Հռոմի պապին վախճանումը եւ…մեր ցնդաբանութիւնները

«Ամբողջ աշխարհը մեզի դէմ է»,- կը մտածէ գրեթէ իւրաքանչիւր միջին հայ եւ համոզուած է, որ քաղաքակրթութիւնն ու աշխարհի մէջ կատարուող քիչ թէ շատ նշանակալի որեւէ իրադարձութիւն մեծ դաւադրութիւն մըն է հայութեան հանդէպ: Արդեօք ինչո՞ւ ամբողջ հայութեան, եւ ոչ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան, այդ միջին հայուն համար պարզ է այնպէս, ինչպէս, որ 2+2=4: Հայաստանի Հանրապետութիւնը ընդամէնը երեսուն տարիէ ի վեր, մինչդեռ հայութիւնը հազարաւոր տարիներէ ի վեր ապրած է այս երկրագունդին վրայ ու արդէն անոր թշնամիները նոյնքան ժամանակ փորձած են ամբողջովին ոչնչացնել զինք: Դժուար է ըսել, թէ ե՞րբ եւ ի՞նչ պատճառով սկսած է հայ ժողովուրդին եւ անտեսանելի թշնամիին միջեւ այս հակամարտութիւնը, որու արտայայտութիւնները եղած են տարբեր ժողովուրդներու յարձակումները Հայաստանի վրայ եւ անվերջանալի ջարդերը։ Միջին հայը այս բոլորը չի գիտեր, սակայն համոզուած է, թէ զինք կ’ուզեն ոչնչացնել, եւ յանուն անոր՝ ոչ մէկ բանի առջեւ կը կանգնին։ Ու այս անհաւասար պատերազմին մէջ, հայը միայն մէկ դանշակից-հովանաւոր ունի` Աստուած: Որովհետեւ մենք առաջին քրիստոնեան ենք, այդ իսկ պատճառով ալ, աւագութեան իրաւունքով Աստուած նախ եւ առաջ մեզ պիտի փրկէ ու պահպանէ, յետոյ նոր կարելի է միւսներով զբաղիլ ու միւսները փրկել զուտ այնքանով, որքանով, որ անոնք բարեհաճ եղած են հայուն ու Հայաստանի հանդէպ:

Ու նոյնիքն այդ աստուածային օգնութեան նշաններէն մէկն ալ Հռոմի Պապին մահն էր: Հայերէն շատերը ուրախացան եւ ըսին, որ այդ պատիժ էր անոր համար, որ Վատիկանի մէջ գիտաժողով կատարուած էր «Քրիստոնէութիւնն ու Ատրպէյճանը» խորագրով, որ ուղղուած էր Արցախի ուտիացման եւ աղուանականացման: Միջին հայը նաեւ նման պահերուն կը սկսի յիշել, թէ ալ ո՞վ ու ե՞րբ, ի՞նչ վնասներ տուած է հայուն ու Աստուած որքանով է զանոնք պատժել: Օրինակ Ատրպէյճանի կամ Թուրքիոյ մէջ որեւէ պատահարի հեղինակը Աստուած է՝ հրդեհ, երկրաշարժ եւ այլն: Այդ բոլորը Աստուած կը բերէ անոնց գլխուն, որ պատժէ հայուն թշնամիները: Աստուած վնասարար է, ոչ աւելի:

Նման ցնդաբանութիւն, որ մեզի համար իւրայատուկ թմրանիւթ է, կը շարունակէ աճիլ ու զարգանալ անընդհատ ու անվերջ: Միջին հայը նաեւ կը զարմանայ, որ Հռոմի պապը թոյլ տուած է նման այլանդակութիւն կատարել՝ շատ լաւ գիտնալով, թէ ո՞վ է հայը եւ ո՞վ է ատրպէյճանցին: Միջին հայը ի հարկէ ինքն իրեն նեղութիւն չի տար հասկնալ փորձելու, թէ այդ ի՞նչ պատահեցաւ, որ Հռոմի պապը որոշեց օրհնել ատրպէյճանական գիտաժողովը: Կայ պատրաստի երկու տարբերակ: Մէկն այն է, որ Հռոմի պապը ծախուեր է Ալիեւին, միւսը, որ Հռոմի պապը մասոն է, իսկ մասոնները հաւանաբար ստեղծուած են, որ հայերը ոչնչացնեն: Ու Աստուած ալ պատժեց Հռոմի պապը՝ զայն մեռցնելով: «Օ՜, Պապը չէր մոռցած նաեւ տէր եւ տիկ. Ալիեւը խաչ շքանշանով մը պարգեւատրել։ Ինչպէ՞ս կրնայ մարդ խաչ մը շնորհել իսլամի։ (Ճիշդ է՝ Փաշինեանին ալ տուած էին այն խաչերէն մէկը, եւ ընդհանրապէս բոլորին կու տան, որովհետեւ դիւանագիտական գեղեցիկ ժեսթ մըն է, բայց բայց չխօսինք անցանկալիին մասին):

Իսկ եթէ այս զառանցանքները մէկ կողմ դնենք ու Հռոմի պապի մահուան արձագանքենք․ հայկական հակիրճ «ողորմի»-ով, կարելի է մտածել, թէ ինչո՞ւ Հռոմի պապը կ’օրհնէր այդ բոլորը: Պապին ծախուածութեան մասին տեսակէտը ոչ միայն անհեթեթ է, այլեւ ծիծաղելի: Այդ ի՞նչ պիտի տար Ալիեւը պապին, որ վերջինս անձնապէս շահագրգռուէր գիտաժողովով: Թէ՛ պապը մասոն է թէ ոչ՝ առանձին խնդիր մըն է, եւ անոր համար պէտք է վերադառնանք խաչակիրներու առաջին արշաւանքներուն եւ սկսինք պատմել ռազմավանական միաբանութիւններու պատմութիւնը՝ բաց թողած բաժինները մեր ճաշակով լրացնելու մտադրութեամբ։

Հռոմի՝ Ալիեւներուն հանդէպ այսքան բարեհաճ ու հիւրընկալ կեցուածքը միայն անձնական սրիկայութեան մակարդակով չի բացատրուիր։ Հաւանաբար պատճառը այն է, որ «Հայտար Ալիեւ» հիմնադրամը երկար տարիներէ կը ֆինանսաւորէ բազմաթիւ գիտաժողովներ, հնագիտական պեղումներ եւ ազգագրական արշաւներ Վատիկանի մէջ, ինչպէս նաեւ կ’օժանդակէ տարբեր յուշարձաններու եւ շէնքերու վերանորոգման ու պահպանման աշխատանքներուն՝ սկսեալ Սուրբ Սեպասթիանի պազիլիքի գետնադամբանները եւ Քոմոտիլլայի գետնադամբանները հռոմի մէջ, մինչեւ Փիօ Քլէմանթին թանգարանի Զեւսի արձանը, Վատիկանի գրադարանն ու Սիքսթինեան մատուռի դահլիճներէն մէկը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Պօղոսի պազիլիքը՝ որ ԵՈւՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան մաս կը կազմէ, եւ որ Վատիկանի ամենէն կարեւոր յուշարձաններէն մէկն է ու կաթողիկէ աշխարհին համար մեծ նշանակութիւն ունեցող երեւոյթ մը:

Ակնյայտ կը դառնայ, թէ ինչպէս Ատրպէյճանը եւ քրիստոնէութիւնը միաժամանակ կրնան տեղ ունենալ։ Պարզ կը դառնայ, թէ Պապը կրնայ իրօք օրհնել գիտաժողով մը՝  կազմակերպուած երկրի մը կողմէ, որ մեծ ներդրում կատարած է կաթողիկէ աշխարհին մէջ։ Ի հարկէ այս բոլորը ունի իր մութ երեսը։ Իսկ մութ երեսը այն է, որ Ալիեւը, որ վերանորոգէ Սուրբ Պօղոսի պազիլիքը, մեծ հաճոյքով կը քանդէ հայկական եկեղեցիներ, կը վերացնէ զանոնք, կը վերածէ մզկիթներու, կը յայտարարէ զանոնք աղուան կամ ուտի, եւ մէկ խօսքով՝ կը փորձէ Արցախը ապահայակականացնել։  Եւ կարելի է հասկնալ հայերուն զայրոյթը, որ Հռոմի պապը տեսակ մը կէս-քրիստոնէական պահուածք ունի՝ տեսնելով միայն այն, ինչ որ իրեն պէտք է եւ փորձելով չտեսնել այն, ինչ որ իրեն պէտք չէ։

Բայց հայերը պէտք էր որ արդէն շատոնց վարժուած ըլլային այդ բոլորին: Հայերը պէտք է առնուազն երկու հազար տարի առաջ հասկցած ըլլային, որ ի վերջոյ ամէն ինչի մէջ կայ բնական շահադիտական կողմ մը, եւ իւրաքանչիւրը կ՚ընէ միայն այն, ինչ իրեն օգուտ է։ Իսկ ինչո՞ւ պիտի Հռոմի պապին սիրտը Արցախի եկեղեցիներուն համար աւելի պէտք է ցաւի, քան Վատիկանի մէջ գտնուող եկեղեցիներուն: Հայաստանի մէջ քանի՞ կիսաքանդ եկեղեցի կայ, թերեւս Ալիեւը զանոնք ալ նորոգէ: Բայց Հռոմի պապը կրնայ նաեւ ըսել, որ Վատիկանի մէջ կայ նաեւ Գրիգոր Նարեկացիի արձանը, մենք ճանչցած ենք Ցեղասպանութիւնը, սրբացուցած զոհերը, Նարեկացին տիեզերական վարդապետ հռչակած, դեռ ի՞նչ կ’ուզէք: Չէք ուզեր Ս. Պօղոսի պազիլիքը վերականգնե՞նք, եկէք դուք վերանորոգեցէք զայն: «Վայ, եղա՞ւ,- կը նեղանայ հայը, -«վայ, առաջին քրիստոնեայէն դրամ կ’ուզե՞ն»: «Ե՞ս ինչ ընեմ»,- կը հակաճառէ Հռոմի պապը, -«այս անտէր եկեղեցին, ինքն իրեն պիտի չվերանորոգուէր»: Ու այսպէս հայու ուղեղին մէջ անիմաստ մենախօսութիւն կը սկսի, որուն միակ նպատակը Հռոմի պապը յանցաւոր հանելն է:

Իսկ յետոյ՞: Ի՞նչ պիտի պատահի յետոյ: Սպասենք, որ Ատրպէյճանի մէջ ինչ աղէտ պիտի պատահի, որպէս հայերու դէմ գործած յանցանքի պատի՞ժ: Այդ պարագային, ո՞րն է պետութիւն ունենալու իմաստը: Անմիջապէս Հայաստանը հռչակենք մեծ վանական համալիր մը ու առաւօտէն երեկոյ աղօթենք ու ցուցակ ուղարկենք երկինք` Աստուծոյ պատուիրելով, թէ որու երբ սպանէ ու թէ Թուրքիոյ այս հատուածին մէջ հրդեը աւելի լաւ է, իսկ միւս հատուածին մէջ երկրաշարժ աւելի յարմար է՝ 5-7 աստիճան…

Դեռ որքա՞ն կարելի է այսպէս շարունակել: Գոնէ անգամ մը մենք մեր վրայ պատասխանատուութիւն պիտի վերցնե՞նք: Ալիեւը միլիառներ կը ծախսէ աշխարհի խիղճը կաշառելու, ատրպէյճանանասէր դարձնելու համար, իսկ մենք միայն նստած կը գանգատինք: Արդեօք դրամ չունի՞նք, թէ՞ կաշառել չենք գիտեր: Բայց, ո՜չ, մենք միայն մեր գրպանը կը տեսնենք,  կը պաշտենք միայն մեր անձնական երջանկութեան աստուածը ու երբեք չենք փորձեր աշխարհին հետ իր լեզուով խօսիլ։ Մէկ կողմէ, մենք պարապ նստած ենք, իւրաքանչիւրս միւսին հաշւոյն կը հարստանայ, միւս կողմէ կը բարկանանք, որ Պաքուի սուլթանը կը յաջողի աշխարհը համոզել, թէ Արցախի ոչնչացումը սովորական բան մըն է։

Մենք կամ յիմար ենք, կամ յիմարութեան աստիճանի միամիտ, որ այսքան ցաւ տեսնելէ ետք, կը շարունակենք հեքիաթներու հաւատալ: Իսկ թերեւս այդ մէկը հաճելի կը թուի մեզի: Յիմարի դեր խաղալը: Կարելի է միամտութեան ախտորոշումով արդարացնել որեւէ այլանդակութիւն:  Մենք՝ հայերս, շատ լաւ գիտենք, որ խելագարածէն հաշիւ չեն պահանջեր: Եւ ահա մենք ալ գելագալութեան մեր բաժինը ունինք՝ թէ՛ ապահով է, թէ՛ բարոյապէս մաքուր: Թող Հռոմի պապը իր հոգիին մասին մտածէ, որ դժոխքի կրակին մէջ պիտի այրի, իսկ մենք վաղուց մեր հոգիները տարբեր պիզնեսներու մէջ ներդրած ենք՝ դրամ շահող «հաւատքներու» մէջ։ Դեռ չխօսինք այն մասին, որ որեւէ եկեղեցական տօնի ժամանակ մայրաքաղաքի եկեղեցիներուն շուրջը շատ արագ մոմի ու տարատեսակ մանրուքի մեծ պիզնես կը ծաղկի, ուր իւրաքանչիւրը կրնայ երթալ եւ քրիստոնէութեան իր բաժինը գնել՝ առանց մոռնալու, որ մարզերուն մէջ գտնուող, քիչ թէ շատ այցելու ունեցող եկեղեցիներէն շատերու մէկ անկիւնը յուշանուէրներու կրպակներ կը գործեն՝ սուղ գիներով յուշանուէրներ վաճառելու համար ու բոլորը թքած ունին թէ Աստուածաշունչին մէջ գրուած է, որ Քրիստոս վաճառականները վտարեց տաճարէն: Իսկ մենք, ընդհակառակը, լրբաբար կռիւ կ’ընենք որեւէ մէկու հետ, որ կը փորձէ եկեղեցիէն վտարել մանրավաճառը՝ իր գոյնզգոյն լաթերուն եւ զարդարանքներուն հետ մէկտեղ: Իսկական քրիստոնէական մարմաջ:

Ի դէպ, Աստուած կաթողիկէ՞ է, թէ՞ առաքելական: Պէտք է որ առաքելական ըլլայ, կամ գոնէ՝ հայասէր: Հապա՞, մեզ ո՞վ պիտի պաշտպանէ, եթէ Աստուած ալ չպաշատպանէ: Մենք առաջին քրիստոնեան ենք ու այդ մեր թողութիւնն է՝ ոսկի տոմսակը դէպի դրախտ: Մենք մեզ արդէն ապահովագրուած ենք ամէն ինչէ: Մենք դեռ երկար պիտի հաշուետու ըլլանք մեր կեղծաւորութեան համար՝ թէ՛ հայրենասիրական, թէ՛ քրիստոնէական իմաստով։ Աստուած մեզ պիտի դատէ որպէս «հայ-քրիստոնեայ» յօդուածով։

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x