Կեանքի նժարին մէջ

Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան

Կիրակի առաւօտ մըն է․ աչքերս կը բանամ, արտասովոր հանդարտութիւն մը կը տիրէ չորս կողմը։ Կազդուրուած զգալով՝ կ՛ելլեմ անկողինէս։ Տնեցիները տակաւին քնացած են։ Ակնարկով մը կը նկատեմ, թէ արեւուն ոսկեզօծ շողերը ամպերու շղարշին ետեւէն՝ խպնոտութեամբ մերթ ընդ մերթ կ՛երեւին։ Կիրակիի մը հաճոյալի պատկերացումով համակուած՝ սուրճս կը խմեմ։ Գրասեղանիս վրայ զետեղած եմ հայերէն եւ անգլերէն գիրքերու ընտրանի մը, որ մէկ մասն է 2025-ին ընթերցելիք գիրքերուս։ Պատահմամբ հետաքրքրական գաղափար մը կը ճեմէ մտքիս մէջ։ Կը մտածեմ, թէ ինչպէս կեանքի տարբեր հանգրուանները կրնանք զուգակշռել գրական տարբեր սեռեու պատկանող գիրքերու հետ։ Եթէ մանկութիւնը հեքիաթ մըն է, ապա պատանեկութիւնը կրնայ արկածախնդրական վէպ մը ըլլալ եւ շարունակաբար․․․

Այս խոկումներով կը սաւառնիմ դէպի մանկութիւն, որ գունաւոր պատկերներով՝ անմոռաց հեքիաթային աշխարհ մըն է։ Անհո՜գ մանկութիւն, որ եկար ու անցար, ետիդ ձգելով բիւր յիշատաներ անշէջ։ Մեր մանկութեան օրերը անկասկած երանգաւորուած են Թումանեանի հեքիաթներով․ «Սուտասանը», «Քաջն Նազարը», «Ոսկի Կարասը», «Բարեկենդանը», ուր երեւակայութիւնն ու իրականը միաձուլուած են։ Երեւութապէս մանուկի մը պէս պարզունակ, սակայն խորքին մէջ Թումանեան «սխալները» մատնանշելով ցոյց կու տայ, թէ մարդ պէտք է իր «խելք գործածէ» եւ ունենայ իր սեփական որոշումը։ Փոքրիկի մը անձնաւորութիւնը կը կերտուի, երբ ան կը տեսնէ ճիշդի եւ սխալի տարբերութիւնը եւ կ՝անդրադառնայ, թէ աշխարհը միշտ «վարդագոյն» չէ։ 

Ժամանակը կը սահի եւ մենք պատանեկութեան սեմին ենք արդէն։ Կը մտաբերեմ Վախտանգ Անանեանի «Յովազաձորի Գերիները», ուր քանի մը դպրոցական պատանիներ կ՝արգելափակուին ձորի մը մէջ։ Անոնք բնութեան «գերիները» դառնալով՝ արկածախնդրութիւններու շարք մը կ՛ապրին։ Ձիւնը, փուքը, վայրի գազաններու ներկայութիւնը, ուտելիքի չգոյութիւնը սպառնալիքներ են։ Պատանիի մը անձնաւորութեան յատկանիշները կարելի է յստակօրէն տեսնել այս վէպին մէջ։ «Խենթ ջահելութիւն, որ միշտ անհոգ ես ու լաւատես․․․» ։ Աշոտը, որ խումբին «ղեկավարն» է, յաճախ կը խրախուսէ իր ընկերները։ Բան պէտք չէր պատանի մը ոգեւորեու համար։ Վէպին մէջ եւ առհասարակ կեանքի մէջ կը նկատենք պատանիներու ներազդեցութիւնը իրենց հասակակիցներու որոշումներուն վրայ։ Անոնք գերզգայուն են, բայց եւ ինքնավստահ։ Կանխավարկածի դիմելը բնական երեւոյթ է։ Աշոտը եւ իր ընկերները վտանգաւոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուին, սակայն կեանքի մեծ դասեր կը քաղեն այդ փորձառութիւններէն եւ շատ բան կը սորվին իրենց գործած սխալներէն։

Երիտասարդութիւնը վրայ կը հասնի․ կը յիշեմ Շիրվանզադէի «Քաոս»-ը, ուր Մարկոս աղա Ալիմեանի երեք երիտասադ տղոցմէ իւրաքանչիւրը իր ուրոյն կերպարով կը ներկայանայ վէպին մէջ։ Երէց տղան՝ Սմբատը, ազատամիտ գաղափարներով հրապուրուած է, բայց աւելի լուրջ է, քան կրտսեր եղբայրները։ Միջնեկը՝ Միքայելը, «ոսկի երիտասարդութեան» ներկայացուցիչն է։ Փճացած եւ ցանկասէր անձնաւորութիւն մը, որ վէպի տարբեր անցուդարձերէն ետք, ինքզինք կը վերագտնէ եւ կը դառնայ «նոր» անձ մը։ Փոքրը՝ Արշակը, կը հետեւի Միքայելի օրինակին։ Մարկոս աղա Ալիմեանի մահէն ետք, երեք տղաքը իրարու դէմ կը պայքարին ժառանգի համար։ Երիտասարդի մը կեանքին տարբեր երեսները, իր դրական եւ ժխտական կողմերով, կարելի է տեսնել վէպին մէջ։ Ակնյայտ է նաեւ մարդկային յարաբերութիւններու քաոսը, ուր երիտասարդ մը ամբողջովին պատասխանատու է իր որոշումներուն եւ արարքներուն։

Վերջերս կը կարդայի Արամ Հայկազի «Ապրէ՛ք Երեխէք»-ը։ Հեղինակը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը գաղթէ եւ տարիներու թաւալումին հետ, ան միջին տարիք մուտք կը գործէ․ Կեանքը կը դառնայ աւելի կայուն շրջապատուած իր ընտանիքով, թոռներով․․․։ Ան կարօտով կը մտաբերէ անցեալի յիշատակները․ անվերադարձ մանկութեան անսահման կարօտը կը յուզէ զինք։ «Ու ժամանակի մշուշին մէջէն, պայծառ աչքերով ես կը տեսնեմ ծնողքս ու մեր գիւղը․․․»։  Հիմա սակայն հասուն տարիքի առանձնաշնորհումները կը վայելէ․ դատողութիւն, իմաստութիւն եւ փորձառութիւն։

Եւ կեանքը կը շարունակուի․․․

Պատուհանէս դուրս կը նայիմ․ ամպերը անհետացած են եւ արեւը կը ժպտի ջինջ երկինքին վրայ։

Կեանքի իւրաքանչիւր հանգրուան առանձնայատուկ է իր յատկանիշներով, հմայքով, մտածելակերպով եւ ձեռքբերումներով։ Իւրաքանչիւր շրջանի շնորհենք արժանաւոր տեղ։ Կեանքը նժար մըն է, ուր տարբեր ժամանակներ, տարբեր «կշռոյթով» նուաճումներ եւ ներդրումներ կը տեղադրենք հոն եւ ապա կ՝ըմբոշխնենք անոնց ծանրակշռութիւնը մեր կեանքի ճանապարհի ընթացքին։ Ողջագուրենք կեանքի տարբեր հանգրուանները եւ ապրինք դրական մօտեցումով, իմաստալից տեսլականով եւ բազմաբովանդակ գոյութեամբ։

Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x