Մարդիկ կ՛ունենան զանազան տեսակի մտածելաձեւեր: Մտածելաձեւերու քանակը իսկապէս կախեալ է անկէ, թէ որքանո՞վ կ՛ընդհանրացնենք «մտածելաձեւ» բառը: Միւս կողմէ անիկա կրնայ պարզապէս տեղաւորուիլ երկու մտածելաձեւի մէջ՝ դրական եւ ժխտական:
Բնաւ մտածա՞ծ էք, թէ ինչպիսի մտածելաձեւ (mindset) ունիք:
Վարը ներկայացուած մտածելաձեւերը նկատի ունենալով, կարելի է գաղափար մը կազմել, թէ ինչպի՛սի մտածելաձեւեր օգտակար են մարդոց կեանքին համար եւ որոնք վատ ձեւով կ՛ազդեն անոնց կեանքի ընթացքին վրայ:
Ինչպէս իւրաքանչիւր անձ մտածելաձեւ մը ունի, ժողովուրդներ եւս իրենց յատուկ մտածելաձեւերը ունին:
Բայց ի՞նչ է մտածելաձեւը:
Բառարաններու համաձայն, «մտածելաձեւ»ը՝ «Մտային անփոփոխ վերաբերմունք կամ տրամադրուածութիւն է, որ կը կանխորոշէ մարդու մը արձագանգները եւ իրավիճակներու վերաբերեալ մեկնաբանութիւնները»: Այս բացատրութենէն մեկնած յստակ կը դառնայ, որ այն մտածելաձեւը, որ մարդիկ կ՛որդեգրեն կեանքի մէջ, դիւրութեամբ կրնայ որոշել, թէ որքան յաջողութեան, երջանկութեան եւ հարստութեան կրնայ հասցնել զիրենք:
Քանի՞ տեսակի մտածելաձեւ գոյութիւն ունի
Որքան ուշադիր նայինք մտածելաձեւերուն, այնքան աւելի տարբերակներ կամ զատորոշումներ կրնանք նկատել: Այնուամենայնիւ, մարդոց մեծամասնութիւնը կը տեղաւորուի փոքր թիւով՝ որոշակի մտածելաձեւերու մէջ:
Մտածելաձեւերը, որ նշուած են վարը (15-րդէն սկսելով եւ հասնելով մինչեւ առաջին), անոնք են, որոնց մէջ կը մտնեն մարդոցմէ շատեր. անիկա կամ լաւ բան մը կրնայ ըլլալ իսկապէս եւ կամ շատ վնասակար բան մը:
- Ընկերային մտածելաձեւ
Մարդիկ որոնք ընկերային մտածելաձեւ ունին՝ կը սիրեն այլ մարդոց հետ ժամանակ անցընել, նոր ընկերներ գտնել եւ նոր մշակոյթներու ու կեանքի զանազան ուղիներու ծանօթանալ:
Մարդիկ, որոնք ընկերային են, կը զարգանան իրենց ընկերներուն հետ ժամանակ անցընելով: Սակայն անոնք նաեւ ենթակայ են հարուածներու՝ անծանօթ մարդոց հետ խօսելու պատճառով:
Ընկերային մտածելաձեւ ունենալու առաւելութիւնները.
-Նոր բարեկամներ գտնելը դիւրին կը թուի ըլլալ անոնց համար:
-Հաղորդակցութեան մեծ ձիրքեր կ՛ունենան:
-Ստեղծուած ընկերային կացութիւններու մեծամասնութեան մէջ կրնան հանգիստ զգալ:
Ընկերային մտածելաձեւ ունենալու անպատեհութիւնները.
–Ուրախ զգալու համար կրնան կախեալ ըլլալ ուրիշներու հետ ժամանակ անցընելէն:
-Կրնան մտահոգ ըլլալ, որ ուրիշներ ի՛նչ կը զգան իրենց հանդէպ:
Արդեօք ունի՞ք ընկերային մտածելաձեւ:
- Յառաջդիմութեան (աճելու) մտածելաձեւ
Հիանալի մտածելաձեւ մըն է յառաջդիմութեան մտածելաձեւը: Մարդիկ, որոնք փափաքը ունին եւ կ՛աշխատին յառաջդիմելու՝ շարունակ իրենք զիրենք կը բարելաւեն: Անոնք կը սիրեն «մարտահրաւէր»ները եւ միշտ աւելի լաւ կ՛ըլլան քան այն ինչ որ էին նախապէս:
Դիւրութեամբ կարելի է նշմարել եթէ մէկը յառաջդիմութեան մտածելաձեւ ունի:
Այս մտածելաձեւը ունեցող մարդիկ կը սիրեն միշտ աւելցնել իրենց գիտութիւնը: Մարզասրահ երթալը առօրեայ վարժութիւն կը դարձնեն: Անոնք յաճախ ձեռնարկատէր կը դառնան ուզելով ուրիշներուն օգնել, որպէսզի անոնք եւս յառաջդիմեն ու մեծնան: Այսպիսի մարդիկ կացութիւն մը բարելաւելու հեռանկարը կ՛ունենան:
Յառաջդիմութեան մտածելաձեւ ունենալու առաւելութիւնները.
– Շատ արագ ժամանակամիջոցին կրնան բարելաւել իրենց կեանքի տարբեր ոլորտները:
– Շատ աւելի դիւրին է իրենց համար պէտք եղած աշխատանքը թափել, որպէսզի հասնին յաջողութեան:
Յառաջդիմութեան մտածելաձեւ ունենալու անպատեհութիւնները.
-Այնքան կրնան տարուած ըլլալ աճելով, որ կրնան մոռնալ իրենց կեանքը վայելել:
Արդեօք ունի՞ք յառաջդիմութեան մտածելաձեւ:
- Վախի մտածելաձեւ
Վախի մտածելաձեւէն բաժին մը կը գտնուի բոլորիս մէջ: Այնուամենայնիւ, անոնք որոնք կ՛արտօնեն, որ վախի մտածելաձեւը դառնայ իրենց մտածողութեան հիմնական ձեւը, կրնան ունենալ մեծ խնդիրներ:
Մարդիկ, որոնք կ՛արտօնեն, որ վախը խլէ իրենց լաւագոյնը, չեն կրնար լաւապէս օգտագործել ժամանակը՝ իրենց կարողութիւններուն լաւագոյնը բացայայտելու համար:
Բոլոր զգայացունց փորձառութիւնները՝ ճամբորդութեան վայրեր, ձեռքբերումներ եւ նման բաներ երբեք չեն կատարուիր՝ վախնալով, որ բան մը կրնայ սխալ ընթանալ… եւ այդ մէկը կը յանգեցնէ նուազագոյն, եւ անկեղծօրէն ըսած, ձանձրանալի կեանքի:
Վախի մտածելաձեւ ունենալու առաւելութիւնները.
-Խորքին մէջ առաւելութիւններ գոյութիւն չունին:
Վախի մտածելաձեւ ունենալու անպատեհութիւնները.
– Բնաւ չեն կրնար հասնիլ իրենց երազներուն:
– Կ՛ապրին պատեանի մը մէջ վախնալով նոր բաներ փորձելէ:
– Դժուար կ՛ըլլայ անոնց կեանքի նպատակը կամ տարերքը գտնելը:
Արդեօք ունի՞ք վախի մտածելաձեւ:
- Ծոյլի մտածելաձեւ
Ծոյլ ըլլալը բաւական վատ եւ տկար մտածելաձեւ է, եւ այդ նաեւ այնպիսի մտածելաձեւ մըն է, որ շատ մարդիկ կը կրեն մինչեւ օրս:
Մարդիկ ծոյլ դարձած են արագ սնունդի եւ յառաջադէմ արհեստագիտութեան բերումով, ինչպէս՝ հեռատեսիլի եւ ընկերային ցանցերու մոլութիւնը, չնշելով նաեւ կարգ մը այլ գործօններ:
Այսպիսով, ոչ մէկ կարգապահութիւն, շարժելու կամ արդիւնաւէտ բան մը ընելու փափաք կ՛ունենան ծոյլ մտածելաձեւ ունեցողները:
Ծոյլ մտածելաձեւ ունենալու առաւելութիւնները.
-Դիւրին է երջանկութեան հասնիլը, սակայն կարճաժամկէտ արդիւնքով:
Ծոյլ մտածելաձեւ ունենալու անպատեհութիւնները.
– Դժուար թէ մեծ բաներու հասնելու կարգապահութիւնը ունենան:
– Իրենց ժամանակը յաճախ ի զուր կը վատնեն:
– Անոնց առողջութիւնը վտանգուած կ՛ըլլայ:
Արդեօք ունի՞ք ծոյլ մտածելաձեւ:
- Նախանձելու մտածելաձեւ
Այն որ այս մտածելաձեւը ունի, կը նախանձի այլ մարդոց, որոնք հաւանաբար իրենցմէ աւելի լաւ արդիւնքներ կ՛արձանագրեն: Թերեւս անոնք նախանձին մէկու մը յաջողութեան, առողջ յարաբերութիւններուն, աշխատանքին, հարստութեան, մարմնին, արտաքինին…
Թէեւ այս ամենալաւ մտածելաձեւը չէ, բայց եւ այնպէս նախանձելու քանի մը առաւելութիւններ գոյութիւն ունին:
Նախանձելու մտածելաձեւ ունենալու առաւելութիւնները.
-Այդ կրնայ մղիչ գործօն ըլլալ քայլեր ձեռնարկելու:
Նախանձելու մտածելաձեւ ունենալու անպատեհութիւնները.
– Տարուած կ՛ըլլան ուրիշներու ըրածներով:
-Դիւրութեամբ ժամանակ կը կորսնցնեն ուրիշներու վրայ:
-Կրնան ուրիշներու հետ բացասաբար վարուիլ:
Արդեօք ունի՞ք նախանձելու մտածելաձեւ:
- Գործարար մտածելաձեւ
Շատ մարդիկ հետաքրքրուած են ձեռնարկատիրութեամբ կամ արդէն իսկ ունին իրենց սեփական «պիզնըս»ը:
Գործարար մտածելաձեւ ունեցողները կը սիրեն ուրիշներուն ծառայել:
Կը սիրեն մարդոց ծառայութիւններ մատուցել եւ օգնել փոխելու աշխարհը, միեւնոյն ժամանակ կը սիրեն աշխատիլ իրենց անձին վրայ եւ կերտել իրենց սեփական ճամբան:
Գործարար մտածելաձեւ ունենալու առաւելութիւնները.
-Ունին այն յատկանիշները, որոնք անհրաժեշտ են ուրիշներուն օգնելու համար:
-Կրնան լուծել դժուար հարցեր:
-Կրնան հասնիլ ֆինանսական ազատութեան եւ անկախութեան:
Գործարար մտածելաձեւ ունենալու անպատեհութիւնները.
– Կրնան չափէն աւելի կեդրոնացած ըլլալ դրամի վրայ:
– Ձեռնարկատէր ըլլալու հետ կապուած մեծ պատասխանատւութիւններ կ՛ունենան, որուն պատճառով լարուածութիւնը աւելի բարձր կրնայ ըլլալ առօրեային մէջ:
Արդեօք ունի՞ք գործարար մտածելաձեւ:
- Երազելու մտածելաձեւ
Մարդիկ, որոնք կը կրեն այս մտածելաձեւը, ունին մեծ երազելու եւ մեծ մտածելու կարողութիւն: Անոնք կը սիրեն հաւատալ, որ ամէն բան կարելի է: Անոնք անհաւատալի տեսլականներով հանդէս գալու ունակութիւնը ունին ապագային համար:
Հակառակ, որ երազողի մտածելաձեւը ունի իր թերութիւնները, սակայն անիկա կրնայ խոստանալ արդիւնքներ, որոնք այլապէս դժուար պիտի ըլլար իրականացնել:
Երազելու մտածելաձեւ ունենալու առաւելութիւնները.
-Կարողութիւնը ունին մեծ մտածելու:
-Գիտեն ինչ կ՛ուզեն ապագայէն:
-Կը գիտակցին, թէ որքան բան կրնան կատարել իրենց կեանքին մէջ:
Երազելու մտածելաձեւ ունենալու անպատեհութիւնները.
Երազը լաւ է միայն այն պարագային, եթէ քայլեր ձեռնարկուին այդ երազներուն համար:
Արդեօք ունի՞ք երազելու մտածելաձեւ:
- Հետեւորդի մտածելաձեւ
Այս մտածելաձեւը այնպիսին է, որ դիւրութեամբ կ՛արտօնէ ուրիշներուն որոշելու, թէ ի՛նչ կը սպասէ ենթականերուն: Վերջիններս չեն կրնար վերահսկել իրենց կեանքը, բայց «կ՛արտօնուի» անոնց հաւատալու, որ իրենք կրնան այդ մէկը կատարել: Հետեւող մարդիկ չեն սիրեր հարցադրումներ կատարել, ուստի անոնք դպրոց կ՛երթան այնպէս, ինչպէս պէտք է ըլլայ, գործի կը սկսին այնպէս, ինչպէս պէտք է, ընտանիք կը ստեղծեն…
Հետեւորդի մտածելաձեւ ունենալու առաւելութիւնները.
Հետեւորդ ըլլալու վտանգը աւելի քիչ է, եւ անոնք իրենք զիրենք «ապահով» կը զգան:
Հետեւորդի մտածելաձեւ ունենալու անպատեհութիւնները.
– Կ՛երթան այն բաներուն ետեւէն, որ ուրիշները կ՛ուզեն, ոչ անպայման անոր, ինչ որ իրենք կը փափաքին:
-Թերեւս երբեք իսկական երջանկութեան չեն հասնիր:
-Կը հասնին կամ կը կատարեն այնպիսի բաներ, որ 90 առ հարիւրով ուրիշներ եւս կրնան կատարել:
Արդեօք ունի՞ք հետեւորդի մտածելաձեւ:
7.Ագահութեան մտածելաձեւ
Մարդիկ մեղաւոր են, որ միշտ աւելին կ՛ուզեն:
Ժամանակին հարուստ ըլլալը կապուած էր ագահ ըլլալու հետ, ինչ որ թերիմացութիւն մըն է: Ագահ ըլլալէն ոչ մէկ լաւ բան կը ծագի, եւ երբ մարդիկ աւելին ուզեն, երբեք ամբողջական երջանկութեան չեն հասնիր. անոնք չեն գիտեր, թէ որքանով պէտք է շնորհակալ ըլլան կեանքին մէջ:
Ագահութեան մտածելաձեւ ունենալու առաւելութիւնները.
-Կրնայ մղել, որ մարդիկ յաջող եւ հարուստ անձեր դառնան:
Ագահութեան մտածելաձեւ ունենալու անպատեհութիւնները.
-Մարդոց ագահութիւնը կրնայ անոնց մահուան պատճառ դառնալ:
– Միշտ աւելին կը փափաքին եւ բնաւ ամբողջական բաւարարութիւն չեն ունենար:
-Կեդրոնացած չեն ըլլար ուրիշներուն օգնելուն վրայ, որ կեանքի գլխաւոր նպատակներէն մէկն է:
Արդեօք ունի՞ք ագահութեան մտածելաձեւ: