէջ 1921-ին: Պատմութիւնը կը լռէր, իսկ վկաները` մեռած էին:
Ու այսօր, մենք Առաջին Հանրապետութիւնը վերարժեւորելու պահանջ ունինք: Ոչ թէ ու ոչ միայն այն պատճառով, որ կարելի է յիշել, յուզուիլ եւ հպարտանալ, այլ, որ ոչ թէ երկնային հրաշք մըն էր տեղի ունեցածը, այլ ժողովուրդի մը գերագոյն ջանքերուն լարումով ստեղծուած իրական ու կարեւոր արժէք մը: Այն ինչ որ տասնամեակներով խոստացած էին ռուսերը, բայց երբեք չէին կատարած, ի վերջոյ իրականացուցած էինք մենք` հայերս, առանց որեւէ մէկուն օգնութեան: Մենք որոշած էինք ապրիլ, առանց որ մէկը յուշէ զայն: Այսօր, մենք, յիշելով Մայիսեան հերոսամարտերը, կը հպարտանանք, բայց բաւարար չափով չենք հասկնար, որ այդ հերոսամարտերն ու անկախութիւնը նոյն երեւոյթն էին, մէկ մետալին երկու երեսները: Անոնք առանձին չէին: Ու մենք այսօր ալ չենք հասկնար մեր այժմու Երրորդ Հանրապետութեան իսկական արժէքը: Մենք մեզի թոյլ կու տանք զբաղելու մանրախնդրութեամբ ու յիմարութիւններով, երբ հին «բարեկամներն» ու թշնամիները կը շարունակեն ակռայ սրել մեզի դէմ:
Առաջին Հանրապետութիւնը հրաշապատում հեքիաթ մը չէ, ոչ ալ քէֆերու ժամանակ հպարտանալու առիթ: Ան մեր ռազմական ու քաղաքական մտքի մեծագոյն իրագործումներէն մէկն է, զոր մենք պիտի յարգենք` հասկնալով, հպարտանանք` զգալով, այլապէս մենք չենք հասկնար Երրորդ Հանրապետութիւնը, ինչպէս չհասկցանք Արցախեան առաջին պատերազմի յաղթանակին էութիւնն ու 44-օրեայի պարտութեան իրական պատճառները: Եւ եթէ չհասկնանք, ապա բացառուած չէ, որ ապագային պիտի չյիշեն մերօրեայ մանր-մունր վէճերն ու կռիւները, այլ միայն պիտի զարմանան, թէ այդ ինչպէ՞ս չնկատեցինք ակնյայտը եւ չկատարեցինք ամենէն կարեւորը: Այնպէս ինչպէս մենք կը զարմանանք, երբ յետադարձ ակնարկով կը նայինք Առաջին Հանրապետութեան յուշերուն ու կը զարմանանք, թէ ինչպէ՞ս չնկատեցին, ինչպէ՞ս չհասկցան:
awesome article: detailed and unfortunately very much needed these days ..thank you so much!
Բացառիկ յօդուած է, ուր դրուած են եղելութիւնները բոլորին մատչելի, ըմբռնելի մաքուր արեւմտահայերէնով: Երկրորդականի վերջին կարգերուն յարմար նիւթ, որ առիթ կ’ընծայէ մեր ինքնութեան եւ հայ մարդու տեսակի ճանաչման առնչիւթեամբ կարծիքներու փոխանակման, անշուշտ մաքուր արեւմտահայերէնով: Շնորհակութիւն յօդուածին համար:
Անհասցե, վերացական մեղադրանքներ են: Մի՞թե հնարավոր չէ ավելի որոշակի գրել, մեղավորներով և վիճակից դուրս գալու որոշակի առաջարկություններով: Որպեսզի օգուտ լինի հոդվածից:
Շնորհակալութիւն