«Ինչո՞ւ նոր սերունդը հեռու կը մնայ ազգային գործերէն եւ պաշտօններէն»՝ Տեսիլին, Արեգին եւ Սէրլիին հետ

Լիբանանի Ճինիշեան հաստատութիւնը, համագործակցութեամբ՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքին, 2024-2025 տարեշրջանին համար անցեալ դեկտեմբերէն ի վեր մեկնարկած է«Միջդպրոցական բանավէճի» ծրագիրը, որուն կը մասնակցին լիբանանահայ 11 վարժարաններէ 33 աշակերտներ: Ծրագիրին հիմնական առաջադրանքն է մեր համայնքի պատանիները մարզել թեր եւ դէմ կարծիքներ արտայայտելու՝ զարգացնելով անոնց բանավէճ վարելու հիմնական հմտութիւնները, առարկութիւններ հիմանաւորելու գիտական մօտեցումը, անհամաձայնութիւններ եւ այլ կարծիքներ ընդունելու եւ հանդուժողականութիւնը:

Տարբերակ21 հարթակի «խօսինք ու լսենք» փոթքասթը յարմար նկատեց հիւրընկալել ծրագրին կողմէ ճշդուած երեք աշակերտներ՝ Տեսիլը, Արեգը եւ Սէրլին, ընկերակցութեամբ ծրագրի ղեկավարներէն՝ Մանո Թոքմաքճեանի, եւ անոնց հետ քննարկել այս օրերուն կարեւոր նկատուող նիւթ մը. «Երիտսարդները ինչո՞ւ հեռու կը մնան ազգային կառոյցներէն եւ հաստատութիւններէն թէ՛ որպէս ծառայութիւն, թէ՛ որպէս պաշտօնավարութիւն»:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x